«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քարանթինայի Եւ Տամուրի Գրաւումը. Հայութիւնը` Հաշտարար Տարր

 ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանեան տագնապը, քաղաքական թէ ռազմական գետիններու վրայ, օրըստօրէ եղերականօրէն բարդացաւ, գահավէժ ընթացք մը առնելով:

Կիրակի, 18 յունուար 1976-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներ մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Քարանթինայի ուղղութեամբ: Մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւելեան մուտքին գտնուող թիթեղաշէն այդ թաղամասը առաւելաբար բնակուած էր քիւրտերով, պաղեստինցիներով, սուրիացիներով, հայերով եւ հարաւային Լիբանանէն տեղափոխուած շիիներով:

Փաղանգաւոր զինեալներ Քարանթինայի մէջ

Փաղանգաւոր զինեալներ Քարանթինայի մէջ

Քարանթինա, որ փաղանգաւորներու եւ ազատականներու հակակշիռին տակ գտնուող շրջանին մէջ յառաջդիմականներու կղզեակ մըն էր, ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ յարձակման ընթացքին: Ինքնագործ զէնքերու սաստիկ կրակոցը եւ ռումբերու պայթումը դադար չունեցաւ ամբողջ օրը: Ծագեցան բազմաթիւ հրդեհներ եւ թիթեղաշէն բազմաթիւ տուներ հրոյ ճարակ դարձան, որոնք մինչեւ ուշ գիշեր լուսաւորեցին Պէյրութի երկինքը:

1976_karantina

Խուճապահար փախուստ Քարանթինայէն

Քարանթինաբնակ բազմաթիւ ընտանիքներ, փամփուշտներու եւ ռումբերու տարափին տակ, յաջողեցան հեռանալ եւ մայրուղին կտրելով Հաճըն հայաբնակ թաղը ապաստան գտան, ուր մարդկային վերաբերումի արժանացան հաճընցիներուն կողմէ:

Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին: Էշրեֆիէի բնակիչներէն շատեր ստիպուեցան ապաստանարանները իջնել:

Պուրճ Համուտի մէջ եւս հրթիռներ ինկան: Քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանին մէջ զոհ գացին երկու հայեր, իսկ ուրիշ մըն ալ` քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:

Նաւահանգիստի չորրորդ աւազանին շուրջ, թուղթի մթերանոցին մէջ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ: Կրակը տարածուեցաւ մէկ կողմէ ծովափ, ուր բազմաթիւ մակոյկներ այրեցան, իսկ միւս կողմէ Մասլախ, ուր քանի մը տուներ հրոյ ճարակ դարձան: Հրշէջները անապահովութեան պատճառով չկրցան հասնիլ հրդեհին վայրը:

Ուրիշ հրդեհ մը ծագեցաւ Քլինէքսի գործարանին մէջ, Մետինէ Սինայիէ, եւ հրոյ ճարակ դարձուց մեծ քանակութեամբ թուղթէ թաշկինակներ ու նախանիւթեր:

* * *

Քարանթինայի կռիւներուն հետ միաժամանակ, Պէյրութի եւ արուարձաններուն, ինչպէս նաեւ Տամուրի, Ժիէի ու Սաատիյաթի ճակատներուն վրայ բուռն բախումներ արձանագրուեցան: Ներքին գործոց նախարար Քամիլ Շամուն Սաստիյաթի իր ապարանքին մէջ կը մնար պաշարուած:

Պէյրութի կեդրոնական թաղամասերէն յարձակում մը շղթայազերծուեցաւ Սթարքոյի ուղղութեամբ, թեթեւցնելու համար Քարանթինայի վրայ բանեցուող ճնշումը, բայց այդ յարձակումը դիրքերու զգալի փոփոխութիւն մը չկրցաւ մտցնել:

Կռիւներու տաք պահուն ելեկտրական հոսանքը կտրուեցաւ եւ Պէյրութ ու արուարձանները ամբողջական խաւարի մատնուեցան:

Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որ շաբաթ կէս գիշերին ծանուցուած զինադուլով իր վերջին քարթը խաղցած եւ ձախողած էր, կիրակի գիշեր իր հրաժարականը ներկայացուց նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի:

* * *

Քարանթինայի մէջ մղուող կռիւները երկուշաբթի, յունուար 19-ին առաւօտուն սաստկացան: Հրդեհներուն ձգած նեղ ճամբաներու մուտքերուն վրայ փաղանգաւորներն ու ազատականները ընդհանուր յարձակողական մը շղթայազերծեցին:

Սլիփ Քոնֆորի շէնքին գրաւումը, որ բազմաթիւ զոհեր խլած էր, աւելի ծանրացուց մթնոլորտը: Քարանթինայի արեւմուտքէն, Մասլախէն եւ Չարչափուքէն հակայարձակումի անցնելով, պաղեստինցիք եւ անոնց կողմնակիցները ծանր զէնքեր գործածեցին եւ քաթիուշաներ պարպեցին ամէն ուղղութեամբ: Փաղանգաւորները, պատնէշները մաքրելու համար թրաքթէորներ գործածեցին: Բախումներու ընթացքին արձակուած հրթիռները ինկան Էշրեֆիէ, Սայֆի, Տորա, Պուրճ Համուտ, Խալիլ Պատաուի, Հաճըն, Մար Մըխայէլ, նաւահանգիստ եւ Ռիվոլի:

Նոյն պահուն, Նապաայէն, Թէլ Զաաթարէն եւ արեւմտեան թաղերէն արձակուող ռումբերը եւ հրթիռները կ՛իյնային ամէն կողմ:

Հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկան Քարանթինա-Մասլախ-Նահր շրջանին մէջ:

Ամբողջ օրը շարունակուած գօտեմարտերէ ետք, փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսները պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն դէմ օղակը սեղմելով մտան Քարանթինայի ներքին թաղերը: Պաղեստինցի, լիբանանցի, քիւրտ եւ տարբեր երկիրներէ հոն գտնուող վարձկան կռուողները շրջապատուեցան եւ յուսահատական դիմադրութենէ ետք նուաճուեցան եւ անխնայ սուրի քաշուեցան: Այդ օր հազարէն 1500 հոգի ջարդուեցան Քարանթինայի մէջ:

* * *

Պապ Իտրիսէն Ուէյկան պողոտային ձախ կողմը (ծովու կողմը) կը մնար փաղանգաւորներուն ձեռքը, իսկ մուրապիթուններ կը  պահէին Ռիատ Սոլհէն, Մաարատէն եւ Ասսուրէն  Ուէյկան պողոտան իջնող բոլոր ճամբաները:

Շուկաներու շրջանին կռիւները տեւեցին վեց ժամ ու բոլոր ճամբաներուն վրայ գտնուող  զինեալները նոր պատնէշներ հաստատեցին: Ամէնէն տաք կռիւները մղուեցան Օթոմաթիք-Ֆոշ շրջանին մէջ:

Հոլիտէյ Ինէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակուեցան դէպի Քանթարի եւ Զոքաք Պլաթ, ուր բազմաթիւ ինքնաշարժներ վնասուեցան եւ ՀՄԸՄ-ի ակումբին ապակիները փշրուեցան:

Ժէլ Էլ Տիպի մէջ Ղովմի կուսակցութեան կեդրոնը քանդուեցաւ ու շէնքը անգործածելի դարձաւ: Իսկ Թէլ Զաաթարէն արձակուող բազմաթիւ հրթիռներ ինկան Տըքուանէ, Սին էլ Ֆիլ եւ Ճսըր Պաշա:

***

Պաղեստինցի զինեալներ Տամուրի մէջ

Պաղեստինցի զինեալներ Տամուրի մէջ

Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ սաստկացած կռիւները տարածուած էին մինչեւ Տամուր, Ժիէ, Աքքար եւ Տէյր Ահմար: Մթնոլորտը կը մնար մռայլ, իսկ կացութիւնը` ծայր աստիճան մտահոգիչ: Կռիւներէն հեռու մնացող քաղաքացիներուն առջեւ նորանոր դժուարութիւններ կը ծագէին: Լիբանանցիք կը զգային ուտեստեղէնի պակասը եւ խորապէս մտահոգ կը սպասէին դէպքերու հոլովոյթին: Հացի տագնապը կը սարսափեցնէր բոլորը, իսկ սննդեղէնի նուազումը կրնար իր գագաթնակէտին հասցնել անոնց արդէն իսկ անձուկ պայմանները:

Տուներու մէջ բանտարկուած քաղաքացին կը մնար սպասման վիճակի մէջ: Հետեւելով օրաթերթերու, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու լուրերուն, լիբանանցին կը յուսար վերագտնել հանդարտութիւնը, որ կ՛ուշանար:

***

Երեքշաբթի, 20 յունուար 1976-ին Պէյրութի առեւտրական շուկային մէջ բախումները սաստկացան ու տարածուեցան մինչեւ Սթարքօ: Առանց դադարի շարունակուող բախումները այնքան ծանր եղան որ կարելի չեղաւ զոհերն ու վիրաւորները փոխադրել: Զանազան փողոցներէ յառաջացող ձախակողմեան տարրեր միացան մուրապիթուններուն եւ Մաարատէն յարձակման անցան փաղանգաւորներու դիրքերուն ուղղութեամբ:

Պապ Իտրիսի մէջ պատնէշները գրաւուեցան, բայց փաղանգաւորները բարձր դիրքերով շէնքերէն կրակ բացին յարձակողներուն վրայ, որոնք կէս ժամ դիմադրելէ ետք ետ մղուեցան դէպի Մաարատ: Յետմիջօրէին Ֆրանսա պողոտայէն դէպի Պապ Իտրիս տանող ճամբան ինկաւ մուրապիթուններու հակակշիռին տակ:

Սին էլ Ֆիլ-Նապաա ճակատին վրայ ծանր բախումներ արձանագրուեցան եւ բազմաթիւ հրթիռներ ինկան Նապաայի մէջ:

Շրջապատուած բոլոր կողմերէն, նապաացիք փորձեցին հակայարձակման անցնիլ, բայց մեծ դժուարութեան հանդիպեցան: Սին էլ Ֆիլի ճակատէն կարելի չեղաւ որեւէ ձեւով օգնութեան հասնիլ Նապաայի, որ կղզիացած բնոյթ մը ունէր: Այդ օր հարիւրաւոր բնակիչներ հեռացան Նապաայէն:

***

Տամուրցիներ

Տամուրցիներ

Տամուր, որ քանի մը օրէ ի վեր շրջապատուած էր եւ կը դիմադրէր, յունուար 20-ին, ամբողջ օրը շարունակուած ռմբակոծումներէ ետք, ինկաւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու հակակշիռին տակ: Մտնելով աւանէն ներս, գրաւող միլիսները սկսան սուրի քաշել հոն մնացած քրիստոնեայ գիւղացիները: Ջարդերուն զոհ գացին 582 հոգի:

Տամուրի եւ Ժիէի բնակիչներէն շատեր, գլխաւորաբար` կիներ, մանուկներ եւ տարեցներ, արդէն նախորդող օրերուն փոխադրուած էին Սաատիյաթ, ուր անոնք կը մնային դժուար կացութեան առջեւ, սպասելով որ կարելի ըլլար փոխադրուիլ Պէյրութ:

***

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հակամարտ կողմերը, աշխարհագրական ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու առաջադրանքով, համայնքային մաքրագործումներու ձեռնարկած էին: Հակառակորդը պաշարելու զինուորական ռազմավարութիւնը կրակէ օղակի մէջ առած էր հայաբնակ թաղերը: Ծանրակշիռ կացութիւնը կը սպառնար հայութիւնը պարտադրաբար մասնակից դարձնել եղբայրասպան կռիւներուն: Սակայն հայութիւնը, հաւաքական կամքով եւ միասնական կեցուածքով կրցաւ հակամարտ կողմերուն պարտադրել հայութեան հաշտարար ներկայութիւնը, ամէն ճիգ թափելով, որպէսզի հակամարտ կողմերը զգուշանան հայութիւնը կռիւներուն մասնակից դարձնելու փորձութենէն: Այս ուղղութեամբ «Ազդակ» 20 յունուար 1976-ի թիւով եւ «Պայծառատեսութեամբ եւ արիութեամբ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Լիբանանեան տագնապը վերջապէս յանգեցաւ իր ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին: Մէկ կողմէ երկրի իրողական երկփեղկումը կ՛ամրապնդուի աշխարհագրականօրէն, ազդեցութեան գօտիներէն ներս կատարուած զանգուածային մաքրագործումով թէ տեսաշարժով. իսկ միւս կողմէ` վարչապետին հրաժարումը բացորոշ կը դարձնէ երկփեղկումին քաղաքական ցուցատախտակը, իշխանութեան մակարդակին վրայ: Եւ այս հոլովոյթին դէմ յանդիման, մեր ժողովուրդը կը պարտաւորուի կրկնակ ողբերգութիւն մը դիմագրաւել:

Ողբերգութեան առաջին երեսը անկասկած որ պէտք չունի ընդգծումի, որովհետեւ տագնապին ներկայ սաստկացումը պարզապէս աւելի կը մթագնէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ապրուստի թէ ապահովութեան անձուկ պայմանները: Ընդգծումի կարօտ է ողբերգութեան մի՛ւս երեսը, այն` որ կը վերաբերի Էշրեֆիէէն Պուրճ Համուտ տարածուող հայահոծ շրջաններու ճգնաժամային ներկայ վիճակին:

Անցեալ մէկ-երկու շաբաթներու ընթացքին կիրարկուած եւ ծանրակշիռ համեմատութիւններու հասած հակառակորդը պաշարելու զինուորական ռազմավարութիւնը փաստօրէն կրակի օղակի մը մէջ առաւ Լիբանանի հայութեան բնակութեան մայր կեդրոնները: Փոխադարձ հրթիռներու տարափին տակ վտանգուեցաւ ո՛չ միայն մեր թաղամասերուն ներքին անդորրութիւնն ու տեղափոխուելու ապահովութիւնը, այլեւ` հակամարտ կողմերուն անխնայ ճակատումը սկսաւ սպառնալ հայութեան հաշտարար չէզոքութեան:

Վտանգը ծանրակշիռ էր, որովհետեւ կը սպառնար մեզ պարտադրաբար մասնակից դարձնել եղբայրասպան ա՛յն բախումներուն, որոնց հանդէպ հայութեան կեցուածքը առաջին իսկ օրէն եղաւ յստակ ու կտրուկ: Անհրաժեշտ էր ամէն գնով հակամարտ կողմերուն միջեւ պարտադրել մեր ժողովուրդին հաշտարար ներկայութիւնը: Եւ ճիշդ ա՛յս հրամայականով լարուեցաւ հայութեան հաւաքական կամքին զսպանակը: Քաղաքական մեր գլխաւոր կազմակերպութիւններուն միջեւ հաստատուեցաւ մնայուն կապ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասարակաց կեցուածքով դիմագրաւել վճռական այս հանգրուանը:

Այսպէս, հակառակ մեր թաղամասերուն մէջ եւ շուրջ բռնկող բախումներուն, ամէն ճիգ թափուեցաւ որպէսզի հակամարտ կողմերը զգուշանան հայութիւնը կռիւներուն ակամայ մասնակից դարձնելու փորձութենէն: Վերջին քանի մը օրերու տենդագին այս ճիգերը փաստօրէն արդիւնաւորուեցան եւ հայութիւնը վերստին պարտադրեց հակառակորդ կողմերուն միջեւ հաշտութեան գօտիի իր հանգամանքը:

Մենք համոզուած ենք որ տագնապը դիմագրաւելու այս միասնական ու հաշտարար ոճը կը հանդիսանայ Լիբանանի հայութեան ուժին գլխաւոր կռուանը:

Մենք տակաւին կը հաւատանք որ նոյնինքն հակամարտ կողմերուն շահը կը պահանջէ հայութեան այս հաշտարար ներկայութիւնը: Փաստօրէն միայն դրական չէզոքութեան հիմնաքարին վրայ կրնայ բարձրանալ Լիբանանը ամէն բանէ վեր դասող քաղաքացիական միութեան պատնէշը:

Քաղաքացիական պատերազմներու պատմութենէն մենք գիտենք նաեւ որ վերադարձի կամուրջ մը միշտ անձեռնմխելի կը պահուի նոյն ինքն ծայրայեղներուն կողմէ: Այսօրուան հակամարտ կողմերը իրենք եւս կ՛անդրադառնան այս իրողութեան, նոյնիսկ եթէ բախումի իրենց թափին մէջ կ՛ուզեն այրել բոլոր կամուրջները: Կը բաւէ որ ռազմավարական կիրքերը մասամբ մեղմանան, որպէսզի կանգուն պահուած հաշտութեան կամուրջը երէկուան թշնամիները միացնէ իրարու:

Հայութիւնը այսօր մէկն է այդ կամուրջներէն, չըսելու համար այդ կամուրջներուն ամէնէն կենսականը: Որովհետեւ, եթէ տարբեր հաւաքականութիւններու համակեցութեան լիբանանեան տարազը պիտի պահուի – եւ պէտք է պահուի` կ՛ըսեն բոլորը – այդ պարագային հայութեան հաշտարար ներկայութիւնը թթխմորն է այդ տարազին յաւելեալ ուռճացումին:

Գաղափարական այս պայծառատեսութեամբ պէտք է զինուի այսօր մեր ժողովուրդը: Տագնապին կրակը կը բռնկի մեր շուրջ, իսկ նման պարագաներու տակ դաւադիր մատեր շատ դիւրութեամբ կրնան խաղալ հրդեհի սպառնալիքով շրջապատուած հաւաքականութեան մը զգացումներուն հետ: Յանուն Լիբանանի եւ հայութեան, մենք պարտաւոր ենք դիմագրաւել այդ գրգռութիւնը:

Անշուշտ ճիշդ է որ երբ ժողովուրդը «հաց» կ՛ուզէ, կարելի չէ մտածել «քար» տալու մասին: Երբ հայահոծ շրջանները կ՛ապրին պատահական հրթիռներու շօշափելի սպառնալիքին տակ, կարելի չէ ապահովութեան երաշխիքներ չտալ հայ անհատին: Բայց նոյնպէս պէտք չէ մոռնալ, որ տագնապը կը հարուածէ ամբողջ Լիբանանը ու մենք եւս, բոլոր լիբանանցիներուն նման, ակամայ կը վճարենք ատոր գինը: Նիւթապէս թէ մարմնապէս մենք եւս կ՛ունենանք մեր կորուստները, երբեմն ծանր տարողութեամբ, հակառակ որ մասնակից չենք բախումներուն:

Փաստօրէն չենք կրնար – եւ պէտք չէ ակնկալել նման բան – ջայլամի մը նման աւազին մէջ պահել մեր գլուխը եւ որոնել ապահովութեան երաշխիքներ: Պէտք է անդրադառնալ այն իրողութեան, որ մեր անհատական ապահովութիւնը առաւելագոյնս կ՛երաշխաւորուի միայն մեր հաւաքական ապահովութեամբ, երբ կը յաջողիք դիմադրել բախումներուն ակամայ մասնակից ու միջամուխ դառնալու վտանգին: Իսկ որպէսզի կարենանք այդ գծով յաջողիլ, անհրաժեշտ է հաւաքական ապրումի ու գործի վերածել լիբանանեան ծայրայեղութիւնները հաշտեցնելու քաղաքական մեր յանձնառութիւնը:

Հայահոծ շրջաններու մեր ժողովուրդը, իր ապահովութեան մօտէն սպառնացող տագնապի ներկայ հանգրուանը նուազագոյն կորուստով յաղթահարելու համար, պէտք ունի առաւելաբար քաղաքական այս պայծառատեսութեան, եւ մանաւանդ` վտանգներ դիմակալելու քաղաքացիական արիութեան»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )