ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ ԱՂՕՏ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ, ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՂՕՏ

ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԵՆԹԱՎԵՐՆԱԳԻՐԸ Կ՛ԸՍԷ. «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻՆ ՎԵՐԵԼՔՆ ՈՒ ԱՆԿՈՒՄԸ… ԵՒ ՆՄԱՆ ԲԱՆԵՐ»: ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐԸ` ՔԼԱՐՔ ՈՒԵԼԹԸՆ ՏԱՐԻՆԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՇԱՐԱԴՐԱԾ Է ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ՆՈՐԵԿ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՑՆՑԻՉ ԵՒ ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ԽԱԹԱՐՈՒՄԻՆ: «ՍԻԹԻ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ («ՏԸ ՄԱՆՀԱԹԸՆ ԻՆՍԹԻԹԻՒԹ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԱՆՈՐ ՎԻՐԱՀԱՏԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԳՐԵԹԷ ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ԲԱՌԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ, ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇԱՐԱՀԻՒՍՈՒԹԵԱՆ ՔԱՈՍԱՅԻՆ ԽԱՌՆԻՃԱՂԱՆՃԻ ՄԸ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ ԵՆ ԱՅՍ ԼՈՒՐՋ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԻՆՉ ՈՐ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԹԷ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒՆԵՐ ՓԱԽՈՒՍՏ ՉՈՒՆԻՆ ՔԱՅՔԱՅՈՒՄԷ…

 Վերջերս կը դիտէի պատկերասփիւռի յայտագիր մը, որուն մէջ կին մը կը նկարագրէր սկիւռի ձագ մը, զոր  ինք գտած էր իր տան բակին մէջ: «Եւ գիտէք, կարծէք (լայք). «Հըլօ՜, ի՞նչ բանի կը նայիս», եւ նման բաներ, եւ ես կարծէք, գիտէք, կարծէք. «Կրնա՞մ վերցնել քեզ», եւ ինք կարծէք. «Պըրրրփ, պըրրրփ, պըրրրփ», եւ ես կարծէք, գիտէք. «Ուաու, ատիկա շատ ուա՜ու է»: Եւ այսպէս անկապ բաներ խօսեցաւ, ինքզինք մէջբերելով, ձայնային տպաւորութիւններով եւ բառեր փոխարինելով, նախադասութիւնները կէտադրելով դէմքի ծամածռութիւններով եւ աչքերը շեղելով այս ու այն կողմ: Սակայն ամբողջ տեւողութեան ոչ մէկ յստակ բան ըսաւ իր եւ սկիւռին հանդիպումին մասին:

Օ՜, ա՜: Աղօտ խօսելաձեւի դասական օրինակ մըն էր: Լեզուական ժահր մը, որ խօսակցական լեզուն վարակեց 20-րդ դարու վերջերուն: Սկիւռին մասին խօսող կինը կը հնչէր երկրորդական վարժարան նոր յաճախել սկսող պատանիի մը պէս, սակայն յայտնապէս 40-ական տարիքի էր. բաւական մեծ` կանուխ տարիքէն այս ախտը կրած ըլլալու համար: Ան հաւանաբար քոլեճը նոր աւարտած եւ գործի ասպարէզին մէջ փորձառական շրջան մը անցնող երիտասարդուհի մըն էր, երբ աղօտ խօսելաձեւը դուրս եկաւ ռամկաբանութեան ստուերներէն եւ ամբողջական յարձակում գործեց ամերիկեան անգլերէնին վրայ:

Աղօտ խօսելաձեւի հետ ծանօթութիւնս սկսաւ 1980-ական տարիներուն. այն հեռաւոր ժամանակներուն, երբ Էտուըրտ Քոչ Նիւ Եորքի քաղաքապետն էր, եւ ես կը գրէի անոր հրապարակային խօսքերը: Քաղաքապետին խօսքերը գրող պաշտօնէութիւնը փոքր էր եւ ինծի համար ողջունելի էր նորեկ պաշտօնեայ մը գործի ընդունելու գաղափարը: Դիմումնագիրներ ներկայացուեցան Նիւ Եորքի, Քոլոմպիայի եւ Փէյս համալսարաններէն, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորք քաղաքին համալսարանին առաջնակարգ քոլեճներէն: Ուսանողները պերճախօս էին եւ լաւատեղեակ` քաղաքացիական հարցերու: Իբրեւ օրինակ ուղարկուած անոնց գրութիւնները գերազանց էին: Այն երիտասարդուհին, զոր պաշտօնի կոչեցի, շատ արագ կ՛իւրացնէր այն, ինչ որ կը սորվեցնէի, եւ հաճելի էր անոր հետ աշխատիլը: Ամէն ինչ այնքան լաւ կ՛ընթանար, որ իւրաքանչիւր առիթի նորաւարտներ գործի կը հրաւիրէի:

Ապա հասաւ 1985-ը:

Առաջին դիմումնագիրը ստացայ Նիւ Եորքի համալսարանէն ուսանողէ մը: Երբ հարցազրոյցի կանչեցի զինք, նկատեցի, թէ իր պատասխաններուն մէջ այնքա՛ն ցայտուն էր «լայք» (կարծէք)բառին յաճախակի գործածութիւնը, որ մատնանշեցի թերութիւնը: Յայտնապէս այս ակնարկութիւնը շփոթի մատնեց զինք եւ ան պատասխանեց. «Ուել… լայք… եահ»: Անշուշտ ոչ ոքի համար հաճելի է քերականութեան ոստիկան մը: Սիրոյ եւ լեզուի մէջ ամէն ինչ ընդունելի է, իսկ ամերիկեան անգլերէնը տեւաբար շարժման մէջ է: Այսպէս, «եու շուտ»ը փոխարինուած է «եու նիտ թու»ով: «Նօ»ն կորսուած է «նաթ ռիլի»ի ետին: «Այ սետ»ը դարձած է «այ ուենթ»: Ինչ կը վերաբերի «եու՛ր ուելքամ»ին, անիկա շատոնց դարձած է «նօ փրապլըմ»: Նոյնիսկ ռունգերը կրած են նորաձեւութեան ազդեցութիւնը: Սագի պէս հաստ եւ կտրատ ձայնով խօսիլը, որ այսօրուան երիտասարդուհիներուն նախասիրած խօսելաձեւն է, թերութիւն մը կը նկատուէր ժամանակին:

«Լայք»ը հիփփիական 1960-ական տարիներէն վերապրած սովորամոլութիւն մը կը նկատէի 1985-ին: Ռամկաբանութեան այս փոքր երեւոյթը առանձինը պէտք չէր պատճառ դառնար Նիւ Եորքի համալսարանի ուսանողը անտեսելու: Սակայն զարմացայ, երբ յատուկ խմբաւորումի մը բնորոշ խօսելաձեւի երեւոյթներ նկատեցի հաղորդակցութեան արուեստներու աւարտական դասարանի ուսանողի մը քով, որ գործ կը փնտռէր հրապարակային խօսքեր պատրաստող գրասենեակի մը մէջ: Նման գործի մը դիմողները սովորաբար պիտի ցուցադրէին իրենց լեզուական կարողութիւնները: Նոյնիսկ շատ աւելի զարմացայ, երբ յաջորդ երեք թեկնածուները եւս իրենց նախադասութիւնները հիւսեցին «լայք»ով: Ամէնէն աւելի մտահոգիչ էր իբրեւ օրինակ անոնց ներկայացուցած գրութիւններուն որակի արագ անկումը: Վեց թեկնածուներ փորձելէ ետք, ի վերջոյ գտայ ուսանող մը, որ նախկիններուն չափ լաւ էր: Ապա հասաւ 1986-ը:

Նորանոր հարցազրոյցներու ընթացքին այլեւս ակներեւ էր, թէ «լայք»ը իր ամուր տեղը գրաւած էր նորեկներու շարահիւսութեան մէջ: Աւելցած էր նաեւ նոր բան մը. «Եու նօ»ն փոխարինած էր «Ըըը»ն` իբրեւ պարապութիւնները լեցնող ընտրանք: Կը թուէր, թէ գործի թեկնածուները կը խուսափէին նոր գաղափարներ արտայայտելու պարտականութենէն: Անոնք կը խօսէին ընդմիշտ շարունակուող եւ անաւարտ նախադասութիւններով, զորս յառաջ կը քշէին` ի վերջոյ «էնտ սթաֆ» (եւ այլնի պէս բան մը) բառերով աւարտելով զանոնք: Իբրեւ օրինակ ներկայացուցած անոնց գրութիւնները ահաւոր էին: Ութ թեկնածու փորձելէ ետք միայն կարելի եղաւ գտնել խոստմնալից անձ մը: Իսկ1987-ի գարնան արդէն ի յայտ եկաւ համակ հարցականներով խօսելաձեւը: Թեկնածուի մը հարցուցի, թէ ո՛ր քոլեճը յաճախած էր:

«Քոլոմպիա՞», պատասխանեց, կամ` հարցուց:

«Եւ կը մասնագիտանաս ի՞նչ բանի մէջ…», հարց տուի:

 «Անգլերէ՞ն», պատասխանեց:

Անոր բոլոր պատասխանները կը հնչէին հարցումի պէս: Այլ թեկնածուներ եւս նոյն ձեւով խօսեցան` հաստատական նախադասութիւնները աւարտելով հարցական շեշտով մը: Տարօրինակ բան մը կը պատահէր: Արդեօք ասիկա հրոսակայի՞ն քերականութիւն մըն էր: Արդեօք քոլեճի ուսանողներ կախարդուած էին բառային քաոս մը ղեկավարող խելագար դաստիարակի՞ մը կողմէ: Սկսայ նոթեր առնել եւ նամակ մը ուղարկեցի «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի խմբագիր Ուիլիըմ Սեֆայրի` առաջարկելով, որ սիւնակ մը յատկացնէ հասկնալի խօսակցութեան որակազրկումին: Կը թուի, որ թերաւարտներ հաղորդակցելու բեռը խօսողին ուսերէն կը փոխադրեն ունկնդիրին ուսերուն, կը գրէի նամակիս մէջ: Երկդիմութիւնը, խուսափողականութիւնը եւ շարժուձեւերով արտայայտուիլը, ինչպէս` օդին մէջ մատներով չակերտներ պատկերելը, քոլեճի անգլերէնը կը վերածէին նշաններու վրայ հիմնուած ծածկագիր լեզուի մը, զոր խօսողները ամէն ճիգ կը թափէին` յստակ որեւէ բան չըսելու: Ասիկա կոչեցի աղօտ խօսելաձեւ:

Թեկնածուներու հետ հարցազրոյցները 1987-ի աշնան ի յայտ կը բերէին, թէ «լայք» բառին գործածութիւնը այլեւս պարզապէս ռամկաբանութիւն մը չէր: Երկու բառերու միջեւ շաղկապի նման անոր գործածութիւնը այժմ կը ծառայէր բայերը շերտաւորելու. երեւոյթ մը, որ մինչեւ այսօր կը խեղդէ խօսակցական անգլերէնը: Աղօտ խօսելաձեւը կ՛արշաւէր սրընթաց: Կրկնութիւնը («Ինչ որ կ՛ըսէի, կ՛ըսէի, թէ…») յայտնուեցաւ հրապարակի վրայ: Մուտք գործեց երկու հոգիի միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւն մը եւ անցեալի դէպքեր մէկ նախադասութեան մէջ վերստեղծելու երեւոյթը: Օրինակ` «Սօ այ եմ լայք. «Ուոնթ թու, լայք, սի է մուվի՞»: Էնտ հի կոզ. «Նօ ուէյ»: Էնտ այ կօ…»: ( «Ուրեմն ես կարծէք. «Կ՛ուզե՞ս, կարծէք, տեսնել ժապաւէն մը»: Եւ ինք այսպէս կ՛երթայ. «Բնաւ»: Եւ ես այսպէս կ՛երթամ…): Անճրկեցայ` ի տես երեւոյթի մը, որ կը թուէր, թէ մանկական խօսելաձեւի վերադարձ մըն էր: Այսուհանդերձ, երբ փորձառութիւն ձեռք ձգելու նպատակով գործի դիմող ուսանողներ հարցազրոյցի կը ներկայանային` քոլեճի մակարդակ պահանջող պաշտօնի մը համար, չէին վարաներ նախակրթարանի յատուկ բարբառ մը գործածելու, ոչ ալ անհանգիստ կը զգային: Խօսակցութիւնը կ՛երկարէի անոնց հետ, եւ աստիճանաբար սկսայ անդրադառնալ, թէ իրենց համար աղօտ խօսակցութիւնը ոչ թէ ռամկաբանութիւն էր, այլ` ընդունուած անգլերէն: Ի վերջոյ ուղեղիս մէջ ծագեցաւ հետեւեալ մտածումը. աղօտ խօսելաձեւը ոչ թէ համալսարաններու տարածքներուն ստեղծուած նորաձեւութիւն մըն էր, այլ սերունդներու մէկ այլ հարուածը` լեզուի պատշաճ գործածութեան դէմ: Անիկա յեղաշրջում մըն էր: Լեզուական խառնիճաղանճը խուժած էր քերականութեան պալատէն ներս: Արդիւնաւէտ խօսակցութեան սկզբունքները հրոյ ճարակ դարձած էին:

Երէց աղջիկս 1988-ին աւարտեց Վասարի քոլեճը: Շրջանաւարտութեան հանդիսութեան ընթացքին դասախօսներէն մէկուն հարցուցի, թէ արդեօք որեւէ փոփոխութիւն նկատա՞ծ էր Վասարիի ուսանողներուն լեզուական կարողութիւններուն մէջ: «Մեծագոյն տարբերութիւնը այն է, թէ երբ ուսանողներ համալսարան կը հասնին, անոնք արդէն մանկացած են,- կ՛ըսէ ան:- Ասիկա ակներեւ է անոնց խօսելաձեւին մէջ: Կը թուի, թէ անոնց վերացական միտքի զարգացումը տկարացած է»: Ապա ան բացատրեց, թէ ժամանակին խօսակցական ոչ հասուն ձեւեր 9-րդ դասարանին արդէն ամէն գնով կը մաքրուէին աշակերտներուն լեզուէն: «Կը թուի, թէ այսօր երկրորդական վարժարանի ուսուցիչներուն համար միեւնոյնն է, թէ աշակերտներ ի՛նչ ձեւով կը հաղորդակցին», ըսաւ ան: Ուրեմն ե՞րբ ծայր տուաւ աղօտ խօսելաձեւը: Անիկա յայտնապէս ծնունդ առած էր 1980-ական տարիներէն առաջ: «Լայք» բառին գործածութիւնը ունի երկար եւ ոչ այնքան ալ մաքուր անցեալ մը: 1970-ական տարիներուն անիկա մաս կը կազմէր «Վելի կըրլ» ժապաւէնին մէջ գործածուած Լոս Անճելըսի արուարձանային եւ մեծապէս վարակիչ բարբառին, որ յաճախ ծիծաղի առարկայ կը դառնար: Նոյնիսկ 1964-ին «Փարիզ ուեն իթ սիզըլզ» ժապաւէնը կը ձաղկէր այս բառին չափազանցուած գործածութիւնը: Եւ դեռ աւելի առաջ, 1951-ին Սալինճըրի «Տը քեչըր ին տը ռայ» ժապաւէնին հերոսը` Հոլտըն Քոլֆիլտ կը գործածէր աղօտ խօսելաձեւի նախատիպ մը, երբ կ՛ըսէր. «Տեսակ մը ինկայ կողիս վրայ… տեսակ մը ցաւեցաւ թեւս», եւ կրկնէր. «Ինչ որ որոշեցի ընել, որոշեցի, թէ պիտի…», ապա ցուցական դերանունները կը գործածէր անորոշ յօդերու տեղ. «Տեսակ մը անօթի զգացի, ուրեմն գացի այս դեղարանը…»:

Արդեօք աղօտ խօսելաձեւը պարզապէս անբացատրելի գահավիժո՞ւմ մըն է դէպի անիմաստութեան անդունդը: Արդեօք անիկա ծնունդ առած է դասարանին մէջ քաղաքական փափկանկատութիւն պահելու պահանջին իբրեւ հակազդեցութի՞ւն` շրջանցելով արգիլուած գաղափարներ արտայայտելու վտանգը: Արդեօք աղօտ խօսելաձեւը անուս սերունդի մը կ՛ընձեռէ իր տգիտութիւնը ծածկելու միջո՞ց մը:

Մէյն կը գտուէի 1991-ի այն գիշերը, երբ Քամպըրլենտ Քաունթիի բնակիչները հաւաքուած էին դիմաւորելու համար Ծոցի պատերազմէն տուն վերադարձող տեղւոյն Ազգային պահակագունդը: Յուզիչ պահ մըն էր: Շրջակայ գիւղաւաններէն ժամանած էին հրշէջներու քանի մը տասնեակ փոխադրակառքեր: Անոնց արձակած լոյսերուն եւ ահազանգերուն ընկերակցութեամբ,  զինուորները տողանցեցին գլխաւոր պողոտայէն վար: Կանգնած էի տողանցքի ճամբուն ծայրամասին եւ կ՛ակնկալէի տեսնել բեմ մը, ամպիոն մը կամ բարձրախօս մը: Սակայն պաշտօնական ոչ մէկ հակիրճ պատգամ պիտի ուղղուէր քաղաքապետին կամ հրամանատարին կողմէ: Ծխական ոչ մէկ աղօթք պիտի կատարուէր` առ ի երախտագիտութիւն զինուորներուն ապահով վերադարձին: Փոխարէնը` զինուորները անմիջապէս ցրուեցան: Հրշէջներուն փոխադրակառքերը դանդաղ թաւալեցան դէպի հեռուն: Բազմութիւնը տուն վերադարձաւ: Քանի մը վայրկեան ետք գլխաւոր պողոտան կը մնար դատարկ:

Յայտնապէս, կը թուէր,կարծէք, թէ ոչինչ կար ըսելիք:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES
TAGS