ՊՐԻՍԹՈԼԻ ՄԷՋ . ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ երեկոյեան «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին վաւերացուցին քաղաքական նոր փաստաթուղթ մը, որ յաջորդ հանգրուանին պիտի դառնայ իրենց քաղաքական աշխատանքին ուղեցոյցը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի նախարարներն ու Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամները:

Նիստէն ետք երեսփոխան Մարուան Համատէ ընթերցեց քաղաքական փաստաթուղթը` շեշտելով, որ Լիբանան դէմ յանդիման կը գտնուի իսկական վտանգներու, որոնք կը սպառնան անոր գոյացութեան եւ կը նպաստեն համայնքային երկփեղկումի խորացման, ինչ որ կը դիւրացնէ Լիբանանի նկատմամբ հոգատարութիւնները` սեղմելով ժողովրդավարութեան շրջագիծը:

Փաստաթուղթին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ներքին լիբանանեան առումով զէնքի գործածութիւնը Լիբանանը դուրս կը բերէ իր ժողովրդավարական վարչակարգէն եւ միջազգային օրինականութեան հովանիէն:

Փաստաթուղթին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն իրականացման:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն քաղաքական փաստաթուղթին մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ մերժել բոլոր այն երեւոյթները, որոնք կը սպառնան լիբանանեան ազգային համերաշխութեան` պաշտպանելով լիբանանցիներուն ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով քաղաքական վարչակարգին նկատմամբ վստահութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Հարիրի կէսօրին Քըրայթեմի մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ կիրակի օր Մարտ 14-ի շարժումի վեցերորդ տարեդարձին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկին նախապատրաստական աշխատանքները:

Միւս կողմէ, Հարիրի լիբանանեան տարբեր շրջաններու միւֆթիներուն ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին ընդգծեց, որ իրաւունքին դէմ զէնքի գործածութիւնը ճիշդ չէ. ան շեշտեց նաեւ, որ երբ զէնքը ժողովուրդի մը դէմ բարձրանայ, ապա ան իր օրինականութիւնը կը կորսնցնէ:

Share this Article
CATEGORIES