Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակին Նշում

Յունաստան

Greece_lisbonԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 27 յուլիսին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակը:

Քոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս աբղ. Սաղտըճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հինգ հերոս երիտասարդներուն կատարած սխրանքին եւ անկէ բխած պատգամներուն: Մասնաւորապէս ան խօսեցաւ գիտակից կեանքի ու մահուան բարձր արժէքին մասին` շեշտելով, թէ հինգ տղաքը այս քայլին դիմեցին` մերժելով անարդարութիւնը եւ իրենց անձնական օրինակով ուրուագծելով նորօրեայ հերոս հայ երիտասարդին տիպարը: Նշեց, թէ հերոսները ծնունդն են ժողովուրդին. անոնք ծառայեցին ժողովուրդին եւ զոհուեցան անոր դատին ի խնդիր:

Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մատլէն Պալատլեան, իր ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ Լիզպոնի մէջ 31 տարիներ առաջ զոհուած հինգ երիտասարդները հաւատքով ու գիտակից գաղափարաբանութեամբ յառաջացան: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու անոնց ուղին, մնալ  քաջ, գիտակից, պահանջատէր, սկզբունքային եւ երբեք չզիջիլ ճնշումներուն կամ պայմաններուն բերումով:

Միացեալ Նահանգներ

0727_montebelloՅուլիս 27-ին, Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ  Լիզպոնի 5 նահատակներուն յիշատակը:

Արդարեւ, Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Լիզպոնի հինգ նահատակներուն օրինակով հայօրէն պայծառակերպուելու եւ յանուն վեհ ու արդար նպատակներու յանձնառութիւններ ստանձնելու անհրաժեշտութեան:

Աւարտին ներկաները ուղղուեցան «Էվըրկրին» գերեզմանատուն, ուր Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան փոխանցեց իր պատգամը: Ան կեդրոնացաւ Թորլաքեանի ու Լիզպոնի տղոց մարմնաւորած ոգիի ուժգնութեան, ազգային արժէքներու ու նպատակներու ծառայելու անոնց առաքինութեանց վրայ:

Հրապարակախօս, «Առաքելութիւն» հեռատեսիլի ծրագիրի ղեկավար Փալաբեկ Պարսումեան խօսք առնելով` բացատրեց օրուան խորհուրդը` շեշտելով Լիզպոնի տղոց ներշնչող գաղափարականութիւնը:

ՀԵԴ-ի անունով խօսք առաւ Սարօ Պապիկեան, որ հաստատեց, թէ Լիզպոնի հինգ տղաքը յաջողեցան հայ երիտասարդին բարոյական ուժ ներշնչել` ոգեւորելով ու դաստիարակելով յաջորդական սերունդներ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:

 

Շահինշահր

Յոբելենական Հանդիսութիւն` Նուիրուած Սպահանի
Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Եպս. Չարեանի
Քահանայական Օծման 30 Եւ
Թեմի Առաջնորդ Ընտրութեան 10-Ամեակներուն

0715_30-amiagՀովանաւորութեամբ Շահինշահրի համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի վարչութեան, 15 յուլիսին Շահինշահրի Հայոց ազգային Ս. Վարդանանց դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն` նուիրուած Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի քահանայական օծման 30-ամեակին եւ որպէս առաջնորդ ծառայութեան 10-ամեակին:

Օրուան հանդիսավար Վիոլեթ Յարութիւնեան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց սրբազան հօր, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Բաբգէն եպս. Չարեանի կենսագրականը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Հայ համայնքի վարչութեան ատենապետ Մելքոն Շիրվանեան խօսք առնելով, անդրադարձաւ սրբազան հօր անհատականութեան եւ ծառայանուէր գործունէութեան բարձր գնահատելով Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովրդին գլխաւորելու եւ համախմբելու կարեւոր գործին մէջ:

Այնուհետեւ սրբազան հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ «Նարօտ» մանկապատանեկան երգչախումբը:

Անանիա վրդ. Գուճանեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ սրբազան հայրը եղած է դաստիարակ, սերտ գործակից, տիպար հոգեւորական, համեստ եւ անբասիր սպասաւոր նաեւ ուղեցոյց եւ մեծ խորհրդատու:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սրբազան Հայրը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի
Նոր Ջուղայի Ութ Ենթայանձնախումբերու
Անդրանիկ Հանդիպում-Հաւաք

0714_meetingՅուլիս 14-ին, Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին հրաւէրով Ս. Ամենափրկիչ վանքի նահատակաց յուշարձանի յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ անդրանիկ հանդիպումը սոյն մարմինի կողմէ նշանակուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները իրականացնող ութ ենթայանձնախումբերու հետ:

Նախքան հանդիպումը, ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Ս. Ամենափրկիչ վանքի տարածքին մէջ գտնուող ապրիլեան նահատակներու յուշարձանին մօտ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Կեդրոնական մարմինի նախագահ Նոէլ Մինասեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ ներկայացուց երկու հիմնական ուղղութիւններ, որոնց հիման վրայ պէտք է կազմակերպել աշխատանքները. արտաքին ճակատ` պարսկական շրջանակ, եւ ներքին ճակատ` շեշտելով մատաղ սերունդն ու երիտասարդութիւնը պահանջատիրական ոգիով դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը: Այնուհետեւ ան ներկաներուն փոխանցեց նախապատրաստական այն աշխատանքները, որոնք իրականացուած են սոյն կազմին միջոցով` յատկապէս շեշտելով Ս. Ամենափրկիչ վանքի յուշարձանի յարակից տարածքին բարեզարդումը եւ դասաւորումը:

Թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհուրդին եւ յոյս յայտնեց, որ իւրաքանչիւր անհատ ամենայն պատասխանատուութեամբ պէտք է մօտենայ այս իրողութեան եւ պէտք է նպաստէ 100-ամեակի ծրագիրներու յաջողութեան:

Կեդրոնական մարմինի անդամ Աշոտ Դաւթեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Թուրքիոյ կառավարութեան որդեգրած նոր քաղաքականութեան մասին` նշելով, որ Թուրքիա կը փորձէ  որոշ նախաձեռնողական քայլերու դիմելով` շեղել հանրային կարծիքը իրականութենէն, հետեւաբար անհրաժեշտ է աչալուրջ հետեւիլ հարցերուն եւ իրականութեան լոյսին տակ հակազդել թշնամիին սադրանքներուն:

 

Վրաստան

Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աշուղի
Ծննդավայր Կարծախի Մէջ

Georgia_jivaniԱխալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի բնակիչներուն համար աւանդութիւն դարձած է յուլիս ամսուան վերջին օրերէն մէկը նուիրել հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի մեծարման: Արդարեւ 26 յուլիսին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Աւարտին, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Ջիւանիի յուշարձանին առջեւ:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն` բարձր գնահատելով անոնց կատարած աշխատանքը,  հաստատելով, որ Ջիւանիին ստեղծած արուեստը անմահ է:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ռատիոյի «Սայաթ Նովա» համոյթը, որ ներկայացուց  ջիւանական երգ ու տաղ:

«Ջաւախքի Աջակցութիւն Հիմնադրամ»-ը
Կ՛աջակցի Ախալցխայի Բազմազաւակ
Ընտանիքներուն

0723_javakhkՅուլիս 23-ին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ հաւաքուեցան Ախալցխայի շրջանի 4 բազմազաւակ երեխաներու եւ այս տարի 3-րդ երեխան ունեցած ծնողները:

Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեանի եւ Նինոծմինտայի հոգեւոր հովիւ Արմաշ քահանայի ներկայութեամբ, «Ջաւախքին աջակցութիւն հիմնադրամ»-ի (ՋԱՀ) Ախալցխայի պատասխանատու Էդուարդ Այվազեան հիմնարկին կողմէ յատկացուած գումարը փոխանցեց հաւաքուած ծնողներուն:

Էդուարդ Այվազեան անգամ մը եւս հաւաքին մասնակից ծնողներուն ներկայացուց ծրագիրին նպատակը եւ շնորհաւորեց զանոնք` գումարը ստանալու առիթով:

ՋԱՀ-ի կողմէ նիւթական օգնութիւն ստացած ընտանիքները իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին նորաստեղծ հիմնարկին, ծրագիրի հովանաւորներուն եւ բոլոր կազմակերպիչներուն:

Նինոծմինտայի քահանայ տէր Արմաշ բացատրեց, թէ  ՋԱՀ-ը հիմնած են ծնունդով ջաւախքցի գործարարներ` բարերար Սօս Սահակեանի նախաձեռնութեամբ: Տուեալ ծրագիրով հիմնարկը կ՛օգնէ այն ընտանիքներուն, որոնք այս տարի ունեցած են երրորդ կամ աւելի երեխայ, կամ ունին վեց եւ աւելի երեխայ: Հիմնարկը կը կազմակերպէ նաեւ բազմաթիւ մշակութային ծրագիրներ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Կոմիտասի Ներկայացում

0725_gomidasԼոս Անճելըսի մշակութային կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող, հեղինակաւոր «Կրանտ փըրֆորմընսըզ» կազմակերպութեան ամառնային համերգաշրջանի շրջագիծին մէջ 25 յուլիսին հանդէս եկաւ յայտնի դաշնակահար եւ երգահան Վարդան Օվսէփեանի գլխաւորած սենեկային նուագախումբը: Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան Օվսէփեանի նոր ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:

 

 

Պարգեւատրում
Երեք Մտաւորականներու

0727_medalՅուլիս 27-ին,  հիւրաբար թեմէն ներս  գտնուող Հայաստանի Արթիկի թեմի առաջնորդ եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժինի վարիչ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ  մատուցեց Ս. պատարագ:

Պատարագի ընթացքին կարդացուեցան հայրապետական սրբատառ երեք կոնդակներ, ըստ որոնց, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով կը պարգեւատրէր գրող եւ մտաւորական Գրիշ Դաւթեանը, Պօղոս Գուբելեանը եւ  Գէորգ Քրիստինեանը:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այս մտաւորականներուն, որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին նուիրուած են հայ գրականութեան եւ մշակոյթին` քաջաբար շարունակելով Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց սկսած հայրենանուէր եւ ազգանպաստ ծառայութիւնները: Իրենց գրական հարուստ վաստակով, գեղեցիկ եւ մնայուն ժառանգ ձգած են մեր ներկայ սերունդին` ուղղութիւն տալով եւ կոչ ուղղելով հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան:

Հովուական Այցելութիւն
Միացեալ Նահանգներ – Քանատա – Եւրոպա

Kapriel-Mouradian's-visitsԶմմառու պատրիարքական միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, վերջերս իր հովուական այցելութիւնը տուաւ Հիւսիսային Ամերիկա:

Ան այցելեց Թորոնթօ, Մոնրէալ, ուր այցելեց Հայ կաթողիկէ Նարեկ վարժարանը եւ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն տնօրէն, Զմմառու միաբան Պօղոս Գազանճեանին հետ, ինչպէս նաեւ` հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեանի հետ: Իւրաքանչիւր ժողովրդապետութենէ ներս Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ փոխանցեց իր պատգամը ժողովուրդին:

Ապա ան այցելեց Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքը, որմէ ետք` Նիւ Ճըրսի եւ Լոս Անճելըս: Այս քաղաքներուն մէջ եւս ան հանդիպում ունեցաւ բոլոր վարդապետներուն հետ, մօտէն ծանօթացաւ անոնց գործունէութեանց ու շօշափեց անոնց դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ քաջալեր հանդիսացաւ անոնց բոլոր յաջողութիւններուն:

Այնուհետեւ ան այցելեց նաեւ Ֆրանսայի թեմի քաղաքներ` Փարիզ, Լիոն եւ Սան Շամոն եւ հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին ան հրաւիրեց զանոնք Զմմառու մայրավանք` իրենց մասնակցութիւնը բերելու օգոստոս 2014-ի տեղի ունենալիք միաբանական հանդիպումին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )