10 Դիւրին Հնարքներ` Առանց Ճիգի Ջերմուժ Այրելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

21465274-portrait-d-une-femme-d-affaires-de-parler-sur-le-telephone-portable-dans-la-ville1

Քալեցէք. առտուն գործի կամ շուկայ երթալու համար հրաժարեցէք ինքնաշարժէն եւ քալելով գացէք: Եթէ ձեր երթալիք տեղը հեռու է եւ ստիպուած էք ինքնաշարժով երթալ, ինքնաշարժը շարեցէք քիչ մը հեռու եւ քալելով շարունակեցէք: 30 վայրկեան քալելով` 60 ջերմուժ կը կորսնցնէք:

2

Ջո՛ւր խմեցէք. օրական առնուազն մէկ լիթր ջուր խմելով` մեծ բարիք կը պատճառենք մարմնին: Իսկ գիտէի՞ք, որ պաղ ջուր խմելով` աւելի ջերմուժ կ՛այրէք, քանի որ ձեր մարմինը յաւելեալ ճիգ կը թափէ զայն տաքցնելու…

3

Գնումի՛ գացէք. այո՛, միջին հաշուով 3 ժամ շուկան թափառելով` կրնաք 640 ջերմուժ այրել:

Իսկ օրական հանրախանութ այցելելով եւ գնում կատարելով` կարելի է 400 ջերմուժ այրել:

4

exercices-jambes-escaliersՎերելակէն հրաժարեցէ՛ք եւ աստիճանները ոտքով բարձրացէք: Իւրաքանչիւր 2 յարկին 7 ջերմուժ կը կորսնցնէք:

5

Խնդացէ՛ք. ըսուածը կատակ չէ: Լուրջ ուսումնասիրութիւն մը փաստած է, որ 15 վայրկեան խնդուքը 40 ջերմուժ կ՛այրէ: Անշուշտ ասիկա արմատական միջոց մը չէ նիհարնալու, բայց եւ այնպէս…

6

habillage-femme-de-menage-3-1Տան մաքրութիւնը լաւ միջոց է ջերմուժ այրելու: Այսպէս, 15 վայրկեան ելեկտրական փոշեկուլով գորգերը մաքրելով` 50 ջերմուժ կ՛այրէք, իսկ մէկուկէս ժամ արդուկ ընելով` 200 ջերմուժ:

7

Քնացէ՛ք. որքան ալ զարմանալի թուի, այո՛, քնանալով ջերմուժ կը վատնէք: Մէկ ժամ քունը միջին հաշուով 60 ջերմուժ կ՛այրէ: Չմոռնաք նաեւ, որ քունի պակասը կը գիրցնէ, քանի որ հորմոնային բնազդներ կ՛աւելցնեն անօթութեան զգացումը:

8

comment-jardiner-au-naturelՇարժեցէ՛ք. տան կահոյքն ու յարդարանքը փոխեցէք, բոյսերը խնամեցէք, ասոնք ոչ միայն կ՛օգնեն, որ կէս ժամուան ընթացքին 30 ջերմուժ այրէք, այլ նաեւ կը բարձրացնեն ձեր տրամադրութիւնը:

9

Կարդացէ՛ք, գրեցէ՛ք, մտածեցէ՛ք… 2 ժամ կեդրոնացած աշխատանք մը կատարելով` կրնաք 100 ջերմուժ այրել:

Ջութակ, դաշնակ նուագելու պարագային, 4 ժամուան ընթացքին 200 ջերմուժ կրնաք այրել:

10

Քալեցէ՛ք հեռախօսով խօսելու ժամանակ: Քալելով մէկ ժամ հեռաձայնով խօսիլը կ՛օգնէ,  որ 200 ջերմուժ այրէք: Իսկ քառորդ ժամը` 50 ջերմուժ…

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Անուշահոտը

  • woman_perfume3_01Եթէ բարեկամուհիիս անուշահոտին բոյրը սիրեցի, կ՛երթամ եւ նոյնէն հատ մը կը գնեմ:

ՍԽԱԼ. անուշահոտը չգնէք զայն ձեր մորթին վրայ փորձելէ առաջ: Նոյն անուշահոտը տարբեր ձեւերով կը հակազդէ տարբեր մորթերու վրայ:

Անուշահոտը փորձեցէք ձեր դաստակին վրայ եւ անմիջապէս որոշում մի տաք. առնուազն կէս ժամ անցնելէ ետք կրնաք որոշել, թէ կը սիրէ՞ք, թէ՞ ոչ:

***

  • Օ տը փարֆէօնին բոյրը աւելի մնայուն է, քան` Օ տը թուալեթինը:

ՃԻՇԴ. թելադրելի է տարուան տաք եղանակներուն օ տը թուալեթ գործածել, իսկ օ տը փարֆէօնը վերապահել զով օրերուն եւ գիշերային հաւաքոյթներուն:

***

  • Անուշահոտերը երկար կը դիմանան:

ՃԻՇԴ. անուշահոտերը երկար կը դիմանան,  այնքան ատեն որ սրուակը բացուած չէ: Անոնք 3-5 տարի կրնան դիմանալ, թէեւ անոնց գոյնը կը փոխուի, սակայն բոյրը չ՛ազդուիր:

***

  • Նախընտրելի է պզտիկ սրուակով անուշահոտ գնել:

ՃԻՇԴ. 100 միլլիլիթրնոց սրուակները փոխարինեցէք 50 միլլիլիթրնոցներով. բացուած սրուակի մը բոյրը ժամանակի ընթացքին կը ծանրանայ: Եթէ շատ սիրած էք այդ բոյրը, ի հարկին նոր մը կը գնէք, իսկ եթէ ձանձրացած էք անկէ, արդէն կը մտածէք ուրիշի մը մասին:

***

  • Անուշահոտով օծուելու յարմարագոյն տեղը ականջներուն ետեւն է:

ՃԻՇԴ. սակայն միակը չէ: Քօքօ Շանել յանձնարարած էր` «բոլոր այն տեղերը, ուր կ՛երազենք, որ համբուրեն…»:

Շատեր կը թելադրեն անուշահոտ սփռել դաստակներուն, ծոծրակին, ականջներուն ետեւը, արմուկներուն ներսի ճեղքերուն եւ ծունկերուն ետեւը:

Էսթէ Լոտեր իր կարգին թելադրած է անուշահոտը սփռել օդին մէջ եւ անմիջապէս տակէն անցնիլ:

***

  • Անուշահոտ կարելի է սփռել հագուստներուն վրայ:

ՍԽԱԼ. Բոլոր կտորները նոյն ձեւով չեն հակազդեր: Սենթեթիք կտորները կը փոխեն եւ կը ծանրացնեն անուշահոտին բոյրը. պարագան նոյնը չէ բրդեայ եւ բամպակեայ հագուստեղէններուն:

Չմոռնալ, որ կարգ մը կտորներ շատ նուրբ են եւ անուշահոտէն կրնան վնասուիլ: Անուշահոտ պէտք չէ սփռել կաշիին, մետաքսին եւ մուշտակին վրայ:

Անուշահոտէն կ՛ազդուին նաեւ կարգ մը գոհարեղէններ, յատկապէս` մարգարիտը եւ թանկագին այլ քարեր:

Վերջապէս յիշենք, որ կիզիչ արեւին տակ անուշահոտը մորթին վրայ արատներ կը յառաջացնէ:

 

Ձեռային Աշխատանք

9a40b69e7a81fe77187b55231d1411157cef76b384c8585b04aec83734986ab1Գեղեցիկ Բռնակներ

Եթէ ունիք հին դգալեղէնի նմուշներ, չըլլայ որ զանոնք անգործածելի համարելով` ուրիշին տաք կամ թափէք: Մտածեցէք զանոնք վերածել գեղեցիկ բռնակներու` զարդարելու համար հիւրանոցի դուռը, պիւֆէին փեղկը եւ այլն…

Թելադրելի է, որ զանոնք չփայլեցնէք յատուկ դեղերով, այլ ձգէք իրենց բնական վիճակով:

Գեղեցիկ Մոմակալ

Եթէ ունիք մետաղեայ գեղեցիկ շերեփ մը, մտածեցէք զայն մոմակալի վերածելու մասին: Զայն հաստատեցէք փայտեայ յենակի մը վրայ եւ մէջը զետեղեցէք մոմ մը` ըստ ճաշակի:

 

Խոհագիր

Թոնով Աւոքատօ

avocat-farciԲաղադրութիւն

– 3 հատ աւոքատօ
– 180 կրամ թոն
– 2 լոլիկ
– 2 կիտրոն
– Պճեղ մը սխտոր
– 1 կարմիր սոխ
– 5 կաթիլ թապասքօ թացան
– Ապուրի դգալ մը մանրուած ազատքեղ
– Ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ

0828AvocatՊատրաստութիւն

Թոնը քամոցի մէջ դրէք, ապա պատառաքաղով ճզմեցէք: Կիտրոնները քամեցէք:

Աւոքատոները երկայնքին կիսեցէք եւ կուտերը հանեցէք. կէսերը կիտրոնի հիւթով ծեփեցէք, որպէսզի չսեւնան:

Ամանի մը մէջ խառնեցէք քամոցէ անցած թոնը, մանրուած լոլիկը, ճզմուած սխտորը, մանրուած սոխը, ազատքեղը, թապասքոն, մնացեալ կիտրոնի հիւթը, ձէթն ու համեմները:

Ստացուած խառնուրդը լեցուցէք կիսուած աւոքատոներուն մէջ եւ զարդարեցէք լոլիկով կամ ազատքեղի տերեւներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ո՞ր Հովէն

mousheghishkhan3Պարտէզին մէջ աճող ծառին դեռատի
Հրաշքին պէս ծլարձակ`
Արեգակին տակ նայուածքիս կը ծաղկի
Հասակդ նո՜ւրբ բարունակ:

Կեա՛նքն է վարար, հզօր աւիշը գարնան,
Որ կը յորդի անդադար
Արեւաբոյր քու մարմինէդ մանկական
Եւ ոստերէն իր տկար:

Ա՛հ, ո՞ր հովէն աչքերս թաց կը սառին
Երբ կը նայիմ ձեր վրան.
Քու քայլերուդ – ինչպէս ստուերը ծառին –
Ես կը զգամ շուքը մահուան:

Ես գիշերուան մռայլ տենդով եմ հիւանդ
Ու կը դողամ այն օրէն,
Երբ կարկաչեց կեանքիդ աղբիւրը զուարթ
Այգաբացին ոսկեղէն…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )