Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Ժերար Աւետիսեանի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

IMG_4257Երէկ` չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժերար Աւետիսեանի «Նախնիներուն ստուերով» նիւթով խառն թեքնիք, աքրելիք եւ կտաւ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ նշեց, թէ Ժերար Աւետիսեան մեծ ներդրում ունեցած է լիբանանեան մշակոյթին եւ յատկապէս թատրոնի ու ֆիլմարուեստի զարգացման գործին մէջ: Տէրտէրեան աւելցուց, որ Աւետիսեանի ժամանակակից արուեստի գործերուն մէջ, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, կայ յատուկ պատգամ մեզի` հայութեան, հայութեան բարեկամներուն եւ թշնամիին:

Աւետիսեան իր ստեղծագործութիւններով կը պատգամէ, որ հայութիւնը կառչած մնայ հայկական գրաւեալ բոլոր տարածքներուն, անոնց հայկականութիւնը անգամ մը եւս օտարին ներկայացնելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ յատուկ պատասխան մը կու տայ թշնամիին, որ ժամանակը ո՛չ մէկ ատեն կրնայ փոշիապատել եւ մոռացութեան մատնել հայապատկան այդ բոլոր շրջաններուն պատմութիւնը, կենցաղն ու սովորութիւնները, եւ հայութիւնը կը մնայ իրաւատէրը այդ բոլոր տարածքներուն:

Իր արտասանած խօսքին աւարտին Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աւետիսեանի աշխատանքին եւ յաջողութիւն ու բեղուն գործունէութիւն մաղթեց անոր:

Նուհատ Եունես

Նուհատ Եունես

Ժերար Աւետիսեան

Ժերար Աւետիսեան

Ապա խօսք առաւ ցուցահանդէսի հովանաւոր, Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժիի ներկայացուցիչ Նուհատ Եունես: Ան հաստատեց, որ այս օրերուն մշակոյթն է, որ խաղաղութիւն եւ յոյս կը սփռէ եւ ան է, որ աշխուժութիւն կը պարգեւէ մեր կեանքին: Ան մաղթեց, որ այս մթնոլորտը դառնայ համակող ամէնուրեք: Եունէս յայտնեց, որ Ժերար Աւետիսեան իր արուեստին ճամբով կերտած անհատականութիւնները կը վերածէ կեանքով եւ գոյներով լեցուն գեղեցիկ տիպարներու: Ան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր ստեղծած տիպարները հարազատօրէն ներկայացնելու: Ճիշդ է, որ անոր գործերը հայութեան ապրած ցեղասպանութեան եւ տառապանքին ներշնչումով կը ներկայացուին, սակայն միաժամանակ ան իր արուեստին ճամբով հայութեան ապագայի յոյսը եւ ապրելու կամքը կ՛արտացոլէ:

Աւետիսեան իր արուեստով կը պատգամէ, որ ինչ ալ պատահի, մարդկային կեանքին մէջ ապրելու հաճոյքը կը մնայ գերակշռող:

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց արուեստագէտը` հաստատելով, որ իր արուեստին ճամբով կ՛ուզէ բոլորս հեռու պահել տխրութենէ եւ կ՛ուզէ սփռել ուրախութիւն եւ երջանկութիւն ամէնուրեք: Այս եղած է իր կեանքի ու արուեստի ըմբռնումը եւ դարձած իր ստեղծագործելու մղիչ ուժը:

Յայտնենք, որ Աւետիսեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ 28 արուեստի գործեր:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )