Վերածնունդ (Էշրեֆիէի). «Մանկութիւն Իմ Քնքշագին Ես Քեզ Ինչպէ՞ս Մոռանամ»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

0909_AshrafiehՀինգշաբթի կէսօրէ ետք արձակուրդ էր: Այդ օր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին մարզիկները իրենց փորձերը կը կատարէին «Սելեմ»-ի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ անձնական մարզադաշտ չունէր, եւ շատ հաւանաբար այդ օր կը վարձէին դաշտը: Խումբով կ՛երթայինք դաշտ: Բերդապահներուն ետին դիրք բռնած` կը սպասէինք,  որ տարբեր ուղղութեամբ գացած գնդակի մը ետեւէն վազենք եւ վերադարձնենք մեր կուռքը դարձած ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն` Մասրիին, Աբոյին, Շամիին, Ճոքիին, Սարգիս Սարգիսեանին ու Բրինձեանին: Ի՜նչ մեծ պատիւ ու հրճուանք էր մօտէն տեսնել այդ հիանալի մարզիկները, որոնք ներկայ մարզիկներուն նման չէին վարձատրուեր: Իրենց ամէնօրեայ աշխատանքէն ետք, մաս կազմելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին, գրեթէ ամէն տարի Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը կը շնորհէին ՀՄԸՄ-ին: Կիրակի օրերը, երբ ֆութպոլի մրցում տեղի ունենար «Սելեմ»-ի դաշտին վրայ, ձեւը գտած էինք անվճար ներս սպրդելու, իսկ «էօ. Էն. Պէ.» պասքեթպոլի դաշտը, որ անշուշտ շատ աւելի փոքր էր «Սելեմ»-ի դաշտէն եւ` ցանկապատով շրջապատուած, անկարելի էր ձրի ներս սպրդիլ, սակայն անոր ալ ճարը գտած էինք: Կապիկներու նման ճարպիկօրէն կը մագլցէինք բարձր ցանկապատը ու հոնկէ կը դիտէինք պասքեթպոլի խաղերը:

***

«Սելեմ»-ի դաշտէն վերադառնանք մեր փոքրիկ տնակը ու տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը կահաւորեն մէկ սենեակնոց տուն մը: Դրան մուտքին` վերը, անմիջապէս աչքիդ կը զարնէ շրջանակի առնուած երկու բառով գրութիւն մը` «ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ», որ ես փոքրուց «ԶԱՆԻՐ ԶԸՔԵԶ» կը կարդայի եւ անշուշտ իմաստը չէի գիտեր: Բաւական մեծնալէս ետք է, որ հայրս սորվեցուց ճիշդ կարդալը եւ տուաւ գրաբար այդ գրութեան իմաստը` «ՃԱՆՉՑԻՐ ԻՆՔԶԻՆՔԴ»: Մուտքի ձախին` մեր տան միակ իւղանկարը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանը` աւերակ վիճակի մէջ: Իւղանկարին վարը, միակ թիկնաթոռը կամ բազկաթոռը, ես ալ չեմ գիտեր ի՞նչ անուանել, որովհետեւ չափազանց անհանգիստ էր եւ նստելուդ հազար տեսակ եղանակ կը ճռճռար, զսպանակները գրեթէ դուրս էին եւ կողերդ կը ծակծկէին: Ճիշդ դէմը` պահարան մը, որուն հայելին, որքան կը յիշեմ, ճաթած էր, եւ հայրս փորձած էր իրարու միացնել, պարզապէս որպէսզի գետին չիյնայ: Պահարանին ձախ կողմը կը գտնուէր մօրս Singer կարի մեքենան, որ նուէր ստացած էր որբանոցը ձգած ժամանակ` իբրեւ ամուսնութեան նուէր: Ամէն ամուսնացող որբուհի կը ստանար այդ նուէրը:

6 հոգինոց ընտանիքին համար ունէինք երկու մահճակալ, մէկ մասը գիշերները գետինը անկողին կը փռէինք ու կը պառկէինք:

Եղբայրս, որ տան երէց զաւակն էր, ունէր իր անձնական «սենեակը»` խոհանոցին կից: Չեմ ալ գիտեր, թէ կարելի՞ է «սենեակ» կոչել այդ տարածքը, որուն մէջ կը բաւէր շատ փոքր մահճակալ մը, եւ եղբայրս երկարահասակ ըլլալուն` ոտքերուն մէկ մասը դուրս կը մնար: Մեր տունը լեցուն էր գիրքերով ու թերթերով, սակայն տունը շատ փոքր ըլլալուն` գրադարանի տեղ  չունէինք: Հայրս կը պահէր փոքրիկ սնտուկներու մէջ, որոնք կը մնային երկու մահճակալներուն տակը: Գիրքերուն մեծամասնութիւնը «Ազդակ»-ի թերթօններու հաւաքածոներէ կազմուած էին: Երբ գիրքը ամբողջանար, կը տանէր իր բարեկամ կազմարար պարոն Յարութին ու գիրքի կը վերածէր այդ թերթօնները: «Ազդակ»-ի եւ «Այգ»-ի կողքին հայրս կը ստանար նաեւ «Մասիս» ու «Նայիրի» շաբաթաթերթերը: Քոյրս` Արսինէն, չես գիտեր` ի՛նչ պատճառով կը վախնար «Այգ»-ի ցրուիչ Չիլինկիրէն: Վստահաբար բարի մարդ մըն էր, սակայն  երբ հեռուէն լսէր Չիլինկիրի «Ա՜յգ» կանչելը,  արդէն անտեսանելի անկիւն մը գտած ու պահուըտած կ՛ըլլար:

Մեր աղքատիկ տան մէջ ունէինք նաեւ երկու երաժշտական գործիքներ` ջութակ մը եւ ձեռնադաշնակ մը: Գիրքերն ու երաժշտական գործիքները մեր տան ամէնէն արժէքաւոր առարկաներն էին: Ունէինք նաեւ փոքրիկ սեղան մը, որ կը գործածէինք թէ՛ իբրեւ ճաշասեղան, թէ՛ մեր դպրոցական դասերը սորվելու: Հակառակ մեր տան շատ փոքր ըլլալուն` Հալէպէն հիւրեր ալ կ՛ունենայինք քանի մը շաբաթ մնալու: «Տուներնիս պզտիկ է, բայց սիրտերնիս լայն է», յաճախ կը կրկնէր մայրս: Հայու տուն է վերջապէս:

* * *

«Շաս Պօ» կամ թաղի փոքրիկներու լեզուով` «Շաշպօ», ամբողջ թաղին կը պատկանէր: Օրինաւոր կերպով պետութեան քով մէկու մը անունին չէր արձանագրուած, եւ երբեմն, երբ հեռուէն կը նշմարէինք «Շունի օթօ»-ին գալը, դրացիներէն մէկը անմիջապէս կը պահէր իր տան մէջ, եւ խեղճ շունը, կարծես զգալով վտանգը, անձայն կը սպասէր` լեզուն դուրս ձգած վախէն հեւալով: «Շաս Պօ»-ն տարին անգամ մը թաղին կը «պարգեւէր» 6-8 ձագեր, որոնց ծնելէն ետք մայրն ու ձագերը թաղեցիներուն խնամքին կ՛արժանանային: Քանի մը ամիս ետք, ձագերը մեծնալէն ետք կը հեռանային թաղէն, սակայն` ոչ «Շաշպօն»: Իր ծնունդը չեմ յիշեր, սակայն երբ մահացաւ, ամբողջ թաղը սգաց իր կորուստը: Զգացինք իր պակասը, սակայն մեր թաղը չունեցաւ ուրիշ շուն մը: Մեծ տղաքը տարին հեռու ու փոս մը փորելով` թաղեցին:

Շարժապատկերի սրահ տակաւին չէինք տեսած, սակայն երբեմն արաբ մարդ մը իր «շարժուն սինեման» կռնակը առած` կու գար մեր թաղը: Քառանկիւն տուփ մըն էր, որուն չորս կողմերը փոքրիկ կլոր ծակեր կային, այդ ծակերէն կը դիտէինք «ֆիլիմ»-ը, զոր մարդը ձեռքով կը դարձնէր քանի մը վայրկեան` 5 լիբանանեան դահեկանի փոխարէն, իսկ անոնք, որոնք դրամ չկարենային ճարել, տունէն մէկ հատ արաբական հացով կը գոհանար «շարժապատկերի» տէրը:

Մեր թաղի շրջափակին մէջ գտնուող որբանոցէն բարի վարդապետ մը երբեմն մեզ հաւաքելով` կը տանէր եւ «Յիսուսի ֆիլմ»-ը ցոյց կու տար փոքրիկ պաստառի մը վրայ, որ այդ ժամանակ անխօս էր:

Տարիներ ետք, բոլոր թաղեցիներս, մեծով պզտիկով գացինք իսկական շարժապատկերի սրահ մը` դիտելու հնդկական շարժապատկեր մը: Տուն վերադարձին մեծերուն աչքերը լալէն կարմրած էին: Հայը միշտ ալ սիրած է յուզիչ պատմութիւն, յուզիչ երգ կամ երաժշտութիւն:

Կանուխ մանկութեանս շրջանին տուներէն որեւէ մէկը ելեկտրականութիւն չունէր: Կազի լապտերով կը լուսաւորէինք մեր փոքրիկ տնակները: Կերակուր եփելու համար, նոյնպէս, «կազօճախ»-ը կ’օգտագործուէր եւ չմարած, մայրս եւ մեծ քոյրս` Ալիսը, իրարու կը հարցնէին` «ուրիշ տաքցնելիք կա՞յ», որովհետեւ անգամ մը եւս օճախը վառելը բաւական երկար գործողութիւն էր: Տարին քանի մը անգամ մեր թաղը կ՛այցելէր հայ «սենկերի» մը, եւ կարգով դրացիներուն օճախներուն «գլուխները» կը մաքրէր, կամ եթէ շատ աղտոտած է, նոր «գլուխ» մը կ՛անցընէր, իսկ հնակարկատ պարոն Արամը, որ մեր դպրոցին մօտերը կը բնակէր, աւելի յաճախ կ՛այցելէր մեր թաղը` նորոգելու թաղեցիներուն կօշիկները: Մինչեւ կօշիկին նորոգուիլը` բոպիկ կը պտտէինք, փոխնորդ կօշիկ չունէինք, եւ ամէն անգամ, որ պարոն Արամ  կօշիկնիս նոր «փենչէ» մը անցընէր, նոր կօշիկ ունեցողի մը հաճոյքը կ՛ունենայինք: Մեր կօշիկները մենք կը ներկէինք ու կը փայլեցնէինք «ճիլա»-ով:

Թաղին մէջ միշտ հայրս եղած էր նորութիւններ մտցնողը: Առաջին անգամ մեր տունը օժտուած է ելեկտրականութեամբ: Նոյնպէս թաղի առաջին «Geloso» ձայնասփիւռը մեր տունէն սկսած է երգել: Թաղեցիները կը հաւաքուէին մեր տունը, որպէսզի «կարճ ալիք»-ի վրայ մտիկ ընեն Հայաստանէն երաժշտութիւն կամ լուր, սակայն իրականութեան մէջ երգէն աւելի «փարազիթ»-ի սուլոցն էր, որ կը լսուէր: Նոյնն է պարագան ելեկտրական սառնարանին կամ փուռով «պիւթակազ»-ին, որոնք առաջին անգամ մեր տան դռնէն ներս մտան, եւ որոնցմէ մեր ընտանիքին չափ օգտուեցան նաեւ դրացիները: Այդպէս էր այդ ժամանակ: Դրացին միայն դրացի չէր: Հարազատ մըն էր: Երբ դպրոցէն տուն գայինք, ու պատահէր, որ տունը մարդ չըլլար, առանց վարանելու կը մտնէինք դրացիներէն մէկուն տունը: Փաթթուած պանիր հաց մը ուտելէ ետք կը սպասէինք մեր ծնողքին վերադարձին:

Էշրեֆիէ ապրած շրջաննիս թաղեցիներէն ոչ մէկը լուացքի մեքենայ ունեցած է: Խեղճ մայրս աթոռակի մը վրայ նստած` տաշտին մէջ կը լեցնէր լուացքը ու ձեռքով անդադար շփելով կը լուար հագուստները, մինչ ջուրը կը տաքցնէր փայտ  վառելով: Լոգանք առնելու համար մասնաւոր բաղնիք չունէինք: Մեր ընդարձակ խոհանոցին մէկ անկիւնը կը գործածէինք որպէս բաղնիք շաբաթը միայն մէկ անգամ: Չեմ յիշեր` ի՛նչ առիթով, թաղին բոլոր տղայ երեխաները  մեծ տղոց հետ գացինք «Մարաշի մեծ բաղնիք»-ը: Այդ օր իսկական տօն էր կարծես: Բաղնիքը տաք էր ու ջուրը առատ: Մեր տուներուն մէջ լոգանք առած ժամանակ կը մսէինք եւ ջուրը խնայողութեամբ կը գործածէինք: Տան յաջորդ անդամը լոգանք առնելու համար պէտք էր սպասէր, որ դուրսը փայտով ջուր տաքցուի:

Դրացիները  իրենց պատրաստած անուշեղէնէն (որ շատ հազուադէպօրէն կը պատահէր) ամենամօտիկ դրացիին բաժին կը հանէին: Աման դատարկ վերադարձնելը ամօթ էր. անպայման ինքն ալ իր կարգին կտոր մը անուշ կամ պտուղով պիտի վերադարձնէր ամանը:

Տապկոցներն ու սուրճ խարկելը կը կատարուէին բացօթեայ, բակերուն մէջ, եւ հոտը կը լեցնէր ամբողջ թաղը, իսկ մայրս խարկելէն ետք սուրճը, գրեթէ միշտ հայրս էր, որ կ՛աղար ոսկեգոյն սրճաղացով:

Թաղին փոքրերս կը կազմակերպէինք հանդէսներ, թատրոն եւ երաժշտութիւն: Երկու ծառերու կը կապէինք սաւան մը, որ կը ծառայէր իբրեւ վարագոյր, եւ որ հանդիսատեսը կը բաժնէր բեմէն: Հանդիսատեսները, որոնք թաղին բնակիչներն էին, ամէն մէկը իր աթոռը շալկած` կու գար վայելելու հանդէսը: Կարճ զաւեշտ մը, երբեմն ալ երաժշտութիւն, որուն մէջ միակ բաժին ունեցողը կ՛ըլլայինք քոյրս` Արսինէն եւ ես: Քոյրս անուշ ձայն ունէր ու կը մեներգէր, իսկ ես ձեռնադաշնակի վրայ կը նուագէի միակ գիտցած եղանակս` «Գիշերն անուշ է», եւ երկուքս ալ կ՛արժանանայինք հանդիսատեսներու գնահատանքին ու «պիս»-երուն: Քրոջս երգացանկը մեծ էր, կրնար ուրիշ մը երգել, սակայն ես միայն մէկ եղանակ գիտնալով` երբեմն կը մերժէի երկրորդ մը նուագել, եւ երբ ծափահարութիւնները երկարէին, նոյն եղանակը դարձեալ կը նուագէի:

Մեր թաղը կ՛այցելէր շրջուն բժիշկ մը` տոքթոր Քանաան. կու գար հարցնելու` «հիւանդ կա՞յ»: Բոլորին կու տար նոյն կարմիր հազի դեղը, երբեմն նոյնիսկ ասեղ ալ կը զարնէր, նոյն ասեղը` առանց հականեխելու կամ եռացնելու, մէկէն միւսին, եւ մասնաւոր սակ մը չունէր, ինչ որ տային, շնորհակալութեամբ կը ստանար` դրամը նախ ճակատին դպցնելով, ու ապա համբուրելով եւ միշտ նոյն խօսքը կրկնելով, որ գոց սորված էինք` «քաթթըր խէր Ալլա», եւ որուն իմաստը առանց գիտնալու, մենք ալ կը կրկնէինք` «քաթթըր խէր Ալլա»:

Մեր թաղը տուած է երկու նշանաւոր դէմքեր:

«Հաճի մամային» տղան` «Հաճին», Յարութիւն Ալյէմեզեան, որ արհեստով ոսկերիչ էր, հրաժարականը ներկայացուց իր արհեստին ու ձեռնադրուեցաւ քահանայ: Կոչուեցաւ Տէր Շահէ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Ճիւնիի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ, որ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը կոչուեցաւ իր աւազանի անունով, «Սուրբ Յարութիւն»: Երկրորդ նշանաւոր դէմքն էր արուեստագէտ լուսանկարիչ Վարուժան Սէթեանը: Վարուժան Լիբանանի ամենանշանաւոր լուսանկարիչը եղած է երկար տարիներ: Եղած է ոչ միայն Լիբանանի, այլ համայն արաբական աշխարհի նախագահներու ու թագաւորներու պաշտօնական նկարիչը:

Երջանիկ էինք մեր թաղով, սակայն օր մը նկատեցինք, թէ մեր ծնողներուն դէմքէն ժպիտը անհետացաւ: Մեր տուներուն հողաշերտը կը պատկանէր Ժեհթաուիի կղերականին մարդասիրական կազմակերպութեան, որ մեզի վարձու տուած էր: Որոշեր էին ընդլայնել մեր քով գտնուող ծերանոցը, որբանոցն ու խենթանոցը եւ օրինաւոր նամակով մը տեղեկացուցած էին, որ պէտք է պարպենք տուները. խոստացած էին նաեւ փոքրիկ գումար մը, եւ՝ երեք ամիս պայմանաժամ տուած: Դրացիներուն խնդրանքներն ու աղաչանքները ապարդիւն անցան եւ երեք ամսուան պայմանաժամը աւարտելու մօտ էր, երբ մէկ առ մէկ դրացիները պարպեցին տուները ու գացին բնակելու տարբեր վայրեր:

Մեր վերջին օրն է: Այդ առտու քոյրս ու ես դպրոց պիտի երթանք «հին» տունէն, ու երեկոյեան դպրոցէն պիտի վերադառնանք մեր «նոր» տունը` Պուրճ Համուտի Սիս թաղամաս, ուր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ հայր Պօղոս Արիս նոր շէնքեր կառուցած էր:

Մեր փողոցը կուպրապատ չէ, եւ Ճեմարանի «փոստան» չի կրնար հասնիլ մինչեւ մեր տունը: Ամէն օր վարը, մեր տունէն բաւական հեռու «Ֆասսուհ» փողոցէն պաս կը նստինք: Քոյրս`  Արսինէն, անձայն կու լայ. ալ պիտի չվերադառնանք այդ տունը, ուր ծնած ու հասակ նետած ենք: Մեր տունէն կ՛երեւի պասին հասնիլը: Ես վազելով շնչասպառ կը հասնիմ եւ շարժավարին` պարոն Յարութիւնին կ՛ըսեմ. «Քոյրս այսօր դպրոց պիտի չերթայ»: Բարի պարոն Յարութիւն, սակայն, հեռուէն նշմարած է քրոջս տունէն ճամբայ ելլելը եւ համբերութեամբ կը սպասէ, ու մեզ կը տանի դպրոց:

Հեռուէն վերջին հայեացք մը` մեր սիրելի տան, ու ապա կ՛անհետանայ շէնքերու ետին:

Երեկոյեան պարոն Յարութիւն մեզ հասցուց Պուրճ Համուտի մեր նոր բնակարանը:

Էշրեֆիէի տունը ձգելնէս ետք, շաբաթավերջերուն կ՛այցելէինք մեր նախկին դրացիներուն: Ամէն շաբաթ ընտանիք մը պակսած կ՛ըլլար: Վերջին երթալնուս բոլոր տուները փլած ու ամբողջութեամբ  դաշտի վերածուած էր մեր թաղամասը:

Գլխիկոր վերադարձանք մեր նոր տունը` Պուրճ Համուտ:

Ես քեզ երբեք չեմ մոռացել,
Հոգեհատոր հայրենի տուն…

Սարմէն

Լոս Անճելըս, 2014                                                                                                                                      

 

(Շար. 2)

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (2)
  • Հարգելի՛ խմբագրություն և պարոն Շահմելիքեան, նախ ներողություն՝ կոմունիստական ուղղագրությանս համար: Ինձ հետաքրքրում է հայ հուշագրությունն ընդհանրապես, իսկ Ձեր այս հրապարակումը բավականին տպավորիչ հուշագրություն էր, արժեքավոր՝ իր ազգագրական տեղեկույթով: Եթե դժվար չէ, կխնդրեի, որ ասեիք, թե ո՞ր ժամանակի /թվականների/ Բեյրութի մասին է հուշը: Հարգանոք՝ Միքայէլ Հայրապետեան

  • Boghos Shahmelikian 7 years

    Յարգելի պարոն Հայրապետեան:
    Շնորհակալութիւն ձեր հետաքրքրութեան համար:
    Թուականը, 50-ականներու վերջերն է:
    Մենք Պուրճ Համուտ փոխադրուեցանք 1957-ին:
    Պօղոս Շահմելիքեան

  • Disqus ( )