50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1964)

Հայ Կեանք

Գրիգոր Շահինեան Իրանի Մէջ

Ճեմարանի ուսուցիչներէն մտաւորական եւ գրական քննադատ Գրիգոր Շահինեան վերջերս Իրան գացած էր արձակուրդով: Օգտուելով իր ներկայութենէն, «Արարատ» միութիւնը կազմակերպած է դասախօսութիւններու շարք մը` գրական հարցերու շուրջ: Երրորդ եւ վերջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 26-ին: Նախագահած է «Ալիք» գրական թերթի խմբագիր Նորայր Պահլաւունի: Դասախօսութեան նիւթը եղած է` «Սփիւռքահայ պատմուածքը եւ իր կարեւոր ներկայացուցիչները»:

Իրանահայ գրողներու միութիւնը ընդունելութիւն մը կազմակերպած է ի պատիւ Գ. Շահինեանի: Այդ առթիւ մեր պաշտօնակից «Ալիք» կը գրէ.

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան, Իրանահայ գրողների միութիւնը պատիւն ու հաճոյքն ունեցաւ միութեան կեդրոնատեղիում (Հայ ակումբ) ընդունելու «Արարատ» մշակութային միութեան հրաւէրով մի շարք գրական նիւթերի շուրջ դասախօսութիւններ տալու նպատակով վերջերս Պէյրութից մայրաքաղաք ժամանած շնորհալի եւ երիտասարդ գրաքննադատ Գրիգոր Շահինեանին, առաջնորդութեամբ յիշեալ Միութեան կողմից Գ. Շահինեանի դասախօսութիւնների նախագահ Ն. Պահլաւունու:

«Միութեան անդամների հետ հանդիպումը, որը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտում, տեւեց մօտ երկու ժամ, որի ընթացքում Իրանահայ գրողների միութեան նախագահ Մ. Մարութեանը ջերմօրէն ողջունելուց յետոյ Գ. Շահինեանի այցը Միութիւն, ներկայացրեց նրան որպէս նրբաճաշակ մի գրաքննադատ, համարելով ամենահարազատ ժառանգը լուսապայծառ Ն. Աղբալեանի:

«Միութեան անդամներից ոմանք, մասնաւորաբար Հայաստանի գրողների մասին, մի շարք հարցեր տուին, որոնց յարգարժան քննադատը սիրալիօրէն, պատշաճ եւ տեղին պատասխանեց` միանգամայն գոհ թողնելով հարցատուներին եւ միութեան անդամներին: Ապա նախագահ Մ. Մարութեանը պատշաճ մակագրութեամբ միութեան կողմից վերջերս լոյս ընծայուած «Իրանահայ արդի գրողներ» գիրքը ի յիշատակ Գ. Շահինեանի այցի` նուիրեց իրեն:

«Սիրալիր հանդիպումից յետոյ Հայ ակումբի գեղազարդ պարտէզում, սեղանապետութեամբ Մ. Մարութեանի, ի պատիւ յիշեալ յարգարժան հիւրերի, տրուեց մի ընթրիք, որի ընթացքում ոգեշունչ բաժակաճառերով բարեմաղթութիւններ եղան Գ. Շահինեանի, Ն. Պահլաւունու, Մ. Մարութեանի, բանաստեղծ Ա. Գառօնէի եւ միութեան անդամների ոմանց կողմից»:

1912-ին Սթոքհոլմի Ողիմպիականին
Մասնակցող Երկու Հայեր

Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թերթի մարզական բաժնին մէջ Ճեմ Աթապէյօղլու, խօսելով հին շրջաններու ողիմպիականներու մասին, կը գրէ ի միջի այլոց.-

Թուրքիոյ Ազգ. Ողիմպիականի կոմիտէն 1912-ին պաշտօնապէս գործի ձեռնարկեց` մասնակցելով Սթոքհոլմի Ողիմպիականներուն Սելիմ Սըրրի պէյ «Իգտամ» եւ «Սապահ» թերթերուն ծանուցում տալով, հրաւիրեց Ողիմպիականին մասնակցիլ ուզող երիտասարդները: Երկու հայ երիտասարդներ ընդառաջ գացին հրաւէրին եւ մասնակցեցան Սթոքհոլմի Ողիմպիականին Վահրամ Փափազեան եւ Մկրեան:

Վահրամ Փափազեան քոլեճական մըն էր, Պէպէք բնակող թերթերու ցրուիչի մը զաւակը: Ամէն առտու մութնուլուսին Պէպէքէն ճամբայ կ՛ելլէր, շատ անգամ վազելով Պոլիս կ՛իջնէր եւ օրուան թերթերը առնելով` կու գար Պէպէք, եւ թերթերը հօրը խանութը կը ձգէր: Յետոյ կը բարձրանար Ռոպերթ քոլեճի ցից զառիվերը` դպրոց երթալու համար: Թերթերուն մէջ հրատարակուած ծանուցումը շատ խանդավառած էր Վահրամ Փափազեանը, որ վազքի մէջ առաջին կը հանդիսանար: Իսկոյն դիմեց Սելիմ Սըրրի պէյի, երթալու արտօնութիւն ստացաւ, բայց Սթոքհոլմ մեկնելու համար դրամ պէտք էր: Վահրամ Փափազեան անդամ էր «Արտաւազդ» հայկական ակումբին, որ շատ մը տեղեր ճիւղեր ունէր: Առաջին առթիւ իր ակումբէն նիւթական օգնութիւն ուզեց: Ակումբը ընդունեց իր փափաքը եւ որոշեց Սթոքհոլմ ղրկել Վահրամը, որ շատ ուրախացաւ:

Դերասան Ամերիկեանի Մահը Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ մեռած է Ցոլակ Ամերիկեան: Հայ թատրոնի նուիրուած շնորհալի դերասանը ծնած էր Տրապիզոն, 1887-ին:

Բեմական արուեստին կը նուիրուի Պաթումի մէջ, 1906-ին:

1918-էն առաջ երկար տարիներ շրջած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հայաշատ կեդրոնները, աշխատած է Պաքուի, Թիֆլիսի հայկական թատրոններուն մէջ: 1931-ին կը հաստատուի Լենինական:

Ցոլակ Ամերիկեան հայ թատրոնի հաստաբուն կաղնիներէն մէկն էր, սիրուած դերասան մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )