Ազգի Մասին` «Անմիջական»-ի Աղմուկէն Անդին. Ազգի Իրաւութեամբ Վերականգնման Հարցը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հանրային մարդը, քիչ մը աւելի լաւատեսութեամբ` հայը ընդհանրապէս, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ), զանազան «անմիջականութիւն»-ներէ անդին անցնելով` կը խորհի՞ «ազգ»-ի մասին, որ չըլլայ սրահի մը մէջ ծափ, հաղորդագրութիւն եւ յօդուած պճնող պատկեր-կրկներեւոյթ: Զանգուածը կը հակազդէ՞ ջոկելով խորքը մակերեսայինէն, աւազակային շահախնդրութիւնը հանրային ծառայութենէն:

Ժամանակն է ճիշդ եւ հեռանկարային ծրագրումի եւ յանձնառութեան, պատմութեան հանգուցային պահուն (Խորհրդային Միութեան փլուզում, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում, զանգուածային արտագաղթ, Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքի մասնակի փոփոխութիւն` ինչ կը վերաբերի Հայկական հարցին), երբ Հայկական համրանքին կէսէն աւելին հայրենաբնակ չէ եւ ենթակայ է արագ-դանդաղ այլասերման, որպէսզի ցուցական-ցուցադրականը դադրինք քաղաքականութիւն համարելէ, այս կամ այն օտար շատ թէ քիչ «երեւելի» անձնաւորութեան խոստումը կամ մեր սնափառութիւնը շոյող խօսքը` իրաւունքի վերականգնում, ինչ որ ընդհանրացած եւ տեղ չհասցնող եւ չանհանգստացնող գործունէութիւն է սփիւռք(ներ)ի մէջ:

Արդէն «ազգ»-ը, զանազան (չ)իմաստութիւններու պատճառով, վարժուեցանք փոխարինել «ժողովուրդ»-ով, «քաղաքացի»-ով, «քաղաքացիութիւններ»-ով: Ո՞վ չէ լսած, որ հայեր, գործնապաշտութեամբ, կամ պարզապէս` քաղաքական որձեւէգութեամբ, յայտարարեն, մանաւանդ, ինչպէս կ’ըսուի «օտար» հիւրերու առջեւ, որ իրենք «ֆրանսացի» կամ «ամերիկացի» են, եւ բեմերու, տպուած թուղթի կամ հերցեան ալիքներու վրայ լքեն հայերէնը` որպէս անպէտք իր, ազգին հետ չառնչուող «նորատեսակ հպարտութիւն որոնեն լեզու մը տեղացիէն աւելի լաւ խօսելու մէջ», այդ լեզուն ըլլայ անգլերէնը, ֆրանսերէնը, արաբերէնը կամ այլ: Չեն զարմացներ, չենք զարմանար… Մինչդեռ ինքնութեան հասարակ յայտարար հայերէնը պէտք էր ըլլար իսկական հպարտութեան ներշնչող եւ անձնագիրը: Ա՛լ չենք ըսեր, որ կրաւորականութիւնը տեղատուութիւն է, որուն ծայրը կայ ազգի պարտութիւնը: Այս ալ «չխրտչեցնել»-ու եւ մարդորսութեան քաղաքականութիւն է (ազգային տեսանկիւնէ` անորակ): Ո՞վ չէ լսած հասարակ տեղիք դարձած արտայայտութիւնը, որ` «հայերէն չի գիտեր, բայց սրտով հայ է»: Հանգամանաւորներ ալ ընդունելութիւններու սրահներու լոյսերուն տակ… կը ծափահարեն:

Պատմութիւնը ընդլայնած եւ արագացած է: Մեր պատմութիւնը ոչ միայն արագացած է, այլ նաեւ անոր ընթացքը խանգարուած է մեր կողմէ չհակակշռուող-անհակակշռելի ազդակներու բերումով: «Անմիջական»-ի աղմուկ-աղմկարարութենէն անդին, ե՞րբ, ո՞ւր եւ որո՞նց կողմէ «հաշուեկշիռ» մը պիտի ըլլայ, կացութեան radioscopie-ն, ոչ թէ աւելի իրաւունք ունենալու, դիրքեր պաշտպանելու, մրցակցութիւններու համար, այլ` հասկնալու: Ճիգ, որ կրնայ դուռ բանալ կողմնորոշուելու, «նաւապետ»-ի դերին կոչուածները (կամ այս կամ խուսանաւումներով իրենք զիրենք կոչածները) չզրկելու կողմնացոյցէ` իրականացնելով ապագայատես յանձնառութիւններ:

Հաշուեկշիռ պէտք է ընել, ինչպէս հաշուապահները կ’ըսեն` bilan, audit, աուտիդ: Այդ մասին երբեմն կը լսենք, այդքա՛ն:

Բայց ի՞նչ բանի հաշուեկշիռ, ի՞նչ հասկնալու եւ մանաւանդ` ըստ ո՞ր չափանիշներու:

Կը խօսինք ազգի մասին: Ոչ համայնք, ոչ գաղթականութիւն, ոչ սփիւռք(ներ):

Որպէսզի ազգը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, ըստ այնմ հաշուեկշիռ պէտք է ընել: Ազգը` անկախաբար տօնական պահերու եւ շաբաթավերջերու հայրենակցական-խոհանոցային երգախառն բորբոքումներէ:

Ազգը ազգաբնակ հայրենիք է: Առանց հայրենաբնակ զանգուածի` ազգը մտացածին պատկեր է, յուշ-յիշատակներով ապրող համայնք (բախտաւոր պարագային): Դիւրին չէ այս մտածումը որպէս չափանիշ ընդունիլ` առանց ամբաստանութեան եւ լուտանքի թիրախ ըլլալու: Ճառախօս մը կ’ըսէր, թէ այսպէս խօսելով` «սեպ կը խրենք» հատուածներու միջեւ: Ազգաբնակ հայրենիքը ինքնութեան եւ պահպանման առաջին եւ զարգացման ենթահող է: Այս էական ճշմարտութիւնը կարելի չէ փակագիծի մէջ դնել բացառութիւններով եւ արդարացումներով:

Մեծ մեկնաբան ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ դատարկուած հայրենքը կ’ըլլայ նախկին ազգի մը նախկին հայրենիքը: Աղէտ-արտագաղթը եւ չիրականացող հայրենադարձութիւնը այս տեսանկիւնէն հարկ է գնահատել, կրկնենք, առանց խուսանաւումներու, ինքնարդարացման փորձի եւ մարդորսական թափահարումներու: Ոչ միայն հաստատում մը ընելով, այլ փորձելով հասկնալ, թէ ինչո՞ւ աղէտ-արտագաղթ կայ, որ չի կասիր, ճշդել պատասխանատուութիւնները եւ ըստ այնմ դիրքորոշուիլ: Եթէ հայրենադարձութիւն տեղի չ’ունենար (խօսքը չի վերաբերիր ուրախացնող միաւորներու), հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըներ, չենք ըրած: Ո՞ր պատասխանատուները այդ կրնային ընել:

Ազգը ինքնութիւն է, քաղաքացիական թուղթի կտորէ մը աւելի, որուն վրայի կնիքները կրնան փոխուիլ, ինչ որ ազգի մը պատկանելիութիւն չ’ենթադրեր, բացի այն պարագայէն, երբ ենթական կ’որոշէ խորթանալ` հրաժարելով ազգը բնորոշող յատկանիշներէն: Ինքնախաբէութիւն է ըստ բազմապատկուող անձնագրի մը շնորհած իրաւունքներուն նոր ինքնութեան շապիկ հագնիլ (այդ շնորհուած ինքնութիւնը արդեօ՞ք զսպաշապիկ չէ): Քաղաքացիութիւնը, երբ ազգի ենթահող չունի, պարզապէս դիմակ է, կամ` գեղագիտական վիրաբուժութիւն, ինչպէս` նոր քիթը կամ խորշոմներէ ազատած ճակատը: «Համաշխարհային ազգ» ըլլալու թեթեւամտութիւնը, կամ «հարիւր տոկոսով հայ եւ միաժամանակ հարիւր տոկոսով ուրիշ ազգ» ըլլալու սոփեստ ճառերը սոփեստութիւն են, ըսողը եւ լսողը տխմար պէտք է ըլլան, եթէ հաւատան պղպջակ մը անգամ չարժող այդ (չ)իմաստութեան: Այդ ինքնութիւնը հրամանագրով մը կամ բռնատէրի մը որոշումով չի ստեղծուիր:

Վերականգնումի Բովանդակութիւն

Ազգաբնակ հայրենիքը եւ անձնագրային-անցագրային բնորոշումներէ անդին դասուող ինքնութիւնը բառերու չարչարանք չեն, անոնք կ’իմաստաւորուին բովանդակութեամբ:

Ազգաբնակ հայրենիքը, այսօր, մեր ժողովուրդի կացութեան մէջ, բովանդակութիւն կ’ունենայ (ունի՞) աղէտ-արտագաղթի դէմ անսեթեւեթ վերաբերումով, որ չբանտարկուի մարդասիրական-հայասիրական հակազգային զսպաշապիկին մէջ, որմէ ազգը ոչինչ կրնայ շահիլ, կրնան «ուրախանալ» անհատները` ինքզինք պարտադրող սպառողական ընկերութեան յանձնուելով: Աղէտ-արտագաղթը չհասկնալ եւ դատապարտել` մեղանչում է, հակահայասիրութիւն, մանաւանդ հոն, ուր «ծագումով հայեր», շրջապատը կապկելով, կը ճառեն «համամարդկային արժէքներ»-է, որոնց կարելի է զոհել հայուն ինքնութիւնը:

Կրկին պէտք է յիշել Սիլվա Կապուտիկեանը, որ անվարան ըսած էր, թէ արտագաղթը 1915-էն ետք մեր ժողովուրդի դիմագրաւած մեծագոյն աղէտն է: Այս աղէտը բառային ճապկումներով չի վարագուրուիր:

Ազգային ինքնութիւնը զգացական եւ ճառային խարխափում չէ: Մեզի պարտադրուած հայրենահանումը եւ աղէտ-արտագաղթի բերումով իրականացուած  հայրենալքումը հայու ինքնութեան եւ գոյատեւման դէմ նախայարձակումներ են, նաեւ` երբ մեր կողմէ ընտրուած են ուղղակի-անուղղակի եղանակով, պատճառ դառնալով աստիճանական կամ արագ անհետացման: Այդ ինքնութիւնը, դարերու ընթացքին, ազգաբնակ հայրենիքի մէջ ալ նախայարձակումներու ենթակայ եղած է, որոնց հետ քայլ պահած ենք եւ կը շարունակենք պահել հիմնական նշանակութիւն ունեցող զիջումներով:

Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ու մէջ, յաջորդական տեղատուութիւնները իմաստութիւն համարած ենք, անոնց վրայ նաեւ ստեղծած ենք երեւելիութիւններ:

Իրլանտացի ազատագրական պայքարի մարտիկները կ’ըսէին, թէ իրենք անգլիական գրաւման ուժերը իրենց երկրէն պիտի վտարէին իրենց լեզուով` «կաէլիք»-ով: Ի՞նչ ըրած ենք եւ կ’ընենք մենք: Հայերէնը ենթարկած ենք եւ կը շարունակենք ենթարկուած պահել հին եւ նոր «կայսերապաշտութիւններու»` ստապատիր արդիականացման առարկութեամբ, ներածելով եւ ներմուծելով բառեր, ասութիւններ, շարահիւսութիւն: Արդարացում ալ կայ. կ’ըսեն, թէ այդ ժողովրդական ըլլալու ձեւ է: Հայագէտներ, գրողներ, ակադեմիկոսներ, տեսչութիւններ, նախարարութիւններ քայլ կը պահեն նահանջին հետ` տիրողին նկատմամբ ստրկամտութեամբ կամ դիրքապաշտութեամբ:

Յաճախ պէտք է լսել իրենց ժամանակը դրոշմած մեծերը: Իրլանտացիներէն քայլ մըն ալ առաջ անցած էր մեծն Մահաթմա Կանտին, որ ապարանքի մէջ չէր բնակեր, թիկնապահներով չէր պտտեր, որուն խօսքին կ’անսային հարիւրաւոր միլիոններով մարդիկ, երբ կսկիծով կ’ըսէր. «Ցաւալի է, որ կը գործածենք ճնշողի լեզուն` արտայայտուելու համար յանուն մեր ազատութեան»… Ճնշողնե՞րը. աշխարհագրական, ընկերային եւ մշակութային շրջապատը, երբ նոյն լեզուն եւ անով փոխանցուող արժէքները չենք ժառանգեր: Առանց այդ ժառանգութեան դրոշմին (լեզու, պատմութիւն, գիր-գրականութիւն, արժէքներ)` քաղաքական-ղեկավարումները եւ հանգամանքներու ծարաւը ոչինչ պիտի բերեն ազգին: Հաշուեկշիռ մը, աուտիդ, իր եզրակացութիւններով, կրնայ վհատեցնող ըլլալ:

Անցած դարուն միակ օրինակելի հայ դէմքը հանդիսացած էր Կոստանդնուպոլսոյ 83-րդ պատրիարք քաջ Շնորհք արք. Գալուստեանը, Մահաթմա Կանտիի ուղիղ գիծին վրայ: Ան Թուրքիոյ հեռատեսիլէն հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար, նախագահին հետ տեսակցութեան ընթացքին հայերէն կը խօսէր եւ թարգմանել կու տար, երբ իր մայրենի լեզուն թրքերէն էր: Չէր մտածած, ինչպէս շատեր կ’ընեն, ստրուկի հոգեբանութեամբ, առարկելով, թէ քանի մը օտար հիւրեր կան եւ հայերէն պիտի չխօսին, եւ մենք այդ կրաւորականութեամբ կ’ընդունինք, նոյնիսկ կը ծափահարենք` հայերէնը արտաքսելով եւ «մեր» ժողովուրդին խօսելով Բաբելոնէն ժառանգուած բոլոր լեզուներով:

Այս տարբերութեան եւ ինքնութեան հաստատում է, որ չի կրնար սահմանափակուիլ «հաց-պանիր»-ի հայերէնով (Շ. Միսաքեանի բնորոշումով): Այդ լեզուն անհրաժեշտ է մշակութային ժառանգութիւնը ոչ թէ գիտնալու որպէս տեղեկութիւն (քանի մը թարգմանութիւններու, քանի մը թիւ-թուականներու եւ անուններու հետաքրքրաշարժի անդիմագիծ խօսք եւ էջ), այլ` տէր ըլլալու, կեանքի մէջ բերելու: Ամէն հայ «դոկտոր» պիտի չըլլայ, բայց ամէն հայու կեանքին մէջ առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով հայ գիրը, գրականութիւնը, երգը, պատմութիւնը, աւանդութիւնները, եկեղեցին, պայքարները իրենց տեղը պիտի ունենան: Այս ձեւով իմաստաւորուած կեանքն է, որ ինքնութեան պատուանդան կ’ըլլայ, խորապէս տարբեր` «ծագում»-ով, «զգացում»-ով հայ կամ «հայասէր» ըլլալէ (նորվեկիացի կամ ճափոնցի հայասէրներ ալ կան, որոնք ո՛չ «ծագում»-ով, ո՛չ ալ «զգացում»-ով հայ են, նոյնիսկ կրնան «հայագէտ» ըլլալ):

Տարբերութեան եւ ինքնութեան հաստատումը ազգի մակարդակ կը նուաճէ, երբ հաւաքական է: Ասդին անդին յանկարծ յայտնուող արձակազէններով ազգ չի գոյանար:

Այս նուաճումը համապարփակ ազգային գաղափարախօսութիւն է, որուն մէջ կը մտնեն վերադարձի փիլիսոփայութիւնը (որ կ’ենթադրէ աղէտ-արտագաղթի ըստ ամենայնի անսեթեւեթ մերժումը եւ դատապարտումը), ազգային անկախութիւնը, որուն համար անկասկած կարեւոր է տնտեսական անկախութիւնը, բայց որ ամբողջական չի կրնար ըլլալ առանց լեզուական եւ մշակութային անկախութեան պահպանումով (մերժելով ըլլալ օտարի անգոյն արձագանգը):

Եզրակացնե՞լ

Ճառերու մէջ յաճախ ամպագորգոռ բառեր կը գործածուին, ինչպէս` միասնականութիւն, միացեալ Հայաստան, մէկ մշակոյթ մէկ ժողովուրդ, համաշխարհային ազգ: Այդ բոլորին հարազատութեան պատուանդանը պէտք է կառուցուած ըլլայ, մնայ եւ զարգանայ, չըլլայ մօտաւոր, շաբաթավերջի հանդիպումներ եւ «տուրիստ»-ներ զուարճացնող, կամ չծանծաղի «բարեսիրութիւն-հայասիրութիւն» անվաղորդայն եւ մանրիկ շահերու եւ տեղայնական երեւելիութիւններու անհորիզոն ուղիներու վրայ, որուն վարժուած է «էսթեպլիշմընթ»-ը եւ վարժեցուցած է զանգուածները (զանգուած բառն ալ կրնանք դասել ամպագորգոռներու շարքին):

Իսկ այդ պատուանդա՞նը: Մեծամեծներ եւ շռնդալից համաժողովներ օր մը պիտի սահմանե՞ն, թէ ի՛նչ բան է այդ պատուանդանը, կոճղը:

Յաճախ պէտք է կրկնել, որ առանց լեզուի անկախութեան եւ սեփական մշակոյթի իւրացման եւ զարգացման` քաղաքական անկախութիւնը անհեռանկար է, տնտեսական վարչագիտութիւն:

Ազգի անկախացման բազմերես ազդակները պէտք է ըմբռնել, անոնց ուղղութեամբ գործել եւ զանոնք կենսագործել` մերժելով ամպագորգոռը եւ հրավառութիւնները:

Վաղուան համար անհրաժեշտ է լուսաբանուած զանգուած ունենալ, զանգուած, որ ի՛նք տէր ըլլայ իր իրաւունքներուն եւ ժառանգութեան: Այսօր այդ զանգուածը «բացակայ բաժանորդներու ցանկին վրայ է»: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հոն է… Ո՞վ, որո՞նք զայն հասցուցած են հոն:

Այդ զանգուածը չի շփոթուիր արձակուրդային, «տուրիստական» ուրախութեան, «հետաքրքրասիրութեան» եւ փշրանքներու բարեսիրութեան հետ:

Տժգոյն կրաւորականութիւնը յաղթահարած «տէր» զանգուածը ինչպէ՞ս ունենալ… Պապ թագաւոր, Արամ, զօրավար տը Կոլ, Մահաթմա Կանտի, Նելսըն Մանտելա (Մատիպա)…

Գէթ հարցումներ ուղղելու յանդգնութիւնը պահենք` սպասելով, որ շրջուի (կամ շրջենք) պատմութեան անիւին ընթացքը:

 

11 օգոստոս 2014, Երեւան

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )