Երբեմն Ալ Լսենք Միւս Կոմիտասը (Յոգնակի Եւ Ժամանակակից)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեծն Կոմիտասի մասին կը խօսինք, զայն կը վերածենք դրօշի, կը ծառայացնենք քարոզչութեան, ինքնահաստատման միջոցի: Լաւ է: Բայց լսա՞ծ ենք Կոմիտաս հայ մարդուն ցաւի ճիչը, որ ինքնաքննադատութեան մտրակ էր երէկ, գէթ պղպջակով չբաւարարուողներ կը լսե՞ն այսօր, կ’արձագանգե՞ն գեղագիտական վայելքէն անդին անցնող զարհուրելի հնչեղութեամբ իր խօսքին:

Առաջին անգամը չէ, որ բարձրաձայն ընթերցում կատարելու պէս կը մէջբերեմ Կոմիտասը: Ամերիկահայերը պատէն կը կախեն Ուիլիըմ Սարոյեանի սրտեր հովահարող «անգլերէն» խօսքերը, որ «արտակարգ» ժողովուրդ ենք, որոնց վրայ փափուկ բարձի պէս կրնանք դնել մեր ամլացած եւ ամլացնող փքուած եսերը, հոն, ուր կը լարենք մեր վրանները` Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ):

Օգոստոսի կիրակի առաւօտ: Դեռ կը ննջէ զբօսաշրջային (եթէ հայերէնը անձնատուութեամբ մոռցած էք` «տուրիստ»-ական) հեւքով չարթնցած քաղաքը, ուր արձակուրդային իմաստութիւն բաշխելու համար կու գան եւ կ’երթան հեռու եւ մօտ աշխարհներէ «կարեւոր» անձինք (օր մը պիտի ըսուի՞, թէ ինչպէ՛ս կը չափուին կարեւորութիւնները, «էսթեպլիշմընթային», քսակային կամ թմբկահարական), էջերուս մէջէն հանեցի միւս Կոմիտասը, որ ազգին մէջ կ’ապրէր, հանդիսատեսը եւ զոհն էր մեր հակասութիւններուն, առանց չարանալով աւելին չըսելու համար, որոնք անցեալին պէս են, իբր թէ աւելի «զարգացած եւ յառաջդիմացած» ենք:

Պիտի պատահի՞, որ տպաւորիչ եւ ամպագորգոռ ժողովներուն, որպէս բացման խօսք, գէթ միայն որպէս յիշեցման խօսք, կոմիտասեան որպէս տարբեր մեղեդի, թատրոնի բացման նուագ, լսուի միւս Կոմիտասը, երբ բոլորը գրաւած են իրենց աթոռ-աթոռակները եւ չեն խցած իրենց ականջները: Հայրենահանման եւ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ենք, կը պատրաստուինք շատ խօսելու… զոհ Կոմիտասի մասին, զայն գովաբանելով: Ինչո՞ւ չխօսինք «ցաւած» Կոմիտասի մասին, բոլոր կոմիտասներուն, որոնք այսօր ալ կան, որոնք չեն շնչեր, «անհովիւ» խլեակներ` «մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու»-ն մէջ:

Ո՞վ ժամանակ ունի Կոմիտաս կարդալու եւ… հայերէն կարդալու: «Հին գլուխներ»-ու գործ է, բանի չծառայող զբաղում: Երգը ձեւականութեամբ կը լսենք, մնացեալը… ժամավաճառութիւն է: Կոմիտասի «անհովիւ հօտ»-էն եթէ դուրս չենք, կարդանք սրտի խօսքը, որ չ’ըսուիր բարձրախօսներու գոռում-գոչիւնով եւ երգերու տակառային աղմուկով յագեցած սրահներու մէջ: Հարց տանք, թէ ո՞ւր ենք, հրաժարելով բացառութեան կամ անսխալականութեան ծանօթ մեծամտութենէ:

Ի՞նչ կ’ըսէ Կոմիտաս: Մեր ներկային մէջ իրապէս ժամանակավրէ՞պ է իր խօսքը, թէ՞ «մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովուն» վրայ պտտող հայելի: Կարելի է լսել Կոմիտասը եւ խորհիլ, որ անոր խօսքը «միւսներուն» համար է, ոչ մեզի, եւ չանհանգստանալ, երջանկանալ` սպասելով հրաշքներ:

Բջջային հեռախօսով ստացուած շատախօսութիւն չէ, ինչ որ կ’ըսէ Կոմիտաս:

«Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած` միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր` միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած… Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին, թող ելլէ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…  (Կոմիտաս)

Հասարակագիտական ուսումնասիրութիւն կարելի է պատրաստել` առանց սեթեւեթի բանալով Կոմիտասի տողերը, լուսարձակը ուղղելով կացութիւններու, հաւաքականութեան եւ անհատներու վրայ, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ կեղծիքի դիմակները վերցուին` ի շահ «ճառախօսուած» (չարաշահուող) ազգին:

Ի՞նչ կ’ըսէ Կոմիտաս:

Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու…

Եթէ «հովիւ» ունենայինք, ինչե՜ր կրնային չպատահիլ: Այս «ինչեր»-ը թուենք.

Արտագաղթ տեղի չէր ունենար եւ տեղի կ’ունենար հայրենադարձութիւն: Տեսական հաւասարութենէ դուրս եկած Հայաստանի մէջ աննշան աշխատավարձով դիւանակալներ տէր չէին դառնար աստղաբաշխական գումարներու: Մեր ազգային մեծագոյն ժառանգութիւն լեզուն չէր դիմազեղծուեր վայրագ ներխուժումներով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առօրեայ խօսակցութենէն մինչեւ գրականութիւն, մամուլ, հեռատեսիլ, մեր քաղաքներու պատերուն վրայ: Տնանկի հոգեբանութեամբ օտարալեզու դպրոցները չէին բազմանար Հայաստանի մէջ, սփիւռք(ներ)ի մէջ հայկական վարժարան չէր փակուեր, քաղքենիացած հայածնունդներով չէին ուռճանար մեր ինքնութեան դամբարանը հանդիսանալու կոչուած օտար վարժարանները, հայկական համարուող լրատուամիջոցները օտարալեզու չէին դառնար: Աստուծոյ ծառայութեան կոչուածներ առեւտրական չէին դառնար, վանքի մէջ կ’ապրէին, պալատներու տէր չէին ըլլար: Ազգին տէր ըլլալու համար ազգէն ընտրուածներ, Հայաստանի եւ աշխարհի ոստաններուն մէջ անաշխատ ձեռքբերումով կալուածատէր չէին ըլլար:  Ինչպէ՞ս «հովիւ» ըլլալու ամբարտաւանութիւն ունենալ, երբ ազգի պատմութիւն չենք գիտեր, ազգի լեզուէն կը խորթանանք, ազգի մշակոյթէն եւ գիր-գրականութենէն անտեղեակ ենք:

Համբերութեամբ արեւուն տակ կարդանք Կոմիտասը, որ չ’երգեր, կ’ողբայ:

Անմիտ որսորդներ բոլորած` միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր` միւս կողմէն:

Մեր շուրջը կը նայի՞նք, որ անհեռանկար եւ «անմիտ որսորդներ» ամբոխ կ’առաջնորդեն, «միամիտ ձկներ ցանցած»: Պայքար, անհանդուրժողութիւն, «մթնոլորտը թոյն կը տեղայ»: Հետեւինք մեծ ու պզտիկ հայկական հաւաքականութիւններու պատկերներուն: Ազգային հեռանկար չկայ որպէս «բուժիչ ուժ»: Բառերը կարդանք մէկ առ մէկ, «աւերած, սարսափ, կեղեքում» եւ «անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն»… Հայաստանի գիւղերը կ’ամայանան, ճարտարարուեստը շնչահեղձ կ’ըլլայ, հայերէնը ամէն տեղ եւ ամէն օր բութ դանակով կը մորթուի, սփիւռքի երբեմնի հայկական համայնքները բզիկ-բզիկ կ’ըլլան, եսական պահանջներու բաւարարման հետեւելով: Դեռ կը մխիթարուինք սրահներու տակառային աղմուկով եւ հայկական համարուած խոհանոցով, օրօրուելով եւ օրօրելով «հայրենասիրական» ճառերով եւ «տուրիզմ»-ով:

Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն` միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց:

Իրաւ մեծերը ունէին փառասիրութիւն, որ դէպի իրենց անձը չէր ուղղուած, այլ` դէպի ազգը, եկեղեցին, կուսակցութիւնը, միութիւնը, այսինքն` դէպի ծառայութիւն: Անոնք արտաքին շպար չունէին – համացանցով փնտռել եւ տեսնել թէ ի՛նչ կը հագնէր Մահաթմա Կանտին, ո՞ւր կը բնակէր, տեղեկանալ, որ Ֆրանսայի ազատարար նախագահ` զօրավար տը Կոլ իր պաշտօնական ինքնաշարժը չէր գործածեր մայրաքաղաքէն հեռու իր բնակարանը երթալու համար, մեծ Սիմոն Զաւարեան միայն երկրորդ կարգի տոմսով կը ճամբորդէր: Անոնք իրենք զիրենք չէին յաւերժացներ դիրքերու վրայ, որոնք ժառանգական-ընտանեկան չէին ըլլար, յաւերժացումը ժողովուրդը իր ընդոծին ողջմտութեամբ ինք կը շնորհէր:

Այս պայծառատես Կոմիտասը կարծէք մեր ժամանակակիցն է: Պաշտօնները դարձած են մերկութիւնները ծածկող հանդերձ: Հազիւ ընտրուած` նախագահ, երեսփոխան, այս կամ այն կազմակերպութեան ղեկավար, կը մտածեն յաջորդ ընտրութեան մասին, մէկ, երկու, չորս, վեց տարիէն: Այդ պաշտօնները յաճախ «հանդերձ» են` ամբոխներու աչքէն «մերկութիւն մտաց»-ը ծածկող: Խեղճ են այն ժողովուրդները եւ հաւաքականութիւնները, որոնք անատակ եւ անկարող են տեսնելու «մերկութիւն մտաց»-ը եւ ցեց կը դառնան անոնք, որոնք իրենց «մերկութիւն մտաց»-ի վրայ իշխանութիւն կը հաստատեն:

Եթէ քակենք մեր զանազան բնոյթի աչքի կապանքները, կը տեսնենք, որ ամէնուրեք կը տիրեն դիրքապաշտութիւնը, աթոռ-աթոռակի սէրը, որոնց համար ճառ կը կարդանք, նոյնիսկ` լատինատառ հայերէնով, նուիրատուութիւն կ’ընենք, ընկեր-բարեկամ կը կոխկռտենք: Դրամի ընչաքաղցութենէն ետք` երեւելիութեան ընչաքաղցութիւն: Արեւուն տակ նորութիւն չկայ: Եթէ պճեղ մը իրատեսութիւն ունինք, Կոմիտասի հետ կը կրկնենք.

… իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…

Փոխանակ տեսնելու, կրկնելու, աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Վիքթոր Հիւկոյի յանդգնութեամբ, գիտակիցներ «կարմիր գլխարկ դնէին հին բառարանին»: Ան ըսած էր, J’ai mis un bonnet rouge au vieux dictionnaire… Երազե՞նք, որ «խոհական Խորենացին, թող ելլէ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը»: Կու գա՞յ ան` ամպագորգոռ ճառ եւ ժողովներ լռեցնելով, զատելու ցորենը «մտաց մերկութիւն»-ներու որոմէն:

Եթէ Խորենացին բացակայ է մեր հոգիներէն, եթէ մեր մէջ չկան Կոմիտասի ցաւն ու ընդվզումը, ի՞նչ կ’ըլլայ մեր վաղը: Հարցումը իրատեսութեան դուռն է:

1 սեպտեմբեր 2014, Երեւան

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )