Լը Մոնտ. Պէտք Է Վերջ Դնել Ազրպէյճանի Մէջ Իլհամ Ալիեւի Վարչակարգին

0917_le_mondeՖրանսական «Լը Մոնտ» հեղինակաւոր թերթին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը, որ բաղդատութիւններ կատարած է «Իսլամական պետութեան» եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին միջեւ: «Պէտք է վերջ տալ Ալիեւի վարչակարգին» խորագիրով յօդուածի հեղինակները բաղդատութիւններ կատարած են յատկապէս Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ գերեվարուած եւ դաժանաբար սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի պարագային ու «Իսլամական պետութեան» կողմէ գլխատուած ամերիկացի լրագրող Ճէյմզ Ֆոլիի պարագային միջեւ:

Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ 19 մարտ 2013-ին Փարիզի մէջ ստեղծուած Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի անդամներ Արլեթ Կրոքոսթ (Ժողովրդային շարժումի համար միութիւն), Ֆրանսուա Փուփոնի (Ընկերվարական կուսակցութիւն) եւ Ֆրանսուա Ռոշպլուան (Ժողովրդավարներու եւ անկախներու միութիւն) ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ վերջերս լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ գրած են. «ՏԱՀԵՇ»-ի կողմէ ամերիկացի լրագրող Ճէյմզ Ֆոլիի գլխատումը արդարօրէն միջազգային դատապարտում մը յառաջացուց: Ատկէ քանի մը օր առաջ եւս նոյնպիսի մահապատիժ մը գործադրուեցաւ: Այդ զոհը եւս քաղաքային մըն էր: Այդ զոհին դահիճները ոչ մէկ արդարացում ունին, նոյնիսկ եթէ զայն նկատած են թշնամի-քարոզիչ: Ճիշդ է, որ զինք բռնած են ճինզ եւ մարզական կօշիկներ հագած վիճակի մէջ, սակայն մահապատԻժէն առաջ զինուորական հագուստ հագցուցած էին, որպէսզի զայն ներկայացնեն իբրեւ թշնամի գաղտնի սպասարկութեանց գործակալ: Բարբարոսութեան մէկ այլ զոհ մըն էր Կարէն Պետրոսեանը: Ան հայ գիւղացի մըն էր, սակայն առանց ձեւականութիւններու սպաննուեցաւ ազրպէյճանցի բանակայիններու կողմէ: Անոր առեւանգման հանգամանքները տակաւին յստակ չեն եւ հնարաւոր է, որ առեւանգուած է Հայաստանի տարածքէն: Այս դէպքը ազրպէյճանական, հայկական եւ ղարաբաղեան զինեալ ուժերու միջեւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանէն բաժնող սահմանագիծին վրայ բազմաթիւ բախումներու գագաթնակէտն էր:

Պաքուի վարչակարգին կողմէ հրահրուող քայլերու ակնյայտ նպատակը Ալիեւի եւ Սարգսեանի` Սոչիի հերթական բանակցային փուլին մէջ միւս կողմի վրայ ճնշում գործադրելն էր: Բախումներուն իբրեւ հետեւանք` երկու կողմէն շուրջ 30 մարդ սպաննուեցաւ:

Արձագանգելով Ճէյմզ Ֆոլիի սպանութեան` Միացեալ Նահագներու նախագահ Օպամա յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ քաղցկեղ մըն է, որ 21-րդ դարուն մէջ տեղ չունի»: Ի հակադրութիւն ասոր, որոշ անվախ դիւանագէտներ հաւանաբար կը կարծեն, որ հայերով բնակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է վերադառնայ Ազրպէյճանի հովանիին տակ, ուրկէ ան ազատած է 20 տարի առաջ ապագաղութատիրական պատերազմի իբրեւ արդիւնք: Ասիկա ոչ մէկ ձեւ կրնայ ընթացիկ բանակցութիւններու առարկայ դառնալ: Բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ` կարելի չէ Ղարաբաղի նման ժողովրդավարական երկրէ մը պահանջել վերադառնալ Ազրպէյճանի նման բռնատիրական պետութեան գիրկը, յատկապէս երբ վերջինիս նախագահը կը յայտարարէ, որ հայերը ուր ալ ապրին, իր երկրին թշնամիներն են:

Le-Monde_Garen-Bedrossian1Ալիեւի վարչակարգը իրապէս, մոլորակի ամէնէն ճնշող վարչակարգերէն է: «Էմնըսթի ինթերնեշընըլ», «Հիումըն Ռայց Ուոչ» եւ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւններու կողմէ պարբերաբար դատապարտուած ազրպէյճանական վարչակարգը իր սեփական քաղաքացիներու` նոյնիսկ ազգութեամբ ազրպէյճանցիներու համար սպառնալիք է, որուն մասին կը վկայեն Լէյլա եւ Արիֆ Էունուսներու եւ Ռասուլ Միրքատիրովի կամայական կալանաւորումները: Այդ պայմաններուն մէջ դժուար չէ պատկերացնել այն ճակատագիրը, որ կը սպասէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն. ճակատագիր մը, որ ապրեցան, երբ 1990-ական թուականներուն ազրպէյճանական վարչակարգին կողմէ կազմակերպուած ջարդերը զիրենք մղեցին իրենց սեփական անկախ պետութիւնը ստեղծելու:

Այն, ինչ որ յստակ է, եւ մենք կը ցաւինք անոր համար, այն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ներկայ բանակցութիւնները հաւանաբար դատապարտուած են տապալման: Մէկ կողմէ որովհետեւ այս բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան գլխաւոր խնդրոյ առարկային` Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն եւ անոնց կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներու բացակայութեան: Միւս կողմէ` ոչ ճկուն դիրքորոշման պատճառով Իլհամ Ալիեւի, որ մտադիր է վերադառնալ ստալինեան իշխանութեան հաստատած գաղութատիրական սահմաններուն` հակառակ իր երկրին կողմէ սկիզբ առած ու պարտութեամբ աւարտած պատերազմին եւ իր անընդունելի վերաբերմունքին, որուն մասին անգամ մը եւս կը վկայէ Կարէն Պետրոսեանին սպանութիւնը: Այդ սպանութիւնը ռազմական յանցագործութիւն է, եւ ուրմեն, Իլհամ Ալիեւը միջազգային դատարանի առջեւ կանգնեցնելը արդարացի է»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )