50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1964)

Ներքին Կեանք

Պէյրութի Մէջ
Երթեւեկը Պիտի Կանոնաւորուի

 Լիբանան Հրաւիրուած`
Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Ժողովին

Երէկ ստորագրուեցան երեք հրամանագիրներ: Ըստ այդ հրամանագիրներուն, Էլիաս Սարգիս կը նշանակուի մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ եւ հանրապետութեան նախագահութեան քաղաքային դիւանի առժամեայ ընդհանուր տնօրէն: Ռաֆիք Շահին կը նշանակուի պաղեստինցի գաղթականներու հարցերուն ընդհանուր տնօրէն` փոխարինելով Սամիհ Աքքարին, որ հանգստեան կոչուեցաւ: Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ալի Պազզի դեսպան նշանակուեցաւ Քուէյթի մէջ:

Երթեւեկի Կանոնաւորման Համար

Պատկան սպասարկութիւնները սկսան գործադրել երթեւեկի վերին յանձնախումբի պատրաստած ծրագիրը` մայրաքաղաքին մէջ երթեւեկը կանոնաւորելու համար: Հրահանգներ տրուեցան այդ սպասարկութիւններուն, որպէսզի հոկտեմբերի վերամուտէն առաջ ծրագիրը ամբողջութեամբ գործադրուի:

Բազմաթիւ պատճառներով երթեւեկի խնդիրը ծանրացաւ Պէյրութի մէջ, եւ ուշացաւ անոր լուծումը: Այդ պատճառներն են.

1) Ինքնաշարժներու թիւին յարաճուն յաւելումը երկրին, ու մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ, տարին` 12.000:

2) Մայրաքաղաքի փողոցներուն նեղութիւնը:

3) Անկարգապահութիւնը` թէ՛ շարժավարներուն եւ թէ՛ անցորդներուն, որոնք չեն ենթարկուիր երթեւեկութեան օրէնքներուն:

4) Յաջորդաբար յանցանք գործող շարժավարներուն տրուած տուգանքներուն աննշան գումարը:

5) Քաղաքի գլխաւոր պողոտաներու վրայ ստորերկրեայ կամ «օդային» կամուրջներու չգոյութիւնը:

6) Առեւտրական գօտիի մէջ ինքնաշարժներու կառատունը, ինչպէս նաեւ` ճամբորդական գրասենեակներու հաստատումը:

7) Ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հեռաձայնի սպասարկութեանց կողմէ կատարուած աշխատանքները:

Միւս կողմէ կ՛իմանանք, որ 1964-ի առաջին վեցամսեային ճամբու արկածներու պատճառով մեռած է 120 հոգի, իսկ 1600 հոգի` վիրաւորուած:

Ռուսիա Սուղ Կը Գտնէ
Լիբանանեան Պտուղները

Լիբանան Խորհրդային Միութենէն պահանջած էր, որ  կատարէ ներածումը լիբանանեան պտուղի իր բաժնին, որ խոստացած էր գնել` ըստ երկու երկիրներու միջեւ կնքուած առեւտրական համաձայնութեան:

Բայց Ռուսիա կը մերժէ լիբանանեան պտուղներ գնել, որովհետեւ ատոնք շատ սուղ են եւ չեն ծախուիր ընկերվարական երկիրներու մէջ, ուր նիւթական նեղ կացութիւն կը տիրէ, եւ քաղաքացիին գնողական կարողութիւնը շատ վար կը մնայ այլ երկիրներէ:

Երկիր մը, ուր հացի համար պոչ կը բռնեն, պտուղ ինչպէ՞ս պիտի ծախուի, այն ալ` ներածուած:

Լիբանան Ոչ Յանձնառու
Երկիրներու Ժողովին

ԱՄՀ-ի լիբանանեան դեսպանատունէն արտաքին գործոց նախարարութեան ղրկուած հեռագրէ մը կ՛իմացուի, որ 59 երկիրներ հրաւիրուած են ոչ յանձնառու երկիրներու ժողովին, որ հոկտեմբերի առաջին կիսամսեակին պիտի գումարուի Գահիրէի մէջ:

Լիբանան, որ մասնակցեցաւ ոչ յանձնառու երկիրներու Պելկրատի առաջին ժողովին, հրաւիրուած երկիրներու մէջ կը գտնուի:

Շնորհաւորութիւններ
Նոր Նախագահին

Շփումներ եղան Լիբանանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց միջեւ` ճշդելու համար այն թուականը, երբ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը պիտի գայ Սուրիոյ շնորհաւորութիւնները ներկայացնելու նախագահ Շարլ Հելուի:

Կը կարծուի, թէ պատուիրակութիւնը Լիբանան պիտի հասնի յառաջիկայ ամսուան սկիզբը, Շ. Հելուի Աղեքսանդրիա մեկնումէն առաջ, եւ պատուիրակութեան պիտի նախագահէ զօր. Մոհամետ Օմրան:

 ***

Նախագահ Հելու բազմաթիւ հեռագիրներ ստացաւ օտար նախագահներէ` իր ընտրութեան առթիւ: Շնորհաւորութեան հեռագիրներ ղրկած են նաեւ նախագահ Լինտըն Ճոնսըն եւ զօրավար Շարլ տը Կոլ:

Նախագահ Հելու շնորհաւորական հեռագիրներով պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն բարեմաղթութեանց:

– ԺՈԶԵՖ ՀԱՆՆԱ ՌԸԶՔ, որ անցեալ տարի Օթել Տիէոյի մօտերը սպաննած էր Նուարդ Մանուկեան անունով հայուհի մը, որ մերժած էր իր առաջարկները, մահուան դատապարտուեցաւ: Բացի այդ, Ռըզք 25.000 լ. ոսկի վնասուց հատուցում պիտի վճարէ Նուարդի ժառանգորդներուն:

– ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ուսման օրէնքը ստորագրուեցաւ: Լիբանանեան իրաւաբանական վկայականը ստանալու համար պէտք է լիբանանեան պաքալորէա ունենալ (երկրորդ բաժին):

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )