Սուրիական Օրագրութիւն 51

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

10367584_10152190882592613_7702310569162460563_nԴպրոցները այս տարեշրջանը կանուխ փակեցին: Պատճա՞ռը. վստահաբար գիտեն օրէնք հանողները, իսկ մեզի կը մնայ ենթադրութիւններ ընել:

Նախագահական ընտրութիւններու թոհ ու բոհին մէջ (որ անկասկած պիտի ծագի) նոր սերունդը տունը թող նստի, «միւսներու» աշխուժացումի վտանգէն հեռու:

Բայց անոնք ե՞րբ աշխուժ չեն. հարցուցէք երէկ ու այսօր հրասանդի արկերու զոհ գացած անմեղ, անմասնակից տասնեակներով մարդոց. բայց անոնց հարցնել այլեւս կարելի չէ: Հարցուցէք մեզի, որ տունը թէ փողոցը իւրաքանչիւր վայրկեան մտալլկումի մէջ ենք, թէ հիմա կու գայ վերջին պահը, ու հրասանդերու թափած կարկուտը ի վերջոյ մեր ալ արտը պիտի զարնէ: Ու կը թուի` այս վիճակը այսօր է, նաեւ` վաղը, միւս օր եւ շարունակ, անորոշ…

Երբ աւերակ ու անբարեկարգ փողոցներէն (արդէն փողոց բառն ալ շքեղութիւն է անոնց համար) քալած պահուդ պահ մը կ՛արթննաս, շուրջդ կը դիտես ու զքեզ` այդ միջավայրին մէջ, կը խորհիս` ինչո՞ւ ես հոս եմ տակաւին… պահ մը միայն ու անիւը կը շարունակէ դառնալ:

Երբ երկինքէն «մերինները» ու «անոնք» կարգով հուր ու կրակ կը թափեն ահաւոր ճայթիւն-պայթիւնի ձայներով, դուք շուրջիններդ դիտեցէք` ոչ ոք աչք կը թարթէ, կարծես երկնային մեղեդիներ լսէին, կը շարունակեն գործել: Նոյնիսկ կատուները, որոնք ձայներու զգայնոտ են, չեն ցատկեր, նոյնիսկ թռչունները թառշարժ չեն ըլլար (ալ ինչո՞ւ կ՛ըսենք` «հաւու յիշողութիւն»):

Մարդը դժոխքին ալ կը վարժուի:

Ուրիշներ կ՛ըսեն` ընտրութիւններէն ետք ամէն ինչ պիտի վերջանայ: Այո՛, կան տակաւին պայծառ լաւատեսներ. կեցցե՛ն: Աջիդ կը լսես` «այս գործը շատ պիտի երկննայ», ձախիդ ժպիտով մը կը յայտնէ, թէ միւսները «նեղն ինկեր, դուրսէն օգնութիւն կը խնդրեն», ու մեր քաջարի բանակը զանոնք պիտի ճզմէ: Այո՛, «կրունկներո՛ւն տակ պիտի ճզմէ»: Թէեւ ճզմուողը առայժմ մենք ենք, բայց այլ բան կը մնա՞յ ըսելու, քան` «ինշալլա՛հ»:

***

Մէկօրեայ պատկեր միայնակ ապրողի (որոնք այս օրերուս Հալէպի մէջ քիչ չեն)

Գործէն տուն դարձար. յոգնած ես: Ծորակը իր դերը մոռցեր է, ջրամբարին յատակի նստուածքը միայն կ՛երեւի: Լուացք հաւաքուեր է, կարելի չէ լուալ: Մաքրամոլ չես, բայց տունը աղտ ու փոշի, չլուացուած ամաններ. կարելիութիւն չկայ մաքրելու: Ըսենք` խմելու ջուր գնեցիր` լուացք, լոգանք կ՛ըլլա՞յ, թերեւս կա՞թը աւելի յարմար է, հը՞, այդ նպատակին…

Չկայ ելեկտրականութիւն, ուրեմն եւ` հեռատեսիլ, համակարգիչ, գրել-կարդալ,  եւ որեւէ գործ, որ կը մտադրես ընել, կապուած է ջուրի կամ լոյսի: Ի՞նչ ընել: Դրացիներո՞ւն այցելել. բայց որքա՞ն կարելի է ձանձրացնել ուրիշները: Կը քալես աջ ու ձախ, կը յոգնիս:

Արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն, վերէն ու վարէն տունդ պաշարուած է մոթորներու «քնաբեր» համանուագով, հետեւաբար նոյնիսկ եթէ այս ժամուն անկողին երթաս, քնանալը երազ է: Իսկ եթէ յաջողիս ալ, նման քունի մէջ ի՞նչ երազներ կը կարծէք որ կը տեսնէ մարդ: Որոշում` վարդագոյն ակնոցով պառկիլ: Կը մնայ սորվիլ իւրաքանչիւրի մոթորին միացած ու մարած ժամերը, թերեւս միջոցներուն յաջողիս քնանալ:

Կարելի է երգել, բայց ուրախ երգի սիրտ չկայ, ազգայիններու ոգին չմնաց, իսկ տխուրները… լալ ալ չես ուզեր. երեւակայեցէք` մութին մէջ միայնակ նստիլ ու լալ. ամօ՛թ, փառք տուր, որ ողջ ես. ամուր պէտք է մնալ, հա՛յ եմ ես, քա՛ջ եմ ես…

Ամբողջ այդ միջոցին բուն ես-դ կողմնակի նստած`  կը դիտէ այդ տարօրինակ կինը, որ դուն ես. միայն դո՞ւն…

***

Ուրիշ փորձառութիւն է այս օրերուն փաստաթուղթերու հարցով պետական հիմնարկներ երթալ. Գողգոթայի մէկ տարբերակը: Շաբթուան մը ընթացքին կը ժողվեմ անձնաթուղթիս նորոգութեան անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը: Գէթ այդպէս համոզուած` քաջ դրացուհիիս թիկունք ըրած` խաչ կը հանենք ու կ՛ուղղուինք առաջին հանգրուանը: Կարծես թէ արագ քալեց, ուրեմն մնացածն ալ հարթ կ՛ընթանայ: Թաքսի: Կը հասնինք: Առտուան ո՞ր ժամուն եկեր են այս մարդիկ, որ արդէն ամբողջ փողոցը, համալիրին մուտքին (ուր վրադ-գլուխդ կը զննուի), բակը, ի վերջոյ բուն շէնքին դուրսի պատին տակ շարան-շարան կեցած ու նստոտած մարդոց դէմքերը վհատ-համակերպում կը մատնեն: Ճիշդ հակառակ կողմը թշնամիին դիրքերն են ու ժողովուրդը` կրակին բերանը. որեւէ վայրկեան վտանգի տակ:

Անձնագիր հանելու համար շարուածները` տղամարդիկ, դարպասէն դուրս` պատերուն տակ, կիները ներսը, բակին մէջ օղակաձեւ շարուած- համրանք չունի. արե՛ւ:

– Չէ՛, մենք անձնագիր հանելու հարցով չենք, նպատակ չունինք ճամբորդելու,- կը դիմենք ոստիկան-զինուորի մը:

– Անցէ՛ք, առաջ, աջ:

Եթէ հնարաւոր է ճեղքել մարդկային պատնէշները ամէն տեղ: Արդէն երրորդ հանգրուանին բաց պայուսակդ` քննութիւն (դէմ չենք, նոյնիսկ գոհ ենք ու պատրաստ` ոեւէ հանդիպող ոստիկանի բանալ պայուսակներս): Խիզախ ու վճռական դրացուհիս կը ճեղքէ ամբոխին զրահապատը ու կը նայի` կրնա՞մ հետեւիլ իրեն: Հասանք ու… սոսկում. «մեր» պատուհանին տակ մարդոց անձեւ կոյտ է: Օ՜ն,  քաջալերուէ՛, կին ես, խցկուի՛ր: Ու կը հասնինք տեղ, թէեւ քովի պատուհանի պաշտօնեան կը պոռայ, թէ անդի՛ն անցիր, տե՛ղ տուր հայցուորիս: Անդին անցնիլ` կը նշանակէ խցկուիլ քովիս տղամարդուն գիրկը (իսկ մի՞թէ արդէն այդպէս չեմ): Մանուկներու սուր ճիչեր, յղի կիներու հրմշտուիլ, ոտքի տակ ինկած մանուկներու հեծեծանք, քրտնահոտ (քաղաքը ջուրի տագնապի մէջ է), հրմշտուք, տաղտկացած ու  զայրացած պաշտօնեաներ ու մերինը, որ Ողիմպիոսէն նոր իջածի խաղաղութեամբ կ՛աշխատի` հակառակ մարդոց վիճակին: Կը հարցնեմ.

– Նորէ՞ն մէկ տարիով պիտի նորոգէք, չէ՞ որ նախագահի նոր օրէնքը կայ…

– Ի՞նչ օրէնք, քահրապա չկայ,- իր անհամ կատակէն գոհ` ի վերջոյ կը յիշէ, որ դէմը մարդ է ու երեսս կը նայի, բայց չի պատասխաներ հարցումիս: Կը պարզուի` թուղթ մը պակաս է, ջանքերս` ի զուր: Սիրտ չունի բացատրել, թէ ուրկէ՞ պիտի բերեմ ուզած թուղթը, կ՛անցնի յաջորդին: Աջ ու ձախ հարցնելէ ետք, մէկը բարի կը գտնուի տեղը բացատրել: Կ՛ելլենք` ռուսական բաղնիքէ ելածի պէս` քրտնած ու ծեծուած:

Կրկին թաքսի` պտոյտ քաղաքին փողոցներուն մէջ, ստուգումներ անցակէտերուն ու կը հասնինք «նֆուս», որ նախկին շէնքը քանդուելէն ետք տեղափոխուած է շոգեկառքի կայարան (նոյնպէս` նախկին): Հոս խճողումը մեղմ բառ է. սրահին մէջ ոչ թէ ասեղ նետելու, այլ շնչելու տեղ չկայ: Եւ ասոնց մեծ մասը դուրս ճամբորդելու համար անձնագիր կը հանէ…

Քու մօտենալիք պատուհանդ հասկնալու համար նախ ճզմուելով քանի մը տեղեր խցկուելէ ետք, ի վերջոյ կ՛իմանաս տեղդ ու աչքերդ կը սեւնան: Հարիւրաւոր մարդերէ կազմուած միաձոյլ զանգուածը կ՛եռայ, կը պոռայ, կիներ կը ճչան, մանուկներ կը ծուան զիլ ձայներով, մօտ կեցողները ձեռքերուն թուղթերը պատուհանէն ներս մտցնել կը ջանան` կոխկռտելու գնով քովինը. քրտինք, հրմշտոց, շնչահատութիւն, ջերմ բարեկամական մթնոլորտ:

Ու այդ միջոցին կու գայ գաւաթս լեցնող անակնկալը. յանկարծ` հարուած ազդրիս: Կը նայիմ` կիներու սեւ մարմիններու մէջ կորսուած, մօր ձեռքէն բռնած երեք-չորս տարեկան տղեկ մը: Մէկ աչքով կը նայի թշնամական, միւս աչքը կոպի մաշկով ծածկուած ու դեռ թարմ են վիրահատական կարերուն հետքերը: Չեմ դպած իրեն, բայց ան վրաս կը թափէ աշխարհին հանդէպ իր ոխը: Չեմ տոկար անոր միակ աչքի սեւեռուն ու թշնամական հայեացքին: Շունչս կը բռնուի: Կը խնդրեմ դրացուհիէս դուրս ելլել: Ելքը վերջին ուժերս կը քամէ ու փողոցին մէջ արդէն լաթ եմ` տկար, ուժասպառ, նուաստացած ու լացի պատրաստ. փոխարէնը կը խնդամ…

– Վաղը առտու եօթին եկո՛ւր,- դրացուհիիս հարցումին հեգնանքով կը պատասխանէ պահակ զինուոր մը:

Ես մէկն եմ հազար-հազարէն ու իմ հարցս մեծ բան մը չէ, ամէն պարագայի` ջուրի ու լոյսի հարցերուն չափ բարդ չէ:

Վաղը` նոր արկածներ…

***

Նախագահական ընտրութիւններուն արդէն ժամեր մնացին: Հակառակորդը ժողովուրդին վրայ կը թափէ իր զայրոյթը ու արկերն ու հրթիռները օրական նորանոր անմեղ զոհեր կը հնձեն: Մեծ վնասներու կ՛ենթարկուին յատկապէս Նոր Գիւղը, նաեւ` քրիստոնէաբնակ ու ոչ քրիստոնէաբնակ այլ թաղամասեր, ուր որ կը հասնի «ազատարար» բանակին ձեռքը: Տակաւին մեր գլխուն կախուած է անոնց սպառնալիք-խոստումը, թէ հարիւրաւոր արկեր, իրենց վիզին կցուած կազի տակառներով, կարգի կը սպասեն մեզի «նուէր» գալու:

Չենք խօսիր նաեւ այն մասին, որ «ջուրի վիշապը» գոցեր է Եփրատին հունը ու Սուրիան ամբողջութեամբ կտրեր ջուրէ: Ահա՛ Ամերիկայի ու Եւրոպայի անժխտելի դեմոկրատիան, որ այս պարագային կ՛արտայայտուի թուրքի արիւնոտ ձեռքերը ազատ արձակելու եւ ուզածը ընել տալու կեցուածքով:

Մեզի «բարեկամ» եւրոպական կարգ մը երկիրներ ալ, որպէս կատարեալ դեմոկրատիայի արտայայտութիւն` իրենց երկիրները ապրող սուրիահպատակներուն արգիլեցին մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Հաւանաբար իրենց յատուկ անսահման մարդասիրութեամբ որոշեցին իրենց անմիջական հովանիին տակ եղող սուրիացիները (պատա՞նդ) «փրկել» Պաշշարը ընտրելու «ստիպուածութենէն», քանի որ, ո՞վ գիտէ, ինչե՜ր չի կրնար ընել սուրիական պետութիւնը… օրինակ` օդային ճամբով ճնշումներ բանեցնել իր քաղաքացիներուն վրայ…

Մինչդեռ Լիբանան բնակող սուրիացիներ, չունենալով միւսներուն «հովանաւորները», ու ենթարկուելով այդ օդային «ճնշումին»` խուռներամ խուժեցին ընտրատարածքներ ու յաճախ բառացիօրէն իրենց արիւնով կնքեցին ընտրաթերթիկները` ձայն տալով յատկապէս Պաշշարին:

Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ իրենք հազար կտոր կ՛ըլլան ու դարձեալ չեն սիրուած իրենց ժողովուրդներէն, մինչդեռ «տիքթաթոր» Պաշշար կը սիրուի… Ահա՛ հանելուկ, զոր կ՛առաջարկենք լուծել պրն. Օպամային ու իր մանկլաւիկներուն, խորհելու համար տալով տարի մը:

2 յունիս, 2014

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )