Տեսակէտ. Փոքր Ածուի Ծիրանը – Քաղաքական Հաշուեփակ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համայնապատկեր.- «Ոսկէ ծիրան»-ը փակուեցաւ անշշուկ: Անձնապէս չյաջողեցայ գտնել նոյնիսկ հարեւանցի անդրադարձ` օտար կամ սփիւռքահայ սինեգէտներու կողմէ: Նոյնը վերաբերմունքը տեսնուած էր նաև նախորդ «Ոսկէ ծիրան»-ներուն նկատմամբ:  Ժամանակագրականօրէն «Ոսկէ ծիրան»-ին հետ առընթեր տեղի ունեցած են երկու նոյնքան փոքր փառատօներ, որոնք, սակայն,  յաջողած են ուշադրութիւն գրաւել. Il Cinema Retrovado եւ FIDMarseille: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ հայաստանեան բազում աղմուկի եւ արտասահմանեան նուաղուն արձագանգին միջեւ տեսնուող անհամեմատութիւնը:

Մեր փոքր ածուին բերքը հարկ է արժեւորել իր համագիրին (con-text) մէջ: Այսինքն անհրաժեշտ է թէկուզ կարճ ակնարկ` համաշխարհային մակարդակի վրայ ընդհանրապէս սինեմայի, եւ մասնաւորաբար անոր փառատօներուն ներկայացուցած պատկերին վրայ: Կար ժամանակ, երբ մարդիկ խումբ-խումբ կը շտապէին դէպի մեծ պաստառ եւ հաւաքաբար կը դիտէին ժապաւէններ, որոնք յաճախ պատկերաւոր լեզուով  ըսելիք ունէին: Այլ խօսքով, շարժապատկերի սրահը մաս կը կազմէր ընկերային կեանքին: Այսօր այդպէս չէ՛ ի տխրութիւն շարժապատկեր սիրողներուն:

Ամերիկայի մէջ, նոյնի՛սկ Հոլիվուտի ժապաւէններ,  «բան կ’ըսէին »  յատկապէս տնտեսական մեծ տագնապէն մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտը (մօտաւորապէս 1930- 1947), երբ  «Ոչ ամերիկեան գործողութիւններու տուն»-ը իր թաթը դրաւ ի միջի այլոց նաեւ շարժապատկերին վրայ (1): Այսօր սրահները մեծ մասով կորսնցուցած են իրենց ընկերային դերը:  Տեղի ունեցած է բարքերու տեղաշարժ: «Ոսկէ Ծիրան»-ի հիւր բեմադրիչ Ցզիա Չժանկէ կ’ըսէ. «… մարդիկ սկսած են ժապաւէն դիտել առանձին, բայց ես կը կարծեմ, որ ժապաւէնը մարդիկ համախմբելու, միասնական դարձնելու ուժ ունի: Միայնակ ժապաւէն դիտելը վտանգաւոր երեւոյթ է»:

Մեծ եւ փոքր պաստառներ.- Տեղաշարժը ունի նաեւ իր ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական պատճառները: Ասոնցմէ ժամանակագրականօրէն առաջինը հեռատեսիլն էր : Այս մասին շատ խօսուած է: Երկրորդ, նուազ ակնայայտ գործօնը համակարգիչներու մուտքն է թէ՛ պատկերի եւ թէ՛ ձայնի արտադրութեան մէջ: Մեծ եւ փոքր պաստառներուն միջեւ ստեղծուած է որակական խտիր: Մեծ պաստառին համար կը պատրաստուին համակարգիչով արտադրուած պատկերներ եւ նոյնպէս համակարգչային միջամտութեամբ(2) «ստեղծուած» ձայն: Նման ժապաւէններ իրենց հոյածաւալ պաստառներով եւ այլերկրաթունդ որոտներով կը միտին շլացնել հանդիսատեսը: Ափսոս է զանոնք դիտել տնային հեռատեսիլի վրայ:

Մեծածախս` կը նշանակէ, որ արտադրութիւնը կը պատկանի մեծ պիզնըսի: Այս ժապաւէնները ընկերային գետնի վրայ քիչ բան ունին ըսելիք: Ո՞վ կը յիշէ, թէ ի՛նչ կը մռմռար աւարտաբանականօրէն յաւակնոտ «Մեթրիքս» եռաթատր ժապաւէնի գուշակուհին: «Պատգամ» ունեցող ժապաւէնները մղուած են դէպի սահմանափակ տարածում ունեցող ակմբային փոքր սրահներ եւ անշուշտ` դէպի հեռատեսիլ …

Արհեստագիտութիւնը ունեցած է նաեւ ա՛յլ կարեւոր արդիւնք: Թուային տեսախցիկը մօտ տասը անգամով կրճատած է ժապաւէնի մը պատճէնի արտադրութեան ծախսերը:  Ասիկա առիթ տուած է անհամար մարդոց, որ արտադրեն փոքր պիւտճէներով ժապաւէններ: Աճած է նաեւ «Ոսկէ ծիրան»-ին ներկայացուած ժապաւէններու եւ ծրագիրներուն թիւը: Փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան կ’ըսէ, թէ առաջին «Ոսկէ ծիրան»-ին ներկայացած են 20 երկիրէ մօտ 150 ժապաւէններ: «Այս տարի մասնակցութեան համար ներկայացուած է աւելի քան 1500 յայտ շուրջ 95 երկրից»:

Վեթերան բեմադրիչ Ռոման Բալայեան կ’ըսէ, թէ այժմ Հայաստանի մէջ կարելի է խաղարկային  ժապաւէն արտադրել 30 հազար տոլարով: Ուրեմն  «ընկերային»  խորք ունեցող ժապաւէնները պէտք է փնտռել փոքր պիւտճէներով ժապաւէններու  դասակարգին մէջ:

Արտադրուած ժապաւէններուն մեծ մասը անշուշտ խոտան է: Այս խոտանը ամէնէն աւելի տեսանելի է վաւերագրական ժապաւէններու պարագային: Ոեւէ անձ կրնայ իր վիտէօ- քամերայով նկարել որեւէ տեսարաններու շարք եւ զայն կոչել վաւերագրական ժապաւէն: Մինչդեռ ամէն արուեստի գործ (որոնց կարգին եւ` վաւերագրական ժապաւէն) կազմակերպուած ձեռակերտ մըն է: Փիքասոյի խօսքերով` «սուտ»  մը, որ կ’օգնէ ընկալելու ճշմարտութիւնը:

Գերյագեցած «շուկայ».-  Ընթերցողներու մեծամասնութիւնը  հաւանաբար տեղեակ չէ, որ մէկ տարուան ընթացքին տեղի կ’ունենան շուրջ ժապաւէններու երեք հազար ժապաւէնի փառատօն: Լոնտոնի մէջ, օրինակ, տեղի կունենայ շաբաթը մէկ փառատօն (3): Պարզ է, որ «շուկան» գերյագեցած է քանակական առումով: Այս կը նշանակէ, որ փառատօները պարտադրուած են մասնագիտանալու:  Ամերիկեան Սանտենս-ը, օրինակ, կը քարոզէ մեծ պիւտճէներով արհեստագիտական ժապաւէններով, «Օսքար»-ը յառաջ կը քշէ Հոլիվուտի վաղանցուկ մածունը:

Վերը յիշուած երկու փոքր փառատօներէն առաջինը պէտք էր, որ գրաւէր նաեւ մեր ուշադրութիւնը: Այդ իտալական 28-րդ Il Cinema Retrovado (վերագտնուած սինեման) է, որուն ընթացքին այս տարի ցուցադրուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ  1896-1914  շրջանին նկարուած ժապաւէններ: Որպէս «վերագտնուած» ժապաւէն ցուցադրուած է նաեւ Սքորսեզէյի վերականգնած «Նռան գոյնը»: Այո՛, նոյնինքն` «Ոսկէ ծիրան»-ի բացման ժապաւէնը: Երկրորդ փոքր փառատօնը` FIDMarseille, ունի իւրայատուկ «մասնագիտութիւն» : Կը կայանայ բանտի բարձր ապահովութեան ա՛յն թեւին մէջ, ուր կիյոթինի վերջին մահապատիժը գործադրուած է 1977-ին: Բանտարկեալներ այդտեղ ստեղծած են իրենց ժապաւէնի «հետազօտական տարրալուծարանը» : Դատական կազմը անանուն է: Կը ցուցադրուին կալանաւոր տարրալուծարանի հետաքրքրութիւններուն յարիր վաւերագրական ժապաւէններ:

Հայկական փառատօներէն կարելի է յիշել Համազգային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին (Քանատա) «Pomegranate» (նուռ) փառատօնը, որ կը գործէ 2006 թուականէն ի վեր: Ինչպէս նաեւ` Քալիֆորնիոյ մէջ 1997-ին հիմնուած «Արփա»-ն եւ անոր յարակից  AFFMA  հիմնադրամը: Կան փառատօներ եւ ֆոնտեր: Բայց կա՞յ արդեօք հայկական «կինոտեսողութիւն»: «Արփա» մրցանակակիր «Լոսթ էնտ ֆաունտ ին Արմինիա» թեթեւսոլիկ ժապաւէնին շուրջ հազիւ թէ արժէ խօսիլ:

Փառատօները կարեւոր են նաեւ այն պատճառով, որ «այլընտրանքային» միջոցներ են անկախ արտադրողներու ժապաւէնները ցրուելու համար: Ժապաւէններու ցրւումը բազմամիլիառ տոլարներու պիզնըս է եւ մենաշնորհը մեծ դրամագլուխներու: Յ. Խաչատրեանը կ’ըսէ, թէ հայկական ժապաւէնները սկսած են շարժապատկերի փառատօներէ մասնակցութեան հրաւէրներ ստանալ, «ինչը «Ոսկէ ծիրան»-ի գլխաւոր նպատակներից մէկն է»:

Փառատօնները կրնան նաեւ շարժապատկերի սիրողական մթնոլորտ ստեղծել: Ոսկէ «Ծիրան»-ին շուրջ խանդավառ  երիտասարդներու յոյլ մը ոչ միայն մասնակցեցաւ բոլոր ձեռնարկներուն, այլեւ բերաւ իր կամաւոր աշխատանքի ներդրումը: Երեւոյթ մը, որ խորթ է այդտեղ գերիշխող «փող աշխատելու» մտայնութեան:

Այս գլուխը փակելու համար կարելի է նշել, որ գրաւիչ փառատօները պատուեգին չեն վճարեր: Ընդհակառակն, բարձրավարկ ցուցափեղկերուն մէջ իրենց արտադրութիւնը ցուցադրել փափաքողները իրե՛նք պարտին վճարել մասնակցութեան գին:

Գողտրիկ անկիւններ եւ Լաֆոնթեն.- Իսկ ո՞ր անկիւնին մէջ տեղաւորուած է մեր փոքր ածուն:  Յ. Խաչատրեան  կ’ըսէ, թէ փառատօնին թեման  համընդհանուր բարոյական ճգնաժամն է, թէ` այս տարի նախապատուութիւն տրուած է ասիական շարժապատկերին, թէ` յաջողած են  Հայաստան բերել Հարաւքորէացի բեմադրիչ Քիմ Քի-տուք-ը: Այս արտայայտութենէն կարելի է հասկնալ, որ կազմակերպիչները կը գիտակցին փառատօնին  իւրայատուկ «համ ու հոտ» տալու անհրաժեշտութեան:

Kim+Ki+duk+Award+Ceremony+L+Homme+Qui+Rit+EGZ2XiYHL4cl

Քի-տուք

Բայց արդեօք այդ «համն ու հոտը» պէ՞տք է, որ պատկանէին Երեւանի տեղն իսկ չիմացող ինքնուս, զգայացնցապաշտի մը, որ մեծ  պաստառի վրայ ընտանի անասուններ ողջ-ողջ մորթազերծ կ’ընէ եւ անչափահասներու բռնաբարութեան տեսարաններ կը բեմադրէ: Քի-տուք կ’ըսէ, թէ «թուացեալ դաժանութեան ետին կայ իր փխրուն սիրտը»: Իր վերջին ժապաւէններէն մէկուն մէջ (Moebius 2013) մայր մը իր գիջացող տղուն «անդամը» խոհանոցի խոշոր դանակով մը կը կտրէ եւ ապա սարսափահար տղուն եւ հօր դէմ կանգնած… զայն տառացիօրէն կ’ուտէ: Հայրը իր անդամը կը նուիրէ, որպէսզի վիրաբուժական գործողութեամբ անցնին իր ծիները տղուն: Ահա՛ եւ բարոյական տագնապ: Իմ ոչ հոգեբանի կարծիքով, այդ Ֆրոյտեան pret a porter տարազները կթելու տագնապ է: Զգայացունց պատկերներով հանդիսատեսը սթափեցնելու մարզին մէջ  Լուի Պունուելի «Un Chien Andalou»-ն  (1929) քորէացի կաշուեհանը կանխած է մօտ մէկ դարով: Բացի այն, որ գլխատման հանապազօրեայ տեսարանները աւելի քան բաւարար են մեզ զգաստ պահելու համար: Կը խնդրեմ, որ Քիմ Քի-տուք հանգիստ թողու նապաստակներն ու արբունքահար պատանիները:

Կը թուի, թէ նման «միջազգային» աղմկայարոյց կերպարներ հրաւիրելու միտք բանին «Ոսկէ ծիրան»-ը նմանցնել է միջազգային շուկայական փառատօներու: Բայց պարզ չէ՞, որ փոքրը պէտք չէ փորձէ իսկ նմանակել հսկան (4): Օտար հիւրերու ընտրութիւնը կը թուի ունենալ քաղաքական խորք: Միւս կողմէ` աչքառու բացական փառատօնի պատուոյ նախագահ Ատոմ Էկոյեանն էր: Էկոյեան ծանօթ է իր զգուշութեամբ : Անոր բացակայութիւնը կրնայ նշանակել, որ «մի բան էն չի»:

Նոյն ուղղութեամբ  կը թուի, թէ «Երեւանեան փրիմիերա» ականջախաբուկ բացատրութիւնը գործածուած է «Ոսկէ ծիրան»-ը մեծածախս փառատօներու նմանելու համար: Գործնականապէս այդ կը նշանակէ, թէ տուեալ ժապաւէնը Երեւանի մէջ կը ցուցադրուի առաջին անգամ: Բայց կրնայ նաեւ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, որ ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը  կը կատարուի Երեւանի մէջ:

Փառատօնին առընթեր տեղի ունեցած քննարկումներու պատճէնները դիւրաւ հասանելի չեն («էլի մի բան, որ էն չի»): Հեռատեսիլի Հ1-ի «Հարցազրոյց» ծրագիրը տեսակցութիւններ ունեցաւ օտար մասնագէտներու հետ : Որոշ տխրութիւն զգացի, երբ գիտուն մարդիկ  քաղաքավարօրէն կը փորձէին «խրատել» «Ոսկէ ծիրան»-ի կազմակերպիչները, որպէսզի ապագային աւելի ճիշդ շեշտադրեն «Ծիրան»-ը: Այս ուղղութեամբ կան հետաքրքրական առաջարկներ: Օրինակ` վերականգնել հայ դասական ժապաւէնները եւ աւելի լայն տեղ տալ արտասահմանի մէջ արտադրուած հայկական ժապաւէններու:

«Ծիրան»-ի Տագնապալի բներգը (թեմայ).-  Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք դրսեւորուեցաւ արժէքներու համատարած կորուստ: Հայաստանի մէջ կայ շատ մտահոգիչ  բարոյական ճգնաժամ: «Ոսկէ ծիրան»-ը այս իմաստով այժմէական եւ դիպուկ է:

Բարոյական տագնապը առկայ է մրցանակակիր «Թեւանիկ»-ին մէջ, ուր շատ համարձակ կերպով ձեռք առնուած է հայ-թուրք միատեղ գոյակցութեան հարցը: Ո՛չ բոլոր հայերն են լաւ, ո՛չ ալ բոլոր թուրքերը` վատ: Պատերազմը կը թուի հրահրուած ըլլալ արտաքին ուժերու կողմէ (տե՛ս «Ազդակ»,  օգ. 5, 2014):

Shkamoud_3Թեման հաւանաբար առկայ է ընտրուած բոլոր ժապաւէններուն մէջ: Դժբախտաբար բոլոր ժապաւէններուն մասին բաւարար տեղեկութիւն չէ տրուած: Այդ ցայտուն է ինծի որոշ չափով ծանօթ կարգ մը ժապաւէններու մէջ, որոնք «տարածաշրջանային» կը նկատուին: Վրացի  Լեւան Քոկուաշվիլիի «Կոյր Ժամադրութիւններ»-ը  («Արծաթ ծիրան») յետխորհրդային կորսուած սերունդին մասին է: Գլխաւոր հերոսը պարզապէս անկարող է նոր իրականութեան համակերպելու:  Վահրամ Մխիթարեանին կարճամեթրաժ  «Կաթնեղբայր»-ի թեման հայրենի բնութեան անբարոյական կործանումն է: Լուսինէ Սարգսեանին «Շքամուտ»-ը (5) ձեռք կ’առնէ նոյն շէնքին մէջ ապրող մարդոց յարաբերութիւնները իրարու հետ, «հայաթին» (յիշել  տաղանդաւոր «Մեր բակը») եւ արտաքին աշխարհին հետ տիրող նոր պայմաններու ներքոյ:

Այստեղ կարելի է յիշել նաեւ «Գիրքը» ժապաւէնը, որուն «Երեւանեան փրիմիերա»-ին ներկայ էր նախագահ Ս. Սարգսեան:  Բեմադրիչը Վիթալի Մանսքին է բայց արտադրիչն ու բեմագրութեան հեղինակը  Մեսրոպ քհնյ. Արամեանն է, որ կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը նկարահանուած է «Մատեան ողբերգութեան»-ի ներշնչումով: Բայց ոչ թէ Նարեկացիի մասին է, այլ` «այն ուխտի, որն արուեց հազար տարիներ առաջ մեզ համար եւ կը շարունակուի դեռ շատ երկար», կը նշէ նաեւ, որ  «փորձել են ցոյց տալ ժամանակակից մարդու կեանքի կապը այն ամէնի հետ, ինչ ասուած է Նարեկացու գրքում»:

Փառատօներու  լայնածիր գերյագեցած շուկային մէջ մեր անկիւնը ընտրելու եւ յարդարելու համար անհրաժեշտ է լաւ ուսումնասիրուած հայեցակարգ: Այս յատկապէս կարեւոր է յաջորդ, հարիւրամեակային «Ոսկէ ծիրան»-ի պարագային: Վաւերագրական ժապաւէններու վաստակաւոր (մոսկուաբնակ) բեմադրիչ Ռոման Բալայեան կ’ըսէ. «Աշխարհին, մեծ հաշուով, չի հետաքրքրում հայերի ցեղասպանութիւնը: Աշխարհին հետաքրքրում է Հայաստան երկիրը, թէ ի՛նչ է այդ երկիրն իրենից ներկայացնում: Պէտք է խօսել այդ մասին` չմոռանալով Ցեղասպանութեան յիշատակը, մեր պատմութիւնը…»:

Դափնիներ եւ հովանի.- «Ոսկէ ծիրան»-ը ունէր հինգ գլխաւոր դասեր` հայաստանեան, սփիւռքահայ, միջազգային եւ «տարածաշրջանային»,  որ կը նշանակէ` հայ- վրացական եւ հայ-թրքական ժապաւէններ: Ենթաբաժանումներն են` խաղարկային- վաւերագրական եւ երկարամեթրաժ- կարճամեթրաժ: Կային նաեւ մեծ թիւով «արտամրցոյթային Երեւանեան փրիմիերաներ»: Մանրամասնութիւնները կարելի է տեսնել փառատօնի կայքէջին վրայ (gaif.am):  Փառատօնին «տրամաչափը» անշուշտ որ երկարամեթրաժ խաղարկային ժապաւէններն են: Ձեռնարկի քաղաքական ուղղուածութիւնը կարելի է տեսնել ընտրուած ժապաւէններու եւ անձնաւորութիւններու ընդմէջէն: Չմոռնամ  նշելու, որ մրցանակակիր բոլոր օտար ժապաւէնները այլ փառատօներու մասնակցած եւ պարգեւատրուած են:

Tseghakhoump_36Գլխաւոր դասին մէջ  ուքրանացի «Միրոսլաւ Սլապոշփիսթիքի»-ի «Ցեղախումբը» (The Tribe) աղմկայարոյց է մէկէ աւելի պատճառներով: Ցոյց կու տայ համրերու գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ տեղի ունեցող ֆիզիքական վայրագութիւնները: Կը պարունակէ մեղմ ասած մերկաբանական տեսարաններ (կողքի նկարը իմ կողմէ «պատկերաքննուած» է): Ծայրէ ծայր կը «խօսի» համրերու շարժուձեւերով, առանց ենթագիրի: Կը թուի, թէ բեմադրիչին առաջնահերթութիւնը ոչ թէ պատկերաւոր լեզուի պատմումը  հարստացնել է, այլ` ուշադրութիւնը գրաւել:

zanusi_lenta_017«Եղիցի լոյս» մրցանակը, որ կը շնորհուի հոգեւոր, մշակութային, մարդասիրական արժէքների տարածման եւ համաշխարհային շարժապատկերի արուեստի մէջ մեծ ներդրման համար,  ոչ նուազ քան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ շնորհուեցաւ լեհ  Քշիշթոֆ Զանուսիին:

Այստեղ կարելի է յիշել, որ «Արծաթ ծիրանակիր» «Կաթնեղբայրը» արտադրուած է լեհական գործակցութեամբ: Իսկ Հայաստան-Վրաստան «Սինեմա Էսքփրես» նախագիծը, որ կ’իրականացուի «Վրաստանի յուշարձաններու պահպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ, քաղաքական նկատառումով մեղմ ասած  վիճելի է (6):

«Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» (ԲԱՍ) նախագիծը կը ֆինանսաւորէ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան «Մշակոյթ» ծրագիրը եւ կ’իրականացուի «Ոսկէ ծիրան»-ի գործընկերներու` Էնթերնիուզ (Ուքրանիա), եւ «Սինեմա արթ սենթըր փրոմեթէիւս» (Վրաստան) հետ համատեղ: Ուքրանական «Ցեղախումբ» ժապաւէնը հասած է ԲԱՍ-ի միջոցով:

Նախ լեհերը, ապա վրացիներն իսկ եւ այժմ ուքրանացիները իրենց ռուսատեացութեամբ կը զիջին միայն  չէչէններուն: Միւս կողմէ` չենք տեսներ որեւէ ռուսական մրցանակ եւ կամ գործակցութիւն: Արդեօ՞ք մրցանակակիրներու եւ գործակիցներու ընտրութիւնը Մոսկուայի եւ աշխարհին ուղղուած քաղաքական ուղե՞րձ կը պարունակէ:

Հարթակներ.- «Ոսկէ ծիրան»-ի կարեւոր դերերէն մէկը անոր ընծայած առիթն է, որ նոր ուժեր ճանաչում գտնեն եւ նիւթական նպաստ ստանան իրենց ստեղծագործական ծրագիրներուն համար: Այս ուղղութեամբ կան երեք հարթակներ (platform)`«Արեւելեան գործակցութիւն», որ հետաքրքրուած է հայ-վրացական արտադրութիւններով: Կայ նաեւ վերը յիշուած ԲԱՍ-ը, որ ինքզինք կը սիրէ կոչել «Ընկերային  փոփոխութիւններու սինեմա» եւ կը քաջալերէ «ինքնաբուխ ժողովրդական շարժումները» յատկապէս արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Կայ յատկապէս  «հայ-թուրք» հարթակը, որ կը գործակցի «Անատոլու քիւլթիւր» կազմակերպութեան հետ: Ծրագիրը կը ֆինանսաւորեն Եւրոպական Միութիւնը եւ  Միացեալ Նահանգներու Երեւանի դեսպանատունը: Առաջին մրցանակը տաս հազար տոլար է: Նկատի առած այս հարթակին քաղաքական կարեւորութիւնը, այստեղ կու տամ մրցատեանի կազմը

Կիտեըն Քոփըլ, բեմադրիչ եւ բեմագիր (Մեծն Բրիտանիա)
Չիյտեմ Մաթեր,  արտադրիչ («Անատոլու քիւլթիւր» կազմակերպութեան խորհրդատու)
Մելեք Թայլան, Բեմադրիչ եւ արտադրիչ
Էմինէ Եըլտըրըմ, բեմադրիչ
Մանանայ Ասլամազեան, լրագրող
Գէորգ Տէր-Գաբրիէլեան, «Եւրասիա» հիմնադրամի նախագահ
Նայիրա Սուլթանեան, Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունէն

Նկատել, որ անգլիացի եւ թուրք անդամները շարժապատկերի աշխատողներ են իսկ հայ անդամները ոչ միայն շարժապատկերի արուեստի հետ անմիջական առնչութիւն չունին, այլեւ անոնցէ առնուազն երկուքը վճարովի պաշտօնեաներ են ոչ հայկական հաստատութիւններու մէջ:

Առանց մեկնաբանութեան: Բեմադրիչ Հալուք Իւնալ Հ1-ի «Հարցազրոյց» ծրագրին մէջ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս հայ յեղափոխականներ առաջինն էին, որ ընկերվարական գաղափարներ ներմուծեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Իւնալի ներկայացուցած  «Փարամազ, անատոլեան յեղափոխական մը»ժապաւէնի ծրագիրը չյաջողեցաւ նիւթական նպաստ ստանալ հայ-թուրք հարթակէն:

Երեք հարթակներու ներկայացուած ծրագիրները հասանելի են «Ոսկէ ծիրան»-ի կայքին վրայ:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը հոգան փառատօնին 250 հազար տոլար ծախսին շուրջ կէսը: Հ1-էն սփռուած զրոյցի մը ընթացքին փառատօնի ծրագրին պատասխանատու Րաֆֆի Մովսիսեան կ’ըսէր, թէ այս տարի այդ տոկոսը կրճատուած է, եւ թէ շատ կարեւոր է, որ ժապաւէնի արտադրութեան շուրջ նոր օրէնք ընդունուի, որովհետեւ ներկայիս «հարկայինը» չի զանազանէր ժապաւէնի արտադրութիւնը երշիկի արտադրութենէն: Այստեղ կարելի է յիշել, որ «Հայֆիլմ» սթիւտիոն այլեւս չի բանիր…

0821DziranԿայսրինն ու Աստծունը.-  Փառատօնին կազմակերպիչները, ըստ երեւոյթին ոգեհարցութեան միջոցով չեն խորհրդակցած Փարաջանովի հետ: Փարաջանով հակակղեր մըն էր (Տե՛ս «Ազդակ», 14 յուլիս 2014): Հազիւ թէ համաձայնէր իր պատուին տրուած փառատօնը սկսիլ ծիրանի օրհնութեան հանդիսաւոր կարգով Էջմիածնի խորանին վրայ (7): Հիմա` աւելի լուրջ եւ աւելի տխուր: Մեզի համար սովորական երեւոյթ դարձած է կղերականներ տեսնել անգամ քաղաքական ձեռնարկներու ամպիոններուն վրայ: Մենք մանկուց լաւ վարժեցուած  ենք «տուն-տուն» խաղալու: Բայց ինչպէ՞ս պիտի նախատրամադրուէին, եթէ թրքական «Ոսկէ կակաչ» փառատօնը սկսէր կակաչի  օրհնութեամբ Սուլթանահմեթ մզկիթին մէջ, եւ ապա այդ օրհնեալ կակաչները հրամցուէին հրաւիրեալներուն որպէսզի ճաշակեն զանոնք: Ինչպէ՞ս պիտի տրամադրուէինք, եթէ Թուրքիոյ միւֆթին կրօնական մրցանակներ յանձնէր «Ոսկէ Կակաչ» փառատօնի մասնակիցներուն, ինչպէս Գարեգին Բ. վեհափառը Էջմիածնի մէջ «Եղիցի լոյս» մրցանակը յանձնեց լեհ բեմադրիչ Զանուսսիի: Արեւմուտքի, յատկապէս Եւրոպայի  մէջ հաւատացեալները կը կազմեն շատ փոքր տոկոս: Աւելի՛ն. կրօնական գունաւորումները անմիջապէս կը զուգորդուին նոր պահպանողականութեան, քրիստոնէական սիոնիականութեան եւ կամ արիւնարբու ահաբեկչութեան հետ: Աւելի խելամիտ եւ նոյնիսկ աւելի հաւատացեալավարի պիտի չըլլա՞ր  կայսրին չտալ այն, ինչ որ Աստծունն է: Ի՞նչ է արհեստավարժ քաղաքագէտներուն խորհուրդը այս ուղղութեամբ:

—————————-

1).-  House of Unamerican Acts  Տես M. Cormak  “Ideology and Cinematography in Hollywood” 1994

2).- Ձայնին կարելի է տալ «տարածական»  յատկութիւն

3).- Տես. Sight & Sound May 2011 & Feb. 2012

4).- Կը յիշեցնէ  «գորտն ու կովը» ողբերգական առակը: Ծաւալի հետ փոխուող յատկութիւններու ուսումնասիրութիւնը (Scaling) կ’երթայ առ նուազն մինչեւ 16-րդ դար (Կալիլէօ):

5).- «Հայաթի» վրայ բացուող «շքամուտերը»  անշուք են եւ անխնամ:

6).- Իրականացուած է Հենրիխ Պիոլ հիմնադրամի գործակցութեամբ: Կը շեշտէ հիւսիսային շրջաններու եւ յատկապէս Լոռի մարզի Վրացական կապերը, կը թուի Վրաստանի քաղաքական պատասխանը ըլլալ Ջաւախքահայերու պահանջներուն:

7).- Ծիրանի երախայրիքի օրհնութիւնը անցեալին կատարուած է Երեւանի  «Սուրբ Զօրաւոր»  (Ս. Աստուածածին) եկեղեցուոյ մէջ, ինչ որ աւելի յարիր է ծէսի Անահիտեան բնոյթին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )