Ածանց Բառ Եւ Ուրիշ Բաներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օր անժամանակ անձրեւին պատճառով հազիւ հազ դպրոց հասած էի: Է՜հ, ինչ ընէի, այս էր ուսանողական տարիներու կեանքս` վազվզուք: Մէկ կողմէ համալսարան, միւս կողմէ ալ` քաղաքի հեռաւոր մէկ անկիւնի հայաշատ շրջանը գտնուող հայկական վարժարանի մէջ շաբաթական 10 պահ, նախակրթարանի աւարտական կարգի հայերէնի դասատու:

Բարեբախտաբար դէպի դպրոց ճամբուս ընթացքին օթոպիւսին մէջ նստած տեղս արագ մը աչքէ անցուցած էի պատրաստութեան տետրակս: Հիմա գիտէի, թէ այսօր ի՛նչ պիտի ընէի կամ սորվեցնէի: Իսկապէս որ յաճախ կը մեղքնայի այս աշակերտներուս, որոնք օրուան վերջին պահուն հայերէն պիտի սորվէին: Միւս կողմէ ալ յոգնած, ջարդուած եւ մանաւանդ վայրկեան առաջ տուն երթալ ուզող աշակերտներուն, այսպէս, վերջին պահուն, դաս տալը կամ «հայերէն սորվեցնելը» իրապէս, սիրտ կ՛ուզէր, կամք կ՛ուզէր, ջիղ կ՛ուզէր:

Օրական մէկ պահ հայերէն եւ շաբաթը պահ մըն ալ կրօնի պիտակին տակ հայոց պատմութիւն… Ահա՛ քեզի սփիւռք: Արաբերէնը եւ իր ծրագիրը արդէն կլանած ու խեղդած էին աշակերտը: Այդ լեզուն էր տիրապետողը, որուն հետեւանքը բաւական ծանր էր բոլորիս վրայ` ծնողք, աշակերտ եւ անշուշտ` հայերէնի ուսուցիչ: Մեր մայրենին մնացած էր շուքի տակ: Տարիներէ ի վեր մեր ապրած երկրին մէջ այս էր իրականութիւնը: Մեր նախակրթարանի եւ երկրորդականի շրջաններուն ալ պետական ծրագիրը նոյնն էր: Այս էր պետութեան որոշումը:

Սակայն այս ուրիշ ցաւ էր: Ուստի…

Արագ մը դասարան մտայ վերէն վար թրջուած եւ, աւելի՛ն, փետուած հաւու մազերով: Հաւանաբար բոլորն ալ կ՛աղօթէին, որ անձրեւին պատճառով այդ օր դպրոցէն բացակայէի: Սակայն, երբ զիս տեսան, բոլորին դէմքերուն վրայ յուսախաբութեան կնիք մը դրոշմուեցաւ կարծես: Աշակերտի հոգեբանութիւն: Այս մէկը շատ յստակ կերպով նշմարած էի, երբ գրատախտակին առջեւ կենալով, առանց մազերէս վազող ջուրը սրբելու կամ չորցնել ձեւացնելու, լայն ժպիտով մը բարեւելէ ետք «անցնինք մեր դասին» ըսած էի հանդիսաւոր շեշտով:

Դասարանը լուռ էր: Մուտքիս, հին ու աւանդական սովորութեան համաձայն, թիւով տասը աշակերտներ շուտով նախ ոտքի կեցած էին, ապա` արագ նստած: Իսկ հիմա չորս մանչ եւ վեց աղջիկ զիս կը դիտէին: Այս էր աւարտական կարգը, որ այս տարի քանի մը շաբաթէն պիտի ներկայանար «սերթըֆիքայի»` նախակրթարանի յատուկ պետական քննութեան:

Այս եւ նման կէտեր ամէն անգամ միտքիս մէջ համարձակ կը տողանցէին: Ու հիմա եկուր եւ «հայերէն դաս տուր»:

Աշակերտական տարիներէս շատերու մօտ արդէն սկսած էր հայերէնին նկատմամբ չափանիշներու խախտումը եւ սկզբունքներու արժեզրկումը: Այս մէկուն լաւատեղեակ էի: Ի՞նչ կրնայի ընել:

Դասապահերուս աշակերտներս չզրկելու համար հայրենի մթնոլորտէն, քիչ մը կատակով, քիչ մըն ալ զուարճութեամբ, խնդումերես կ՛աշխատէի ստեղծել յատուկ մթնոլորտ մը, որուն մէջէն պիտի կարենայի փոխանցել հայերէնին հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը: Ուստի, ինքզինքս հաւաքեցի ու դասիս պատրաստուեցայ:

Յիշեցի, որ անցեալ դասին բարդ եւ ածանց բառերուն ծանօթացուցած էի: Արագ մը փորձեցի վերաքաղ մը ընել տալ: Քանի մը աղջիկներ միայն կրցան հարցումներուս ճշգրիտ պատասխանել եւ միաժամանակ հոգիս լեցնել հայ ուսուցիչի մը յատուկ ցանկալի գոհունակութեամբ մը: Ապա նշմարելով տղոց տեսակ մը անտարբերութիւնը` այս անգամ փորձեցի զիրենք ալ ստեղծուած մթնոլորտին մասնակից դարձնել եւ հարցումներս անոնց ուղղել.

– Դո՛ւն ըսէ, Յովսէ՛փ, տղա՛ս, կրնա՞ս «մայր» բառով ածանց բառ մը կազմել, – ըսի յստակ եւ հասկնալի ձայնով:

Դասարանը յանկարծ անսովոր լռեց: Ինը փոքր եւ անմեղ գլուխներ դէպի Ճուզեֆին կողմը դարձան: Զայն այսպէս կը ճանչնային, այս անունով: Միայն ես էի, որ իսկական անունով զինք կը կանչէի: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, այդ պահուն Յովսէփը զատած էի, որ գրեթէ արաբախօս ալ էր: Անփորձութեանս հետեւանք` կ՛եզրակացնէի: Ծնողքը երկրին սահմանամերձ շրջանը կ՛ապրէր: Ինք, հո՛ս, իր մեծ մօր մօտ կը մնար: Երեք քոյրերուն մէկ հատիկ մանչ զաւակն էր, ծնողքին յոյսը:

– Ը՜հ, պարո՛ն, ըսեմ, «հալլա», հիմա, վայրկեան մը, «տաքիքա», հա՛, ըսեմ` «Մայրը թաղեմ», ըսաւ բարձրաձայն, կաղ եւ դողացող հայերէնով մը, որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք` բազմաձայն աղմուկը ալեկոծեց դասարանը: Յովսէփ մնաց շուարած: Դասարանին աղմուկը ժխորի վերածուած էր եւ նոյնիսկ` դուրսի հիւանդ արեւուն տակ տեղացող անձրեւին ձայնը խեղդած: Շուարած էր: Իր արտասանած բառերը մնացած էին մերկ, իր միտքին նման` պատկերաւոր ժխոր:

Յայտնի էր, որ ես ալ շուարած էի: Բոլորս ալ անակնկալի եկած էինք: Դասարանը շուտով զգաստութեան հրաւիրեցի: Լռութիւնը դարձեալ տիրեց: Յովսէփ տակաւին ոտքի էր:

Անձնապէս ես վարժ էի այս կեանքին: Չէ՞ որ տակաւին քանի մը տարիներ առաջ ես ալ իմ կարգիս աշակերտ եղած էի, ան ալ` ի՜նչ աշակերտ, կարգ մը ուսուցիչներուն «հոգին բերանը բերող», սակայն` ոչ անկիրթ: Այս մէկն ալ ուրիշ նիւթ էր:

Ամփոփուեցայ: Պէտք էր այդպէս ըլլայի: Այլապէս… Գլուխս փեթակի նման կարծես կ՛երգէր: Հիմա բոլորը զիս կը դիտէին: Ի՞նչ պիտի ըսէի կամ ընէի, ես ալ չէի գիտեր:

– Է՛հ, բայց ինչո՞ւ կը խնդան կոր, պարո՛ն, «լէ՞շ», ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ քի, – յանկարծ Յովսէփ շարունակեց` խաղաղ նայուածք մը նետելով վրաս, որ ոչ միայն յուշ կը պատմէր, այլ նաեւ համակրանք ալ կը յայտնէր: Բոլոր տագնապները իր սիրտին մէջ էին: Վարկեանին կարծեցի, թէ իր բառերը ուրիշ տեղերէ կու գային: Ինծի համար բոլորովին անծանօթ տեղէ մը:

Սենեակը կրկին աղմուկով լեցուեցաւ:

– Պարո՛ն, ես ի՞նչ ընեմ ածանց բառը,- շարունակեց Յովսէփ գրեթէ յուզուած եւ նոյնիսկ ջարդուած ձայնով,- պապաս կ՛ուզէյէ քի շուտով մեծնամ եւ ըրեն օգնեմ. կ՛ըսէյէ քի հայերէնը փոր չի կշտացներ: Պարո՛ն, «էնէ»` ես, պէտք է պապայիս օգնեմ…

Մէկ խօսքով ըսել կ՛ուզէր, թէ ինք ո՜ւր, ածանց բառը ո՜ւր:

Կրկին անգամ կանչերու հոսանք մը գլորուեցաւ շարքերէն դուրս: Ականջներուս չէի հաւատար: Համարձակութիւնն ալ երբեմն սահման պէտք էր ունենար: Բայց կարծես «վէրքը» բաւական հասունցած էր ու հիմա անոր թարախն էր, որ կը վազէր անհոգ եւ տեսանելի:

Ծնողքին բծախնդրութեան պակասը` հանդէպ մեր լեզուին, մեր մշակոյթին, մեր ազգին, արդէն պարզուած ու բացայայտուած էր անմեղօրէն եւ անգիտակից:

– Լա՛ւ, Յովսէ՛փ, դասէն ետք ես ու դուն կը խօսինք, – ըսի համոզիչ ու պատուիրեցի, որ տեղը նստի:

Զգալի էր, որ հիմա դասարանին մէջ կեանքը դժոխք դարձած էր: Սխալ բան մը կար հոս, այս չոր ու ցամաք եւ անգոյն պատերով սենեակի մթնոլորտին մէջ: Սխալ եւ անժամանակ: Այլեւս տեսանելի էր Յովսէփին բառերուն ետին, այդ պարզութեան ետեւ թաքնուած խոր ու զսպուած թախիծը: Մեղք մը կար գործուած, որ սեւ ձիւթի նման կ՛եռար այս փոքրերուն ուղեղներուն մէջ:

Հայերէնը փոր չի կշտացներ: Ո՞վ կրնայ բացատրել… արդեօք իրաւունք ունէ՞ր նման բան մը հրապարակելու:

Նայեցայ աշակերտներուս, որոնք զիս կը դիտէին օտար աչքերով: Քարէ տրտմութիւն մը նշմարեցի բոլորին անմեղ դէմքերուն վրայ: Ի՞նչ էր իրենց յանցանքը, եթէ իբրեւ սփիւռքի զաւակ` այս աշխարհը բերուած էին: Օ՜հ, Աստուա՛ծ իմ, ահա՛ քեզի խցանուած խեղճութիւն մը:

Ուստի, արագ ելք մը կը փնտռէի: Արդարացուցիչ ճամբայ մը: Խօսք մը` այս փոքրիկ ուղեղները համոզելու, թէ հայերէնը իրապէս փոր ալ կը կշտացնէ: Վկայ` անձս: Կարծես անձնապէս կեցած ըլլայի էութեանս ճակատագրական շեմին, շուարած, նոյնքան ալ` կասկածոտ:

Կը զգայի, որ դասապահի ժամը կամաց-կամաց կը մաշէր, ու չեմ գիտեր, ինչպէ՛ս ինծի համար նոյն այս ժամանակը դարձած էր անըմբռնելի: Ահա երիտասարդ տարիքիս նոր եւ քիչ մը շատ կանուխ հասունցած ճգնաժամ մը, որ մտքիս հետ զուգահեռ` հոգիս ու մարմինս ալ կը մաշեցնէր:

Ի՞նչ պիտի ըսէի այս տղուն: Ահա այս մասին կը մտածէի: Իրաւունք ունէր թէ ոչ, այդ չէր հարցը: Թերեւս իրաւունք ալ ունէր. հապա հայրը չէ՞ որ «պապա» էր. ա՛ն ալ մարդ էր, պիտի ապրէր եւ ապրեցնէր: Ուրեմն ա՛ն ալ իրաւունք ունէր, ե՛ս ալ, դպրո՛ցն ալ, ա՛զգն ալ: Ահա՛ սփիւռքեան կեանքի հեգնանքը: Ճապաղում: Խառնարան: Նահանջ: Նոյնքան ալ` վարակիչ մտայնութիւն:

Ահա քեզի հայրենիքէդ, հարազատ, պապենական հողէդ հազարաւոր մղոններ հեռու, այս երկիրին մէջ հայ ըլլալու եւ մնալու բարդոյթ: Խոր ու անյատակ: Ցաւ մը, որ շատերը կը դարձնէ կոյր եւ ինքնամոլ: Այսպէս կ՛ըլլան ազգեր, երբ իրենց ոտքին տակ հայրենի հող չունին եւ կամ կը կորսնցնեն իրենց դարաւոր հողն ու անոր հետ կապը:

Մանկութենէս հաւատացած եմ հրաշքներու, բայց միշտ ալ` յուսախաբ եղած: Արդեօք ո՞ր հրաշքով կարելի պիտի ըլլար մեր Յովսէփին ցաւը ամոքել:

Չեմ գիտեր, միայն այն գիտեմ, որ պարապի մէջ ես ինծի ման կու գայի: Սակայն յստակ էր նաեւ միւս իրականութիւն-իրողութիւնը, որ ներկայիս շատեր հայութեան աղմուկէն զանազան պատրուակներով կը հեռանան: Այլ խօսքով, պատրանք մը կայ, եւ զայն ազգովին կ՛ապրինք ու կը շնչենք ամէն օր:

***

Ասկէ աւելին չեմ յիշեր: Մի՛ հարցնէք, թէ յետոյ ի՛նչ պատահեցաւ կամ ի՛նչ խօսեցայ այդ խեղճ տղուն հետ, որովհետեւ ա՛լ բան չեմ յիշեր: Միայն այն գիտեմ, որ երբեմն մարդուս լեզուն կ՛արձագանգէ, ինչ որ հոգին պատրաստած է: Նաեւ գիտեմ, որ շուտով յիսուն տարի պիտի ըլլայ «պատմական» այս միջադէպին, որ միեւնոյն ժամանակ կեանքիս փորձաքարերէն մէկը հանդիսացած էր:

Անցեալ օր, երբ ծրագրած էի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուս ածանց բառը բացատրել եւ սորվեցնել, յանկարծ այս դէպքը յիշեցի ու այս առթիւ` այդ օրերուն մեր մայրենիին հանդէպ սէրն ու յարգանքը ու անոր անյայտ ճակատագիրը, անհանդարտ վիշտով ու խռովեալ սրտով, ե՛ւ յուսահատ, ե՛ւ յուզումով:

 

[email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )