Քեսապի Գարատուրան Շրջանի Հայկական Եկեղեցին Վերաօծուեցաւ` Հոծ Բազմութեան Ներկայութեան

25-07kesabՈւրբաթ, 25 յուլիս 2014-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կատարեց Քեսապի Գարատուրան շրջանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը: Կիրակի, 27 յուլիս 2014-ին, սրբազան հայրը Քեսապի ազատագրումին յաջորդող առաջին Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց նշեալ եկեղեցւոյ մէջ` Վարդավառի տօնին առիթով, հոծ բազմութեան ներկայութեան: Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառին օրհնութիւններն ու անվերապահ զօրակցութիւնը: Առաջնորդը մօտէն տեղեակ դարձաւ տեղափոխուած քեսապցիներու դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )