Պրազիլի Մէջ Հրկիզած Են Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Բաժակին Կրկնօրինակը

2105world-cup-brasil2014-ի Մոնտիալին նախօրեակին այնպէս կը թուի, որ Պրազիլի մէջ կիրքերը լարուած են եւ տեղի ունեցած է տհաճ միջադէպ մը, կը յայտնէ ArmSport.am:

Իր լուրը քաղելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութենէն` հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ անծանօթներ հրկիզած են աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Մոնտիալին բաժակին 6 մեթր բարձրութիւն ունեցող կրկնօրինակը, որ ցուցադրուած էր այնտեղ ուր պիտի հաստատուէր Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը:

Այս արարքը առաջին անգամը չէ, որ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ այլ առիթներով ալ տեղի ունեցած էին անախորժ դէպքեր:

Նշենք, որ Պրազիլի մէջ բաւական է թիւը անոնց, որոնք չեն ուզեր Մոնտիալին կայացումը իրենց երկրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )