ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ – ՊԵԺԺԷ ՖԱՅՆԸԼ-ԷՅԹԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 11 մարտ ժամը 21:00-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ- Պեժժէ երկրորդ մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին, պարտութիւն մը կրեց, այսօր անպայման պէտք է յաղթէ, որպէսզի պարտադրէ երրորդ եւ վերջին մրցումը` նկատի ունենալով, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը:

Share this Article
CATEGORIES