Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Վանքը Մկրտեց Սուրբ Աստուածածնայ Վանք Անունով

10567363_10152748183427873_1254332937_nՄեր 18 օգոստոսի թիւով մանրամասնօրէն հրատարակած էինք Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին Ս. պատարագին լուրը, որուն ընթացքին Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. Աստուածածնայ վանք անունով մկրտեց Պիքֆայայի վանքը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք վանքին պատմականն ու զարգացման հանգրուանները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աստուածածնայ վանքը, որ 62 տարիներէ ի վեր իբրեւ միաբանութեան հովուոցը կը ծառայէ, եւ ուր կը գտնուի նաեւ դպրեվանքը, վերջին հինգ տարիներու ծրագրուած շինարարական աշխատանքներուն շնորհիւ, այսօր կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջական վանական համալիր` իր բոլոր յարմարութիւններով:

Սուրբ Աստուածածնայ վանքի համալիրին մաս կը կազմեն հետեւեալ կառոյցները.-

1.- Սուրբ Աստուածածին մատուռը, կառուցուած` 1952 թուականին, երջանկայիշատակ  Գարեգին Ա. կաթողիկոսին օրով, Երուանդ Տեմիրճեանի բարերարութեամբ:

2.- Դպրեվանքի շէնքը, կառուցուած` 1983-1986 տարիներուն, երջանկայիշատակ Խորէն Ա. եւ  Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու օրերուն: Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին փափաքին` 2003 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկը ստանձնեց շէնքին ամբողջական նորոգութեան ծախսերը:

10602749_10152748183682873_913319068_n3.- Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, կանգնած` Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, երջանկայիշատակ  Խորէն Ա. կաթողիկոսի օրօք: Յուշարձանը եզերող բակի ընդարձակման ու բարեզարդման աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնած է Զուիցերիայէն տէր եւ տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեան ամոլը:

10620927_10152748183527873_968768085_n4.- Վեհարանի շէնքը, կառուցուած` 1952 թուականին, երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Ա. կաթողիկոսի օրով: Վեհարանին շէնքը ամբողջական նորոգութեան ենթարկուեցաւ անցնող ամիսներուն ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հսկողութեան ներքոյ: Նորոգութեան բարերարութիւնը ստանձնած է Դամասկոսէն տէր եւ տիկ. Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեան ամոլը:

5.- Միաբանական շէնքը, կառուցուած` 2014 թուականին: Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի փափաքին` տէր եւ տիկ. Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլը, Տուպայէն, ստանձնեց 40 սենեակներ ունեցող շէնքին շինարարական բոլոր ծախսերը:

6.- Նահատակաց խորանը, կառուցուած` 2013 թուականին: Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի փափաքին` տէր եւ տիկ. Արթիւր եւ Թամար Նազարեան ամոլը, Լիբանանէն, ստանձնեց խորանին կառուցման բոլոր ծախսերը:

7.- Սուրբ Աստուածածին մատրան շրջափակը ընդարձակուեցաւ ու բարեզարդուեցաւ` լիբանանահայ Սարգիս, Աւետիս եւ Յակոբ Տեմիրճեան եղբայրներուն բարերարութեամբ:

8.- Ս. Աստուածածնայ վանքին մուտքի ընդլայնման ու հրապարակի բարեզարդման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս ծրագրին բարերարութիւնը ստանձնած է  Թեհրանէն Հէնօ Տէր Ղուկասեան:

Սուրբ Աստուածածնայ վանքին մէջ շուտով պիտի սկսին միաբանական դամբարանի կառուցման աշխատանքները: Վանքը նաեւ օժտուեցաւ երեք մեծ ջրամբարներով: Սուրբ Աստուածածնայ վանքի շրջափակի բարեզարդման ու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած հրապարակի շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին յառաջիկայ տարի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )