Փորձ Հարցարան Ծածկամի՞տ Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

SHM_jeune-femme-nerveruse-1-

Ձեր բարեկամները գիտե՞ն, թէ որքան աշխատավարձ կը ստանաք եւ որքան կ՛արժէ ձեր ինքնաշարժը.

ա.- ինձմէ աւելի լաւ 2
բ.- մասամբ 1
գ.- երբեք 0

-2-

Երբ ընկճուած էք, դէմքի արտայայտութենէն ձեր այդ հոգեվիճակը «կը կարդայ»

ա.- ամէն ոք 2
բ.- միայն մտերիմները 1
գ. ոչ ոք 0

-3-

Անծանօթ մը կրնա՞յ պատկերացում կազմել ձեր մասին` ուսումնասիրելով ձեր աշխատատեղը

ա.- թերեւս 1
բ.- Ոչ 0
գ.- անշուշտ 2

-4-

Եթէ դուք վարագոյր ըլլայիք, անպայման կ՛ըլլայիք

ա.- թեթեւ ու թափանցիկ 2
բ.- վառ ու երփներանգ 1
գ.- ծանր ու մութ գոյնի 0

-5-

Ոեւէ մէկուն գաղտնիք մը ըսելու ատեն գաղտնապահութեան երդում կը պահանջէ՞ք անկէ.

ա.- երբեմն 1
բ.- երբեք 2
գ.- միշտ 0

-6-

Ձեր ընկերը ի՞նչ գիտէ ձեր նախկին ընկերոջ մասին.

ա.- ամէն ինչ 2
բ.- միայն անունը, տարիքն ու մասնագիտութիւնը 0
գ.- անոր հետ կապուած զուարճալի դրուագ մը 1

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ընդամէնը 10 եւ աւելի միաւոր հաւաքեցիք, դուք բաց գիրքի մը կը նմանիք: Անշուշտ որ մարդիկ հաճոյքով կը մտերմանան ձեզի հետ, քանի որ սրտբաց ու անմիջական էք: Այսուհանդերձ, կ՛արժէ երբեմն զգուշանալ օտար անձերու առջեւ անկեղծանալէ:

***

Եթէ 5-9 միաւոր հաւաքեցիք, բաւական ճկուն ու զուսպ մարդ էք, կրնաք ձեր սիրտը բանալ ուրիշին առջեւ, բայց նաեւ ընդունակ էք լսելու հրապարակման ոչ ենթակայ բաներու մասին: Անշուշտ կը վստահիք մարդոց եւ կարեւոր կը նկատէք ոչ միայն դիմացինին գաղտնապահ ըլլալու ունակութիւնը, այլեւ` ձեզ լսելու անոնց պատրաստակամութիւնը:

***

Եթէ առաւելագոյնը 4 միաւոր հաւաքեցիք, հաւանաբար անցեալին գէշ փորձառութիւն մը ունեցած էք անկեղծանալու պատճառով: Բայց հիմա ալ ինկած էք միւս ծայրայեղութեան մէջ, կամ ալ ձեզի կը թուի, թէ մարդոց չեն հետաքրքրեր ձեր գաղտնիքները: Թերեւս ծածկամտութեան շնորհիւ կը պահէք ձեր կարգ մը թերութիւնները, սակայն ատիկա ինքնամեկուսացման ամէնէն կարճ ճանապարհն է:

 

Այլազան

Չորս Ամէնէն Աւելի Վնասակար
Զգացումները

Աւստրալիացի հոգեբանները հինգ տարի շարունակ կատարած են հետազօտութիւններ` ուսումնասիրելով 2000 կամաւորներու վարքն ու առողջութիւնը եւ անոնց արդիւնքներուն հիման վրայ առանձնացուցած են մարդկային չորս զգացում, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ:

Նախանձ

Հոգեբաններու եզրակացութիւնները կը վկայեն` հարազատներուն կամ անծանօթներուն մշտապէս նախանձողները աւելի ենթակայ են սրտային հիւանդութիւններու: Հիւանդանալու հաւանականութիւնը 2,5 անգամ աւելի է` համեմատած անոնց, որոնք շրջապատին նկատմամբ ունին չէզոք կամ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք:

Ինքնաքննադատութիւն

Երբ մարդ յաճախ ինքզինք կը մեղադրէ, ակամայ կ՛աւելցնէ քաղցկեղով հիւանդանալու վտանգը: Գիտնականները նաեւ նշած են, որ ինքնաքննադատաբար տրամադրուած մարդիկ աւելի յաճախ կը վարակուին տարբեր հիւանդութիւններէ:

Խղճահարութիւն

Սեփական անձի նկատմամբ տեւական խղճահարութիւնը լեարդին համար շատ վտանգաւոր է: Եթէ մարդիկ անընդհատ իրենք զիրենք զոհի կարգավիճակին մէջ կը զգան, անոնց մարմնին մէջ կը բարձրանայ ասեթիլքոլին նիւթին քանակը, այս նիւթը ծանօթ է որպէս «թուլութեան հորմոն», իսկ անոր բարձրացումը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկում կը պատճառէ:

Ագահութիւն

Մարսողական դրութեան խանգարումները աւելի յաճախակի են այն անձերուն մօտ, որոնք անընդհատ նիւթական եկամուտ ստանալու մղումով կ՛առաջնորդուին: Այսպիսի մարդիկ յաճախ կը հիւանդանան պուլիմիայով կամ անորեքսիայով:

 

 Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Եթէ կ՛ուզէք ապակեայ շիշի մը վրայէն թուղթէ պիտակը հանել` շիշը կրկին գործածելու համար, բայց խէժի հետքերը կը յամառին մնալ, փորձեցէք հետեւեալ դիւրին հնարքը: Առէք հաւասար քանակութեամբ պէյքինկ սոտա եւ բուսական իւղ, խառնեցէք եւ ապա ստացուած նիւթը տարածեցէք խէժին վրայ: Սպասեցէք շուրջ 15 վայրկեան, ապա լաթով մը փորձեցէք շիշը մաքրել. պիտի նկատէք, որ խէժին հետքն անգամ չկայ...

Եթէ կ՛ուզէք ապակեայ շիշի մը վրայէն թուղթէ պիտակը հանել` շիշը կրկին գործածելու համար, բայց խէժի հետքերը կը յամառին մնալ, փորձեցէք հետեւեալ դիւրին հնարքը:
Առէք հաւասար քանակութեամբ պէյքինկ սոտա եւ բուսական իւղ, խառնեցէք եւ ապա ստացուած նիւթը տարածեցէք խէժին վրայ: Սպասեցէք շուրջ 15 վայրկեան, ապա լաթով մը փորձեցէք շիշը մաքրել. պիտի նկատէք, որ խէժին հետքն անգամ չկայ…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Փայտեայ սեղանները գեղեցիկ են, բայց անոնց մակերեսը շուտով կը վնասուի: Որպէսզի սեղանին նախկին փայլքն ու գոյնը վերադարձնէք, փորձեցէք հետեւեալ հնարքը: Փոս ամանի մը մէջ լեցուցէք կէս գաւաթ ճերմակ քացախ եւ կէս գաւաթ ձէթ: Չոր, մաքուր լաթով մը զայն տարածեցէք վնասուած մակերեսին վրայ եւ շփեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

Փայտեայ սեղանները գեղեցիկ են, բայց անոնց մակերեսը շուտով կը վնասուի: Որպէսզի սեղանին նախկին փայլքն ու գոյնը վերադարձնէք, փորձեցէք հետեւեալ հնարքը:
Փոս ամանի մը մէջ լեցուցէք կէս գաւաթ ճերմակ քացախ եւ կէս գաւաթ ձէթ: Չոր, մաքուր լաթով մը զայն տարածեցէք վնասուած մակերեսին վրայ եւ շփեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

Պանիրը քերոցէ անցընելէ ետք, քերոցը մաքրելը այդքան ալ դիւրին չէ, քանի որ կակուղ պանիրը կը խցէ ծակտիկները, եւ սովորական սպունգը չի մաքրեր զանոնք: Այս դժուարութիւնը հարթելու համար կրնաք օգտագործել փոքրիկ խոզանակ մը եւ կամ... նոյն քերոցէն անցուցէք հում գետնախնձոր մը:

Պանիրը քերոցէ անցընելէ ետք, քերոցը մաքրելը այդքան ալ դիւրին չէ, քանի որ կակուղ պանիրը կը խցէ ծակտիկները, եւ սովորական սպունգը չի մաքրեր զանոնք:
Այս դժուարութիւնը հարթելու համար կրնաք օգտագործել փոքրիկ խոզանակ մը եւ կամ… նոյն քերոցէն անցուցէք հում գետնախնձոր մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ձեր բազկաթոռին թեւը պաշտպանելու եւ մաքուր պահելու համար ատաղձագործին դիմեցէք անոր չափով տուփիկ մը շինել տալով: Թեւին վրայ հանգչած տուփիկը պիտի ծառայէ որպէս սեղան, յատկապէս երբ պատկերասփիւռին դիմաց նստած` բաժակ մը խմիչք, գաւաթ մը թէյ կամ պնակ մը պիստակեղէն պիտի դնէք:

Ձեր բազկաթոռին թեւը պաշտպանելու եւ մաքուր պահելու համար ատաղձագործին դիմեցէք անոր չափով տուփիկ մը շինել տալով:
Թեւին վրայ հանգչած տուփիկը պիտի ծառայէ որպէս սեղան, յատկապէս երբ պատկերասփիւռին դիմաց նստած` բաժակ մը խմիչք, գաւաթ մը թէյ կամ պնակ մը պիստակեղէն պիտի դնէք:

Փոքրիկները յաճախ պէտք է զարմացնել, յատկապէս` դժուարահաճերը: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր փոքրիկը այլազան ուտէ եւ ամէն բան համտեսէ, դիմեցէք այս միջոցին. Առէք պարապ սառնաման մը, բաժանումներուն մէջ լեցուցէք պտուղներու տեսականի եւ հրամցուցէք, անկասկած որ խանդավառուած պիտի փորձէ անոնցմէ մէկ քանին:

Փոքրիկները յաճախ պէտք է զարմացնել, յատկապէս` դժուարահաճերը: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր փոքրիկը այլազան ուտէ եւ ամէն բան համտեսէ, դիմեցէք այս միջոցին.
Առէք պարապ սառնաման մը, բաժանումներուն մէջ լեցուցէք պտուղներու տեսականի եւ հրամցուցէք, անկասկած որ խանդավառուած պիտի փորձէ անոնցմէ մէկ քանին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գեղեցկագիտական

Ձեռքի Ծեփուկ` Խնձորով

SHM_faites-vous-meme-vos-masquesՄեր ձեռքերը մշտական խնամքի կարիքը ունին: Ջուրի եւ քիմիական դեղերու հետ շփուելով` անոնց մորթը մեծապէս կը տուժէ: Խնամքը կարեւոր է նաեւ ցուրտ եղանակին, երբ ձեռքերուն վրայ կ՛ազդեն ցուրտը, քամին…

Ահաւասիկ` ձեռքերու խնամքի յատուկ ծեփուկ մը, որ կարելի է տունը պատրաստել եւ շաբաթական դրութեամբ օգտագործել:

Անհրաժեշտ են.-

– 1 խնձոր
– 2 ճաշի դգալ շէկ շաքար
– 1 ճաշի դգալ ձէթ

Գործածութեան եղանակ.-

Խնձորը քերոցէ անցընել, աւելցնել շաքարն ու ձէթը եւ խառնել:

Ստացուած ծեփուկով նրբօրէն մարձել ձեռքերը, 5 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

Վերջաւորութեան ձեռքերը օծել սնուցող սերով մը:

 

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Խմորով Շրջանակներ

 

Յաճախ առիթ կ՛ունենանք փուռին մէջ խմորով ուտեստներ պատրաստելու. որպէսզի այդ ուտեստները եւ յատկապէս թարթերը գեղեցիկ տեսք ունենան, կարելի է անոնց շուրջ գեղեցիկ նախշեր ձեւաւորել:

Ստորեւ կու տանք 6 տարբեր նախշերու ձեւաւորումներ, ոմանք դիւրին, ուրիշներ` քիչ մը աւելի բարդ. ձեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյնը եւ ի գործ դնել յառաջիկային:

 

10687088_275872945946503_8339049383952895289_n

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Խաշած Եգիպտացորեն`
Ազատքեղով

10-corn-cob-herb-butter-2Անհրաժեշտ են.-

6 հատ եգիպտացորեն
Կարագ` 4 ապուրի դգալ
Խոշոր աղ` կէս թէյի դգալ
Սեւ փոշի պղպեղ` կէս թէյի դգալ

Պատրաստութեան եղանակը.-

Մեծ կաթսայի մէջ եռացնել ջուրը: Եգիպտացորենները բաժնել երկուքի եւ խաշել, մինչեւ որ հատիկները փափկանան:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել տաք եգիպտացորենները, իւրաքանչիւրին վրայ դնել կտոր մը կարագ, ցանել աղն ու պղպեղը եւ զարդարել մանրուած թարմ ազատքեղով:

 

Պապը

HamoSahyan_AR_2013Feb24_191315Իմ պապը տնկել է
մեր գիւղի շիւերը,
իմ պապը պայտել է
մեր գիւղի ձիերը:
իմ պապը մեր գիւղի
պատերը շարել է
եւ բոլոր կամերը
մեն-մենակ քարել է:
ջրել է իր այգին,
ու մարգը բահել է,
եւ արդար քրտինքով
իր տունը պահել է:
իմ պապը վարել է,
իմ պապը ցանել է,
իսկ հնձի ժամանակ
ձեռքի մէջ մանգաղի
դաստակը ցաւել է:
իմ պապը հողի հետ
խորհել ու խօսել է,
ամպի հետ արտասուել,
ջրի հետ հոսել է…
մի օր էլ, երբ յանկարծ
ծալուել են ծնկները,
զարմանքից քարացել,
ամօթից շիկնել է:
թողել է նա մաճը
եւ շունչը պահել է,
եւ յետոյ քրտինքը
ճակատին պաղել է:
եւ պապը ակօսում
պառկել ու քնել է,
խառնուել այն հողին,
որ իրեն սնել է:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )