ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ ԵՒ Կ՛ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Միքաթի կը նախագահէ կառավարութեան նիստին

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին շարունակուեցան Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներուն նշանակումները, որոնց շարքին զօր. Ապպաս Իպրահիմ նշանակուեցաւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն եւ զօր. Ռեմոն Խաթթար նշանակուեցաւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ընդհանուր տնօրէն:

Այս երկու նշանակումները կատարուեցան համախոհութեամբ:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 45 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն մեծ մասը վաւերացուեցաւ:

Կառավարութիւնը վերակազմեց լիբանանեան-սուրիական սահմանային հարցերու յատուկ յանձնախումբը, զոր գլխաւորեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, իսկ յանձնախումբին մաս կազմեց նաեւ նոր նշանակուած նախարար Մարուան Խէյրէտտին:

Նոր նշանակուած նախարար Մարուան Խէյրէտտին

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին նոյնպէս մասնակցեցաւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին` պաշտօնապէս ստանձնելով հրաժարեալ նախարար Թալալ Արսլանի պաշտօնը:

Հարկ է աւելցնել, որ երէկ կէսօրին հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ Խէյրէտտին նշանակուեցաւ նախարար:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի կառավարութեան ներկայացուց անցեալ շաբաթավերջին հարաւային Լիբանան կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` շեշտելով, որ անիկա կարեւոր այցելութիւն մըն էր` ընդգծելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած սկզբունքները, ինչպէս նաեւ առաջնահերթութիւն ընծայելու լիբանանցիներուն կարիքներուն:

Միքաթի աւելցուց, որ նշանակումները լիբանանեան այս կամ այն քաղաքական ուժին համար նուաճում պէտք չէ նկատուին, այլ` ամբողջ երկրին պատկանող նուաճում մը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինը, որ կը գլխաւորէր Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Նասրէտտին յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի շեշտած է, որ հարաւային Լիբանան իր այցելութիւնը հիմնական երեք նպատակ կը հետապնդէր: «Այդ նպատակներն են` լիբանանեան բանակին զօրակցութիւն, միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան յանձնառութիւն եւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներէն պահանջ, որպէսզի անոնք շարունակեն կատարել իրենց խոստումները», ընդգծեց Նասրէտտին:

Ան նշեց, որ վարչապետ Միքաթի հաստատած է, որ կառավարութիւնը կը պատրաստուի մշակելու օրինագիծ մը, որ կը վերաբերի Լիբանանի ծովային սահմաններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն հարցերուն, որոնք կապուած են այս թղթածրարին:

Նասրէտտին նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ուղղուած ազգային երկխօսութեան կոչին առնչութեամբ, Միքաթի յայտնած է, որ լիբանանեան քաղաքական այս սուր երկփեղկումին միակ լուծումը երկխօսութիւնն է: «Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է մասնակցին ազգային երկխօսութեան, որովհետեւ երկխօսութեան մերժումը այլ տեղեր կրնայ առաջնորդել: Իսկ ակնարկելով Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան` Միքաթի շեշտեց, որ անոր հասնելու համար պէտք է հիմնուիլ ինքզինք պաշտպանելու կարողութիւնը ունեցող հզօր Լիբանանի մը տարազին վրայ», ըսաւ Նասրէտտին:

Նասրէտտին նաեւ նկատել տուաւ, որ Միքաթի երբեք պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի անկախութիւնը, էութիւնն ու գերիշխանութիւնը հարուածի ենթարկուին` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի արաբական ոչ մէկ շրջապտոյտի պիտի ձեռնարկէ` նախքան Լիբանանի առաջնահերթ թղթածրարներուն լուծումը:

Միքաթի ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մոքպելը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան նիստին քննարկուելիք օրակարգին վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նամակ մը ստացաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ֆրանսուա Ֆիոնէն, որ զինք շնորհաւորեց կառավարութեան կազմութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց կառավարութեան աշխատանքներուն:

Ֆիոն վերահաստատեց լիբանանեան-ֆրանսական պատմական եւ հեզասահ յարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով նաեւ, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի բազմազանութիւնը եւ լիբանանեան երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիգ չխնայել` յանգելու համար լիբանանեան համախոհութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնել ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան, միասնականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման:

Ֆիոն կոչ ուղղեց ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Իր հեռագիրին մէջ Ֆրանսայի վարչապետը Փարիզի անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան` անոր դիմագրաւելիք ներքին, շրջանային թէ միջազգային մարտահրաւէրներուն դիմաց:

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.»Ի ՀԵՏ

Վարչապետ Միքաթի «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ ստանձնած իր բոլոր պարտականութիւններուն:

Ան յայտնեց, որ եթէ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ նշուած ամբաստանեալները Լիբանանի մէջ են, ապա զանոնք պիտի յանձնէ Միջազգային դատարանին, միւս կողմէ սակայն, վարչապետը մերժեց բոլոր այն դատապարտումները, թէ Հըզպալլա կը խոչընդոտէ Միջազգային դատական ատեանին հետ կառավարութեան գործակցութիւնը:

«Մենք նախանձախնդիր կը մնանք Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցութեան եւ ոչ մէկ ձեւով կրնանք ջնջել այդ ատեանը», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետը նաեւ շեշտեց, որ իրեն համար Լիբանանի կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է` ընդունելով միաժամանակ, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական ներկայ տագնապը կը վնասէ Լիբանանին:

Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը շարունակելու հարցին` Միքաթի նշեց, որ անիկա մաս կը կազմէ Միջազգային դատարանի փրոթոգոլին եւ բնականաբար այդ փրոթոգոլին կիրարկումը պիտի շարունակուի:

Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրներուն մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը այդ ամբաստանագիրները հանդարտութեամբ ընդունեց` աւելցնելով, որ պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս պիտի վարուի այդ ամբաստանագիրներուն հետ:

Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը 15 օրէ ի վեր կը փորձէ ամբաստանեալները ձերբակալել, սակայն առանց քարոզչութեան եւ աղմուկի: «Մենք կը փորձենք գիտնալ, թէ ամբաստանեալները Լիբանանի մէ՞ջ են, եւ այս պարտականութիւնը ստանձնած բոլոր սպաներն ու պատասխանատուները իրենց պարտականութիւնները լիովին կը կատարեն եւ ես միշտ զեկուցումներ ու տեղեկագիրներ կը ստանամ անոնցմէ», շեշտեց վարչապետը:

 

Share this Article
CATEGORIES