50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1964)

Ներքին Կեանք

Հելու-Հաֆեզ Հանդիպումներու Շարք

Մամլոյ գործակալութեանց համաձայն, սկզբունքային համաձայնութիւն մը գոյացած է Աղեքսանդրիոյ մէջ նախագահ Հելուի եւ զօրավար Ամին Հաֆեզի միջեւ, որպէսզի երկու պետական մարդիկը գումարեն շարք մը ժողովներ` լուծելու համար Լիբանան եւ սուրիական առկախ խնդիրները: Այս հանդիպումներուն առաջինը կրնայ տեղի ունենալ նոյեմբեր 15-ին:

Քամալ Ճոմպլաթ Արտօնութիւն Ստացաւ
Շինելու Սիմենթի Իր Գործարանը

Նախարարաց խորհուրդը իր վերջին նիստին արտօնութիւն տուաւ Քամալ Ճոմպլաթին` Լեռնալիբանանի հարաւը գտնուող Սիպլին գիւղին մէջ շինելու սիմենթի գործարան մը: Շուֆի երեսփոխանը ընդարձակ հողեր ունի այդ շրջանին մէջ:

Այս արտօնագիրը կը տրուի, պայմանաւ որ նոր հիմնարկին տարեկան վաճառքը տեղական շուկային մէջ 120,000 թոնը չանցնի: Արտածումի համար որեւէ սահմանափակում չկայ:

Վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի Աղեքսանդրիա մեկնելէ առաջ իր սկզբունքային համաձայնութիւնը տուած էր այս արտօնագրին համար:

Սիմենթի գործարաններու շինութեան բազմաթիւ այլ խնդրագիրներ կը գտնուին նախարարաց խորհուրդի սեղանին վրայ: Անոնցմէ մէկը միայն աւելի առաջ ներկայացուած է, քան` Ճոմպլաթին խնդրագիրը, բայց կու գայ սէուտացիէ մը:

Խնձոր Արտադրողներու Բողոքի Այցը

Շուֆի երկրագործները առջի օր կազմակերպեցին ցոյց մը Պուրճի հրապարակին վրայ` բողոքելու համար «բռնատիրութեանը» դէմ շուկայի վաճառականներուն, որոնք իրենց խնձորը գնելու համար անընդունելի պայմաններ կը դնեն: Արտադրողները, որոնք իրենց խնձորը կրնան ծախել միայն մեծաքանակի վաճառականներուն միջոցով, կը ստիպուին քիլոն 16 լ. դահեկանի տալ, երբ խնձորի իւրաքանչիւր քիլոն 22 լ. դահեկան կ՛արժէ իրենց:

Բողոքելու համար այս վիճակին դէմ` ցուցարարները իրենց խնձորը փողոց թափեցին:

Ամբողջ Պէյրութը Ֆլիւորեսանով Պիտի Լուսաւորուի

Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբը իր վերջին ժողովին որոշեց մայրաքաղաքի բոլոր թաղերը ֆլիւորեսան լոյսերով լուսաւորել: Այժմէն իսկ փայտէ հին սիւները կը վերցուին արեւմտեան թաղերուն մէջ` փոխարինուելու համար երկաթէ ծռած սիւներով, որոնց միջոցով ամբողջ փողոցը կը լուսաւորուի լայնքին:

Այս նպատակին համար կազմուեցաւ թեքնիք յանձնախումբ մը, որուն խորհրդական նշանակուեցաւ Պատիհ Լահուտ` իբրեւ մասնագէտ ելեկտրականութեան եւ լուսաւորութեան հարցերու:

Միւս կողմէ, Պէյրութի քաղաքապետը ինքնավար գրասենեակներէն պահանջեց փութացնել իրենց աշխատանքը մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ:

Երէկ Գիշեր Անձրեւեց Պէյրութի Մէջ

Սեպտեմբերի առաջին անձրեւը երէկ գիշեր տեղաց Պէյրութի մէջ` փողոցները մաքրելով եւ օդը քիչ մը զովացնելով: Այսօրուան համար օդաչափը կը նախատեսէ գեղեցիկ օդ եւ քիչ մը ամպոտ երկինք:

  • ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆՆԵՐԸ կը պահանջեն, որ հեռաձայնի հաշուեցոյցերը տուները գանձուին:
  • ՎԱՏԱՏ Մոհամետ Հիւսէյն անունով 23 տարեկան կին մը անձնասպան եղաւ երէկ:
  • ՍԻՊԼԻՆԻ սիմենթի գործարանը պիտի արժէ 12 միլիոն լ. ոսկի եւ պիտի աշխատցնէ 800 հոգի:

 

Նուագահանդէս Շթորայի Աղբալեան Վարժարանին Մէջ

Քեմանչիստ Ռուբէնի քեմանչան ժառանգական է եւ ունի 150 տարուան պատմութիւն մը:

Ռուբէնին մեծ հայրը Յանամ Նաւասի եղած է անուանի աշուղ եւ քեմանչիստ:

1913-ին, Թիֆլիսի մէջ Սայաթ Նովայի 200-ամեակին կազմակերպուած հանդէսին, մասնակցութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Ն. Աղբալեանին, Ռուբէն նուագած է եւ` գնահատուած: Սայաթ Նովայի 250-ամեակին տեղի ունեցած հանդէսներուն Ռուբէն նուագած է շատ մը երկիրներու քաղաքներուն մէջ եւ դարձեալ գնահատուած, թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ օտարներէն եւ դարձեալ հրաւէր ստացած արտասահմանի հայերէն եւ Եւրոպայէն: Ռուբէն 55 տարիներէ ի վեր կը նուագէ: Ռուբէն անցեալ տարի, հոս «Կազդուրման կայան»-ի փոքրիկներուն նուագեց առանց նիւթական ակնկալութեան եւ խոստացաւ յարմար առիթով նուագել նաեւ ի նպաստ «Աղբալեան» վարժարանին: Խոստումը յարգեց սեպտեմբեր 6, կիրակի օր, եւ Սայաթ Նովայի նուիրուած այս հանդէսին նուագեց ինը երգեր` «Անուշ» օփերայէն, «Հովիւին սրինգ»-ը, «Քեռիին երգը», «Կռունկ»-ը եւ հանդէսի վերջաւորութեան` Կոմիտասի «Հայաստան»-ը:

Մէկ ու կէս ժամ տեւող հանդէսին տիրեց կատարեալ լռութիւն եւ կարգապահութիւն: Հանդէսին ներկայ էր նաեւ ասմունքի վարպետ եւ հայ հոգիին խօսող Յակոբ Կիւլոյեան: Իր անակնկալ ներկայութիւնը եղաւ ուրախալի եւ խրախուսիչ:

Տրուեցաւ Սայաթ Նովայի կեանքին եւ գործունէութեան ամփոփ եւ հակիրճ պատմութիւնը: Պէտք է գնահատուի Ռուբէնի 55 տարուան գործունէութիւնը:

Արդեօք կա՞յ տարագիր հայութեան սրտին խօսող որեւէ գործիք, քան` Սայաթ Նովայի քեմանչան:

Ռուբէն չորեքշաբթի օր կը մեկնի Լիբանանէն, սաւառնակով, Միլանօ, հոնկէ ալ` Ֆրանսա եւ Անգլիա: Բարի ճանապարհ իրեն:

Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ

1964 սեպտեմբեր 7 
Շթորա

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )