50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1964)

Խօսք Ողջոյնի

 

Ողջոյն ձեզ, ո՜վ յոբելեար պատանի ընկերներ,
Ողջոյն ձեզ երիտասարդ թէ տարեց դաշնակցականներ…
Բիւր յարգանք ձեր յիշատակին, ո՜վ անդարձ մեկնած` այլ միշտ մեր մէջ ներկայ, խնկելի ընկերներ…

Այսօր Դաշնակցութիւնը կը տօնախմբէ իր կրտսեր սերունդներուն` պատանեկան միութեանց հիմնադրութեան քառասնամեայ յոբելեանը: Թող ներուի մեզի, ամբողջ պատանեկան շարքերուն անունով մեր յարգանքը մատուցանել ձեր յիշատակին, դուք որ հաւաքեցիք մեզ վրաններու տակէն, թիթեղեայ խրճիթներէն եւ պատահաբար նաեւ գեղակերտ յարկերէն եւ եղբայրացուցիք մեզ Դաշնակցութեան ընտանիքին մէջ: Դո՛ւք էիք, որ մեր այլազան պէսպիսութիւններէն կազմեցիք միասիրտ, միակամ ու միահաւատ կուռ ու անյաղթահարելի շարքերը: Դո՛ւք էիք, որ յաճախ անլոյս սենեակներու մէջ լոյս տուիք մեր մտքին, յուսահատական վիճակներու մէջ հաւատք ներշնչեցիք մեր հոգիներուն ու կազմեցիք կրանիթեայ բանակը Դաշնակցութեան: Դո՛ւք էիք, որ անըմբռնելի զոհողութեամբ եւ անկաշառ նուիրումով  սորվեցուցիք մեզի մեր անձը, մեր եսը մոռնալով, մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել  Դաշնակցութեան գաղափարին: Յարգա՜նք ձեր յիշատակին:

Ու պատիւ ձեզի ով հեռաւոր եւ մօտիկ ընկերներ, դուք, որ եղաք զուգակշիռ լծակիցները անդարձ մեկնողներուն: Դուք, որ այսօր կը շարունակէք որպէս լուսարձակ լուսաւորել մեր ճամբան տարաշխարհի այս լուսաւոր… խաւարին մէջ: Դուք, որ իբրեւ անշեղ փարոս ուղիղ ու փրկարար ուղիին կը հրաւիրէք հազար ու մէկ հրապոյրներէ ու կախարդութիւններէ մագնիսուող մեր գնացքը: Պատի՛ւ ձեզի:

Պատանեկան միութեանց այս յոբելեանը նուիրուած է Հրուանդանի ամբողջ կազմին, որովհետեւ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ աշխարհի դաշնակցականները նոյն գաղափարականով շաղկապուած մէկ են ու անբաժանելի: Արիւնի պարտադրանքէն վեր է ազատօրէն նոյն գաղափարին նուիրումը եւ մեր ԸՆԿԵՐութիւնը` վեր ԵՂԲԱՅՐութենէն: Բոլորիս է այս յոբելեանը տակաւին անոր համար, որ բոլորս գրեթէ անխտիր անցած ենք պատանեկան միութիւններու մարդակերտ դպրոցէն եւ ասոր համար մէկ է եւ մէկ մէկ պէտք է ըլլայ դաշնակցական տիպարը` կարգապահ, զոհաբերող, յանդուգն ու անանձնական, այնքան մէկ ու միօրինակ որպիսին են արեւի անթիւ ճառագայթները. մէկ ու միատիպ` այլ սակայն անսահման ազատութեամբ իրենց ճառագայթումի ուղղութեան մէջ: Պատանեկան միութիւնները եղած են ու պէտք է մնան դարբնոցները Դաշնակցութեան, ուրկէ դուրս եկող ամէն անհատ պիտի ջրդեղուի անյատակ հաւատքովը Քրիստափորի, ապառաժէ կամքովը Ռոստոմի եւ աստուածային անբծութեամբը Զաւարեանի:

Թանկագին, թանկագին պատանի ընկերներ, այսօր մենք կը ներկայանանք իբրեւ ժառանգորդները այն անհաշուելի հոգեկան հարստութեան, զոր մեր նախորդները կը հրիտակեն մեզի: Բայց ըլլալ լոկ ժառանգատէր` ոչինչ կը նշանակէ. դեռ աւելին, յաճախ կը նշանակէ ըլլալ անկամ, մերկ ու անձեռներէց: Ստիպողական է մեզի եւ աւելի քան անհրաժեշտ` ըլլալ արժանի եւ գիտակից ժառանգատէր: Անհրաժեշտ է ամէն վայրկեան անդրադառնալ, որ այս հսկայ հարստութիւնը հոգեկան դիզուած է ոչ բախտի բերմամբ, ոչ ալ ճարպիկ խաղերով: Մեր նախորդները իրենց անչափելի զոհողութեամբ, իրենց անյատակ տառապանքով եւ իրենց արեան, կեանքի գնով միայն յաջողեցան ստեղծել զայն: Պատի՛ւ իրենց:

Ամօ՛թ մեզի, եթէ ոչ միայն տէր չկանգնինք անոր, այլ չկրկնապատկենք զայն: Զառիվեր է մեր ճամբան, փշոտ ու տաժանելի. հեռո՜ւ մեզմէ բոլոր անկամներն ու վայրէջքի հեշտութեան վազողները: Մութ է մեր ուղին, նեղ ու յաճախ անանցանելի, այլ սակայն յստակ ու որոշ` մեր նպատակը: Հեռո՛ւ մեզմէ լայն ու խայտաբղէտ պողոտաներու վրայ շրջագայողները: Տառապանքն է մեր երջանկութիւնը եւ իտէալը` մեր գինի: Հեռո՛ւ մեզմէ բոլոր հաճոյք որոնողները: Կարգապահութիւնն է մեր օրէնքը եւ շիտակութիւնը մեր նկարագիրը: Հեռո՛ւ մեզմէ բոլոր անսանձներն ու պզտիկութիւններով ապրողները:

Այս բոլորին գիտակից, այս բոլորը մեր ամէնօրեայ սնունդը ըրած, երկաթէ քայլերով եւ կրանիթէ կամքով մենք պիտի քալենք անշեղ ու հպարտ այն ուղիէն, ուր տակաւին չորցած չեն հետքերը արեան Քրիստափորներու, Մուրատներու եւ բազմաթիւ այլ Արարատանման հսկաներու, եւ անծանօ՜թ, մոռցուա՜ծ սրտաբեկ հերոսներու: Պատի՛ւ իրենց:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

 

Հայաստան Մէկ Միլիոն Տարի Առաջ

Հայկական Լեռնաշխարհին Մէջ Բնակութիւն
Հաստատուած Է Մէկ Միլիոն Տարի Առաջ

Մինչեւ վերջերս ընդունուած էր այն տեսակէտը, թէ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ մարդկային կեանքը ընդամէնը քանի մը հազարամեակներու պատմութիւն ունի, թէ` մինչեւ մետաղէ զէնքերուն յայտնաբերուիլը Հայաստան անմարդաբնակ երկիր մը եղած է:

Հնագէտ, պատմաբան Սանդրօ Սարդարեան քսանամեայ իր հետազօտական աշխատանքներով նոր լոյս կը սփռէ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ մարդկային կեանքին յարատեւութեան խնդրին վրայ: Արագած լերան հարաւարեւմտեան լանջին, Սատանի դար կոչուած բլուրին վրայ, Սարդարեան յայտնաբերեց քանի մը հազար ձեռքի հատիչներ` հին մարդու գործիքներ: Մանրազնին ուսումնասիրութիւնները եւ գիտութեան արդէն ծանօթ այս ձեւի գործիքներուն հետ անոնց բաղդատութիւնը ցոյց տուին, որ ձեռքի այդ հատիչները մէկ միլիոն տարուան հնութիւն ունին: Հետեւաբար մարդը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ բնակութիւն հաստատած է մէկ միլիոն տարի առաջ:

Այսպիսով, հնագէտ պատմաբանը հաստատեց, որ մարդկային հասարակութիւնը Հայաստանի սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցած է հարիւր հազարաւոր տարիներ շարունակ, եւ հաւանական կը դառնայ այն ենթադրութիւնը, ըստ որուն, կապիկէն մարդ անցնելու գօտին կ՛ընդգրկէ նաեւ Հայաստանը:

Մարդկային հասարակութեան զարգացման բոլոր հանգրուաններուն Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ մարդը ականատես եղած է բնութեան վերափոխումներուն, ինքն ալ մասնակից եղած է այդ վերափոխումներուն, աշխատած է պաշտպանուիլ, յարմարիլ նոր կացութեան հետ: Այսպէս, յայտնի է, որ մեր մոլորակը չորս անգամ սառած է: Սակայն Հայկական Լեռնաշխարհը ենթարկուած է միայն վերջին երկու սառուցումներուն: Արարատ եւ Արագած լեռները եւս ենթարկուած են ձեւափոխումներու: Հրաբխային լաւաները բարձրացած են Արագածի գագաթները եւ լերան ստորոտամերձ տարածութիւններուն մէջ կուտակած անսահման քանակութեամբ տուֆի  պաշարներ: Բայց մինչեւ վերջին հարիւր հազար տարին Հայաստան ունեցած է տաք կլիմայ մը, երկիրը ծածկուած էր փարթամ անտառներով. մարդը կ՛ապրէր բացօթեայ:

Հայաստանի հին բնակիչը քարերուն վրայ փորագրած է շրջապատին զանազան տեսարանները. անասունները, բոյսերը եւ ծառերը: Այսպէս, Արագածի ժայռերէն մէկուն վրայ փորագրուած է կաղնիի տերեւ, որ քանի մը հազար տարուան հնութիւն ունի:

Պեղումներու ժամանակ Սարդարեան գտաւ նաեւ մարդու գանկեր եւ, ուսումնասիրելով զանոնք, եկաւ այն եզրակացութեան, որ հայերը կը սերին Հայաստանի նախաբնիկներէն եւ վերջին ութ հազարամեակին անոնք գանկաբանական փոփոխութիւն չեն կրած: Այս տեսակէտը մեծ արժէք կը ներկայացնէ. կը հետեւի, ուրեմն, թէ հայ ժողովուրդը ձեւաւորուած է Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ, ուրիշ տեղէ եկած չէ, կը համարուի իր հայրենիքին բնիկ բնակիչը եւ խորացնողն ու կրողը այն մշակոյթին, զոր մէկ միլիոն տարուան ընթացքին ստեղծած են այդ լեռնաշխարհին բնակիչները:

Հ. Խ.

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )