ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան Երկրորդական Վարժարանի 20 Աշակերտները Կ՛այցելեն Հայրենիք

Trip-to-Armenia-to-press-2Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի բարձր դասարաններու սան 20 աշակերտներ, այս տարի եւս, առիթ պիտի ունենան հայրենիք այցելելու ու վայելելու անոր տեսարժան վայրերը, պատմական ու մշակութային շրջանները, նաեւ ըմբոշխնելու անցեալի ու ներկայի ազգային կառոյցներուն հմայքը:

Չորրորդ տարին ըլլալով, ազգային բարերար տէր եւ տիկ. Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան, օրինակելի նախաձեռնութեամբ մը, այս ծրագիրը յաջողցնելու շնորհալի դերակատարութեան մէջ կը գտնուի` ստանձնելով ամբողջ ծախսը  ուսումնապէս յաջողակ ու վարքով տիպար աշակերտներու հայրենիք այցելութեան` հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, Կրթական յանձնախումբին, համագործակցութեամբ տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին:

Ինչպէս նախորդ այցելութիւններուն պարագային, այս անգամ եւս աշակերտները առիթ պիտի ունենան այցելելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Տասնօրեայ այս այցելութիւնը (5-14 սեպտեմբեր), իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ պիտի հզօրացնէ հայրենիքի նկատմամբ սէրն ու պաշտամումքը` իր բարերար ազդեցութիւնը ձգելով անոր ներաշխարհին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )