Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դրական խանդավառութիւն` բոլոր «խոյ»-երուն համար: Եղէք գործունեայ եւ աշխատասէր, ոչինչ ակնկալելով ուրիշներէ: Ապաւինեցէք ձեր ուժին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամութեան մարզին մէջ պիտի ըլլաք սիրալիր եւ հիւրընկալ: Ձեր ծառայասիրութեան համար զօրաւոր պրաւօ մը պիտի ստանաք: Օրը ուրախ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դանդաղեցուցէք ձեր գործունէութեան կշռոյթը, որպէսզի քիչ մըն ալ մտածէք արձակուրդի մասին: Օգտուեցէք ամրան բարիքներէն, գիւղէն կամ ծովէն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաճելի ճամբորդութիւն մը ձեզ կը սպասէ: Մէկ կողմ դրէք սովորական գործերը եւ նետուեցէք լաւ արկածախնդրութեան մը գիրկը: Օրը այս կը պահանջէ, հետեւեցէք անոր:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երբ «առիւծ» կենդանակերպի տէր անձը լաւատես է, ինքզինք կը զգայ աշխարհի թագաւորը: Այսօր բախտը այս ցոյց կու տայ ձեզի, ուրեմն վայելեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը շատ յարմար է եւ յաջող` որեւէ բանակցութիւն կատարելու, կամ` համաձայնութիւն մը ստորագրելու: Ուրեմն կատարեցէք ձեր փափաքը: Կը յաջողիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարգ ու կանոն դրէք ձեր աշխատանքին մէջ, որպէսզի աւելի ազդու ըլլաք: Այս է օրուան թելադրանքը: Անտարբեր մի՛ մնաք լաւագոյնին հասնելու համար:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբեք մի՛ վարանիք արտայայտելու ձեր տեսակէտը գործի կամ ընկերային հարցերու մասին: Նոյնպէս արտայայտեցէք ձեր սէրը, եթէ համոզուած էք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արձակուրդը միայն հանգիստի կամ հանգստանալու համար չէ: Անշուշտ քիչ մը կը յոգնիք, բայց հաճոյքն ալ մեծ է: Մի՛ գանգատիք այս առնչութեամբ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պէտք չկայ արգելք դնելու ձեր խօսքին, ըսէք այն, ինչ որ անհրաժեշտ է: Ճշմարտութիւնը պէտք է ըսել, եթէ նոյնիսկ վիրաւորական ըլլայ լսելը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գոհացէք ձեր ունեցածով: Երջանկութիւնը ձեր քթին տակն է, այս ալ բաւարար նկատեցէք ներկայիս, ապագան ինքնին կու գայ ձեր մօտ` ըսելու իր խօսքը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յաջողութեամբ կը յորդի օրը: Մի՛ մտահոգուիք, ամէն ինչ կարգին է, հետեւաբար մնացէք գոհ սրտով: Աշխատեցէք բարելաւել ձեր գործերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )