ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուիլիըմզ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ վարչապետին հետ հանդիպումը նկատեց շինիչ եւ օգտակար:

Ան դիտել տուաւ, որ Միքաթի ներկայացուցած է Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով ի գործ դրած իր ջանքերը` աւելցնելով, որ ինք ՄԱԿ-ի անունով յաջողութիւն մաղթած է Միքաթիին` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան ծնունդը կը յայտարարուի մօտիկ ապագային, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ստանձնել միջազգային իր յանձնառութիւնները:

Ուիլիըմզ նկատել տուաւ նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստերը` աւելցնելով, որ իր կարծիքով այդ մէկը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի գլխաւորութեամբ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը եղած է: Ան մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը շարունակուի` նկատել տալով երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան առումով վերջնական որոշումի մը յանգելու կարեւորութիւնը:

Ուիլիըմզ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հրապարակած թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայուն իրավիճակը: Ան նշեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին ինք պիտի ուղղուի Նիւ Եորք` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը տեղեակ պահելու համար թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ Լիբանանի կացութեան մասին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ռանտա Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ իրենք միութեան անունով յաջողութիւն մաղթած են վարչապետին եւ անոր յանձնած պահանջագիր մը, որուն մէջ ներկայացուած են Կիներու ազգային խորհուրդին պահանջները` Լիբանանի մէջ կիներուն ընկերային կացութիւնը բարելաւելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES