Ի՞նչ Գիտենք Մեր Յիշողութեան Մասին. Ո՞ւր Կը Գտնուի Յիշողութիւնը Մեր Ուղեղին Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յիշողութիւնը կը գտնուի ուղեղին հիփոքամփ կոչուած շրջանին մէջ: Ան զետեղուած է ուղեղին մէկ կողմը` քունքերուն տակ: Ան ունի ձիաձուկի ձեւ:
Գիտնականները կրցած են ճշդել այդ շրջանը, ուր կը գտնուի յիշողութիւնը` ուսումնասիրելով հիւանդ անձերու ուղեղը. անոնց յիշողութիւնը այլեւս չէր գործեր: Նկարները ցոյց տուած են, թէ հիփոքամփն էր, որ փճացած էր յիշողութեան վերաբերող հիւանդութեան պարագային: Սակայն յիշատակները կազմելու համար, ուղեղէն բազմաթիւ շրջաններ միասին կ՛աշխատին:
Ինչպէ՞ս Ուղեղը Կը Դասէ
Յիշատակները
Հիփոքամփին մէջ է, որ կը հասնին մեր հինգ զգայարաններուն հայթայթած բոլոր տեղեկութիւնները: Հիփոքամփը զանոնք կը զտէ եւ կ՛ուղարկէ դէպի ուղեղին այս բաժինները, որոնք անոնց իմաստ պիտի տան եւ զանոնք պիտի շարեն իրենց ճիշդ տեղը:
Ինչո՞ւ Յիշողութիւնը Չի Պահեր
Բոլոր Յիշատակները
Տեղեկութիւններ անդադար կը հասնին ուղեղին: Մենք չենք կրնար բոլոր այդ տեղեկութիւնները պահել: Յիշողութիւնը նոյն ժամանակ կը նշանակէ մոռացում, կարգ մը տեղեկութիւններ մէկ կողմ դնելու ընտրութիւնը: Նոյն ժամանակը, յիշողութիւնը կը ղեկավարուի ըստ մեզ հետաքրքրող կամ օգտակար մանրամասնութիւններու, մեր սորվելու կամ չսորվելու փափաքին…
Փոքրերուն Ուղեղը Տարբե՞ր Է
Չափահասներու Ուղեղէն
Փոքրերուն եւ չափահասներուն ուղեղին բաղադրութիւնները տարբեր են, որովհետեւ անոնք տարբեր բառերով կը հետաքրքրուին: Ասոր կողքին, մանկութեան ժամանակ յիշատակներու յիշողութիւնը տակաւին չէ կազմուած: Կարելի է յիշել դէպք մը, սակայն ոչ թէ այն, որ երբ եւ ուր տեղի ունեցած է անիկա: Այս ձեւով, մենք մեր մանկութենէն շատ քիչ յիշատակներ կ՛ունենանք:
Յիշողութիւնը Կը Փոխո՞ւի,
Երբ Մենք Կը Մեծնանք
4-էն 12 տարեկանի միջեւ յիշողութիւնը կը կազմուի, սակայն ան նուազ ճշգրիտ կ՛ըլլայ չափահասի ուղեղէն: Ուղեղին կառուցուածքը կը փոխուի երբ մենք կը մեծնանք, եւ յիշողութեան ցանցերը կը հաստատուին: Ամէն ինչ կը զարգանայ մինչեւ պատանեկութիւն:
Կարելի՞ Է Բարելաւել Յիշողութիւնը
Յիշողութիւնը չարաչար չգործածելու համար, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել քունին: Այդ միջոցին է, որ շատ բաներ կը պատահին ուղեղին մէջ: Եւ դասերը աւելի լաւ միտք պահելու համար, կարեւոր է սորվածին իմաստ տալ: Օրինակի համար, ստեղծել կապ մը մեր գիտցածին եւ նոր գիտելիքին միջեւ:
Կարելի՞ Է Յիշողութիւնը Կորսնցնել
– Յիշողութիւնը բարդ եւ դիւրաբեկ աշխատանք մըն է: Կեանքի կարգ մը ծանր դէպքեր կրնան զայն խանգարել: Կեանքը կը փոխուի, նաեւ` յիշողութիւնը:
– Ուղեղին զօրաւոր հարուած մը կրնայ նաեւ յառաջացնել յիշողութեան խանգարումներ:
– Ալզհայմըրի հիւանդութիւնը ուղեղը կը փճացնէ եւ կը յառաջացնէ յատկապէս յիշողութեան կորուստ:
Հետաքրքրական
Ուղեղին Մասին
– Մեր ուղեղը կ՛արտադրէ լամբ մը վառելու կարող բաւարար ելեկտրականութիւն:
– Ամէն վայրկեան մօտաւորապէս 750 միլիլիթր (կամ կազային խմիչքի 2 թիթեղէ շիշ) արիւն կ՛անցնի մեր ուղեղին մէջէն:
– Տուրմ ուտելը ուղեղին մէջ կ՛արձակէ յատուկ քիմիական նիւթեր, որոնք մեզի ուրախութեան զգացում կը հայթայթեն:
– Մարզանք ընելը մեր ուղեղը աւելի գործօն կը դարձնէ:
– Մեր ուղեղին մէջի բջիջները հաշուելը կը կարօտի մօտաւորապէս 3000 տարուան:
Արուեստագէտ Նէանտէրդալը
Սպանիոյ հարաւը` Ժիպրալթարի շրջանին քարայրներէն մէկուն մէջ գտնուած են 39,000 տարիներ առաջ ժայռին մէջ փորագրուած երկրաչափական ձեւեր: Այդ քարայրին մէջ կը բնակէին Նէանտէրդալի մարդիկ: Ասիկա առաջին նկարազարդ գործն է (ո՛չ էակներ, ո՛չ առարկաներ ներկայացնող), որ գծուած է քարայրի մը պատին վրայ, ոչ «արդի» մարդու մը կողմէ:
Վարդագոյն Մայթը
Հոլանտայի Վիշէնի քաղաքին մէջ կ՛ուզէին մայթերը մութ կարմիր ներկել: Սակայն գոյնին պատրաստութեան մէջ պզտիկ սխալ մը եղած է եւ ան դարձած է վարդագոյն «Ֆլուօ»: Այս ձեւով, վստահ, որ անցորդները անտեսանելի պիտի չանցնին:
Տուրմէ Լեկոներ
Մեր մայրերը ընդհանրապէս անդադար կը կրկնեն, որ պէտք չէ ուտելիքին հետ խաղալ…
Այս յատուկ պարագային ուտելիքին հետ խաղալու ամէն իրաւունք պիտի ունենանք: Ճափոնցի արուեստագէտ մը` Աքիհիրօ Միզուչի, ստեղծած է Լեկոյի ձեւով կերպընկալէ կաղապարներ:
Կը մնայ, որ մենք տուրմը հալեցնենք եւ զայն պարպենք այդ կաղապարներուն մէջ: Երբ տուրմը պաղի, կարելի է լեկոյի «քարերը» հանել կաղապարներուն մէջէն: Ապա, ինչպէս լեկոյի դասական քարերուն պարագային, մենք կրնանք այդ տուրմէ քարերով կազմել տուներ, շէնքեր, օդանաւեր…
Աքիհիրօ Միզուչի ապացուցած է, թէ կարելի է շատ դիւրութեամբ կազմել այս տուրմէ քարերը: Ան անձնապէս շինած է պզտիկ արջուկներ…
Սեւ, ճերմակ կամ կաթով տուրմ, իւրաքանչիւրը ազատ է ընտրելու իր «գոյները»: Այս ժամանցին միակ անպատեհութիւնը այն է, թէ պէտք է տոկալ տուրմը ուտելու փափաքին…
Օդանաւին Մէջ
Անգլիական «Պրիթիշ Էրուէյզ» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի թռիչքներուն ընթացքին անասուններու մասին յայտագիրներ սփռելու` ճամբորդները հանդարտեցնելու համար: Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, սիրուն եւ փոքր անասուններու նայիլը կրնայ լաւ ըլլալու զգացում յառաջացնել:
Վիրաբուժութենէն Ետք
Ան Ջութակ Կը Նուագէ
Ռոճըր Ֆրիչ ամերիկացի ջութակահար մըն է: Ան կը տառապէր դող յառաջացնող հիւանդութենէ մը, որ զինք կ՛արգիլէր իր գործիքը նուագելէ:
Ան վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ: Վիրաբուժութեան ընթացքին ան արթուն մնացած է, սակայն առանց ցաւ զգալու: Բժիշկները Ռոճըրէն խնդրած են վիրաբուժութեան ընթացքին ջութակ նուագել, որպէսզի անոնք կարենան դարմանել ուղեղին ճիշդ այն շրջանը, որ դարմանման կարիք ունէր: Շատ ուրախալի է, որ վիրաբուժութիւնը յաջողած է:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կրակը մարող գործիքին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է վարի երկու թիւերուն գումարումին:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները: