50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1964)

Հայաստան

Երեւանի Ծաւալումը

15 Տարիէն Բնակչութիւնը 900.000-ի Պիտի Հասնի

Շինարարական «Երեւանպրսեթ» հիմնարկութիւնը կազմած է մայրաքաղաքին ապագայ ծաւալումին ընդհանուր յատակագիծը: Յառաջիկայ 15 տարիներու ընթացքին քաղաքին տարածութիւնը 1,5 անգամ պիտի աւելնայ եւ բնակչութեան թիւը 900,000-ի պիտի հասնի:

Նոր թաղերը պիտի կառուցուին Հրազդանի աջ ափի երկայնքին եւ Երեւանի արեւմտեան կողմի տարածութեանց վրայ: Ըստ ծրագրին, նախատեսուած է 16-19 յարկանի բնակութեան տուներու մեծ թաղ մը: Մայրաքաղաքին հիւսիսային կողմը պիտի հաստատուի ճարտարարուեստի նոր ու կարեւոր կեդրոն մը, նախընտրաբար վերապահուած` ելեկտրական, մեքենական եւ ասոնց յարակից գործատուներու:

Կրթական Ծրագիր

Այս տարի հանրային կրթութեան համար յատկացուած է 75,000,000 րուբլի:

Դպրոցական վերամուտին, սեպտեմբեր մէկ, Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն էջ 50 նոր դպրոցներ բացուած են: Արհեստուսոյց աշխատանոցներու սարքաւորումը հարստացած է 1500 մետաղատաշ եւ 5000 այլ մասնագիտական գործիքներով:

Կը նախատեսուի, որ դպրոցական աշակերտներու թիւը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 500,000, իսկ արհեստուսոյց եւ այլ հաստատութեանց ուսանողներու թիւը` 50,000:

(Քաղուած ԹԱՍ գործակալութեան հեռագիրներէն):

Օտար Այցելուներ

Վերջերս Հայաստան այցելեցին բազմաթիւ գիտնականներ` Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Նորվեկիայէն, Ճափոնէն, Նոր Զելանտայէն:

Քեմպրիճի համալսարանի դասախօս Մեյեր Ֆորթիս հետեւեալ ձեւով արտայայտած է իր տպաւորութիւնները Հայաստանէն: «Գովասանքի շատ խօսքեր կարելի է ըսել բացառիկ աշխատասէր, բարեացակամ եւ հիւրընկալ հայ ժողովուրդի հասցէին: Երեւանի պատմութեան թանգարանը մէկն է լաւագոյններէն, որ մինչեւ այժմ առիթ ունեցած եմ տեսնելու: Հայաստան հարուստ է այնպիսի նիւթերով, որոնք ուշագրաւ են մարդկային հասարակութեան պատմութիւնը ուսումնասիրելու տեսակէտէն»:

 

Պէյրութի Օթոպիւսները
Սկսան Հասնիլ

Մինչեւ Դեկտեմբեր 150 Օթոպիւս Ստացուած Պիտի Ըլլայ

Պէյրութի հանրակառքերը փոխարինելու կոչուած առաջին օթոպիւսները սկսած են հասնիլ: Տասնհինգ օթոպիւս անցեալ շաբաթ հասաւ Պէյրութ: Այս ամսուան ընթացքին 50 օթոպիւս յանձնուած պիտի ըլլայ:

Երկրորդ եւ երրորդ յանձնումները, 50-ական օթոպիւս, պիտի կատարուին հոկտեմբերին եւ նոյեմբերին:

Երկաթուղիի եւ հանրակառքի գրասենեակը կը շարունակէ գործադրութիւնը այն աշխատանքներուն, որոնք անհրաժեշտ են օթոպիւսներու սպասարկութեան համար: Մասնաւորաբար կը շինուին կառատուներ եւ աշխատանոցներ: Շարժավարներու արձանագրութիւնն ու վարժութիւնը կը շարունակուին նոյնպէս:

Սեն Միշելի մէջ աշխատանքները սկսան 170 մեթր երկայնք եւ 30 մեթր լայնք ունեցող կառատան մը շինութեան համար: Կառատունը պատրաստ պիտի ըլլայ երկու ամիսէն: Անոր մօտ շինուելու վրայ է եւ ուրիշ կառատուն մը: 150 մեթր երկայնքով եւ 30 մեթր լայնքով: Երրորդ կառատուն մը պիտի շինուի նաեւ Ֆրըն Շըպպեքի մէջ` 90 մեթր երկայնքով եւ 30 մեթր լայնքով:

Կանգառներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները վերջացած են: Կանգառներու իրարմէ 250 մեթր հեռու պիտի ըլլան:

Յիշեցնենք, որ չորս գիծեր պիտի հաստատուին Պէյրութի մէջ.

Ֆրըն Շըպպեք – Աղաւնիներու քարայր:

Շոճիներու անտառ – Տորա:

Փարոսի Քոռնիշ – Մազրաայի քոռնիշ – Նահր:

Պուրճի հրապարակ – օդակայան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )