Լիզպոնի Հինգ Հերոս Տղոց Յիշատակի Ոգեկոչում

IMG_9074Շաբաթ, 26 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ խոնարհելու վեհութեան ու օրինակելիութեան առջեւ Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի կամ Սեդրակի, որոնք իրենց հայավայել արարքով եւ նահատակութեամբ 31 տարի առաջ փաստեցին, որ միայն իրենց նման հերոսները կրնան զինուիլ այդքան մեծ հաւատքով ու յանդգնութեամբ` իրենց կեանքերը ազգին ու Դատին մատաղ ընելու, միայն իրենց նման հինգ արեւները կրնան ամէն ինչ իրենց ետին ձգել ու բարձրանալ, բարձրանալ ու իրենց հետ բարձրացնել ազգ մը ամբողջ, Դատ մը` ոտնակոխուած եւ իրաւունքներ խլուած:

IMG_9110ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 31-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին սկիզբը ներկաները անոնց շիրիմին վրայ զետեղեցին ծաղիկներ եւ վառեցին մոմեր` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար նահատակ հինգ հերոսներուն յիշատակին: Ապա, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անոնց անմահ հոգիներուն համար:

Գօգօ Յակոբեան,

Գօգօ Յակոբեան,

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ 5 տղոց նահատակութիւնը Հայ դատի աշխատանքները, այդ դատին ձայնն ու պահանջատիրական կոչերը լսելի դարձուց համայն աշխարհին, մեր դատը միջազգային բեմին վրայ մեծ արձագանգ ունեցաւ: Ան դիտել տուաւ, թէ 5 հերոսներուն նահատակութիւնը փաստեց, որ Հայ դատի աշխատանքները կարիքը ունին լուրջ ու կազմակերպուած քայլերու եւ մակերեսային մօտեցումով մեր իրաւունքներուն պիտի չհասնինք: Այսպիսով, այս գործողութիւնը ունեցաւ նաեւ դաստիարակիչ բնոյթ:

Գօգօ Յակոբեանի համաձայն, այսօր թէեւ զինեալ պայքար չկայ, սակայն կան պայքարի այլ դաշտեր, իսկ հայ երիտասարդը պարտի շարունակել երթը` 5 տղոց ազգային գիտակցութեամբ զինուած, որովհետեւ երիտասարդութիւնն է, որ Հայ դատը պիտի տանի նորանոր նուաճումներու ուղիով, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ իր կեանքը զոհելու` օրինակ ունենալով 5 հերոսները:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւն է նոյն ոգիով շարունակել այս երթը, այնքան ատեն որ հայը տակաւին չէ վերատիրացած իր բոլոր իրաւունքներուն, պէտք է պայքարիլ օտարամոլութեան  եւ տեղական ոչ հարազատ սովորութիւնները հայացնելու եւ իւրացնելու երեւոյթներուն դէմ, որովհետեւ անոնք խոչընդոտներ են մեր պայքարին առջեւ: Գօգօ Յակոբեան շեշտեց, որ այսօր պէտք է մտահոգուիլ օտար ամուսնութիւններով, որոնք օրէ օր կը բազմանան եւ բնական երեւոյթ կը դառնան, նաեւ պէտք է պայքարիլ թրքական մշակոյթի թափանցման  եւ  թրքական արտադրութիւններու քաջալերման հոսանքին դէմ մեր հայկական շրջաններուն մէջ: «Եթէ կ՛ուզենք յարգել մեր հերոսներուն պատգամը եւ դիմագրաւել ու յաղթահարել ապագայի մարտահրաւէրները, ուրեմն պէտք է հայ ընտանիքն ու դպրոցը  պահպանենք, որովհետեւ սփիւռքի մէջ այս երկուքը մեծ վտանգի մէջ են», եզրափակեց ան:

Ալինա Քէօշկերեան

Ալինա Քէօշկերեան

Ապա Ալինա Քէօշկերեան ասմունքեց «Լիզպոնի ողջակէզներին» քերթուածը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Վարդգէս Խօշեան, որ նախ շնորհաւորեց 5 տղոց ծնողները, որոնք ծնած էին այսպիսի հերոսներ, որոնք մարմնաւորեցին հերոսութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ 31 տարի առաջ իրենց կեանքով աշխարհը թնդացուցած Սագոն, Սիմոնը, Արան, Վաչէն եւ Սեդրակը հանդիսացան այնպիսի անբիծ ատրուշաններ, որոնցմէ բարձրացող լոյսով պայծառացաւ մեր նորագոյն պատմութիւնը: Բանախօսը շեշտեց, որ կեանքի մէջ հերոսներ են անոնք, որոնք ո՛չ միայն տուեալ պահուն արարք մը կը կատարեն, այլ այդ արարքով յաւերժականութեան կը հասնին` աւելցնելով, թէ 5 տղաքը արժանի հերոսներ են:

Վ. Խօշեան ըսաւ, որ 31 տարի առաջ Լիզպոնի տղաքը Հայ դատին համար նոր չափանիշներ ճշդեցին, իրենց ողջութեան եւս լաւագոյններէն նկատուած տղաքը, տակաւին կոկոններ էին, երբ իրենց սրտերը պայթեցուցին` սթափեցնելով հանրութիւնն ու մարդկութիւնը համայն: Անոնք այս քայլին դիմեցին մերժելով ստրկութիւնը, անարդարութիւնը, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը, անհայրենիք ապրելու դառն իրականութիւնը` իրենց անձնական օրինակով ուրուագծելով մեր նորօրեայ հայ ֆետայիին տիպարը: Բանախօսին համաձայն, այս հերոսները ծնունդն էին ժողովուրդին, ծառայեցին ժողովուրդին եւ զոհուեցան անոր դատին ի խնդիր: Ան նաեւ յիշեց ազատագրական պայքարին մասնակից բոլոր նուիրեալները, որոնցմէ ոմանք ֆիզիքական թերութիւններ ունեցան, ուրիշներ բանտի ճաղերուն ետին են, որովհետեւ անոնք տարբեր ձեւերով հայութեան պատգամը հասցուցին աշխարհին:

 Վարդգէս Խօշեան

Վարդգէս Խօշեան

Անդրադառնալով Լիզպոնի 5 նահատակներէն մեզի փոխանցուող կտակին` Վարդգէս Խօշեան ըսաւ, որ անոնք անճշմարիտ եւ թատերական կեանքին իսկութիւնը բացայայտելով անոր նայեցան վերէն, դարձան պահանջատէրը ճշմարտութեան եւ իրականութեան բացայայտման: Անոր համաձայն, տղաքը իրենց արարքով կը պահանջեն, որ այսօր մեր երիտասարդները կառչին ազգայինին եւ հայկականին, մեր ակումբները ըլլան մաքուր կեդրոնը երիտասարդութեան համախմբման, մեր ընտանիքներուն մէջ անբիծ պահպանուի հայոց լեզուն ու մշակոյթը: Բանախօսը շեշտեց, որ մենք ազգովին պարտաւոր ենք յարգելու 5 հերոսներուն յիշատակը, որովհետեւ անոնք ծառացան թուրքին դէմ, պայքարեցան մեր կերտած փոքր Հայաստանը` լիբանանահայութիւնը պահելու համար աւելի ամրակուռ ու զօրաւոր, իսկ այսօր պէտք է մենք եւս պայքարինք այդ նպատակով, որպէսզի լիբանանահայ գաղութը շարունակէ մնալ հիմնական օրրան: Ան շեշտը դրաւ հայրենամերձ գաղութներուն կարեւորութեան վրայ` դիտել տալով, որ հակառակ փոթորիկներուն եւ մարտահրաւէրներուն, անոնք պիտի մնան ու գոյատեւեն, որովհետեւ տարբեր դժուարութիւններ շրջանցած գաղութները կը գիտակցին, որ իրենք նպատակ ունին եւ առաջադրանք:

Իր խօսքը եզրափակելով` Վարդգէս Խօշեան շեշտեց, որ հայ երիտասարդը այսօր պէտք է կառչի հայկական արժէքներուն, ազգային նպատակներուն, անբիծ պահէ զանոնք, որպէսզի արժանի ըլլայ Լիզպոնի տղաք ծնած ժողովուրդի զաւակը ըլլալու:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Բարեվ Ձեզ իմ հարգելի կոլեգաներ: Ես պատրաստել եմ մեր 5 տղաներին նվիրված կայք եվ կցանկանայի, որ այն նաեվ տեղ գտներ Ազդագ լրագրին մեջ:
    http://www.lisbon5.com/index.html

  • Disqus ( )