50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1964)

Հայկական Կեանք

Հայաստանի Քարէ Գանձերը

Ղափան-Քաջարան ճամբու կէսին, Դաւիթ Բէկի ամրոցին աւերակներէն քանի մը քիլոմեթր հեռու, կը հոսի Գեղի գետը:

Գեղաձորը Հայաստանի չքնաղ անկիւններէն մէկն է, Բարգուշատի հարաւային լանջերուն: Արագահոս այս լեռնային գետը, որ կը սկսի 3400 մեթր բարձրութենէ, գարնան եւ աշնան կը յորդի: Այս յորդումներուն ատեն երեւան կու գան մարմարներու, եղջերաքարերու բիւրեղացած հրաքարերու եւ այլ տեսակ քարերու գեղեցիկ նմուշներ:

Միլիոնաւոր տարիներ առաջ, երբ Բարգուշատի լեռները դեռ մէջտեղ չէին եկած եւ կը գտնուէին ծովին յատակը, տիղմը շերտ-շերտ կը կուտակուէր: Հետագային, երբ ծովուն յատակէն վեր խոյացած են լեռները, տիղմին բազմագոյն եւ բազմաթիւ նուրբ շերտերը ենթարկուած են կերպարանափոխութեան, ամրացած ու դարձած են շերտաւոր քարի տեսակներ: Ասոնք կարելի է օգտագործել զարդարելու համար շէնքերու ճակատները, սրահները, սանդուխները, մուտքերը եւ այլն:

Քեմանչիստ Ռուբէնի Նուագահանդէսը
Շթորայի Մէջ

Քեմանչիստ Ռուբէն վերջերս Սայաթ Նովայի 250-ամեակին նուիրուած նուագահանդէսներ տուած է Պաղտատի մէջ, որոնք մեծապէս գնահատուած են ներկայ եղող բազմամարդ հանդիսականներու կողմէ:

Յատուկ յայտագիրով նուագած է նաեւ Պաղտատի պատկերասփիւռի կայանէն, որուն ընթացքին արաբերէն լեզուով տեղեկութիւններ տրուած են Սայաթ Նովայի կեանքին ու գործին մասին:

Արաբատառ թերթեր մեծ գովեստով արտայայտուած են հայ արուեստագէտին մասին, հրատարակելով նաեւ Սայաթ Նովայի ու քեմանչիստ Ռուբէնին նկարները:

Վաղը` կիրակի, 6 սեպտեմբեր 1964, Շթորայի «Աղբալեան» վարժարանի սրահին մէջ պիտի տայ նուագահանդէս մը` ի նպաստ վարժարանի չքաւոր սաներուն, նոյնպէս նուիրուած Սայաթ Նովայի 250-ամեակին:

Քեմանչիստ Ռուբէն մօտ օրերս, յատուկ հրաւէրներով, յատկապէս Ազնաւուր ընտանիքին կողմէ, պիտի մեկնի Եւրոպա:

Նուագահանդէսներ պիտի տայ Միլանօ, Լոնտոն եւ Ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ, բոլորն ալ` նուիրուած Սայաթ Նովայի 250-ամեակին:

Նուագահանդէսները կազմակերպողները պիտի ըլլան Միլանոյի, Լոնտոնի եւ Ֆրանսայի մշակութային հայկական միութիւնները:

 

Ընկեր Կոպեռնիկ Թանտրճեան
Ոչ Եւս Է

Պոսթընէն ստացուած հեռագիր մը կը գուժէ դառնաղէտ մահը հանրային վաստակաւոր գործիչ եւ ղեկավար դաշնակցական Կոպեռնիկ Թանտրճեանի, չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 2-ին:

Կ. Թանտրճեանի մահով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ վեթերան ընկեր մը, աննկուն առաջնորդ մը եւ հանրային անձնդիր գործիչ մը:

Հակառակ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ բնակած ըլլալուն` Կ. Թանտրճեան դարձաւ նաեւ սփիւռքի հայկական եւ դաշնակցական կեանքին հետ շաղախուած դերակատար մը, գործիչ մը, որուն համար աշխատավայրի խտրութիւնը չկար: Այդ իրողութեամբ ալ եւ իրեն բաժին ինկած պարտականութեանց բերումով, անձնական զբաղումները ձգած, Կ. Թանտրճեան յաճախ եղաւ արտասահման եւ լծուեցաւ հասարակական գործի: Բոլոր պարագաներու տակ իր առաջադրութիւնները եղան նոյնը եւ ընդգրկեցին մէկ եւ անշեղ ուղղութիւն` ծառայել հայ ժողովուրդին իր պատկանած կուսակցութեան միջոցով: Այս ճամբով քալեց Կոպեռնիկ Թանտրճեան մինչեւ իր մահը:

Ծնած է Պոլսոյ Սկիւտար արուարձանը 1 յունուար 1890-ին: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Պէրպէրեանէն, կ՛ուսանի Հայքալըի երկրագործական համալսարանը, կը վկայուի անկէ իբրեւ գիւղատնտեսն եւ ապա պետութեան ծախքով կը ղրկուի Փարիզի գիւղատնտեսութեան հիմնարկութիւնը: Եւրոպայէն  վերադարձին` կարճ ժամանակ մը կը պաշտօնավարէ Պրուսայի ազգային վարժարանին մէջ, այնուհետեւ երկրագործական նախարարութեան կողմէ կը ղրկուի Հալէպ` պաշտօնով: Եւ, երբ, շատ չանցած, կը պայթի Ա. Աշխարհամարտը, կը քշուի Տէր Զօր եւ կը նետուի բանտ: Գերման երկրագործական ընդհանուր քննիչին միջամտութեամբ կ՛արձակուի բանտէն` իբրեւ գիտական աշխատանքներու օգտակար անձ: Եւ այդ պաշտօնով ալ կը բոլորէ պատերազմի տարիները:

Զինադադարէն ետք կը պաշտօնավարէ Արմաշի երկրագործական վարժարանին մէջ: Երբ կ՛որոշուի Հայաստան փոխադրել Արմաշի վարժարանին 200 որբերը, Կ. Թանտրճեան կ՛ընկերանայ անոնց եւ կը դառնայ վերատեսուչը Նոր Պայազիտի մէջ բացուած երկրագործական դպրոցին: Շատ կարճ կ՛ըլլայ այս հիմնարկութեան կեանքը: Պոլշեւիկեան խորշակը կ՛աւերէ ամէն ինչ: Փախուստ եւ արգելափակում Դիլիջանի մէջ` 200 որբերով: Ամերիկեան Նպաստամատոյցի  օգնութեամբ կը յաջողի Դիլիջանէն դուրս բերել որբերը եւ անոնց հետ կը վերադառնայ Պոլիս, 1921-ին: Կը լծուի կուսակցական եւ հանրային աշխատանքի ու կը պաշտօնավարէ իբրեւ գիտական ճիւղերու դասախօս` Պէզազեան, Տայեան եւ Պէրպէրեան վարժարաններու մէջ: Ատեն մը կը վարէ «Ճակատամարտ»-ի խմբագրութիւնը:

1923-ին ընտանեօք կը գաղթէ Ամերիկա, ուր կը վարէ կուսակցական եւ հանրային ամէնէն պատասխանատու գործերը: Մասնակցած է ՀՅԴ վերջին 7 ընդհանուր ժողովներուն, երկար տարիներով անդամակցած է կուսակցութեան գերագոյն մարմնին եւ բազմիցս պատասխանատու պաշտօններով գտնուած է Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Իր հաղորդակցութեամբ եւ ամուր նկարագրով Կ. Թանտրճեան եղաւ իսկական ղեկավար մը, որ յարգանք կը վայելէր կուսակցական բոլոր խաւերու մէջ:

Իր մահը անդարմանելի կորուստ մըն է մասնաւորաբար մեր կուսակցութեան Ամերիկայի կազմին համար, ուր այնքան տարիներ գործեց մեծ եռանդով անձնուիրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )