«Լիբանանը Սադրանքներու Հուրէն Կարելի Է Փրկել` Սուրիոյ Հրդեհէն Հեռու Մնալով» Շեշտեց Մուսթաքպալ Պլոքը

Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն պահ մը

Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն պահ մը

Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց բոլորին սադրանքներուն ծուղակը չիյնալու եւ կառչած մնալու լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու այդ միասնականութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ բանակայիններ Ալի Սէյիտի եւ Ապպաս Մըտլեժի գլխատումը պէտք է ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու ազդակ մը եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումի սերմեր ցանելու առիթ մը:

Պլոքը քննադատեց նաեւ ճամբաները փակելու եւ խուլիկանութիւններ գործելու քայլերը` հաստատելով, որ անիկա միայն քանդումի եւ ներքին սպառումի կրնայ ծառայել:

Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մը համաձայն ընդգծուեցաւ, որ լիբանանցի ժողովուրդը ամբողջութեամբ թիրախ է` աւելցնելով, որ ազգային միասնականութիւնն ու բանակին ու ապահովական ուժերուն կառչածութիւնը վտանգներուն դիմադրելու ամէնէն խաղաղ ճամբան է:

Պլոքը մաղթեց, որ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու Լիբանանի կառավարութեան ջանքերը կը ստանան քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակազմել նաեւ երկրին իշխանութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ, պլոքը ցաւ յայտնեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած նախաձեռնութեան առնչութեամբ արձանագրուած ժխտական մօտեցումներուն եւ պատասխաններուն համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )