Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի (Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ)

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Ներածական

3.-Bikfaya-HamalirՀայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ունի հինգ մեծ տօներ, որոնք կը կոչուին տաղաւար եւ կը կատարուին ամէն տարի հանդիսաւորապէս, իւրայատուկ կրօնական արարողութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով: Անոնցմէ առաջին երեքը անմիջականօրէն կապ ունին մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին հետ: Առաջին` Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, երկրորդ` Ս. Զատիկ` յիշատակ յարութեան, երրորդ` Պայծառակերպութիւն կամ Վարդավառ:

Չորրորդը նուիրուած է Աստուածածնին, ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զայն իր մօտ` երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի օգոստոս ամսուան 15-ի մօտիկ կիրակին, մինչ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները զայն կը տօնեն անփոփոխ կերպով նոյն թուականին` 15 օգոստոսին:

Հինգերորդը Խաչվերացի` խաչի փառաւորման, պանծացման եւ յաղթանակի տօնն է, որը առնչուած է Քրիստոսի իսկական խաչափայտի պարսիկներու կողմէ Երուսաղէմէն գերի տարուելու եւ այնուհետեւ, երկարամեայ պատերազմներէ ետք, անոր ազատագրումի եւ յաղթականօրէն Երուսաղէմ վերադարձի պատմական եղելութեանց:

Մեր եկեղեցին տարուան ընթացքին զանազան առիթներով կ՛ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը. իր հոգեզմայլ շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդի իրագործման մէջ: Կը փառաբանէ անոր անարատ յղութիւնը, սրբութիւնը, խոնարհութիւնն ու Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնը, մայրական սէրն ու գուրգուրանքը իր «Միածին Որդւոյն» հանդէպ եւ առհասարակ կնոջական այն առաքինութիւնները, որոնք Աստուածածինը կը դարձնեն «Մայր եւ Կոյս եւ աղախին Քրիստոսի»: Հայ հաւատացեալը Աստուածամայրը համարելով այս աշխարհի վրայ Յիսուսի ամէնէն մօտիկ անձը, ի խորոց սրտի կը հայցէ անոր բարեխօսութիւնը մեր Փրկչին մօտ` ներելու իր մեղքերը, լսելու իր աղօթքները եւ ի կատար ածելու իր խնդրանքները:

Աստուածածնին Նուիրուած Տօներ

1--Asdvadzadzin-2-2Ըստ մեր եկեղեցական տօնացոյցին, կը նշուին անոր ընծայուած հետեւեալ տօները: Որպէս ուխտի զաւակ` անոր ծնունդը Յովակիմէն եւ Աննայէն: Մատաղ հասակին` ընծայումն ի տաճար, ուր ապրեցաւ եւ ստացաւ իր հոգեւոր սնունդը մինչեւ 12 տարեկան: Գաբրիէլ հրեշտակին կողմէ անոր փոխանցուած` Ս. Հոգիով յղանալու ուրախ լուրը` Աւետումը (Ղուկ. Ա. 26-38): Անոր գործածած տուփին եւ գօտիին գտնուելու ուրախ առիթը եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու մեծարանքը (Գիւտ Տփոյ, Գիւտ Գօտւոյ): Վերջապէս, յետմահու անոր մարմնով երկինք փոխադրուած ըլլալը, որը ծանօթ է որպէս Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի եւ այս տարի կը կատարուի կիրակի, 17 օգոստոսին:

Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, Յիսուսի Համբարձումէն ետք Մարիամ Աստուածածին ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ` վայելելով առհասարակ բոլոր առաքեալներուն եւ յատկապէս Յովհաննէս առաքեալին սէրն ու գուրգուրանքը, խնամքն ու հոգատարութիւնը: Կը վախճանի շուրջ 50 տարեկանին: Իր թաղման ժամանակ Բարթողիմէոս առաքեալ կը բացակայէր Երուսաղէմէն: Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ Աստուածամայրը իր կենդանագիր նկարը կը յանձնէ Յովհաննէս առաքեալին, որպէսզի զայն փոխանցէ Բարթողիմէոսին:

Ահա այդ նկարն է, որ Հայաստանի առաջին լուսաւորիչներէն Բարթողիմէոս առաքեալ հետագային իրեն հետ կը տանի Հայաստան: Յամենայն դէպս, առաքեալը չի բաւարարուիր այդ նկարով եւ կ՛ուզէ անպայման, վերջին անգամի մը համար տեսնել Աստուածամայրը եւ իր յարգանքը մատուցել անոր: Ուստի, անոնք միասնաբար կ՛այցելեն անոր գերեզմանը, սակայն այնտեղ չեն գտներ նորոգ հանգուցեալին մարմինը: Այնուհետեւ կ՛անդրադառնան, որ անցեալ երեք օրերու ընթացքին լսուող հրեշտակներու օրհներգութեամբ երկինք փոխադրուած էր Աստուածամօր մարմինը:

Այս է Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի տօնին վերաբերող պատմութիւնը:

Աստուածածին Եւ Յիսուս Աւետարաններուն Մէջ

Աստուածամօր մասին ունինք կարգ մը տեղեկութիւններ` յիշատակուած աւետարաններուն մէջ, որոնք կը վկայեն անոր միշտ Յիսուսի հետ եղած ըլլալու մասին: Բեթղեհէմի քարայրին լուսապայծառ աստղին տակ, անասուններու մսուրին մէջ խանձարուրով պատած, կատարեալ մարդ ու կատարեալ Աստուած, մարդացեալ Աստուածորդւոյն` մանուկ Յիսուսի մայրը` Մարիամ, իր զաւակին ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւն, թաղում եւ յարութիւն, անբաժան եղած է Անկէ: Իսկ Քրիստոսի համբարձումէն ետք ան առաքեալներուն հետ էր:

Զինք կը տեսնենք Յիսուսի ութօրէքի` Անուանակոչութեան, նոյնպէս քառասնօրեայ տաճար ընծայման առիթներով: Յատկանշական է Սիմոն Ծերունիի ի մասնաւորի մանուկին մօր ուղղուած խօսքերը. «Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ: … Գալով քեզի, քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի» (Ղուկ. Բ. 29-35):

Յովսէփ եւ Մարիամ, առաջնորդուած երկնային պատգամէ, փախուստ կու տան Եգիպտոս` փրկելու համար իրենց զաւակը Հերովդէս արքայի Բեթղեհէմի մանուկներու ջարդէն: Հերովդէսի մահէն ետք սուրբ ընտանիքը վերադառնալով իր հայրերու երկիրը` կը հաստատուի Նազարէթի մէջ, ուր մայրական խնամքով ու գուրգուրանքով Յիսուս կ՛անցընէ իր մանկութիւնը: «Հոն մանուկը մեծցաւ, զօրացաւ եւ իմաստութեամբ լեցուեցաւ», կ՛ըսէ աւետարանիչը (Ղուկ. Բ. 40):

Աւետարանները առհասարակ լուռ են Յիսուսի մանկութեան տարիներու մասին, մինչեւ անոր 12 տարեկան ըլլալը, երբ ան իր ծնողներուն հետ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ ուխտի կ՛երթայ: Յիշատակութեան արժանի է «կորսուած» մանուկ Յիսուսին երեք օր ետք Երուսաղէմի տաճարին մէջ գտնուելու ժամանակ անոր ունեցած ելոյթը: Երբ անոր տագնապահար ծնողները տեսան զինք տաճարին մէջ, անոր մայրը` Մարիամ ըսաւ. «Այս ի՞նչ ըրիր մեզի, տղա՛ս. ահա հայրդ ու ես տակնուվրայ եղած` քեզի կը փնտռէինք»:

Յիսուս պատասխանեց. «Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր, թէ Հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ»: Սակայն ծնողները այս խօսքերուն իմաստը չհասկցան: Յետոյ Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց եւ հնազանդ մնաց անոնց: «Իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր»: Այստեղ աւետարանիչը կ՛ուզէ փոխանցել ընթերցողին հետեւեալ գաղափարը:

Մարիամ կը հաւատար Յիսուսի վիճակուած երկնային առաքելութեան, տակաւին երբ ան 12 տարեկան էր: Կը գիտակցէր, որ ան ունէր մեսիական առաքելութիւն մը, որուն համար աշխարհ եկած էր: Նոյն ասութիւնը` «իր մայրը այս բոլոր իր սիրտին մէջ կը պահէր», կը կարդանք հովիւներու նորածին Յիսուսին այցելութեան առիթով. «Անոնք [հովիւները] Մարիամի եւ Յովսէփի յայտնեցին, ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց` մանուկին մասին: Բոլոր անոնք, որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային: «Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար» (Ղուկ. Բ. 8-19):

Անշուշտ Ս. Կոյս Մարիամ չէր մոռցած Գաբրիէլ հրեշտակի աւետիսով իրեն փոխանցուած գաղտնիք-պատգամը. «Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա Սուրբ Հոգիով պիտի յղանաս եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի» (Ղուկ. Ա. 26-35):

Կանայի հարսանիքի ընթացքին պատահածը յաջորդ նշանակալից դրուագն է, որով այս անգամ աւելի բացայայտօրէն ցոյց կը տրուի Աստուածամօր եւ Յիսուսի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապը, յատկապէս մօր` իր Որդւոյն նկատմամբ ունեցած խոր համոզումը, որ իր զաւակը սովորական անձ մը չէ, այլ Ան օժտուած է անկարելին կարելի դարձնող գերբնական կարողութեամբ, մինչեւ իսկ հրաշքներ գործելու աստուածային զօրութեամբ:

Հետաքրքրական է, որ Կանայի հարսանիքի դրուագը միայն Յովհաննու աւետարանը ունի. միւս երեք համատեսական աւետարանները չեն անդրադարձած այս կարեւոր դէպքին, որուն ընթացքին Յիսուս գործեց իր առաջին հրաշքը:

Շատ հաւանաբար Աստուածամօր ազգականներէն մէկուն հարսանիքն էր, որ տեղի կ՛ունենար Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, ուր ներկայ էր Մարիամ: Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին այս հարսանիքին, երբ ուրախութեան ընթացքին յանկարծ տանտէրը կ՛անդրադառնայ, որ գինին սպառած է: Մարիամ մօտենալով Յիսուսի` կը խնդրէ օգնել տանտիրոջ: Անոր առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ զարմանք եւ վերապահութիւն. «Մա՛յր, մեզի ի՛նչ». իսկ գլխաւոր պատճառը այդ վերապահութեան այն էր, որ «իմ ժամանակս տակաւին չէ հասած» կ՛աւելցնէ Յիսուս: Այսինքն տակաւին ժամանակը չէ եկած, որ ես յայտնեմ զիս աշխարհին որպէս Աստուածորդի, որուն վախճանական նպատակն էր գերագոյն զոհաբերութեամբ` խաչելութեամբ իրագործուելիք փրկագործական խորհուրդը: Այսուհանդերձ, մօր հանդէպ իր ունեցած սէրն ու յարգանքը այնքան զօրաւոր էին, որ Յիսուս ընդառաջելով անոր խնդրանքին` վեց քարէ կարասներու մէջի ջուրը քաղցր գինիի վերածեց:

Աշակերտները տեսնելով անոր փառքին բացայայտումը, կ՛ըսէ աւետարանիչը, այսինքն` աստուածային զօրութեամբ եւ իշխանութեամբ կատարուած հրաշքը (որուն նախաձեռնողը եղաւ Աստուածամայրը), հաւատացին անոր, հաւատացին, որ սա ինքն է խոստացուած Մեսիան` Փրկիչը:

Վերջին յուզիչ հանդիպումը մօր եւ զաւակի միջեւ տեղի կ՛ունենայ Գողգոթայի բարձունքին: Յիսուս խաչին վրայ է, կ՛ապրի երկրաւոր կեանքէն դէպի երկրաւոր մահ երկարող տառապալից պահերը: Ան, որ բժշկեր էր հիւանդները, մեռելներուն իսկ յարութիւն էր տուած, հիմա լքուած էր աշխարհէն, ուրացուած` նոյն ամբոխէն, որ Ծաղկազարդի առաւօտեան «Ովսաննա»-ներով ընդուներ էր, արքայավայել պատիւներով ողջուներ էր իր Փրկչին` Մեսիային յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Իր աշակերտները սարսափահար փախուստ էին տուած. իսկ Աստուածամայրը, աւետարանները կը վկայեն, խռովայոյզ հոգիով, խորտակուած էութեամբ կը բաժնէր իր սիրեցեալ զաւակին ցաւագին տանջանքները. ան քաջաբար կանգնած Խաչեալին կողքին, ականատես կ՛ըլլար Անոր համայն մարդկութեան մեղքերու քաւութեան համար` կամաւոր կերպով թափած անմեղ արեան:

Այդ եղերական պահուն Յիսուս տեսնելով իր մայրը խաչին մօտ կեցած, իր սիրած աշակերտին` Յովհաննէսին հետ, ըսաւ Անոր, «Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ»: Իսկ իր աշակերտին` «Ահաւասիկ մայրդ»: Ահա այդ օրուընէ, կը վկայէ Յովհաննէս, «աշակերտը զայն առաւ իր մօտ» (Յովհ. ԺԹ. 25-27):

Անոնք ապրեցան որպէս մայր ու որդի մինչեւ Աստուածամօր վախճանը եւ անոր մարմնով երկինք փոխադրուիլը:

Աստուածածինը Եկեղեցւոյ Կեանքին Մէջ

2-Asdvadzadzin-2Երբ քրիստոնէութիւնը դուրս եկաւ իր ընդյատակեայ եւ հալածուած վիճակէն եւ դարձաւ յունահռոմէական աշխարհի պետական կրօնը, ունեցաւ իր նուիրապետական կարգն ու կանոնը, պատրիարքական աթոռներն ու թեմերը, եկեղեցւոյ հայրերը պարտաւորուեցան քրիստոնէական կրօնի հիմնական հաւատալիքները բանաձեւել, դաւանական որոշումներու վերածել եւ անոնց գործածութիւնը ապահովել ամէնօրեայ ժամերգութեանց, եկեղեցւոյ խորհուրդներու արարողութեանց, ինչպէս նաեւ Ս. պատարագի կատարման ընթացքին: Անոնք պարտաւորուեցան դիմելու այս քայլին, որովհետեւ եկեղեցւոյ գիրկը յառաջ եկած էին զանազան աղանդաւորական շարժումներ, որոնք իրենց քարոզած քրիստոնէական վարդապետութեան սխալ մեկնաբանութիւններով կը սպառնային խախտել եկեղեցւոյ միութիւնը, մանաւանդ` աղարտել եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքը:

Ահա այս նպատակով էր, որ գումարուեցաւ Կոստանդիանոս կայսեր հրամանով Ա. Տիեզերական ժողովը Նիկիոյ մէջ, 325-ին, 318 հայրապետներու մասնակցութեամբ, որոնց մէջ էր նաեւ Գրիգոր Լուսաւորիչի զաւակը` Արիստակէս եպիսկոպոս, որպէս Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ:

Ժողովի գումարման շարժառիթն էր աղեքսանդրիացի երէց Արիոսի հերետիկոսութիւնը: Արիոս չէր ընդուներ Յիսուսի Հայր Աստուծոյ հետ հաւասար ըլլալը, այլ խօսքով, կը ժխտէր անոր աստուածութիւնը, քանի որ իրեն համար Աստուածորդին պարզապէս գերմարդկային կարողութիւններով օժտուած անձ մըն էր եւ ո՛չ թէ Աստուած:

Ժողովը դատապարտելով Արիոսը որպէս հերետիկոս` արտաքսեց եկեղեցիէն. սակայն ասիկա առիթ մը եղաւ, որ բանաձեւուի եկեղեցւոյ հիմնական հաւատալիքները իր մէջ խտացնող «Նիկիական հանգանակ»-ը, մեզի ծանօթ որպէս «Հաւատամք»: Արիստակէս իրեն հետ Հայաստան բերաւ դաւանաբանական էական հաստատումներ բովանդակող այդ գրութիւնը, որ հիմքը ծառայեց, ի շարս այլ եկեղեցիներու, նաեւ հայոց եկեղեցւոյ ուղղափառութեան:

Ինչպէս գիտենք, «Հաւատամք»-ը կ՛երգուի ամէն կիրակի, եկեղեցւոյ բեմէն, Ս. պատարագի ընթացքին, սարկաւագներու կողմէ, Ճաշու աւետարանի ընթերցումէն ետք, որուն կը մասնակցին նաեւ ներկայ հաւատացեալները: Այս կերպով անոնք միասնաբար կը խոստովանին եւ կը յայտարարեն, որ այս է իրենց հաւատքը: Անշուշտ այսօրուան մեր արտասանած «Հաւատամք»-ը աւելի ճոխացած եւ կատարեալ է` որպէս հաւատքի խոստովանութեան բնագիր, քանի որ անոր մէջ ներառուած են յաջորդ երկու տիեզերական ժողովներու ընթացքին տրուած որոշումներուն բանաձեւերը:

Բ. Տիեզերական ժողովը տեղի ունեցաւ Կ. Պոլսոյ մէջ, 381-ին, Թէոդորոս կայսեր հրամանով եւ 150 հայրապետներու մասնակցութեամբ: Այս անգամ Մակեդոնի հերետիկոսութիւնն էր ժողովին գումարման պատճառը: Ան իր հակառակորդ` ուղղափառ Պօղոսին դէմ մղած պայքարի ընթացքին անցաւ ամբողջութեամբ արիոսականներուն կողմը եւ սկսաւ քարոզել Երրորդութեան վերաբերեալ այլ մոլար վարդապետութիւն մը: Ինչպէս Արիոս չէր ընդուներ Յիսուսի հաւասար աստուածութիւնը Հայր Աստուծոյ հետ, Մակեդոն նոյն գաղափարները կը տարածէր Ս. Հոգիին վերաբերեալ: Ան կ՛ուսուցանէր, թէ Ս. Հոգին համագոյակից եւ հաւասար չէ Հօր եւ Որդւոյն եւ ուստի չի կրնար մաս կազմել Երրորդութեան:

Ժողովը խիստ կերպով քննադատեց Մակեդոնի ուսուցումը: Անոր համակիր եպիսկոպոսները, որոնք 36 հոգի էին, մերժեցին ընդունիլ ժողովին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմող ուղղափառ հայրապետներուն որոշումները եւ դուրս եկան ժողովէն: Տիեզերական Բ. ժողովը քննարկելով Մակեդոնի քարոզած սխալ վարդապետութիւնը` դատապարտեց զայն եւ անոր համախոհ հետեւորդները եւ հաստատեց եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին ընդունուած դաւանանքը` ընդունելով Հօր, Որդւոյն եւ Ս. Հոգիին համագոյակից եւ համահաւասար ըլլալը. ուստի, որպէս անբաժանելի մէկ անդամը Սուրբ Երրորդութեան, անոր պէտք էր տրուէր նոյն պատիւն ու աստիճանը, որ կ՛ընծայուէր միւս երկու անդամներուն: Այս կերպով ժողովը պաշտպանած եւ ամուր հիմքերու վրայ դրած եղաւ եկեղեցւոյ հայրերու Երրորդութեան վերաբերեալ ունեցած հաւատքը:

Տիեզերական Գ. ժողովին գլխաւոր վէճի նիւթը Քրիստոսի մարդկային եւ աստուածային բնութեանց ճիշդ բանաձեւումն էր, որուն անմիջականօրէն առնչուած էր Աստուածածնի անձի բնութագրումը, անոր ունեցած դերակատարութիւնը Աստուածորդւոյն մարդեղութեան խորհուրդին մէջ:

Անտիոքի աստուածաբանական դպրոցին պատկանող Կ. Պոլսոյ Նեստոր անուն պատրիարքը (428-431) կը հաւատար եւ կը քարոզէր, որ Մարիամ սովորական մահկանացուի մը ծնունդ տուած էր. հետագային, երբ Ս. Հոգին եկաւ ու բնակեցաւ Յիսուսի մէջ, ան բարձրացաւ աստուածային աստիճանի եւ դարձաւ Երրորդութեան անձերէն մէկը: Ուստի կարելի չէր Յիսուսի մայրը Աստուածածին կոչել, այլ` մարդածին: Այս կերպով, եթէ Յիսուս որպէս մարդացեալ Աստուած չէր ծնած, ուրեմն չէր կրնար համայն մարդկութեան մեղքերը քաւել. իշխանութիւն մը, որ միայն Աստուծոյ տրուած էր:

Հարցը հետեւեալն էր: Մարիամ, որ Ս. Հոգիով յղացած էր Միածին Որդին, ինչպէ՞ս պէտք է կոչուէր` Աստուածածի՞ն, թէ՞ մարդածին: Նեստորականները կ՛ըսէին, թէ ինչպէ՞ս կրնար սովորական կին մը Աստուծոյ ծնունդ տալ: Անոր պատասխանը պարզ էր: Աստուծոյ մարդանալը ինքնըստինքեան արդէն եկեղեցւոյ գլխաւոր խորհուրդներէն մէկն էր, որուն մէջ էր փրկագործութեան խորհուրդը: Աստուած այնքան սիրեց իր ստեղծագործութեան թագն ու պսակը հանդիսացող մարդը, որ իրեն գոյակից Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի փրկէ աշխարհը, վերացնէ ադամական մեղքը եւ կրկին միացնէ արարածները իր Արարիչին: Իսկ Աստուածամայրը, այս պարագային Աստուծոյ կամքին հլու հնազանդ աղախինն էր, միջոցը, որպէսզի աստուածային տնօրինութիւնը իրականութիւն դառնայ:

Հետագային Հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը Աստուածամօր նուիրուած իրենց աղօթքներով, շարականներով ու տաղերով այս միջնորդութեան պարագան է, որ կը փառաբանեն ու կը մեծարեն:

Եկեղեցւոյ ուղղափառութեան սպառնացող այս մոլար վարդապետութեան դէմ պայքարելու նպատակով բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, գլխաւորութեամբ Աղեքսանդրիոյ Կիւրեղ անուն պատրիարքին, բուռն կերպով բողոքեցին Նեստորի հերետիկոսական ուսուցումներուն դէմ: Անոնք կը պաշտպանէին այն տեսակէտը, որ Մարիամ ծնունդ տուած էր կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ Յիսուսին, որուն համար պէտք էր Մարիամ կոչուէր Աստուածածին:

Այս հարցին վերջնական լուծում տալու նպատակով Թէոդորոս կայսեր հրամանով Եփեսոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Տիեզերական Գ.  ժողովը, 431-ին, որուն կը մասնակցէին 200 հայրապետներ:

Ժողովը հանգամանօրէն քննելով Նեստորի ուսուցումը` գտաւ զայն դատապարտելի, որուն համար վար առնուեցաւ պատրիարքական աթոռէն եւ իր հետեւորդներուն հետ արտաքսուեցաւ եկեղեցիէն: Ընդունուեցաւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիին բանաձեւը, ծանօթ` իր խտացած ձեւին մէջ, «Մի բնութիւն Բանին Մարմնացելոյ»: Այսինքն Յիսուս Ս. Կոյս Մարիամէն ծնունդ առաւ որպէս Աստուած, իր վրայ առաւ մարդկային բնութիւնը: Այս երկու` աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները, առանց կորսնցնելու իրենց առանձնայատկութիւնները, կազմեցին մէկ բնութիւն: Իսկ Ս. Կոյսին տրուեցաւ Աստուածածին տիտղոսը:

Թէեւ Հայոց եկեղեցին ներկայացուցիչ չունէր այս ժողովին մէջ, սակայն Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի տեսակէտներուն հետ համաձայն գտնուելով` ընդունեց Եփեսոսի ժողովին որոշումներն ու կանոնները, որոնք Հայաստան բերուեցան թարգմանիչ վարդապետներու միջոցով: Յիշենք, որ Կ. Պոլսոյ նոր պատրիարքը այդ գրութիւնները Աստուածաշունչի յունարէն լաւագոյն օրինակի մը հետ ուղարկեր էր Սահակ Պարթեւ հայրապետին:

 

(Շար. 1)

10 օգոստ. 2014
Պիքֆայա

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )