«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Կռիւներ Տամուրի Շուրջ Եւ Պէյրութի Կեդրոնական Թաղերուն Մէջ.

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Նահրի Կամուրջը Ապահով Դարձնելու Աշխատանքներ

Յարձակում Տամուրի վրայ

Յարձակում Տամուրի վրայ

Պաղեստինեան Տըպպայէի գաղթակայանին գրաւման իբրեւ փոխադարձութիւն, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժեր հինգշաբթի, 15 յունուար 1976-ի առաւօտուն պաշարեցին Պէյրութէն 15 քիլոմեթր հարաւ գտնուող ծովեզերեայ քրիստոնէաբնակ Տամուր աւանը:

Թնդանօթներով եւ ծանր զէնքերով շրջապատուած Տամուրը ամբողջ օրը յարձակման ենթարկուեցաւ: Պաղեստինցի ֆետայիներ եւ ձախակողմեան զինեալներ, որոնց թիւը կը հասնէր 1500-ի, բազմաթիւ դիրքեր գրաւելով, փորձեցին մուտք գործել շրջանէն ներս, բայց զսպուեցան գիւղացիներուն կողմէ: Երկուստեք բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ ինկան:

Յետմիջօրէին Տամուրի պաշարումը եղաւ ամբողջական, բայց Խալտէէն յարձակող ուժեր հեռացուցին շրջանը մտնող ճամբուն վրայ գտնուողները եւ յաջողեցան Տամուրէն հեռացնել հարիւրաւոր կիներ եւ մանուկներ:

* * *

Պէյրութի պանդոկներու շրջանին մէջ մուրապիթունները փորձեցին կտրել փաղանգաւորներու գիծերը, որոնք շատ խոցելի դարձած էին: Այս գօտիին մէջ, փաղանգաւորներու հակակշիռին տակ կը մնար նեղ երիզ մը, որ ծովը եզերելով կ՛ուղղուէր դէպի Հոլիտէյ Ին:

Պանդոկներու շրջանէն դէպի ամերիկեան դեսպանատուն գացող ճամբաները կը մնային մուրապիթուններու  հակակշիռին տակ, բայց Հոլիտէյ Ին պանդոկէն արձակուող փամփուշտներու տարափին տակ անոնք ստիպուած էին դարձուածքներ կատարելու, հասնելու համար Մարթինէզ եւ Փալմ Պիչ պանդոկները:

Ուատի Ապու Ժամիլ թաղը չորս ճակատներու բաժնուած էր: Մուրապիթունները գրեթէ շրջապատուած էին երկու ճակատներուն վրայ եւ շատ դժուարութեամբ կրնային անցնիլ հինգ մեթրնոց ճամբուն լայնքէն, որովհետեւ փաղանգաւորները դիրքեր բռնած էին բարձր շէնքերու տանիքներուն վրայ եւ կրակի տակ առած էին իրենց հակառակորդները:

Մըր աշտարակէն Պապ Իտրիս երկարող ճամբաներուն վրայ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան: Մուրապիթուններ բազմիցս փորձեցին մուտք գործել Պապ Իտրիս, բայց փաղանգաւորները յաջողեցան ետ մղել բոլոր յարձակումները:

* * *

Գրեթէ ամբողջ Պէյրութ եւ արուարձանները կռուախնձոր դարձած ըլլալով, բոլոր ճամբաները անապահով էին եւ շատ քիչ ինքնաշարժներ կ՛անցնէին փողոցներէն:

Ռազմագիտական կարեւորութիւն ստացած Նահրի կամուրջները, որոնք արեւելեան թաղերը կը կապէին Լեռնալիբանանի, չափազանց վտանգաւոր դարձած էին կրակոցներու եւ ռմբակոծումներու պատճառով:

Այն վարորդները, որոնք փորձեցին անցնիլ Նահրի կամուրջէն, Քարանթինայէն արձակուող կրակոցներու եւ թնդանօթներու կրակին տակ առնուեցան: Իրենց ինքնաշարժները կամուրջին վրայ լքելով, վարորդները վազելով հեռացան վտանգաւոր գօտիէն:

Փաղանգաւոր միլիսները Էշրեֆիէի բարձունքներէն  սաստկօրէն ռմբակոծեցին օթոսթրատի կամուրջը, որուն տակ դիրք գրաւած էին յառաջդիմական զինեալներ: Քարանթինա եւ Չարչափուք եւս բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցան:

Նահրի կամուրջը ապահով դարձնելու աշխատանքներուն անդրադառնալով, «Ազդակ», 16 յունուար 1976-ի թիւով կը գրէր.

Պէյրութի կեդրոնական գօտին

Պէյրութի կեդրոնական գօտին

«Երէկ, Պէյրութի արեւելեան մուտքի կամուրջը հանդիսացաւ երկկողմանի հարուածներու թիրախ: Առաւօտեան, բնական երթեւեկ կար կամուրջին վրայ: Ապա, ժամը 10:00-ին, կամուրջի արեւմտեան մասին վրայ սկսան կրակել, ստիպելով որ հայ պահակները, որոնք կը պաշտպանէին կամուրջին արեւելեան մուտքը, արգելք հանդիսանան ինքնաշարժներու անցքին, որպէսզի չենթարկուին վնասներու: Կէսօրուան մօտ, Ներքին Ապահովութեան ուժերը, երբ վառելանիւթ կը փոխադրէին քաղաքի կեդրոնը, ենթարկուեցան կրակոցի: Ասոր հետեւանքով, մէկ հրասայլ եւ երկու զրահապատ կառքեր դիրք գրաւեցին կամուրջին երկու կողմերը, կրակ բանալով արձակազէններուն վրայ: Այս ռմբակոծումները, թէեւ ժամանակաւորապէս դադրեցուցին հրացանաձգութիւնը, սակայն կամուրջը մնաց անապահով եւ անանցանելի:

Այս ռմբակոծումները դադրեցնելու համար պաղեստինեան զանազան կազմակերպութիւններ դիմեցին հայկական կազմակերպութիւններուն եւ երկար շփումներէ ետք, կարելի եղաւ դադրեցնել տալ ռմբակոծումը, շրջանը ապահով ու բախումներէ զերծ պահելու համար:

Աշխատանք կը տարուի արձակազէնները հեռացնելու ու կամուրջը ամբողջովին ապահով դարձնելու համար»:

* * *

Լիբանանի հայութիւնը, շնորհիւ իր միասնական կեցուածքին, կրցած էր յարաբերաբար փոքր կորուստներով դուրս գալ ամէնուրեք մահ ու աւեր սփռող կռիւներէն: Ուրբաթ, 16 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Միասնական հայութիւն» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Գեհենական այս օրերուն, երբ Լիբանան իր մեռելները համրելու եւ քանդումներուն հաշուեկշիռը կազմելու շնորհէն իսկ զրկուած է, երբ մեր համայնքը, իբրեւ հարազատ լիբանանցի, անհատապէս թէ հաւաքաբար, իր մորթին վրայ ու հոգիին մէջ կ՛ապրի այս երկրին անօրինակ ողբերգութիւնը, մխիթարական երեւոյթներու կարգին, ամէնէն կարեւորը եւ հաստատումի արժանին այն միասնականութիւնն է, որ միաճակատ եւ միակամ կը պահէ հայութիւնը, անոր ներկային ու ապագային պատասխանատու քաղաքական կազմակերպութիւնները:

Փա՜ռք վաթսունամեակին ու անոր ստեղծած մթնոլորտին. հոգեփոխութեան` որ արձանագրուեցաւ հայ կեանքէն ներս: Այլապէս, ի՞նչ կրնար ըլլալ լիբանանահայութեան վիճակը, եթէ մենք ազգային աններելի անխոհեմութիւնը գործէինք բաժան-բաժան դիմակալելու լիբանանեան տագնապը, նախատեսութիւնը ունեցած չըլլայինք գալիք ծանր օրերուն եւ, իրարու բոլորովին անհաղորդ, խաչաձեւող նախաձեռնութիւններով մօտենայինք դէպքերուն:

Հայ մարդը, հարազատ զաւակը այս երկրին, իր վիշտին եւ դժբախտութեան մէջ, կը տեսնէ ու ըստ արժանւոյն կը գնահատէ այս իրողութիւնը ու ճիշդ ատոր համար ալ, հակառակ իր նիւթական մեծ կորուստներուն, յուսաբեկում չունի, վհատում չի ճանչնար, իր մէջ ամուր եւ անսասան կը պահէ հաւատքը հանդէպ իր քաղաքական կազմակերպութիւններուն, որոնք ձեռք ձեռքի տուած, գիշերը ցերեկին խառնելով, արթուն պահակ կեցած են հայութեան գերագոյն շահերու պաշտպանութեան համար:

Մեր քաղաքական կուսակցութիւնները ո՛չ միայն հայութիւնը լիբանանեան այս ծանր տագնապէն անվթար դուրս բերելու խոր մտահոգութիւնը կ՛ապրին, ո՛չ միայն կը գուրգուրան իւրաքանչիւր հայու կեանքին ու ինչքին վրայ, այլ նաեւ միասնաբար կու տան վկայութիւնը քաղաքական հասունութեան մը, որ մինչեւ հիմա արդիւնաւորուեցաւ վերջին ինը ամիսներու ընթացքին մեր համայնքին արձանագրած բաղդատաբար աննշան կորուստներով:

Տագնապին հոլովոյթը այնպէս է որ անակնկալներ միշտ կրնան պատահիլ: Բայց, այնքան ատեն որ անխախտ կը մնայ գործակցութեան եւ միասնականութեան ոգին, զոր կը ցուցաբերեն մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները, ապահով կրնանք ըլլալ, որ նիւթական եւ բարոյական կորուստներու գծով, նոյն համեմատութիւնը կը պահուի եւ հայութիւնը նուազագոյն կորուստով դուրս կու գայ այս փորձութենէն:

Ամէն քաղաքականութիւն, արժեւորուելու համար, կը կարօտի դէպքերու նպաստին: Երբ, Եղեռնի վաթսունամեակին առիթով, հայութիւնը եւ անոր հաւաքական պատասխանատուութիւնը վերցուցած մեր կազմակերպութիւնները, աշխարհին միաճակատ ներկայանալու վճիռը կու տային, քիչեր իրենց մտքէն կրնային անցընել, թէ շատ չանցած, այդ վճիռը անմիջական եւ հետզհետէ ծանրացող դէպքերու փորձութեան ենթարկուելու հարկադրանքին տակ պիտի գտնուէր:

Գտնուեցաւ ու կեանքի իրականութիւն դարձաւ: Հայութեան միասնականութիւնը եղաւ ու է այն վահանը, որ մեզ այսօր ու վաղը պիտի պաշտպանէ բոլոր փոթորիկներու դէմ:

Ուրախութեամբ կը հաստատենք, թէ գաղափարական բոլոր նկատումներէ վեր, հայութեան գերագոյն շահերուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս միասնականութիւնը հաւասարապէս ցանկալի քաղաքական ուղեգիծ մը կը հանդիսանայ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն համար:

Եղերական այս օրերուն, երբ որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունինք ամուր պահելու մեր ջիղերը, ուզեցինք ընդգծել այս իրողութիւնը, որքան ալ իւրաքանչիւր հայու համար շօշափելի իրականութիւն դարձած ըլլայ ան:

Ու կը կարծենք, թէ մեր ընդգծումով, քար մը աւելցուցինք ազգային միասնականութեան շէնքին վրայ»:

* * *

Հոլիտէյ Ին

Հոլիտէյ Ին

Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ բախումները, հինգշաբթի, յունուար 15-էն ուրբաթ, 16 յունուար լուսցող գիշերուան ընթացքին շարունակուեցան ամենասաստիկ կերպով: Պանդոկներու շրջանին եւ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ արիւնահեղ գօտեմարտեր սկսան. թնդանօթներու ռումբերու պայթումներու ժխորը մութի մէջ կը ձգէր եւ անլսելի կը դարձնէր գնդացիրներու փամփուշտներուն արձագանգը:

Ուրբաթ, յունուար 16-ի առտուան ժամը 5-էն ետք պանդոկներու շրջանին մէջ հարիւրէ աւելի պայթումներ արձանագրուեցան, մինչ հիւանդատար կառքերուն երթեւեկը դադար չունեցաւ: Իրարանցումը մեծ էր յատկապէս Շըպլի, Ֆենիսիա, Քլեմանսօ, Մէյ Զիատէ, Տիք, Տաուք եւ Ժոմպլաթ ճամբաներուն վրայ:

Կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, ժամը 8-էն ետք յարձակում մը կազմակերպուեցաւ Մաարատէն ու անոր կից փողոցներէն դէպի Ռիվոլի եւ նաւահանգիստ:

Մուրապիթուններ եւ պաղեստինցի ֆետայիներ փորձեցին հարուածել Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սէյֆիի կեդրոնը եւ մտնել Ֆոշ պողոտան, որ կը տանէր մինչեւ նաւահանգիստ:

Օթոմաթիք սրճարանին, Սըրսոք թաղին, Ուէյկան փողոցին եւ Էմիր Պեշիր պողոտային վրայ կռիւները սկսան սաստիկ կերպով: Հարիւրաւոր զինեալներ կրակ բացին Ռիվոլիի եւ Ամփիրի փաղանգաւորներու դիրքերուն վրայ, որոնք իրենց կարգին ծանր զէնքերով փոխադարձեցին: Բազմաթիւ շէնքերու մէջ հրդեհներ ծագեցան:

Երկու ժամ տեւող կռիւներէ ետք, յարձակողները ստիպուեցան տեղի տալ ու հեռանալ այդ շրջաններէն, բազմաթիւ զոհեր տալով ու ծանր կորուստներ կրելով:

Յետմիջօրէին, Ուզահիի մօտերը գտնուող գօտիին մէջ, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն քանի մը հարիւր մեթր անդին, ուր կը գտնուէին Ռատիօ-Օրիանի հաստատութիւնները, բուռն բախումներ տեղի ունեցան բանակային ուժերուն եւ պաղեստինցի ֆետայիներուն միջեւ:

Բանակը միջամտեց պաշտպանելու համար Ռատիօ-Օրիանի հաստատութիւններուն մէջ պահակ կեցած զինուորները եւ իր հակակշիռին հակ պահելու համար մօտակայ ճամբաներուն հանգոյցը: Պաղեստինցիք այդ քառուղիին վրայ աննահանջ թնդանօթներ եւ մեծ հրասանդներ հաստատած էին, ուրկէ ռմբակոծեցին օդակայանին փիսթերը:

Խալտէի միջազգային օդակայանը փակուեցաւ եւ Պէյրութ կրկնակիօրէն կտրուեցաւ աշխարհէն, որովհետեւ ոչ միայն օդակայանը այլեւս չէր գործեր, այլեւ արտասահմանի հետ հաղորդակցութիւնները` հեռաձայն եւ թելեքս, ընդհատուած էին:

Քարանթինա-Նահր-Մասլախ ճակատը եւս բուռն բախումներու թատերաբեմ էր: Այդ օր Նահրի կամուրջին վրայ գնդակներու տարափին տակ ինկաւ Էշրեֆիէի շրջանի պատասխանատուներէն Գէորգ Կիւրկէնեան:

* * *

Հայաբնակ թաղամասերու ապահովութեան հսկող հայ պահակ տղոց անձնուիրութիւնն ու զոհաբերութեան ոգին վեր էր ամէն գնահատանքէ: «Ազդակ», 17 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Ապրի՛ք տղաք» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Ինչպէս որ դժուար է խաղաղութեան եւ բարօրութեան շրջանին յեղափոխական դառնալ, նոյնպէս եւ աւելի դժուար է պարագան բոլոր անոնց, որ պատերազմի օրերուն կը փորձեն օրհասական խուճապին դէմ կանգնիլ եւ անդորրութեան ախոյեանները դառնալ:

Անհրաժեշտ է անդրադառնալ այս իրողութեան, ըմբռնելու եւ չափելու համար տարողութիւնը ա՛յն նուիրումին, որուն մղումով փողոց իջած են մեր տղաքը, հայահոծ շրջաններու ինքնապաշտպանութիւնը ստանձնելու:

Քաղաքացիական պատերազմի ներկայ ահաւոր գուպարին մէջ ի՜նչ պիտի ըլլար վիճակը Լիբանանի հայութեան, եթէ հայ մարդը զրկուէր նաեւ ազգային ինքնավստահութեան իր նուազագոյն երաշխիքէն:

Այո՛, ազգային մեր ինքնավստահութեան երաշխիքն են այս տղաքը, որոնք գիշերը ցերեկին խառնելով արթուն կը հսկեն մեր դիրքերուն վրայ, որպէսզի հայութեան խնայուի «անտուն եւ անտէր հաւաքականութեան» երբեմնի մտապատկերին նոր յաճախանքը:

Եւ այս` իրենց կեանքը ամէն վայրկեան վտանգելու գնով:

Անոնց ներկայութիւնն իսկ կը բաւէ, որպէսզի հայ մարդը դուրս գայ թէ՛ իր տան չորս պատերէն, եւ թէ իր հոգին ու կամքը կաշկանդող լքուածութեան կապանքներէն:

Անոնց բարեացակամ հսկողութիւնը կը բաւէ, որպէսզի հայ մարդը ճակատաբաց խօսի բոլորին հետ, մատնանշելով իր տղոց օրինակելի հոգածութիւնը:

Իսկ անոնց անձնուիրումին աստիճանաչափը ճշդելու համար, պէտք է անդրադառնալ որ անոնք զէնք շալկած են ո՛չ թէ կռուելու, այլ` կռիւը իրենց ժողովուրդէն հեռու պահելու համար…

Մինչդեռ այս օրերուն, երբ բիրտ ուժը պարտադրած է անտառի օրէնքը, եւ երբ սպաննելու ընդունակութիւնը դարձած է փառաւորուելու գերագոյն արժեչափ` զինեալի մը համար որքա՜ն դժուար է խաղաղութեան եւ անդորրութեան զրահի մը վերածել իր զէնքը:

Եւ ճիշդ ա՛յդ կ՛ընեն մեր տղաքը, ու հո՛ն է իրենց հերոսական մեծութիւնը:

Անոնք զինակիրներն են քաղաքականութեան մը, որ լիբանանեան հարցերուն լուծումը չի տեսներ բիրտ ուժի գործածութեան մէջ: Անոնց միակ նպատակն է օրինակ հանդիսանալ բոլորին եւ ընդգծել, թէ զինեալ ուժի ցուցադրութիւնը հերոսութեան ապացոյց չէ, եւ թէ` խաղաղ ու հաշտարար միջոցները ամբողջովին սպառելէ ետք միայն պէտք է յանգիլ հատու զէնքին:

Վերջապէս, անանձնական նուիրումի հերոսատիպեր են մեր տղաքը, որոնք նոյնիսկ անձնական-ընտանեկան կարիքները արհամարհելու գնով տէր կանգնած են հաւաքական-ազգային իրենց այս պատասխանատուութեան:

Մեծամասնութեամբ աշխատաւոր տղաք են անոնք եւ, ահա, աւելի քան ինն ամիսներէ ի վեր մոռցած են գործ ու եկամուտ, մոմի մը նման օրէ օր հալելով հանրային ծառայութեան պատնէշին վրայ, իբրեւ արթուն պահակ…

Անոնցմէ շատեր գլխաւոր նեցուկն են իրենց ընտանիքներուն, բայց հասարակաց գերադաս կարիքներուն ականջալուր` անոնք նախ կը գործեն ի սպաս ընդհանրականին, եւ ապա միայն, յաճախ քնաթաթախ աչքերով, հետամուտ կ՛ըլլան իրենց ընտանիքներուն չոր հացը ապահովելու հեւքին:

Տակաւին կայ պարագան մեր այն տղոց, որոնց անձնակեդրոն գործատէրերը ոչ մէկ յարգանք ունին հաւաքական գործին հանդէպ, ընդհակառակն` գործէ արձակելու սպառնալիքով խորապէս կ՛ընկճեն բարոյականը անձնուրաց այդ տղոց:

Քաղաքական թէ անհատական այսպիսի՜ անձուկ պայմաններու մէջ կանգուն կը մնան մեր տղաքը, եւ անոնց դժուարութիւններուն ու հերոսական նուիրումին յատկացուած այս տողերը հազիւ թէ կարենան թարգմանը հանդիսանալ անոնց բուն ողբերգութեան:

Այո՛, ողբերգական պայմաններու ծնունդն են այս տղաքը, որոնց պատնէշի վրայ կանգուն մնալու վճռակամութիւնը վերջին ապաւէնն է մեր ազգային ինքնավստահութեան:

Անոնց շարքերուն մէջ կ՛արմատաւորուի սաղմը մեր այն սերունդին, որ օրհասական տագնապներ դիմագրաւելու ուժականութիւնը ունի, եւ որ հակառակ անյաղթահարելի դժուարութեանց, գիտէ տէր կանգնիլ այս ժողովուրդի ընդհանրական կարիքներուն:

Կարելի է միայն խոնարհիլ մեր տղոց անձնդիր շարքերուն առջեւ:

Ապրի՛ք տղաք»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )