Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կեանքը քննարկելը օգուտ մը չունի: Կատարեցէք ձեր պարտականութիւնները եւ մնացեալը ձգեցէք երկնաւորին: Բախտը մի՛ հետապնդէք, ան ինքնիրեն կու գայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք նախանձողներ, բայց կարեւորութիւն մի՛ տաք, շարունակեցէք ձեր աշխատանքը, ձեր պարտականութեան գիտակից եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքը պիտի արդիւնաւորուի եւ պիտի կարենաք ձեր դիմումը կատարել հոն, ուր մտադրած էիք: Օրը նպաստաւոր է շարժելու նոր իրագործումներու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երկար բարակ մի՛ մտածէք այն հարցին մասին, որուն իրագործման վստահութիւն ունիք: Ձեր միտքը մի՛ չարչարէք ըլլալիքին համար: Եղէք խաղաղ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, արդէն որոշած էք, բայց տակաւին երկընտրանքի մէջ էք: Կասկածը հեռացուցէք ձեր միտքէն: Օրը լաւ է: մտահոգուելու ոչինչ ունիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պատրաստակամ էք, կ՛ուզէք հասնիլ ամէնուն, բայց նոյն ատեն մնացէք հանդարտ: Տրամաբանութեամբ շարժեցէք, քիչ տեղ տուէք զգացականին: Օրը լաւ է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր արդարամտութիւնը պիտի գնահատուի: Պիտի ներկայանաք հոն, ուր ձեզ սպասողներ կային, հետեւաբար արթնամիտ եղէք եւ` ոչ կասկածամիտ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առածը կ՛ըսէ` «Ինչ որ ցանես, զայն կը հնձես»: Այսօր ժամանակն է, որ ստանաք ձեր կատարած նուիրումին արդիւնքը` նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Լաւագոյն օրերէն մէկն է այս:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի վստահուած պարտականութիւնը կատարեցէք հաւատարմութեամբ եւ` ոչ մատին ծայրով: Ախորժակով երբ չես ուտեր ճաշդ, կը հիւանդանաս: Ուշադիր եղէք ընտանեկան կեանքին մէջ, հաւատարմութիւնը պահեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժուարութիւններ եթէ ունենաք, զանոնք դիմագրաւեցէք առանց ընկրկելու: Յուզումը եւ տրտմութիւնը օգուտ չեն տար: Ձեր ջիղերը զօրացուցէք, ձեր քաջութիւնը ի գործ դրէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հրաւէր մը ունիք նոր հասցէի մը կողմէ: Ինքնավստահութեամբ գացէք: Ձեզի ուղղուած հարցումներուն պատասխանեցէք զուսպ արտայայտութեամբ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրիշներուն գործերով կամ ըրածով մի՛ հետաքրքրուիք: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ: Նախանձը հեռացուցէք ձեզմէ, որպէսզի չհիւանդանաք: Ապաւինեցէք ձեր կարողութիւններուն, կը յաջողիք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )