Հայկական Ֆութպոլ. Յովսէփեան. «Ուրախ Եմ, Որ Հայաստանի Ախոյեանութեան Մակարդակը Բարձրացած Է»

0825hovsepyan-pyunik-shirak-450Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Փիւնիկ Երեւան 1 – 0 արդիւնքով յաղթեց Շիրակի:

Իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, յաղթական խումբի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեան լրագրողներուն ըսաւ. «Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, լարուած հանդիպում մը եղաւ: Այս մրցումը 6 կէտի կարեւորութիւն ունէր: Երկուստեք մարզիկները շատ լաւ տրամադրուած էին այս մրցումին, միեւնոյն ժամանակ ալ` զգուշ: Ուրախ եմ, որ Հայաստանի ախոյեանութեան մակարդակը բարձրացած է, եւ այդ մէկը` շնորհիւ բարձր մակարդակ ունեցող օտարներուն, որոնց կողքին մեր երիտասարդները անոնցմէ կ՛առնեն լաւ օրինակներ, եւ կը կիրարկենք սքանչելի ֆութպոլ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )