Այնճարցի Երիտասարդ Արուեստագէտներու Ցուցահանդէս

0911_manjՄուսա լերան հերոսամարտի 99-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այնճարցի երիտասարդ արուեստագէտներու ցուցահանդէսը`  հովանաւորութեամբ զօր. Փանոս Մանճեանի:

Ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինը եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբը:

Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Այնճարի երիտասարդ արուեստագէտներէն Րաֆֆի Անտոնեան, Գօգօ Կարապետ Սգայեան, Նանօր Հաճեան, Մեղեդի Կ.Մ. (Կարինէ Շաննագեան), Կարպիս Քենտիրճեան, Պետիկ Տուտաքլեան եւ Վարդան Գապաքեան:

Գիւղի հոգեւոր պետերը, ցուցահանդէսի հովանաւոր զօր. Փանոս Մանճեան եւ 7 արուեստագէտները կտրելով ժապաւէնը բացումը կատարեցին ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Լագիսեան, որ գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտներուն գործերը, որոնք կը ներկայացնեն արուեստի տարբեր ոճեր: Ան մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Փանոս Մանճեանին` ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար: Ան յայտնեց նաեւ, որ այս գործերը վաճառքի դրուած են, եւ հրատարակուած է փոքր պրոշիւր մը` 7 արուեստագէտներուն մասին:

Ռիթա Լագիսեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց զօր. Մանճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր սրտին խօսքը:

Զօր. Մանճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ թերեւս շատերուն զարմանալի կը թուի, որ զինուորական պատասխանատու մը կը հովանաւորէ արուեստի ցուցահանդէս մը, բայց ան ներկաներուն յիշեցուց, թէ իր մասնագիտութիւնն է կռիւի արուեստը, իսկ գեղանկարիչներուն մասնագիտութիւնը արուեստի կռիւն է:

Ան իր խօսքը ուղղելով արուեստագէտներուն ըսաւ. «Դուք ունիք երկու պայքար` առաջինը ձեր արուեստի անձնական կռիւն է, որ կը մղէք յաջողութիւն ձեռք բերելու համար, մանաւանդ կեանքի դժուար եւ նեղ օրերուն, երբ շատերուն մտահոգութիւնը կրնայ վրիպիլ արուեստէն` դէպի կեանքի առօրեայ եւ հրատապ հարցերը: Իսկ ձեր երկրորդ պայքարը, որ կը փորձէք յաջողցնել` մեր ժողովուրդի եւ ազգի յարատեւութեան պայքարն է:

Ան նշեց. «Ժողովուրդ մը միայն զէնքի ուժով չէ, որ կը յարատեւէ: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր պարտականութիւնը: Եթէ գումարենք յաջող աշակերտ, յաջող ուսուցիչ, յաջող պարտիզպան, յաջող արհեստաւոր, յաջող վաճառական, եւ ի վերջոյ յաջող արուեստագէտ, ապա կ՛ունենանք յաջող ժողովուրդ»:

Ձեռնարկի աւարտին 7 արուեստագէտները եւ հովանաւոր զօրավարը ծաղկեփունջեր ստացան կազմակերպիչ յանձնախումբերուն կողմէ:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2014:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )