Բացում Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-Ամեակի Ձեռնարկներուն. «Մուսա Լերան Բարբառին Եւ Բառարանին» Նուիրուած Երեկոյ

0910_barbar1Երէկ` չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, ընթացք առին Մուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի տօնակատարութիւնները`«Մուսա լերան բարբառին եւ բառարանին»  նուիրուած յատուկ ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ:

0910_barbar40910_barbar2Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան, որ Մուսա լերան բարբառով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ խօսելէ ետք Մուսա լերան գիւղերուն ու բարբառին մասին, ըսաւ, թէ «այս բարբառը պահելու եւ պահպանելու համար պէտք է քաջալերենք նոր սերունդին սորվիլ եւ գործածել զայն»:

Բացման խօսքին յաջորդեց Պետրոս Հերեանի «Կեաւուրի Լակոտ» քերթուածի ասմունքը` կատարողութեամբ Արտակ Կէօքճեանի:

Թամար Հերկելեան-Թասլաքեան ներկայացուց Թովմաս Հապէշեանի «Վըրքը վիրիվ իլվիրցու» արձակ գրութիւնը` Մուսա լերան բարբառով:

Վարանդ Տումանեան ներկայացուց Յակոբ Բամպակեանի «Ան վախըտը պաս» քերթուածը` դարձեալ Մուսա լերան բարբառով:

Եսայի Հաւաթեան Մուսա լերան բարբառով խօսք արտասանեց անդրադառնալով Մուսա լերան բարբառին, անոր առանձնայատկութիւններուն, անոր մասին լոյս տեսած տարբեր հեղինակներու գործերուն:

Ան մասնաւորաբար ներկայացուց այս բարբառին մասին ցարդ հրատարակուած բառարանները եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Յակոբ Փամպուքեանի հեղինակած եւ հրատարակութեան պատրաստ նոր բառարանին, որ կը պարունակէ աւելի քան 10 հազար բառ:

Այս աշխատանքը երկար տարիներու իրագործում է եւ կոչուած է ըլլալու ամէնէն ծաւալուն բառարանը, որ նուիրուած է Մուսա լերան գաւառաբարբառին:

Ան բարձր գնահատեց Յակոբ Փամպուքեանի այս աշխատանքը, որ լոյս պիտի տեսնէ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով, հեղինակին որդւոյն` Հրաչ Փամպուքեանի մեկենասութեամբ:

Այս խօսքէն ետք Մուսա լերան բարբառով 2 երգեր կատարեց Սեւան Հաճեան-Մեթլեան:

0910_barbarԱպա տեղի ունեցաւ բառարանի առաջին ձեռագիր օրինակին շնորհահանդէսը , գիւղի հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ:

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց բառարանի հեղինակ բանաստեղծ Յակոբ Փամպուքեան, որ Մուսա լերան բարբառով ողջունելէ ետք ներկաները, կոչ ուղղեց ներկաներուն գուրգուրալու Մուսա լերան բարբառին վրայ եւ ճիգ թափելու, որ նոր սերունդը շարունակէ խօսիլ այս իւրայատուկ, քաղցր եւ քաջ լեզուով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն` մաղթելով, որ Մուսա լերան բարբառը ապրի յաւիտեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )