Գիտութիւն Եւ Մարդ. Մշակոյթը Ինչպէ՛ս Կ՛որոշէ Մարդկային Ծինական Կազմուածքը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985genՈՒՏԵԼՈՒ, ԵՓԵԼՈՒ, ՀԵՏԱԶՕՏԵԼՈՒ ԵՒ ԱՅԼՈՑ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐԵԼՈՒ ՄԵՐ ՁԵՒԸ ԿՐՆԱՅ ԻՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԵՐ ԾԻՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄՈՒԱԾՔԻՆ ՎՐԱՅ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԱՐԴԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐԷ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՆԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ: ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲՆԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՃԷՅՍԸՆ ԿՈԼՏՄԵՆ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ  ԾԻՆԱԿԱՆ- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻԱՏԵՂ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ԵՒ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Պէտք չէ կարենանք կաթ խմել, որովհետեւ մեր նախահայրերը չէին կրնար խմել: Միայն վերջին 9 հազար տարիներուն է, որ չափահաս մարդիկ կրնան կաթ խմել` առանց հիւանդանալու. մանուկներ աւելի կրնային կաթ խմել եւ չհիւանդանալ: Սակայն միայն կաթնտու անասուններ բուծանելէ ետք է, որ չափահասներ սկսած են մարսել կաթը:

Յայտնապէս այն մշակոյթները, որոնք ունին կաթնտու անասուններ բուծանելու եւ կաթ խմելու երկար պատմութիւն, շատ աւելի կրնան հանդուրժել կաթի բաղկացուցիչ լաքթոզ տարրը եւ անոր հետ առնչուած ծինը` բաղդատած այն մշակոյթներուն, որոնք նման պատմութիւն չունին:

Կաթ խմելը պարզապէս օրինակ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս մշակութային սովորութիւններ իրենց ներգործութիւնը կրնան ունենալ մարդկային եղափոխութեան վրայ: Ընդհանրապէս մշակոյթն ու ծինական ժառանգութիւնը կը նկատուին իրարմէ անջատ գործընթացներ: Սակայն ուսումնասիրողներ հետզհետէ աւելի կ՛անդրադառնան, թէ անոնք շատ սերտ կապ մը ունին եւ իւրաքանչիւրը իր ներգործութիւնը ունի միւսին բնական ընթացքին վրայ: Գիտնականներ այս երեւոյթը կը կոչեն «ծինական-մշակութային միատեղ եղափոխութիւն»: Սակայն ինչո՞ւ կարեւոր է գիտնալ այս մասին: Եթէ կարենանք գիտնալ, թէ մշակոյթը ինչպէ՛ս իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ մեր ծինական կազմուածքին վրայ, եւ թէ` ինչպէ՛ս նմանօրինակ գործընթացներ կարելի է ի յայտ բերել այլ արարածներու քով, ապա աւելի լաւ կրնանք հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս մեր ապրելակերպը իբրեւ մարդկային ընկերութիւն կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ մեր ապագային վրայ:

Այլ օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս մշակոյթը իր ներգործութիւնը կրնայ ունենալ մեր ծինական կազմուածքին վրայ` անուշ գետնախնձորի մշակումի եւ ճահճատենդի (մալարիա) դիմադրողականութեան միջեւ կապն է: Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններ հակակշռելու եւ կանխարգիլելու կեդրոններուն (Սի. Տի. Սի.) կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, 2010-ին շուրջ 219 միլիոն ճահճատենդի պարագաներ արձանագրուած են աշխարհի տարածքին: Անոնց 660 հազարը մահացու էր, իսկ մահերուն աւելի քան 90 առ հարիւրը արձանագրուած է Ափրիկէի տարածքին:

Ճահճատենդի ժահրը փոխադրող մժեղներ մահացու են Ափրիկէի մէջ: Սակայն կարգ մը ժողովուրդներ օժտուած են այս հիւանդութեան դէմ բնական դիմադրողականութեամբ:

Ճահճատենդի ժահրը փոխադրող մժեղներ մահացու են Ափրիկէի մէջ: Սակայն կարգ մը ժողովուրդներ օժտուած են այս հիւանդութեան դէմ բնական դիմադրողականութեամբ:

Սակայն կը թուի, թէ կարգ մը ժողովուրդներ յայտնապէս օժտուած են բնական դիմադրողականութեամբ: Անոնց արեան կարմիր գնդիկները մահիկաձեւ են, մինչդեռ այլ ժողովուրդներու քով սովորաբար տափակ սկաւառակի ձեւ ունին: Արեան բջիջներու այս տարօրինակ կազմուածքին առնչուած հիւանդութիւն մը` (սիքըլ-սել տիզիզ) կրնայ առաջնորդել երակներու խցումի եւ մարմնի գործարաններու քայքայումի: Սակայն, բնական պայմաններու մէջ, եղափոխութեան իբրեւ արդիւնք` այս հիւանդութիւնը կը մնայ նուազագոյն վտանգ յարուցելու մակարդակին վրայ, որովհետեւ այլապէս այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ կասեցնել կեանքի տեւողութիւնը: Այսուհանդերձ, կենսաբանական տարօրինակ դրուածքի մը պատճառով` մահիկաձեւ բջիջներու ծինը իրականութեան մէջ մարմինը կը պաշտպանէ ճահճատենդի դէմ: Հետեւաբար աշխարհի այն վայրերուն մէջ, ինչպէս` Ափրիկէ, ուր ճահճատենդի վարակումներու համեմատութիւնները չափազանց բարձր են, եղափոխութեան իբրեւ արդիւնք` մարմինը կը նախընտրէ որդեգրել մահիկաձեւ բջիջները: Կեանքի բախտախաղին մէջ նախընտրելի է ունենալ ճահճատենդի դէմ պաշտպանողական դրութիւն մը, նոյնիսկ` ի գին մահիկաձեւ բջիջներու պատճառած հիւանդութեան վտանգին:

Իսկ հետաքրքրականը հետեւեալն է. այն հաւաքականութիւնները, որոնք անուշ գետնախնձոր կը մշակեն, շատ աւելի բարձր համեմատութեամբ մահիկաձեւ բջիջի ծիներ կը կրեն, քան` մօտակայ վայրերու մէջ ապրող այն հաւաքականութիւնները, որոնք երկրագործական տարբեր սովորութիւններ կը կիրարկեն: Անուշ գետնախնձոր մշակելու համար հարկ է հատել ծառերը: «Ծառերու հատումը անուղղակիօրէն պատճառ դարձած է անձրեւելէ ետք ջուրի լճացումին, ինչ որ պարարտ հող ստեղծած է ճահճատենդի ժահրը փոխադրող մժեղներուն համար», կը գրէ Ս. Էնտրու՛զ համալսարանէն կենսաբան Քեւին Լալանտ: Մժեղներու բազմացում` կը նշանակէ Ճահճատենդի տարածում, ինչ որ իր կարգին կը ստեղծէ այնպիսի պայմաններ, որոնց կը յարմարին մահիկաձեւ բջիջները եւ կը դիմադրեն ժահրին:

Հետեւաբար ճիշդ է, որ մահիկաձեւ բջիջներու հիւանդութիւնն է, որ մարմինը կը պաշտպանէ ճահճատենդի դէմ, սակայն այս հակազդեցութիւնը արդիւնք է բացառապէս մարդկային վարմունքի մը. գետնախնձորի մշակումին, որ առիթ տուած է եղափոխութեան այս արարքին:

Ծինական-մշակութային միատեղ եղափոխութեան բոլոր օրինակները նոյնքան նպաստաւոր չեն: Օրինակ` փոլինեզիացիներուն մէջ տիրական ներկայութիւն է երկրորդ տեսակի շաքարախտը: Այս հաւաքականութեան մէջ արձանագրուած են աշխարհի տարածքին այս հիւանդութեան ամէնէն բարձր համեմատութիւնները. անոնք նոյնիսկ աւելի բարձր են դրացնութեան մէջ ապրող այլ հաւաքականութիւններու մէջ արձանագրուած համեմատութիւններէն: Ուսումնասիրողներու խումբ մը ի յայտ բերած է, որ փոլինեզիացիներուն մէջ տիրական ներկայութիւն է յատուկ ծինի (PPARGC1A) տարբերակ մը, որ հաւանաբար գէթ մասամբ պատճառ կը դառնայ երկրորդ տեսակի շաքարախտի:

Արդեօք փոլինեզիացիներուն հետազօտական արշաւներու պատմական մշակո՞յթը պատճառ դարձած է ներկայիս անոնց սոնքութեան հակամէտութեան:

Արդեօք փոլինեզիացիներուն հետազօտական արշաւներու պատմական մշակո՞յթը պատճառ դարձած է ներկայիս անոնց սոնքութեան հակամէտութեան:

Ինչո՞ւ մասնաւորաբար փոլինեզիացները ամէնէն աւելի ենթակայ են այս հիւանդութեան: Ուսումնասիրողներու համաձայն, պատճառը հաւանաբար անոնց նախահայրերուն հետազօտական արշաւներու մշակոյթն է: Փոլինեզիացիները Խաղաղականի կղզիներուն վրայ կայք հաստատելու համար տոկացած են ովկիանոսին վրայ երկարատեւ ուղեւորութիւններու` դիմագրաւելով ցուրտի եւ անօթութեան ճնշումը: Այս պայմանները հաւանաբար խթանած են մարմնին մէջ սնունդի փոխարկութեան (մեթապոլիզմ) ժուժկալ համակարգը, որ առիթ կու տայ ճարպի պահեստներ կուտակելու, երբ սնունդ կը ստանայ: Հաւանաբար փոլինեզիացներուն քով բնական ընտրութեամբ մը բազմացած են այս վիճակին առնչուած ծիներու տարբերակները եւ անոնց գոյութիւնը յաճախակի դարձած է: Այսուհանդերձ, սնունդի փոխարկութեան այն համակարգը, որ նպաստաւոր էր փոլինեզիացի հետախոյզներուն, այսօրուան արդի մշակոյթներուն մէջ, ուր սնունդի աղբիւրները անպակաս են, կրնայ առաջնորդել սոնքութեան եւ երկրորդ տեսակի շաքարախտի: Հետեւաբար այսօրուան փոլինեզիացիները հաւանաբար ժառանգած են երկրորդ տեսակի շաքարախտի հակամէտութիւնը, ոչ թէ որովհետեւ կը վարեն նստակեաց կեանք, այլ որովհետեւ իրենց նախահայրերը որոշած են նաւ նստիլ եւ աշխարհը հետազօտել:

Թէեւ այս օրինակները ամէնէն աւելի լաւ բացատրուած երեւոյթներն են ծինական-մշակութային միատեղ եղափոխութեան, սակայն ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են նաեւ բազմաթիւ այլ օրինակներ: Բոյսեր ընտելացնելու մարդկային պատմութիւնը հաւանաբար խթանած է այնպիսի ծիներ, որոնք կը վնասազերծեն քիմիական որոշ բաղադրութիւններ այն բոյսերուն մէջ, զորս կը սպառենք: Նոր հողամասեր եւ անծանօթ կլիմաներ հետազօտելու մարդկային պատմութիւնը հաւանաբար իր ներգործութիւնը ունեցած է այնպիսի ծիներու վրայ, որոնք մեզի առիթ կու տան մեր նախահայերէն աւելի տոկալու չափազանց ցուրտին կամ տաքին: Եփելու յայտնագործութիւնը ինքնին հաւանաբար շրջած է ծնօտի մեր մկաններուն եւ ակռաները ծածկող ջնարակին եղափոխութիւնը: Լեզուներու եւ ընկերային բարդ դրուածքներ հասկնալու մարդկային կարողութիւնը հաւանաբար խթանած է բնական ընտրութեան այնպիսի ձեւ մը, որ աւելի կատարելագործած է մեր ուղեղը եւ ջղային դրութիւնը:

Դլփիններ իրենց ձագերուն կը սորվեցնեն սննդառութեան «մասնագիտացած» ձեւ մը:

Դլփիններ իրենց ձագերուն կը սորվեցնեն սննդառութեան «մասնագիտացած» ձեւ մը:

Դիւրին է ենթադրել, թէ մշակութային ներգործութիւնները բացառապէս մարդկային երեւոյթներ են: Այսուհանդերձ, կարգ մը անասնատեսակներ եւս ունին հիմնական մշակոյթ մը եւ անմիտ պիտի ըլլար ըսել, թէ անիկա իր ներգործութիւնը չի կրնար ունենալ անոնց ծինական կազմուածքին վրայ: Նման ներգործութիւն մը հաւանաբար տեղի կ՛ունենայ Շարք Պէյի դլփիններուն վրայ:

Նիւ Սաութ Ուէյլզի համալսարանէն խումբ մը ուսումնասիրողներ Աննա Քոփսի գլխաւորութեամբ կը սերտեն Շարք Պէյի արեւմտեան ջուրերուն մէջ ապրող դլփինները, որոնք ծանօթ են «սպունգով պաշտպանուելու» իրենց սովորութեամբ: Այսինքն անոնք կոնաձեւ սպունգ մը կը կրեն իրեն դէմքին վրայ, երբ սնունդ կը փնտռեն ծովուն յատակը: Սպունգը պարզապէս գործիք մը չէ իրենց համար, այլ նաեւ մշակութային փոխանցումի ձեւ մըն է:

Քոփսի համաձայն, դլփիններուն վարմունքի այս ձեւը «մայրերու կողմէ կը փոխանցուի ձագերուն` ընկերային միջավայրի մէջ»: Ասիկա կը նշանակէ, թէ սերտ կապ մը գոյութիւն ունի այս փոխանցումին եւ մայր դլփիններու կողմէ իրենց ձագերուն փոխանցուած ծինական ժառանգութեան միջեւ:

Անշուշտ ասիկա բաւարար ապացոյց մը չէ, որ մշակութային վարմունք մը որոշ փոփոխութեան մը ենթարկած է ծինական կազմուածք մը` ի տարբերութիւն մարդկային հաւաքականութիւններու քով կաթի մէջ լաքթոզի բաղադրութեան հանդուրժողութեան, ճահճատենդի դիմադրականութեան կամ սնունդի ժուժկալ փոխարկութեան: Այսուհանդերձ, երեւոյթը մտածել կու տայ, թէ հաւանբար գոյութիւն ունի աւելին. մշակութային վարմունք մը, որ դլփիններուն քով կրնայ առիթ ստեղծել բնական ընտրութեան:

Արդեօք մարմնի արհեստական անդամները իրենց ներգործութիւնը պիտի ունենա՞ն ապագայի եղափոխութեան վրայ:

Արդեօք մարմնի արհեստական անդամները իրենց ներգործութիւնը պիտի ունենա՞ն ապագայի եղափոխութեան վրայ:

Մշակութային ներգործութիւնը կը շարունակուի մարդկային եղափոխութեան վրայ: Սակայն ներկայիս գրեթէ անկարելի է նախատեսել, թէ ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենայ այս մէկը: Ծինական ինչպիսի՞ պատշաճեցումներ պիտի կատարուին մեր արհեստագիտական մշակոյթին իբրեւ արդիւնք: Արդեօք նման պատշաճեցումներ պիտի ունենան տիեզերակա՞ն բնոյթ, թէ՞ պիտի յայտնուին միայն կարգ մը հաւաքականութիւններու մէջ: Մարդկային եւ մեքենական յատկանիշներու մէկտեղումը, ինչպէս` մարդամեքենաներու տրամաբանութեամբ գործող մարդկային արհեստական անդամները կամ պատուաստումները ինչպիսի՞ ներգործութիւն պիտի ունենան մարդկային ծինական աւազաններուն վրայ: Արդեօք կարգ մը մշակոյթներու մէջ վայրագ մարզախաղերու բնական հակումը կրնա՞յ առաջնորդել գլուխի հարուածներէ յառաջացած խոցերու դէմ բնական պաշտպանութեան: Ի՞նչ են այն հարցումները, զորս նոյնիսկ չենք անդրադառնար, թէ պէտք է հարցադրենք:

Այլեւս անիմաստ է ծինագիտութիւնը եւ մշակոյթը նկատել իրարմէ անջատ եւ իրարու հետ որեւէ փոխգործօն կապ չունեցող առանձին բեւեռներ: Դժուարութիւնը գիտնալն է, թէ մէկը ի՛նչ ձեւով իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ միւսին վրայ: «Այս է ծինական-մշակութային միատեղ եղափոխութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը, որ ահաւոր մարտահրաւէր մըն է,- կը գրէ Լալանտ:- Այսուհանդերձ, ամէնէն աւելի լաւ ուսումնասիրուած օրինակները, ինչպէս` կաթի լաքթոզ բաղադրիչ տարրը հանդուրժելու կարողութիւնը, ոչ միայն ցոյց կու տան, թէ ծինական-մշակութային միատեղ եղափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, այլ նաեւ կ՛ընձեռեն   այս իրողութիւնը հաստատելու միջոցները»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )