Սուրիոյ Գամիշլիէն Արցախ Հաստատուած Վարդանը Զինուորի Կողքին

ԵՌԱԳՈՅՆ

Yerakuyn_vartanՍուրիոյ հիւսիսային շրջանի Գամիշլի աւանին մէջ ծնած ու հասակ առած Վարդանին ծանօթ եմ անոր պատանի հասակէն ի վեր. աշակերտս էր Վարդանը` զուսպ, աշխատասէր, կիրթ, քաղաքավար ու պարտաճանաչ.  չեմ յիշեր օր մը, որ նկատողութիւն ըրած ըլլամ անոր… ուրեմն` փա՛ռք անոր ծնողներուն…

Վեցերորդ դասարանէն ետք ես Վարդանը գրեթէ չէի տեսած եւ յանկարծ կարդացի, որ ան ընտանիք կազմած է եւ իր ծնողքին հետ միասին տեղափոխուած է Արցախի Քաշաթաղի շրջան` այնտեղ հաստատուելու…

Սիրտս լեցուեցաւ անբացատրելի հպարտութեամբ. անմիջապէս կապ հաստատեցի անոր հետ եւ յայտնեցի, թէ որքա՛ն ուրախ եմ իր տուած որոշումին համար. «Գիտեմ` սկիզբը շատ դժուարութիւններու պիտի հանդիպինք, շատ բաներու պէտք է դիմանանք, բայց վստահ եմ, որ յետոյ յաջողութիւնները կը սկսին», ըսաւ Վարդան:

Վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն Վարդանը իր գամիշլիցի երեք հայրենակիցներուն` Ժիրայրի (եօթը երեխայի հայր, որոնցմէ մեծը զինուոր է), Հրաչի եւ Մհերի հետ միացաւ հայոց բանակի կամաւորներու խումբին` պաշտպանելու հայրենիքը… Խօսքերը աւելորդ են… փաստօրէն որքա՛ն հայրենասիրութիւն կար այն զուսպ պատանիի հոգիին մէջ, հայրենասիրութիւն, որ ոչ թէ խօսք է ու ճառ, այլ` գործ ու առաքելութիւն:

Yerakouyn-ի այն հարցումին, թէ ի՞նչ զգացիր, երբ Հայաստանի մէջ, Արցախի հողին վրայ հայրենիքը պաշտպանող զինուոր էիր, Վարդան պատասխանեց. «Դժուար է բացատրել, շատ ոգեւորուած էի, զգացի, որ ես իմ տեղս եմ, զինուորները շատ ոգեւորուեցան, երբ տեսան մեզ, շատ լաւ դիմաւորեցին, չէին գիտեր` ի՛նչ ընել»:

Ընդամէնը չորս օր կամաւոր զինուոր դարձած Վարդանը իր երեք ընկերներուն հետ տուն վերադարձաւ` հայրենասիրական մեծ դաս տալով բոլորիս, յատկապէս անոնց, որոնք հայրենիքի բարիքներէն կ՛օգտուին, բայց ամէն ինչ կ՛ընեն հայոց բանակին չծառայելու համար…

Շնորհակալ եմ, սիրելի՛ Վարդան, որ հոգիս լեցուցիր հպարտութեամբ, խոնարհումս քեզ, միւս երեք գամիշլիցիներուն` ձեր առած քայլին համար, Աստուած քեզ ու մեր բոլոր զինուորներուն պահապան

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )