Արուեստագէտ Անասուններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

0906_anassoun-1Կապիկ մը, որ կը գծէ, ձի մը, որ կը ներկէ… Անասուններ կը ստեղծեն արուեստի գործեր, որոնք հազարաւոր տոլարներու կը ծախուին: Արդեօք ասիկա արուե՞ստ է, թէ՞ խաղ մը:

Արդեօք անասուն մը կրնա՞յ գծելը կամ քանդակելը սիրել: Ան կրնա՞յ արուեստի գործ մը ստեղծել: Այս հարցումը կը դրուի, օրինակի համար, երբ կը դիտենք Քոնկոյի գեղանկարները:

Այս շեմփանզէն նշանաւոր դարձած էր 1950-ական թուականներուն: Անոր տէրը կ՛անդրադառնայ, թէ անասունը կը սիրէ գծել եւ ներկել:

Տէրը անասունին առիթ կու տայ արտադրելու պատկերներ, զոր Քոնկօ կը գծէ մինակը: Ան կը մերժէ, որ նկարները իրմէ առնուին մինչեւ «գործը» վերջացնելը:

0906_anassoun-5Քոնկոյին նման ուրիշ անասուններ յայտնաբերած են, թէ կը սիրեն ներկել: Սակայն երբեմն այս ժամանցը «ստիպողական» կ՛ըլլայ: Կարգ մը կենդանաբանական պարտէզներու մէջ փիղերը ստիպուած են ներկելու առաւօտէն մինչեւ իրիկուն` զբօսաշրջիկները զբաղեցնելու համար: Այս պարագային, կասկած չկայ, թէ այս զբաղումը ինքնաբուխ չէ, այլ անասուններու շահագործում է:

Արուեստագէտ անասուն մը շատ դրամ կրնայ ապահովել, եթէ ըստ արուեստի սիրահարներուն, ան տաղանդաւոր է: Աշխարհի չորս կողմերը կը կազմակերպուին անասուններու գործերու ցուցադրութիւններ:

2010 թուականին Քոնկօ մարդակապիկին կողմէ գծուած վերջին «գեղանկար»ը ծախուեցաւ 10 հազար տոլարի:

Քանի Մը Աստղեր

anassoun-fՉոյեա ձին: Չոյեա վայրի ձի մըն է, որ մարզելը շատ դժուար է: Հետեւաբար անոր տէրերը զայն կը ծախեն նախկին պարուհիի մը: Օր մը այս վերջինը կը ներկէ ձիուն ցանկապատը, իսկ անասունը կը մօտենայ ներկի տուփին` շատ հետաքրքրուած: Այդ ժամանակ տիրուհին անոր կու տայ վրձին մը, որ ան կը բռնէ իր ակռաներով: Չոյեա տասնեակներով «գեղանկարներ» գծած է կարգ մը գործեր ցուցադրուած են գեղարուեստական մեծ ձեռնարկներու ընթացքին: Ձին սատկած է 2003 թուականին:

Ռուպի փիղը: Ռուպի էգ փիղ մըն է, որ կ՛ապրէր Միացեալ Նահանգներու Ֆինիքսի կենդանաբանական պարտէզին մէջ: Անոր «Գեղանկարները» զայն հռչակաւոր դարձուցած են, եւ անոնցմէ ամէնէն սուղ կտորը ծախուած է 25 հազար տոլարի:

Թիլի շնիկը: Չետտըր տը թիլլամուք, ճանչցուած` Թիլլի անունով, Ճեք Ռասըլ Թերրիէ շուն մըն է, որ ծնած է 1999 թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան վրձինով չի գծեր, այլ կը գործածէ իր ճանկերը եւ ակռաները: Հակառակ ասոր` ան մեծ յաջողութիւն գտած է արուեստի աշխարհին մէջ:

 

Հետաքրքրական Զբաղում Մը

0906_havakadsoՀանգստեան կոչուած ապակի մաքրող անգլիացի Ռոն Պրումֆիլտ պարտէզի թզուկի արձանիկներ հաւաքած է աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին:

Ան իր 1600 արձանիկներով լեցուցած է իր առանձնատունը եւ պարտէզը:

Շաբաթը երկու անգամ Պրումֆիլտ իբրեւ թզուկ կը ծպտուի եւ դրամ կը հաւաքէ բարեսիրական աշխատանքներու համար եւ պզտիկ պէտքեր գնելու համար:

Անոր հաւաքածոն կ՛արժէ աւելի քան 60 հազար տոլար։

 

 Զբաղինք

0906_zpaghinkԵթէ շուարած ես արձակուրդի այս վերջին շաբաթներուն եւ այլեւս չես գիտեր ինչպէ՛ս ժամանակդ անցընել, բաւարար է, որ ունենաս լեկոյի 6 կտորներ միայն:

Գիտէի՞ր, թէ լեկոյի միայն այս 6 կտորներով դուն կրնաս 915103765 տարբեր ձեւեր ստեղծել:

Անոնցմէ քանի՞ հատը դուն պիտի կարենաս իրականացնել վերամուտէն առաջ:

 

Էմիու`  Կատակասէր
Մարդամեքենան

0906_martamakenaՃափոնցի մասնագէտներ ներկայացուցած են Էմիու կոչուած նոր եւ պզտիկ մարդամեքենեայ մը: Իսկ ի՞նչ է անոր մասնագիտութիւնը: Ան գիտէ անեքթոտներ պատմել:

Զայն յղացողները անոր սորվեցուցած են բառերու ցանկ մը, որ անոր կարելիութիւնը կու տայ հարցում մը վերլուծել պատասխանելէ առաջ:

Սկզբունքով այդ պատասխանը կատակի հաճելի ձեւով պիտի ըլլայ… Սակայն այն անձերը, որոնք ներկայ գտնուեցան Էմիուի կարողութիւններուն ցուցադրութեան, լաւ չհասկցան անոր կատակները:

Բարեբախտաբար Էմիու չվիրաւորուեցաւ այդ հակազդեցութիւններէն:

 

Առանց Սապատի Ալպեան Ուղտ Մը

0906_alpagaԱյս ուղտը կը նմանի լամային, սակայն անկէ աւելի պզտիկ է: Ան մաս կը կազմէ ուղտի ընտանիքին, բայց ուղտի նման սապատ չունի: Անիկա կ՛ապրի Հարաւային Ամերիկայի մէջ` Փերուի, Պոլիվիոյ եւ Չիլիի բարձր լեռներուն վրայ, 2500-3650 մեթր բարձրութեան վրայ:

Այդ շրջաններուն մէջ տիրող ցուրտէն պաշտպանուելու համար բնութիւնը անոր օժտած է հաստ, սեւ, ճերմակ կամ սրճագոյն մուշտակով մը, որ կրնայ մինչեւ 40 սմ հաստութիւն ունենալ: Մարդիկ անոր մուշտակէն կը շինեն տարբեր տեսակի կերպասներ, որոնք կը գործածուին շքեղ եւ հանգստաւէտ հագուստներ պատրաստելու համար:

 

Կենսոլորտ

Որքա՞ն ժամանակէն թիթեղէ շիշ մը կը փճանայ բնութեան մէջ

0906_abaganoum10-100 տարուան ընթացքին:
Խնձորի մնացորդ մը` 1-5 ամիս:
Թուղթէ թաշկինակ մը` 3 ամիս:
Թերթ մը` 3-12 ամիս:
Ծխախոտի մնացորդ մը` 1-2 տարի:
Պահածոյի տուփ մը` 50 տարի:
Անիւ մը` 100 տարի:
Կերպընկալէ տոպրակ մը` 450 տարի:
Կերպընկալէ շիշ մը` 100-1000 տարի:

Հետեւաբար յաջորդ անգամ, երբ դուն բնութեան մէջ կամ ծովափը դաշտագնացութեան կամ փիքնիքի երթաս մի՛ մոռնար հետդ աղբի տոպրակներ տանելու, եւ ապա, աղբերը մէջը դնելէ ետք, զանոնք չձգել բնութեան մէջ:

– Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն ապականած վայրը:

Ակպոկպլոշին է, Ափրիկէի մէջ Ղանայի մայրաքաղաք Աքքրայի արուարձաններէն մէկը: Հոն կարելի է գտնել աշխարհի ամէնէն մեծ ելեկտրոնային առարկաներու աղբանոցը: Պատկերասփիւռներ, թապլեթներ, բջիջային հեռաձայններ, համակարգիչներ, որոնք կու գան հարուստ երկիրներէն: Անոնք կ՛ապականեն հողը եւ ջուրը, որովհետեւ անոնք առողջութեան շատ վնասակար նիւթեր կը պարունակեն: Անոնք կ՛ապականեն նաեւ օդը, որովհեհեւ կարգ մը մնացորդներ կը հրկիզուին եւ այս ձեւով թունաւոր ծուխեր կը յառաջացնեն: Կան մարդիկ, որոնք կ՛աշխատին եւ նոյնիսկ կ՛ապրին այդ աղբանոցներուն մէջ:

 

 Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս նկարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս նկարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս թիւերը դնել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս թիւերը դնել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղեր

Կնա՞ս գտնել գլխարկին հասցնող ճամբան:

Կնա՞ս գտնել գլխարկին հասցնող ճամբան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )