ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Ապտալլա Բ. թագաւոր

Յորդանանի իսլամական ընդդիմութիւնը կը մերժէ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել, եթէ բարեփոխման իր պահանջները նկատի չառնուին:

Իսլամական աշխատանքի ճակատը կը յայտնէ, որ Յորդանանի վարչապետ Մարուֆ Պախիթ կ՛ականահարէ վարչապետը ժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրելու կոչերը: Ներկայիս վարչապետը կը նշանակուի Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ:

Արաբական այլ երկիրներու նման Յորդանան եւս թատերաբեմ դարձած է քաղաքական բարեփոխումներ պահանջող ցոյցերու, սակայն ցուցարարները թագաւորութեան չեն սպառնար, այլ` թագաւորին կոչ կ՛ուղղեն իր լիազօրութիւններուն մէկ մասէն հրաժարելու: Ապտալլա թագաւոր քաղաքական կուսակցութեան կոչ ուղղած է հանդիպում ունենալու եւ բարեփոխման առաջարկներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Իսլամական աշխատանքի ճակատի բանբեր Զաքի Պանի Էրշիտ երէկ Ապտալլա թագաւորին կոչ ուղղեց երկխօսութիւնը անձնապէս ղեկավարելու:

Իսլամական աշխատանքի ճակատը Յորդանանի ընդդիմադիր մեծագոյն կուսակցութիւնն է եւ կապեր ունի Իսլամ եղբայրներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES