Առաջին Անգամ Ըլլալով Ֆիլտսովեան Մրցանակը Շահած Է Կին Մը` Իրանցի Միրզախանին

0813_Mirzakhani

Մարիամ Միրզախանի

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Սթենֆըրտ համալսարանի իրանցի դասախօս Մարիամ Միրզախանին առաջին կինը դարձած է, որ ստացած է Ֆիլտսովեան մրցանակ` ատոր գոյութեան 78 տարիներուն ընթացքին:

Միրզախանին յոյս յայտնած է, որ իր ձեռքբերումները պիտի ոգեշնչեն երիտասարդ կին գիտնականներն ու թուաբանագէտները, որոնք ապագային նոյնպէս պիտի կարենան այսպիսի մրցանակներ ստանալ:

Ֆիլտսովեան մրցանակը կը շնորհուի չորս տարին անգամ մը` իւրաքանչիւր միջազգային թուաբանական համախմբումի ընթացքին` 2,3, կամ 4 երիտասարդ թուաբանագէտի:

Նշենք, որ նշեալ մրցանակը համազօր է թուաբանագիտութեան նոպելեան մրցանակին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )