Մանուկ Աբեղեան (1865-1944). Հայագիտական Ժառանգութեան Մեծավաստակ Բանասէրը

Ն.

manoug-apeghyan---kdzangar_25-9-14Հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ոգեկոչէ մահուան 70-ամեակը հայագիտական ուսմանց` գրականագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ ընդհանրապէս բանասիրութեան մեծավաստակ երախտաւորներէն Մանուկ Աբեղեանի:

Սեպտեմբեր 25-ի այս օրը, 70 տարի առաջ, Երեւանի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներէն Մանուկ Աբեղեան, որ բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով արժանի պիտի մնայ հայոց սերունդներու երախտագիտութեան` հայագիտութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ իր կատարած գիտական բազմավաստակ ներդրումին համար:

Անմիջապէս պէտք է նշել անշուշտ, նաեւ` գլխագիր, որ Մանուկ Աբեղեանի անունով կնքուեցաւ քսաներորդ դարու քսանականներուն խորհրդային իշխանութեանց կողմէ հայոց մեսրոպեան` դասական ուղղագրութեան դէմ գործուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը:

Պետական որոշումով եւ պետական միջոցներու խստագոյն կիրարկմամբ պարտադրուած պոլշեւիկեան, պաշտօնական այսպէս կոչուած «ուղղագրութիւն»-ը, փաստօրէն, ծառայեց հայոց սերունդներու ազգային յիշողութիւնն ու գրաւոր ժառանգութիւնը երկփեղկելու` հայ ժողովուրդը նախախորհրդային իր անցեալէն խզելու եւ էապէս խորհրդայնացնելու նպատակին:

Այդ ճամբուն վրայ խորհրդայինները գիտական հիմնաւորման զինանոցի ու յատկապէս վահանի վերածեցին Աբեղեանի ուղղագրական մօտեցումները: Գրաւոր մշակոյթի ու գիտութեան բոլոր մարզերէն ներս պետականօրէն արգիլուեցաւ հայոց մեսրոպեան` դասակա՛ն ուղղագրութեան գործածութիւնը, փոխարէնը ամէնուր եւ ամենայն շտապողականութեամբ թափ տալով «աբեղեանական»ուղղագրութեամբ թերթերու, գիրքերու եւ դասագիրքերու տպագրութեան… Ո՛չ ոք իրաւունք ունեցաւ, անշուշտ, հարց տալու կամ գանգատելու, թէ հայ մարդը ի վիճակի պիտի չըլլար նման ուղղագրութեամբ կարդալու պոլշեւիկներու չհաւնած հայոց դասականները եւ գիտական-մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը:

Այդպէ՛ս, Մանուկ Աբեղեանի առաջադրած հայերէնի ուղղագրութեան իբր թէ տէր կանգնելու պատրուակով` խորհրդայինները ծանրագոյն հարուած հասցուցին հայերէնի միացեալ ուղղագրութեան եւ, երկաթեայ վարագոյրով արդէն երկփեղկուած հայ ժողովուրդի զոյգ թեւերուն միջեւ, բացին նաեւ հայերէնի ուղղագրական ներհակ ուղղագրութեանց խոր խրամատը:

Անշուշտ հայ լեզուագիտութեան այդ օրերու մեծարժէք վաստակաւորները, Հրաչեայ Աճառեանի գլխաւորութեամբ, ծառացան խորհրդայիններու հակազգային քայլին դէմ, բայց ոչ միայն իշխանութիւնները անտեսումի մատնեցին զանոնք, այլեւ անձնապէս շնորհազրկեցին մեծանուն այդ արժանաւորները` բարոյապէս ընկճելով եւ ուղղակի հալածանքի թիրախ դարձնելով զանոնք:

Այսօր արդէն բացուած արխիւները տարակոյս չեն ձգեր, որ նոյնինքն Մանուկ Աբեղեանի սրտով չէր հայերէնի ուղղագրութեան իր «բարեփոխումներ»-ը այդպէս բացարձակօրէն ու պետականօրէն հանրապարտադիր դարձնելու եւ հայոց սերունդները ազգի ժառանգութենէն խորթացնելու խորհրդային քաղաքականութիւնը:

Ահա՛ վկայութիւնը Աբեղեանի.

«Փոփոխութիւն, իմ կարծիքով, պէտք է, եւ կարելի է անել որոշ չափով. բայց եթէ որեւէ փոփոխութիւն պիտի վերացնի մեր ուղղագրութեան միութիւնը եւ մեր երկու գրական լեզուներն իրարուց աւելի հեռացնի, աւելի լաւ է, որ չլինի: Իսկ մինչ այդ, ձեռք պիտի քաշել ամէն հին ու նոր փոփոխութիւններից եւ դառնալ աւանդական ուղղագրութեանը: Ա՛յս է ուղիղ ճանապարհը»: («Դասական ուղղագրությունը նոր ուղղագրութեամբ փոխարինելու մասին», «Արարատ» ամսագիր, 1913):

Հետեւաբար, կասկածէ վեր է, որ Մանուկ Աբեղեանի հայերէնի ուղղագրական տեսութիւններուն խորհրդային քաղաքական չարաշահումը ոչինչ կը պակսեցնէ մեծարժէք հայուն հայագիտական բացառիկ ներդրումէն` անոր գիտական ու անվիճելիօրէն տիտանական երախտաշատ վաստակէն:

manoug-apeghyan---reading_25-9-14Մանուկ Աբեղեանի գրականագիտական, բանասիրական եւ լեզուաբանական գործերուն սոսկ մատենագիտութիւնը ինքնին բաւարար է, որպէսզի ընթերցողը ամբողջական երախտագիտութեամբ խոնարհի անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական հմտութեան առջեւ հայ մտքի այս արժանաւոր ներկայացուցիչին:

Մանուկ Աբեղեան ծնած էր 1865-ի մարտ 15-ին, հին Նախիջեւանի Աստապատ գիւղը, հայ հողագործի ընտանեկան յարկին տակ:

Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ Կարմիր վանքի դպրոցին մէջ: 1876-ին ընդունուեցաւ Էջմիածնի ԳԷորգեան Ճեմարանը եւ աւարտեց 1885-ին: Անմիջապէս հրաւիրուեցաւ դասախօսելու ինչպէս նոյն Գէորգեան Ճեմարանի, այնպէս ալ Շուշիի եւ Թիֆլիսի հայոց թեմական եւ սեփական վարժարաններուն մէջ:

1893-ին մեկնեցաւ արտասահման եւ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Ենայի, Լայփցիկի, Պերլինի եւ Փարիզի համալսարաններուն մէջ: 1898-ին աւարտեց Ենայի համալսարանը` ստանալով փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան: Այնուհետեւ վերադարձաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան, ուր մինչեւ 1914 թուականը հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատու եղաւ ու սերունդներ հասցուց: Ապա չորս տարի, մինչեւ 1918-ի Հայաստանի անկախութիւնն ու Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադրութիւնը, ուսուցչական պաշտօն վարեց Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ:

Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համալսարանին մէջ, անոր բացման օրէն իսկ, Մանուկ Աբեղեան փրոֆեսէօրի պաշտօն ստանձնեց եւ պատրաստեց հայոց լեզուի ու գրականութեան մասնագէտ սերունդներ: 1925-30 թուականներուն ղեկավարեց Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան եւ արուեստի հիմնարկը:

Մ. Աբեղեան ակադեմական ու դասախօսական բեղուն աշխատանքի պատնէշին վրայ մնաց մինչեւ իր մահը` 25 սեպտեմբեր 1944-ին:

Մանուկ Աբեղեան գրած է հայոց լեզուի, հին թէ նոր ժամանակներու հայ գրականութեան եւ հայ ժողովրդական ստեղծագործութեանց ու բանահիւսութեանց վերաբերեալ բազում գիտական աշխատութիւններ, շրջած է Հայաստանի գիւղերը` հաւաքելով հայ ժողովրդական առասպելներ, գուսանական տաղեր, հայրէններ, գրի առած է հայկական դիւցազներգութեան (էպոսի) բազմաթիւ տարբերակներ: Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ խմբագիր` մասնակցելով «Նոր-Դար» թերթի խմբագրութեան:

Կը հանդիսանայ հայոց տաղաչափութեան առաջին ուսումնասիրողն ու ամբողջական հետազօտութեան հեղինակը:

1886-ին արդէն, Աբեղեան գրառած էր «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի մոկաց տարբերակը, կատարած էր անոր առաջին մասնագիտական հետազօտութիւնը եւ 1889-ին հրատարակած` «Դաւիթ եւ Մհեր» վերնագրով: Հետագային ստեղծեց «Սասնայ ծռեր»-ու դասական տեսութիւնը:

Ինչպէս որ «Հայկական հանրագիտարան»-ը կը հաստատէ, Մ. Աբեղեան նորովի պարզաբանեց հայ ժողովուրդի հին ու նոր հաւատալիքները, առասպելական զրոյցները: Մշակեց հայ առասպելաբանութեան գիտական նոր տեսութիւնը («Հայ վիպական բանահիւսութիւն», 1966): Իր «Ժողովրդական խաղեր» (1904) եւ «Հին գուսանական ժողովրդական երգեր» (1931) մենագրութեանց միջոցով, Աբեղեան հետազօտած է հայոց խաղիկներու, միջնադարեան հայրէններու տեսակային (ժանրային), կառուցուածքային, տիպաբանական, տաղաչափական յատկանիշները, պարզաբանած է անոնց ժողովրդական բնոյթը, նշած է ժողովրդական երգերու ակունքները, զարգացումն ու ընթացքը:

Իր «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն» (1944-46) քառահատոր աշխատութեան մէջ Մ. Աբեղեան գիտական խորացումով ու մշակումով անդրադարձած է հայ գրականութեան սկզբնաւորման, պատմութեան, գրական դէմքերու եւ դպրոցներու գնահատման, ծագման ու զարգացման հարցերուն:

1910-ականներէն սկսեալ Աբեղեան խորացաւ հայկական բանաստեղծութեան տաղաչափութեան հետազօտմամբ («Հայերէն տաղաչափութեան մասին», 1916, «Տաղաչափութեան զարգացումը Չարենցի եւ ուրիշների բանաստեղծութիւնների մէջ», 1923, «Հայոց լեզուի տաղաչափութիւն», 1933):

Մանուկ Աբեղեանի գիտական վաստակին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն անոր լեզուաբանական-քերականական աշխատութիւնները: «Աշխարհաբարի քերականութիւն» (1906), «Աշխարհաբարի շարահիւսութիւն» (1912), «Հայոց լեզուի տեսութիւն» (1931) աշխատութիւններով Աբեղեան եղաւ առաջիններէն, որ աշխատեցաւ գիտականօրէն համակարգել արեւելահայերէնի հնչիւնաբանութիւնը, պարզել հնչիւնափոխութեան երեւոյթները, համակողմանիօրէն հետազօտել բառագիտութիւնն ու բառակազմութիւնը: Աբեղեանի կողմէ պատրաստուած է առաջին «Ռուս-հայերէն բառարան»-ը (1925 թ.). մասնակցած է շարք մը բառարաններու ստեղծման աշխատանքներուն:

Մանուկ Աբեղեանի անունով կոչուած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Գրականութեան հիմնարկը եւ դպրոց մը` Երեւանի մէջ:

Ինչպէս որ ակադեմիկոս Կ. Ա. Մելիք-Օհանջանեան կը վկայէ`

«Հայ բանասիրութեան, լայն առումով հայագիտութեան, ամենաականաւոր դէմքերից է մեծ գիտնական Մանուկ Խաչատուրի Աբեղեանը:

«Չկայ հայագիտութեան մէջ համարեա՛ մի բնագաւառ, որին ընդհուպ մօտեցած եւ իր ծանրակշիռ խօսքն ասած չլինի ականաւոր գիտնականը: Նրա վիթխարի ժառանգութիւնը բազմաժանր է, իր ժամանակին վճռողական դեր է կատարել, այսօր էլ պահպանում է իր մեծ մասի անուրանալի արժէքը, որոշ բնագաւառներում` գերիշխանութիւնը:

«Իր երիտասարդական վաղ հասակից սկսած նա եղել եւ մինչեւ իր կեանքի վախճանը մնացել է մարտնչող, նոր ուղիներ հարթող, նորարար գիտնական: Սայթաքումներ, հարկաւ, նա էլ է ունեցել, բայց այդ ո՞ր մեծ գիտնականն է, որ անսխալ, անսայթաք անցնելով գիտութեան ծովը, մեթոդոլոգիայի բոլոր խոչընդոտներն ու խոչընդակները, «անվտանգ ու անշեղ», ուղիղ իր անքոյթ հանգրուանն է հասել…

«Մեծ գիտնականը, բնութիւնից օժտուած լինելով նուրբ զգացողութեամբ, դիտողական սուր ընդունակութեամբ եւ արտակարգ ջանասիրութեամբ, հետագայում ուսումնառութեան շրջանում թէ՛ Գէորգեան Ճեմարանում եւ թէ՛ եւրոպական համալսարաններում, կարողացել է գիտութիւն ամբարել, քննադատաբար իւրացնել, ստեղծագործաբար մշակել եւրոպական առաջաւոր գիտութիւնը եւ այդ ամէնն ի սպաս դնել հայրենի աշխարհի հոգեւոր մշակոյթի ուսումնասիրութեան գործին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )