«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. 1971 Ապրիլ 24-ի Քայլարշաւը` Պիքֆայայի Յուշարձանէն Անթիլիասի Յուշարձան
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծ եղեռնի ոգեկոչումներու շարքին, լիբանանահայութեան համար յատկապէս, կարեւոր դարձակէտ մը եղաւ 1971 ապրիլ 24-ին, Պիքֆայայէն Անթիլիաս քայլարշաւը:
Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանԷն Անթիլիասի նահատակաց յուշարձան-մատուռ քալելու երիտասարդական այդ գաղափարը օրին մեծ ընդունելութիւն գտաւ հայ իրականութեան մէջ, եւ ժողովրդային բոլոր խաւերուն հովանաւորութիւնը վայելելով իրականութիւն դարձաւ:
Խորապէս տպաւորիչ եւ ոգեւորիչ էր Պիքֆայայէն Անթիլիաս ոլորապտոյտ ճամբաներուն վրայ երկարող մարդկային ալիքը: Տարեցներ, չափահասներ, երիտասարդներ, պատանիներ, մանուկներ, մայրեր գրկած իրենց հոգեհատորները, բոլորը միասին, խանդավառ եւ յուզումնալից, խրոխտ եւ արի կեցուածքով քալեցին, ոգեկոչելով Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակը:
Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը յարգող այս ձեռնարկը, որ յիսնամեակէն առաջ եւ ետք կատարուած ձեռնարկներուն մեծագոյնն էր, մեծ հետաքրքրութիւն, ցնցում, յուզում եւ ոգեւորութիւն յառաջացուց: Մեր պապերը տարագրութեան ճամբուն վրայ անապատէ անապատ աւազներու վրայ քալած էին դէպի Տէր Զօր, իսկ անոնց սերունդները յուշարձանէ յուշարձան քալելով յարգանք մատուցեցին եւ յաղթանակի ապրումներով իրենց ուխտը վերանորոգեցին:
* * *
Քայլարշաւի նախօրեակին, 24 ապրիլ 1971-ի թիւով եւ «Հին արմատին նոր ծիլերը» խորագրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Մասնաւորաբար Եղեռնի Յիսնամեակէն ետք, հայ ժողովուրդը, մայր հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնը, ցուցաբերեց այնպիսի՛ կորով մը, իր իրաւունքներուն ու նուիրական դատին հանդէպ դրսեւորեց այնպիսի՛ աշխուժ հետաքրքրութիւն մը, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ վերանորոգուելու իր ներգոյակ ուժը եւ հիացում կը պատճառէ պարզապէս:
Եղեռնի Յիսնամեակէն ետք, մեր իրականութեան մէջ քիչ տեղ մնաց յոռետեսներուն, պարտուողական հոգեբանութեամբ հանդէս եկող հոգեմաշ բուերը քաշուեցան հրապարակէն եւ ժողովուրդը այնուհետեւ սկսաւ իր առօրեան տնտեսել աւելի մեծ ինքնավստահութեամբ եւ ապագային նայիլ ներքին վերափոխութիւն մը ապրած հաւաքականութեան մը առողջութեամբ:
Հայաստանի մէջ թէ այլուր, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի թէ զոյգ Ամերիկաներու մէջ, հայ մարդը այսօր կ՛ապրի իրապէ՛ս վճռական շրջադարձ մը եւ առանց աջին ու ձախին հաշիւներէն տարուելու, առանց կաշառուելու հանգստաւէտ պայմաններէն, ասպնջական երկիրներուն իրեն ընծայած աշխատելու, ապրելու, երգելու, աղօթելու, ճամբորդելու եւ տեղափոխուելու կենսական հնարաւորութիւններէն, իր աչքերը սեւեռած կը պահէ պատմական իր հայրենիքին, իր ազգային եւ մարդկային գանձելի մուրհակին եւ օրըստօրէ կ՛աճի զայն պահանջելու կիրքը:
Այս վերափոխումը, ի հարկէ, հրաշիւք իմն չպատահեցաւ, անիկա ունի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին պատճառները: Նախ կար ու կա՛յ ցեղային մեր առհաւական ուժը, իբրեւ առանձին միաւոր ապրելու անդիմադրելի բնազդը, ապա` մահուամբ մահը կոխելու հայկական դարաւոր իմաստութիւնը, արիութեան գործերուն հոգի կազմող ներդրո՛ւմը յետոյ:
Աւելի պարզ ըլլալու համար` կ՛ուզէինք ըսել, թէ`
Ապրիլեան Եղեռնէն ետք, Մայիսեան հրաշքը իր ազդու դերը ունեցաւ այս զարթօնքին մէջ:
Աշխարհի վրայ մէկ հատիկ հայ չձգելու յոխորտ յաւակնութիւնը բարձրաղաղակ յայտարարած դահճապետները շան սատակ ըրած ըլլալու մեր սխրագործութիւնը դա՛րձեալ բաժին ունեցաւ առողջարար այս շաղախին մէջ:
Ասոնց եւ նախընթաց հերոսական միւս արարքներուն ոգին սրտառուչ հաւատքով մը փոխանցող մարդոց շունչը, իր կարգին, պզտիկ չեղաւ այս մեծ հոգեփոխութեան մէջ:
Այս եւ ներքին այլ պատճառներու վրայ գումարուեցան նաեւ արտաքին պատճառներ, ու ամէնէն առաջ փոքր ազգերուն ներկայացուցած այսօրուան կացութիւնը: Իրենց հողային իրաւունքներուն ու անկախութեան նոր տիրացած ազգերուն պարագան երբեք անտես պէտք չէ ընել: Այդ փաստը դրական անդրադարձ մը ունեցաւ կազմաւորուող մեր երիտասարդութեան վրայ ու վստահութեամբ լեցուց հոգին:
Այսօրուան երիտասարդը, իր ազգային իրաւունքին համար հոս շարժում մը գլխաւորող կորովի բջիջը, համաշխարհային ոստանի մը մէջ նո՛յն նպատակով ցոյցի մը մասնակցող համալսարանաւարտը, տարբեր մայրաքաղաքներու հռչակաւոր բեմերէն Հայկական հարցը ձեռնհասօրէն ներկայացնող բոլոր ուժերը ծնած են ու սնած վերոյիշեալ նախադրեալներէն:
Եւ նո՛յն ակերէն իրենց ստացած եռանդով, ուժականութեամբ, ազգային ապրումին հետ իրենց կուտակած փորձառութիւններով ու գիտութեամբ` մեր երիտասարդները այսօր կը ներկայացնեն իրական ուժ մը, որ համաշխարհային հանրային կարծիքին առջեւ աւելի զգալի չափով մը շօշափելի դարձուց Հայ դատը:
Այս շարժող, գործող, խօսող, արդիւնաւորող երիտասարդները հին արմատի մը կենսառոյգ նոր ծիլերն են եւ հին ցեղասպանէն սերած նոր թուրքին խորացող մղձաւանջը»…
* * *
«Ազդակ», 27 ապրիլ 1971-ի թիւով եւ «30,000-է աւելի հայերու հեղեղ մը քալեց յուշարձանէ յուշարձան» խորագիրով լրատուութեամբ կը ներկայացնէր քայլարշաւը, ըսելով.
«Այս տարի, ապրիլ 24-ը, եթէ ոչ դարձակէտ մը, առնուազն անմոռանալի թուական մը եղաւ լիբանանահայութեան համար:
Քայլարշաւին ստեղծած ժողովրդական խանդավառութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ հայ երիտասարդութեան ցուցաբերած նուիրումն ու պատրաստակամութիւնը յաջողեցան 50 հազարի հասնող բազմութեան մը մասնակցութիւնը ապահովել ապրիլ 24-ի հանդիսութեան, ինչ որ ուշագրաւ տարողութիւն մը տուաւ հայութեան բողոքի արտայայտութեան:
Շաբաթներու հետեւողական աշխատանքներէն ետք, կազմակերպչական ու քարոզչական լուրջ պատրաստութեամբ մը, շաբաթ օր, ապրիլ 24-ի յուշահանդէսը արձանագրեց ամբողջական յաղթանակ մը, հանրային կարծիքին ներկայացնելով անիրաւուած ժողովուրդի մը պահանջները խտացնող յուզիչ ու ցնցիչ պատկեր մը»:
* * *
Ուրբաթ, 23 ապրիլէն շաբաթ 24 ապրիլ լուսցող գիշերը եղաւ անձկութեան ու սպասումի երկար գիշեր մը թէ՛ քայլարշաւին մասնակցողներուն եւ թէ՛ զայն կազմակերպողներուն համար: Մթնոլորտային պայմանները, մինչեւ առաւօտեան ժամը 9:00, յարատեւ փոփոխութիւններով, անակնկալ տեղատարափի սպառնալիք մը դարձան:
Սակայն, հակառակ ամպամած օդին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, ճշդուած կեդրոններուն մէջ բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու արագ փոխադրութեամբ, ուղղուեցաւ Պիքֆայա:
Ինքնաշարժներով ու պասերով, մինչեւ ժամը 9:00, ժողովուրդը բարձրացաւ Պիքֆայա, ուր, յուշարձանին շուրջ, շուտով համախմբուեցաւ աւելի քան 25 հազար բազմութիւն: Բարձրախօսը կը ձայնասփռէր եկեղեցական երաժշտութիւն, որ մերթ ընդ մերթ կ՛ընդմիջուէր կազմակերպողներու յայտարարութիւններով, ցուցմունքներով եւ քաջալերանքի արտայայտութիւններով:
Հակառակ որ ցուցական բոլոր երեւոյթները խստիւ արգիլուած էին, Պիքֆայա բարձրացող ժողովուրդին համար յուզիչ էր տեսնել հայ երիտասարդի մը առանձին քայլարշաւը դէպի վեր, ուսին շալկած Եղեռնի գողգոթան ոգեկոչող խոշոր խաչափայտ մը եւ կշիռք մը` արդարութեան ներկայացնելով պահանջատէր ժողովուրդի մը իրաւունքները:
Հետզհետէ մասնակցողներու թիւը բազմացաւ, երբ ժամը 9:00-ին տրուեցաւ քայլարշաւին մեկնումի ազդանշանը:
Քայլարշաւը կ՛առաջնորդուէր երկու ճիփերով, որոնցմէ մէկը յատկացուած էր կազմակերպողներուն, իսկ միւսը` լիբանանեան թէ օտար մամուլի, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի թղթակիցներուն:
Քայլարշաւին հետեւեցան յատկապէս Էսոշիէյթըտ Փրէսի, Եունայթըտ Փրէսի, Աժանս Ֆրանս Փրէսի թղթակիցները, Նէյշընըլ Պրոտքեսթինկ Քորփորէյշընի, կիպրական պատկերասփիւռի եւ լիբանանեան պատկերասփիւռի նկարիչները, ինչպէս նաեւ պելճիքացի շարժանկարիչ Փօլ-Ժաք Քալլըպօ:
Թափօրը բաժնուած էր խումբերու: Սկիզբը կը տեսնուէին սկաուտական կազմակերպութիւններն ու աշակերտական միութիւնները, ապա ազգայիններու խմբակ մը` պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի կողքին: Անոնց կը հետեւէին Պատանեկան միութիւններն ու ժողովուրդը:
Ճամբան երկուքի կիսած, թափօրը կը քալէր ճամբու աջ կողմէն, մինչ ձախ կողմի բաց մնացած տարածութեան վրայ, կ՛երթեւեկէին կարգապահական յանձնախումբի անդամները, ցուցմունքներ կատարող ինքնաշարժները, թղթակից նկարիչները եւ բժշկական յանձնախումբը:
Մօտ երեք քիլոմեթր տարածութիւն ողողուած էր մարդկային հեղեղով: Կարելի չէր քայլարշաւի համայնապատկերը ունենալ մասնակցողի տեսողութեան մէջ, որովհետեւ խիտ շարքերով յառաջացող 30 հազարի հասնող թափօրը հսկայական զանգուած մը ստեղծած էր:
Շիւժիւնեան եղբայրներու կողմէ սիրայօժարօրէն տրամադրուած էր թափօրին ընկերացող օդանաւը, որ քայլարշաւին ամբողջական պատկերը կրնար կազմել:
Օրինակելի էր թափօրին պարզած պատկերը: Խաղաղ ու կարգապահ ընթացքով, վճռակամ ու յուզուած, յոգնած բայց անտեղիտալի ծերունիներ, նորածին մանուկներ շալկած մայրեր ու հայրեր, յաղթ քայլերով ընթացող տարեցներ, երիտասարդներ ու պատանիներ, ու տակաւին ցատկռտող երեխաներու այս եզակի համախմբումը, դիտողին համար իսկապէս զօրաւոր թելադրականութիւն մը ունէր:
Քայլարշաւը մերթ կ՛արագանար ու մերթ կը դանդաղէր, հետզհետէ յոգնութեան արտայայտութիւններ կը դրսեւորուէին, սակայն ո՛չ ոք տեղի կու տար, ու բազմութիւնը կը քալէր:
Աւելի քան երեք ժամ տեւեց այս լուռ ու ամփոփ յառաջխաղացքը, մինչեւ որ թափօրը մօտեցաւ Անթիլիասի զառիվարներուն, ուր, յանձնախումբի կարգադրութեամբ, ճամբան ամբողջովին ծածկուեցաւ քալողներով, շարքերը աւելի խտացան, Անթիլիասէն վեր բարձրացող բազմութիւնը եւս եկաւ աւելնալու, ու այս բոլորը դիմեցին դէպի կաթողիկոսարան:
* * *
Կաթողիկոսարանէն ներս թէ դուրս պարզուած պատկերը նոյնքան ազդու էր: 50 հազարի հասնող բազմութիւնը, բողոքի լուռ բայց տպաւորիչ ազդեցութիւն մը կը գործէր: Կաթողիկոսարանի բակին մէջ, սկաուտներն ու աշակերտները շարքեր կազմեցին, ու ժողովուրդը խմբուեցաւ անոնց ետին:
Նուագախումբի քայլերգներով, վեհարանէն դուրս գալով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան բազմութեան ընդմէջէն դիմեց դէպի յուշարձան-մատուռը, ուրկէ իր խօսքը ուղղեց հայ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար հայ երիտասարդութեան, շնորհաւորելով իրենց յարգանքն ու նուիրումը ապրիլ 24-ի նահատակներուն յիշատակին հանդէպ:
«Այս օրը հայ ժողովուրդի վերածնունդին ու վճռակամութեան խորհրդանիշն է,- ըսաւ ան:- Մեր դարաւոր թշնամին չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, մեր ժողովուրդը անմահ է ու անմահ կը մնայ, շնորհիւ իր որդիներուն գիտակցութեան», ու աւարտեց իր խօսքը մաղթելով.- «Հայ ժողովուրդը պահել ամբողջական ու իրագործել անոր դարաւոր երազը»:
Տաճատ սրբազանի «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ յուշահանդէսը, որմէ ետք ժողովուրդը ցրուեցաւ կաթողիկոսարանէն, իր հետ տանելով հաւատքի եւ վճռակամութեան արտայայտութիւնները:
* * *
Պիքֆայայէն Անթիլիաս,
Յուշարձանէ յուշարձան քայլարշաւը լայն արձագանգ գտաւ լիբանանեան եւ օտար մամուլին մէջ:
Քայլարշաւին նախորդ օրը լիբանանեան բոլոր թերթերը լայնօրէն անդրադարձան, տալով քայլարշաւի լուրը եւ արտատպելով Ապրիլեան յուշարձանի մեծադիր նկարը: Կարգ մը թերթեր, չբաւականանալով այսքանով, տպեցին այլ բնոյթի յօդուածներ: «Ալ Ժամհուր» թերթը, իր պատասխանատու խմբագիր Ֆատէլ Սաիտ Ագլի ստորագրութեամբ, խմբագրական մը գրեց` «Հայ նահատակները մեր նահատակներն են» խորագրով: Միւս կողմէ, «Ալ ժամհուր Ալ Ժատիտ» շաբաթաթերթը բացառիկ թիւ մը նուիրեց հայկական ջարդերուն եւ Հայ դատին:
Դարձեալ «Ալ Ժամհուրիա» թերթը, իր 25 ապրիլ 1971-ի թիւին մէջ, հրատարակեց Ուալիմ Ալ Ասմարի ստորագրութեամբ խմբագրական մը, ուր խմբագիրը ցաւ կը յայտնէր եւ կը բողոքէր վարչապետին հրատարակած հաղորդագրութեան դէմ, ըսելով. «Եթէ համաձայն ըլլանք վարչապետին հետ եւ ըսենք, որ նման յուշահանդէսներ Լիբանանի մէջ կրնան վիրաւորել մեր բարեկամ թուրքերը… հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը մեր հայ եղբայրներուն նկատմամբ, անոնց, որոնք այս երկրին զաւակներն են»:
«Կարելի՞ է, որ մեր շահերուն եւ յարաբերութիւններուն համար, մոռնանք մէկուկէս միլիոն նահատակները»:
«Երբէ՞ն ի վեր Լիբանան նիւթին եւ շահերու աւելի կարեւորութիւն կու տայ, քան պատիւին եւ բարոյական արժէքներուն, որոնց այդքան կառչած է»:
Իր կարգին, «Ալ Ժարիտա» օրաթերթը Հայ դատի մասին երկարաշունչ եւ մանրամասնուած յօդուած մը հրատարակեց 24 ապրիլի իր թիւին մէջ:
Լիբանանեան պատկերասփիւռի երկու կայանները նոյն օրն իսկ իրենց լուրի բաժինին մէջ անդրադարձան քայլարշաւին, ցուցադրելով որոշ տեսարաններ:
Միջազգային մամուլը նոյնքան եւ աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ, որքան տեղական մամուլը: Ամերիկեան մեծագոյն մամլոյ գործակալութիւններէն «Էսոշիէյթըտ Փրէս» ապրիլ 24-ին քայլարշաւին լուրը տուաւ մանրամասնօրէն եւ ռատիօֆոթոյով մը:
Եու. Փի. Այ. գործակալութիւնը նոյնպէս լուրը տուաւ, ինչպէս նաեւ Ա. Էֆ. Փէ. ֆրանսական գործակալութիւնը:
Իսկ քայլարշաւին օրը, տեղական մամլոյ թղթակիցներուն կողքին, ներկայ էին միջազգային մամուլի եւ պատկերասփիւռի թղթակիցները եւ նկարիչները, որոնք քայլարշաւի սկիզբէն մինչեւ վերջ քալեցին ժողովուրդին հետ: Օտար մամուլի թղթակիցներուն մէջ էին յատկապէս Էսոշիէյթըտ Փրէս, Ա. Էֆ. Փէ. եւ Եու. Փի. Այ. մամլոյ գործակալութիւններու թղթակիցները եւ նկարիչները: Ներկայ էին ամերիկեան մեծագոյն պատկերասփիւռի ընկերութիւններէն Նէշընըլ Պրոտքասթինկ Քորփորէյշըն ընկերութեան թղթակիցը եւ նկարիչը, որոնք քայլարշաւը նկարեցին սկիզբէն մինչեւ վերջ: Ներկայ էր նաեւ կիպրական պատկերասփիւռի նկարիչը, որ դարձեալ քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան նկարեց:
Միւս կողմէ, անգլիական «Թայմզ» թերթի Պէյրութի թղթակիցը գրեց Հայկական ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի նուիրուած մասնաւոր յօդուած մը: