«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Կատաղի Կռիւներ Թէլ Զաաթարի Եւ Հրըշ Թապէթի Շուրջ. Նահրի Կամուրջը Գրաւելու Լուրջ Փորձ Մը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

DSC09572Լիբանան 1976 տարին սկսաւ մասնակի հանդարտութեամբ ու զգալի լաւատեսութեամբ:

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 1975-ին Պէյրութի ճամբաներուն վրայ գտնուող զինեալները մեծ մասամբ հեռացան իրենց դիրքերէն ու ներքին ապահովութեան ուժերը եկան գրաւելու զանոնք եւ աւազէ տոպրակներով շինուած պատնէշները:

Նոր տարուան գիշերը անցաւ աւելի ապահով մթնոլորտի մէջ ու քաղաքացիք իրենց տուներուն մէջ անցուցին յիշատակելի այդ օրը: Նոր տարին ընդունուեցաւ աւանդական փամփուշտներով: Մերթ ընդ մերթ կը լսուէին կրակոցներ եւ պայթումներ:

Նոր տարուան գիշերը լսուող կրակոցներէն ետք, երբ կը կարծուէր թէ հանդարտութիւնը պիտի շարունակուի, յունուար 1-ի առտուան առաջին ժամերէն ետք, Պուրճի, Տըպպասի ու Ռիատ Սոլհի հրապարակներուն վրայ լսուեցան կրակոցներ, որոնք խուճապի մատնեցին այն քաղաքացիները, որոնք իջած էին շուկայ, իրենց վաճառատուները պարպելու:

Այդ եւ յաջորդող օրերուն, Ռիվոլիէն դէպի Տըպպաս ու Մոնօ երկարող ճամբուն արեւելեան կողմը, ինչպէս նաեւ Ասսուրէն դէպի Ազարիէ, Խանտաք Ղամիք եւ Պըշարա Խուրի պողոտային արեւմտեան կողմը դիրք բռնած զինեալները կրակոցներով սարսափ կը ստեղծէին քաղաքացիներուն մօտ:

Թէեւ ընդունուած կամ մերժուած բաժանումը չէր իրականացած, բայց Պէյրութ երկուքի բաժնուած էր ինքնաբերաբար: Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը անցած էր արեւելեան կողմը:

Երկու կողմերը միացնող ճամբան Թանգարան-Սին Էլ Ֆիլի քորնիշ կամ Թանգարան-Ֆուատ Ա.- Մազրաա պողոտաներն էին:

Արեւելեան ու արեւմտեան կողմերու միջեւ վաճառականութիւնը կը յառաջանար արագ ձեւով: Արեւելեան կողմը գտնուող վաճառականը կ՛երթար մինչեւ Թանգարան, իր ապրանքները ծախելու արեւմտեան կողմի յաճախորդներուն կամ կը պատահէր հակառակը:

Տուփեղէն ուտելիքներ, հագուստեղէններ, կազի շիշեր, բուրդ, բամպակ եւ այլն կը փոխանակուէին երկու կողմերու վաճառականներուն կամ յաճախորդներուն միջեւ: Ապրանքներուն արժէքը կը վճարուէին կանխիկ ու չէքերը գործի չէին ծառայեր:

Արեւելեան կողմի շուկան Ժունիէ փոխադրուած էր: Արդարեւ, բազմաթիւ մեծ վաճառականներ հոն փոխադրուած եւ նոր ու փայլուն վաճառատուներ բացած էին:

Պատերազմական կացութենէն բաւական մեծ թիւով օգտուողներ կային: Այդ օգտուողները գողերն էին, որոնք կը կողոպտէին վաճառատուներ, հաստատութիւններ, բնակարաններ եւ ինքնաշարժներ:

Առեւտրական շուկաներուն մէջ տեղի ունեցող հրդեհներուն մեծ մասը կը կատարուէին գողութեան պատճառով:

Գողերու ցանցեր կը մտնէին խանութներ, ուրկէ գողնալէ ետք այն ինչ որ կրնային փոխադրել, կրակի կու տային ցուցափեղկերը կամ ամէն ինչ որ դիւրաւ բոց կ՛առնէր:

Գողերու խումբեր նաեւ բնակարաններ կը կողոպտէին: Առաջին հերթին կողոպուտի կ՛ենթարկուէին անբնակ յարկաբաժինները: Ամէն կողմ կը լսուէին գողութեան լուրերը: Օրական բազմաթիւ տուներ կը կողոպտուէին գողերու կողմէ, որոնք բոլորն ալ զինուած էին ու վտանգաւոր:

*

*     *

DSC09573Պաղեստինեան Թէլ Զաաթար գաղթակայանը գրեթէ պաշարուած էր փաղանգաւոր միլիսներուն կողմէ, որոնց դիրքերը` Էշրեֆիէի եւ լեռներու լանջերուն, կ՛իշխէին գաղթակայանին վրայ:

Տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներ կ՛ապրէին Թէլ Զաաթարի եւ մօտակայ Ճսըր Պաշայի գաղթակայաններուն մէջ: Ճսըր Պաշա նոյնպէս պաշարման տակ առնուած էր: Սննդեղէն փոխադրող կարաւանները չէին կրնար հասնիլ այդ գաղթակայանները, բայց սովի վտանգ չկար, որովհետեւ տեղւոյն վրայ գտնուող մթերքները ամիսներ կրնային բաւել:

Փաղանգաւորներ յայտարարեցին, որ պաշարումը պիտի վերցնեն այն ատեն միայն, երբ ապահովութիւնը վերահաստատուի այդ շրջանի ճամբաներուն վրայ, որոնք Պէյրութի քրիստոնէական թաղամասերը կը կապեն Լեռնալիբանանի:

Չորեքշաբթի, 7 յունուար 1976-ին կռիւները սաստկացան Պէյրութի արեւելեան արուարձաններուն մէջ եւ Թէլ Զաաթարի շրջակայքը: Կռիւները տեղի կ՛ունենային մասամբ անտառածածկ բլուրներու վրայ:

Պաղեստինեան ուժեր յունուար 6-էն 7 լուսցող գիշերուան ընթացքին գրաւեցին Հրըշ Թապէթի շրջանը, ինչպէս նաեւ փաղանգաւոր եւ ազատական անձնաւորութիւններու բնակարաններ: Յարձակման նպատակն էր ճամբայ մը բանալ եւ պաշարումէ փրկել Թէլ Զաաթարը:

Փաղանգաւորներ եւ անոնց դաշնակիցները հակայարձակումի անցան եւ յետմիջօրէին վերագրաւեցին Հրըշ Թապէթի մէկ մասը:

Թէլ Զաաթարի եւ Ճսըր Պաշայի գաղթակայաններէն պաղեստինցիք ռմբակոծեցին Ֆրըն Շըպպէքը, Տըքուանէն, Սին էլ Ֆիլը, Հրըշ Թապէթը եւ Էշրեֆիէն:

Փաղանգաւոր միլիսներ Մանսուրիէէն եւ Թէլ Զաաթարի մօտ գտնուող լեռներու լանջերէն հարուածեցին պաղեստինեան դիրքերը, մինչ ազատականները մտան նախկին նախագահ Շարլ Հըլուի պալատը եւ կրակ բացին ֆետայիներուն վրայ, որոնք շրջապատուեցան երկու հիւանդանոցներու մէջ եւ ծանր կորուստներ տալէ ետք քաշուեցան:

Միաժամանակ ընդհարումները վերսկսան Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ: Զինեալներ բռնեցին իրենց նախկին դիրքերը եւ գրաւեցին անշարժ մնացած պատնէշները, իսկ Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատին վրայ կռիւները շարունակուեցան մեծ թափով:

*
*     *

Մինչ Թէլ Զաաթարի շուրջ կռիւները կը շարունակուէին բուռն թափով, նոյն օրը` 7 յունուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաղեստինցի 80 ֆետայիներ, Մասլախի շրջանէն ուղղուելով, Նահրի կամուրջը գրաւելու փորձ մը կատարեցին:

Գրաւումը անխուսափելիօրէն հակազդեցութիւն պիտի յառաջացնէր փաղանգաւորներուն կողմէ,

կռուադաշտի վերածելով շրջանը եւ վտանգելով կամուրջին երկու կողմերը գտնուող հայկական թաղամասերը:

Կամուրջին հսկողութիւնը ստանձնած էին հայ պահակ տղաքը, թէ՛ Խալիլ Պետեւիի եւ Հաճընի եւ թէ Պուրճ Համուտի կողմը եւ անոնք անձնուիրաբար կը կատարէին այդ հսկողութիւնը` կամուրջը բաց պահելով բոլոր անզէն տարրերուն առջեւ:

DSC09571Երկար ամիսներ մեծ զոհողութիւններու գնով բաց պահուած կամուրջը հանդիսացած էր այն միակ ճամբան, որ Պէյրութը կը կապէր Պուրճ Համուտի, Նապաայի, Մեթնի եւ Քեսրուանի, նկատի ունենալով որ օթոսթրատի երկրորդ կամուրջը, հայկական հսկողութենէ հեռու, գրեթէ ամէն օր վտանգուած կը մնար զինեալ տարրերու ներկայութեան պատճառով: Այդ կարգադրութիւնը նպաստաւոր եղած էր թէ՛ քրիստոնեայ տարրին, որուն ղեկավարները գրեթէ ամէն օր կրցան անարգել այցելել քաղաքի իրենց կեդրոնները, եւ թէ դիմադրութեան տարրերուն, որոնք կրցան հաղորդակցութեան գիծ մը պահել իրարու միջեւ: Պարենաւորման տեսակէտէն եւս այս ճամբան նախախնամական դեր կատարեց թէ՛ Մեթնի եւ Քեսրուանի եւ թէ Պէյրութի համար:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ կամուրջին երկու կողմերուն ապահովութեան պատասխանատու հայ կազմակերպութիւնները դժնդակ պահեր ապրեցան: Ամբողջ գիշերը հայ պատասխանատուներ միասնական ճիգերով, ազդու միջամտութիւններով դիմեցին պաղեստինեան դիմադրութեան բարձրագոյն մարմիններուն, յատկապէս Զուհէյր Մոհսէնի եւ ի վերջոյ` Եասէր Արաֆաթի:

Նոյնպէս աշխատանք թափուեցաւ որպէսզի փաղանգաւորները գործադրութեան չդնեն հակայարձակումի իրենց սպառնալիքը եւ սպասեն հայկական միջամտութեան արդիւնքին:

Ի վերջոյ կարելի եղաւ ճշդել թէ գրաւումի գործողութիւնը չէր ծրագրուած դիմադրութեան կեդրոնական մարմիններուն կողմէ, այլ գործն է տեղական պատասխանատուներու: Տեղական այդ պատասխանատուները ենթարկուեցան իրենց մեծերու հրահանգներուն եւ կամուրջը վերստին բացուեցաւ երթեւեկի առջեւ:

*
*     *

Պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ «Ազդակ» տարբեր առիթներով արծարծած էր միասնական ճիգերով ժողովուրդի կարօտեալ զանգուածներուն տէր կանգնելու հրամայականը:

8 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Ո՞ւր են եւ ո՞ր օրուան կը սպասեն» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Ժամանակն է որ հարցումը փողոցէն դուրս բերուի եւ շեշտակիօրէն հրապարակուի մամուլով:

Լիբանանեան աղէտի երկարաձգման պատճառով, անգործ են մեր զանգուածները եւ կ՛ապրին նիւթական անձուկ վիճակի մէջ, շատեր` նոյնիսկ հացի կարօտ: Իսկ ո՞ւր են մեր հանրային կառոյցներն ու ազգային-պատասխանատու մարմինները:

Իր թշուառութեան եւ անապահովութեան մէջ, ժողովուրդը բնականաբար պիտի բախէ իր ազգային կառոյցներուն դուռը, եւ վա՜յ այն ղեկավարութեան, որ դուռ չի բանար կարօտեալ զանգուածներուն առջեւ:

Յարանուանական անջատ ու բարեկեցիկ «իշխանապետութիւններ» հաշուող, քաղաքական քանի մը կազմակերպութիւններով օժտուած եւ յիսունէ աւելի հայրենակցական թէ այլ միութիւններով յղփացած այս գաղութը ինչո՞ւ չի կրնար տէր կանգնիլ կարօտեալ հայութեան:

Եթէ աղէտի օրերուն ալ ժողովուրդը պիտի զրկուի հանրային հոգատարութենէ, այլեւս ո՞ր օրուան համար ստեղծած ենք գաղութային մեր կառոյցները:

… Կարմիր օրերու մէջ տուայտող հայ մարդը, այսօր, իր շուրջ կը տեսնէ միայն մեր ակումբները եւ պատնէշներու վրայ գիշեր-ցերեկ հսկող պատանի թէ երիտասարդ մեր տղաքը: Իսկ երբ ապահովութեան ճակատի վրայ որոշ չափով մխիթարուած կը մտնէ տուն` կ՛ապրի ողբերգութեան միւս երեսը, թերեւս աւելի անտանելին, որ անգործութիւնն ու անօթութիւնն է, եւ որուն առջեւ մեր ակումբներուն բաց դուռները սահմանափակ կարելիութիւններ կ՛ընծայեն միայն:

Այս կացութիւնը չի՛ կրնար շարունակուիլ եւ մենք պարտաւոր ենք, ամէն գնով, վերջակէտ մը դնել այս ողբերգութեան:

Չենք կրնար թոյլատրել որ հայ մարդը ձգուի իր անհատական բախտին, որովհետեւ իր թշուառութեան մէջ ան կրնայ մատնուիլ ամէնէն ահաւոր տագնապին, ազգային յուսախաբութեան, որ ամէնէն կարճ ճամբան է Արտերկրի հայութեան մայր կեդրոնը նկատուող Լիբանանի գաղութային կազմալուծումին:

Չենք կրնար հանդուրժել որ ազգային պատասխանատուութիւնը վերածուի «դափնեպսակ»-ի մը, որուն տէրերը ներկա՛յ են միայն մեր լաւ օրերուն, մեծարանքի շուք մը ապահովելու համար, եւ որոնք բախտորոշ օրերուն կռնակ կը դարձնեն ո՛չ միայն իրենց «դափնեպսակին», այլեւ` կարօտեալ հայութեան:

Լիբանանեան փորձաքարին զարնուելով փուլ պիտի չգա՛յ այս գաղութը: Վճռած ենք մեր բոլոր կարելիութիւններով դիմադրել կազմալուծումին եւ վերականգնիլ` իբրեւ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն կարօտեալ զաւակները միշտ պիտի գտնեն հոգատար խնամք:

Ժամանակն է լռութիւնը խզելու եւ մատը վէրքին վրայ դնելու, որպէսզի տասնամեակներու զոհողութեամբ շահուած այս գաղութը զոհ չերթայ իբրեւ թէ պատասխանատու անհատներու անընդունելի անպատասխանատուութեան»:

*
*     *

Իսկ 10 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Նուիրական պարտականութիւն» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Վստահաբար ազգային բարերար պիտի չհռչակուին մեր այն հայրենակիցները, որոնք Լիբանանի տագնապի այս անագորոյն օրերուն, երբ թշուառութիւնը յարաճուն սաստկութեամբ կը սպառնայ մեր զանգուածներուն, իրենց նիւթական ապահովութենէն բաժին մը պիտի հանեն – ու լայն բաժին մը – օրուան հացի կարօտ հազարաւոր ընտանիքներու:

Ապահովաբար սակայն պիտի անցնին շարքին մէջ հայորդիներու անանուն փաղանգին, որ ամիսներէ ի վեր, անձնազոհութեամբ եւ նուիրումով, իր առնական ներկայութեամբ, անապահովութեան եւ յուսահատութեան ալիքները կը վանէ հայ մարդուն առօրեայէն եւ հոգիէն:

Ատենօք, այս գեղեցիկ երկրի լաւ օրերուն, ազնուասիրտ մարդիկ, իրենց մեծագումար նուիրատուութիւններով կը հարստացնէին մեր հանրային կեանքը ու կը փառաւորուէին, յարգանքի ու պատիւի արժանանալով:

Այսօր, ամենայն անկեղծութեամբ կ՛ըսենք թէ ինչ որ պիտի տան, պարտաւոր են տալու պարտականութեան գիտակցութեամբ:

… Ազգային իշխանութիւններու կազմած յանձնախումբերով թէ այլ խողովակներով, մեր մեծահարուստները պէտք է օգնութեան հասնին իրենց ժողովուրդին: Կը յիշեցնենք միայն որ մեր ակնկալութիւնները նեղ սահմաններ չունին: Քիչով գոհանալու տրամադրութիւն չկայ: Եղբայրը պիտի օգնէ եղբօր. այսքա՛ն: Ծո՜վ են լիբանանահայութեան կարիքները: Չտեսնել, չկարեկցիլ, օգնութեան չհասնիլ` կը նշանակէ հաճոյանալ աններելի ինքնաբաւութեան մը մէջ, զոր կարելի պիտի չըլլայ հանդուրժել ի լուր անօթիներու աղապատանքին»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )