Վահանագեղձ Եւ Վահանագեղձի Հիւանդութիւններ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Վահանագեղձը կը գտնուի վիզին յառաջամասը: Ան կազմուած է երկու բաժիններէ` աջ եւ ձախ, որոնք միացած են իրարու  վահանագեղձային վզիկով մը (isthmus), եւ որոնք կը շրջապատեն խռչափողը առջեւէն եւ երկու կողմերէն: Վահանագեղձը կ՛արտադրէ երկու կարեւոր ներազդակներ (hormones)` thyroxine-T4 եւ triiodothyronine-T3, որոնք կը գործեն մարմնի բոլոր հիւսկէններու բջիջներուն վրայ: T3 եւ T4 ներազդակները մեծ դերակատարութիւն ունին սաղմի եւ նորածինի աճման եւ զարգացման գործընթացին մէջ, ի մասնաւորի` մարմնական եւ ուղեղային հիւսկէններու պարագային: Անոնք մարդու  կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կանոնաւորեն բնասպիտի (protein), ածխաջրատներու (carbohydrates) եւ ճարպերու (fats) նիւթափոխանակումը (metabolism): T3 ներազդակը  ամէնէն աւելի գործողն է: T4  ներազդակը երկարակեաց է եւ կրնայ փոխուիլ T3 ներազդակի գրեթէ բոլոր հիւսկէններուն մէջ` պահանջի համաձայն: Հետեւաբար T4-ը կարելի է նկատել որպէս  T3 ներազդակի շտեմարան: Վահանագեղձը կ՛արտադրէ նաեւ calcitonin  ներազդակը, որ կը կանոնաւորէ մարմնի կիրի համաչափութիւնը, այսինքն արեան կիրի չափազանց գոյութեան  (hypercalcemia) պարագային calcitonin-ը կը նուազեցնէ արեան կիրի քանակը:

T3  եւ T4 ներազդակներու արտադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ վահանագեղձին մէջ` շնորհիւ մանիշի (iodine) գոյութեան եւ ներգործութեան: Սննդանիւթերու մէջ գտնուած մանիշը կը ներծծուի աղիքներու պատերուն կողմէ եւ կը հասնի վահանագեղձ` արեան շրջանառութեան միջոցով: Արտադրուած T3  եւ  T4 ներազդակները շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ: Անոնց մեծ տոկոսը կը միանայ արեան մէջ գտնուող յատուկ բնասպիտներու հետ եւ կը փոխադրուի մարմնի զանազան հիւսկէններուն, իսկ պզտիկ մէկ տոկոսը, առանց միանալու բնասպիտներուն, դարձեա՛լ կը հասնի մարմնի զանազան հիւսկէններուն: Այս ազատ ներազդակներն են, որ կը գործեն մարմնի բջիջներու վրայ: T4 եւ T3 ներազդակներուն արտադրութիւնը վահանագեղձին մէջ կը ղեկավարուի մակուղեղի (pituitary gland) յատուկ մէկ ներազդակով, որ կը կոչուի` TSH (thyroid stimulating hormone): Արեան մէջ T4 եւ T3 ներազդակներու նուազումով` TSH ներազդակը առատօրէն կ՛արտադրուի մակուղեղին մէջ: Մեծ քանակութեամբ արտադրուած այս TSH ներազդակը վահանագեղձը կը մղէ յաւելեալ աշխատանքի, որպէսզի պահանջուած T3 եւ T4 ներազդակները արտադրուին: Արեան T3 ներազդակի երեք չորրորդը կը յառաջանայ գեղձէն դուրս, իսկ մնացեալ մէկ չորրորդը կ՛արտադրուի ուղղակի գեղձին մէջ:

Վահանագեղձի T3 եւ T4 ներազդակներուն նուազումը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ վահանագեղձի զանազան հիւանդութիւններու պատճառով, սակայն անոնք կրնան նուազիլ նաեւ ոչ վահանագեղձային կարգ մը ժամանակաւոր եւ մնայուն հիւանդութիւններու հետ միատեղ, օրինակ` խիստ ծոմապահութիւն (starvation), վատ սննդառութիւն (malnutrition), մարմնական մեծ արկածներ, սրտի կաթուած (myocardial infarction) եւ երիկամներու ու լեարդի գործունէութեան վատթարացում:

Վահանագեղձը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին վիճակներով.

Ա. Գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism), երբ T3 եւ T4 ներազդակներու արտադրութիւնը բնականէն շատ աւելի կ՛ըլլայ:

Բ. Ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism), երբ T3 եւ T4 ներազդակներու արտադրութիւնը բնականէն շատ աւելի նուազ կ՛ըլլայ:

Գ. Վահանագեղձատապ-բորբոքում (thyroiditis):

Դ. Հաշիմոթոյի հիւանդութիւն (Hashimoto disease):

Ե. Յետծննդաբերութեան վահանագեղձաբորբ (post-partum thyroiditis):

Զ. Վահանագեղձի պարզ ծաւալում (simple goiter):

Է. Վահանագեղձի հանգուցաւոր ծաւալում (nodular goiter):

Ը. Վահանագեղձի անվնաս ուռեր (benign tumors):

Թ. Վահանագեղձի վատորակ ուռեր (malignant tumor):

Ա. Գերվահանագեղձութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով եւ հիւանդութիւններու պարագային.

  1. Վահանագեղձի T3 եւ T4 ներազդակներու առատ արտադրութիւն:
  2. Վահանագեղձի ընդհանուր համահաւասար ծաւալում:
  3. Վահանագեղձի հանգուցաւոր ծաւալում:
  4. Վահանագեղձատապ-բորբոքում:
  5. Մակուղեղի TSH ներազդակի առատ արտադրութիւն:
  6. Յղութիւն:
  7. Որոշ դեղերու գործածութիւն:
  8. Մեծ քանակութեամբ մանիշի սպառում, որ տեղի կ՛ունենայ ծաւալուն վահանագեղձի դարմանման ընթացքին մանիշ պարունակող դեղերու գործածութեամբ եւ կամ շողարձակ մանիշի (radioactive iodine) գործածութեամբ:

Գերվահանագեղձութեան ախտանշաններն են`  վահանագեղձի ծաւալում (goiter) եւ հանգուցաւորում (nodulatory), ջղագրգռութիւն, սրտի արագ զարկ եւ բաբախում, արագաշարժութիւն, առատ քրտինք եւ արցունք, տաքի անհանդուրժողականութիւն, յոգնածութիւն, շատակերութիւն, ծանրութեան կորուստ, անքնութիւն, փորհարութիւն, մարմնական տկարութիւն, աչքերու սեւեռում (stare), կոպերու թուլութիւն եւ կախուածութիւն, ակնազօդի (conjunctiva) կարմրութիւն, ցցուն ակնագունդեր (exophthalmia), երկտեսողութիւն (diplopia):

Գերվահանագեղձութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան T3 եւ T4 ներազդակներու բարձրացումով եւ վահանագեղձի գերարտադրութեան ախտանշաններու գոյութեամբ: Տեսնուած է, որ T3 ներազդակը ընդհանրապէս աւելի կը բարձրանայ, քան` T4 ներազդակը: Գերվահանագեղձութեան դարմանումը կ՛ըլլայ հակավահանագեղձային դեղերու եւ շողարձակ մանիշի կիրարկումով:

Յաճախ վահանագեղձի գերաշխատանքը եւ T3 եւ T4 ներազդակներու գերարտադրութիւնը չափազանցօրէն անընդունելի սահմաններու կը հասնին եւ կը ստեղծուի վտանգաւոր հիւանդագին կացութիւն մը, երբ հիւանդը կ՛ունենայ շատ բարձր ջերմ, գերյոգնութիւն, մկանային կորուստ, զգացական խանգարում, չափազանց անհանդարտութիւն, շփոթ, հոգեկան վերիվայրումներ, նողկանք, փսխուք, փորհարութիւն, դեղնութիւն, մահաքունակ վիճակ: Այս պարագային հիւանդը կը կարօտի շտապ օգնութեան եւ հիւանդանոցային խնամքի:

Բ. Ենթավահանագեղձութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.

ա. Հիմնական (primary), որ կը յառաջանայ`

  1. Վահանագեղձի բորբոքումէն:
  2. Հաշիմոթօ հիւանդութենէն:
  3. Գերվահանագեղձութեան դարմանումի ընթացքին, որ կը պատահի շողարձակ մանիշի եւ այլ դեղերու գործածութեան պատճառով եւ կամ` վահանագեղձի վիրահատութեան:
  4. Մանիշի անբաւարար սպառումէն:

բ. Երկրորդական (secondary), որ կը յառաջանայ մակուղեղի  TSH-ի անբաւարար արտադրութեան պատճառով: TSH ներազդակը կը գործէ վահանագեղձին վրայ եւ կը յառաջացնէ անոր ծաւալումը: Երկրորդական ենթավահանագեղձութիւնը հազուադէպ երեւոյթ մըն է, ուր կը տեսնուին մորթի եւ մազի չորութիւն, մորթի դալկութիւն, կրծքագեղձի (mammary gland) հիւծում եւ արեան ճնշումի նուազում:

Ենթավահանագեղձութիւնը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի խտրութեան, սակայն անիկա աւելի կը պատահի տարեցներու եւ իգական սեռին մօտ:

Անոր ախտանշաններն են` ցուրտի անհանդուրժողականութիւն, պնդութիւն, մոռացկոտութիւն, շատակերութիւն, ճարպակալում, ոտքերու թմրութիւն եւ զգացողականութեան նուազում, դաշտանային խանգարում, դէմքի տափակ-մելամաղձոտ արտայայտութիւն (dull face), ձայնի խռպոտութիւն, դանդաղ խօսակցութիւն, ուռած դէմք, կոպերու յոգնածութիւն-կախուածութիւն (drooping), հերաթափութիւն, մորթի չորութիւն,  սրտի զարկի նուազում, նիւթափոխանակումի նուազում, արեան գերքարոթինութիւն (hypercarotenemia), որ կը յայտնուի ափերու եւ ներբաններու դեղին-նարնջագոյն ուռեցքներով, ինչպէս նաեւ` լեզուի  եւ սրտի ծաւալում:

Ախտաճանաչումը կը փաստարկուի արեան քոլեսթերոլի եւ TSH-ի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ` վահանագեղձի ներազդակներու նուազումով:

Ենթավահանագեղձութեան դարմանումը կը կատարուի  T4 եւ T3 ներազդակներու գործածութեամբ:

Երբեմն ենթավահանագեղձութենէ տառապող հիւանդին կացութիւնը անակնկալօրէն կը վատթարանայ, եւ ան կ՛ունենայ ենթաջերմութիւն, շնչառութեան դանդաղում, մարմնական ցնցումներ եւ մահաքունակ վիճակ: Այս պարագային հիւանդը կը կարօտի շտապ օգնութեան եւ հիւանդանոցային խնամքի: Հիւանդին կը ներարկուի մեծ քանակութեամբ քորթիզոն եւ T3 ու T4 ներազդակներ:

Գ. Վահանագեղձատապ-բորբոքում (thyroiditis).

Ասիկա ժահրային ժամանակաւոր բորբոքում մըն է, երբ հիւանդը կ՛ունենայ բարձր ջերմ, ցաւ, վահանագեղձի գերաշխատանքային ժամանակաւոր ախտանշաններ եւ, երբեմն, վահանագեղձի ծաւալում: Այս պարագային դարմանումը կ՛ըլլայ ցաւաբեկ դեղերով եւ քորթիզոնի գործածութեամբ: Ընդհանրապէս հիւանդը քանի մը շաբաթներ ետք կը վերադառնայ իր առողջ վիճակին:

Դ. Հաշիմոթոյի վահանագեղձատապը երկարատեւ, մնայուն բորբոքում մըն է, որ կը նկատուի ինքնա-դիմադրողականութեան թերաշխատանքային հիւանդութիւն մը (autoimmune disease), երբ տեղի կ՛ունենայ առանց ցաւի գեղձի գերծաւալում,  վահանագեղձի ենթա-արտաթորումի ախտանշաններ, ինչպէս նաեւ կակուղ եւ կամ կարծր գեղձային հանգոյցներ: Ասիկա շատ աւելի բարձր համեմատութեամբ կը տեսնուի կիներու մօտ, ինչպէս նաեւ` որոշ chromosome-ային խանգարումներու եւ այլ  հիւանդագին երեւոյթներու հետ միատեղ: Անոր կ՛ուղեկցին ընդհանրապէս կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` շաքարախտ, մակերիկամ գեղձի (adrenal gland) անբաւարարութիւն, ենթայարվահանագեղձութիւն (hypoparathyroidism), սպիտակամորթութիւն (vitiligo), սակաւարիւնութիւն: Այս հիւանդութիւնէն տառապող անձը յարատեւօրէն գործածելու է thyroxin ներազդակը:

Ե. Յետծննդաբերութեան վահանագեղձաբորբը կը պատահի ծննդաբերութենէն 10-15 շաբաթ ետք: Անոր ախտանշաններն են` վահանագեղձի անցաւ ծաւալում եւ գերաշխատանք, որոնք  քանի  մը շաբաթ կը տեւեն:

Զ. Վահանագեղձի ծաւալում (goiter) կը պատահի երկու ձեւերով`

ա. Վահանագեղձի գերաշխատանքային ախտանշաններու բացակայութեամբ (euthyroid goiter):

Այս պարագային ախտապատճառը ընդհանրապէս անյայտ է, սակայն ան կը պատահի յղութեան, արբունքի եւ դաշտանադադարի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` մանիշի անբաւարար սպառումով: Վահանագեղձը նախ համաչափ կը ծաւալի, կ՛ըլլայ սահուն եւ կակուղ, սակայն հետզհետէ կը կարծրանայ, իր  սահունութիւնը կը կորսնցնէ, եւ անոր մէջ կը կազմուին հանգոյցներ ու ախտաբանական տոպրակներ (cysts): Այս պարագային ախտաճանաչումը կը կարօտի արեան T3 եւ T4 ներազդակներու քննութիւններու, ինչպէս նաեւ` վահանագեղձի SCAN-ի, Իսկ դարմանումը կը կատարուի մանիշով հարուստ աղի եւ վահանագեղձի ներազդակներու գործածութեամբ:

բ. Վահանագեղձի գերաշխատանքային ախտանշաններու գոյութեամբ: Այս պարագային ախտաճանաչումը եւ դարմանումը կը հետեւին գերվահանագեղձութեան միջոցառումներուն:

Երկու պարագաներուն ալ, երբ վահանագեղձի ծաւալումը մեծ տարողութեամբ տեղի կ՛ունենայ, վիրահատումը կը դառնայ պարտաւորիչ:

Է. Հանգուցաւոր վահանագեղձը (nodular goiter) կը յառաջանայ հետեւեալ  ազդակներու գոյութեամբ.

  1. Մակակազմային վահանագեղձ (hyperplastic thyroid):
  2. Վահանագեղձի բուշտաւորում-պարկաւորում (cyst formation):
  3. Վահանագեղձատապ-բորբոքում:
  4. Վահանագեղձի անվնաս ուռեր:
  5. Վահանագեղձի չարորակ ուռեր` խլիրդ:

Ասոնց բոլորին պարագային ախտաճանաչումը կը կարօտի արեան T3-ի, T4-ի եւ TSH-ի  քննութեան, վահանագեղձի անդրձայնային (ultrasound) քննութեան եւ ախտաբանական (pathologic) քննութեան:

Հանգուցաւոր վահանագեղձի ախտանշանները եւ դարմանումի ձեւերը կը տարուբերին` համաձայն ախտապատճառ ազդակներուն:

Ը. Վահանագեղձի անվնաս ուռեր:

Այս ուռերը ընդհանրապէս որոշ ախտանշաններ չեն յառաջացներ: Անոնց ախտաճանաչումը բացայայտ է. որոշ հանգոյցներ զգալի կ՛ըլլան քննող բժիշկին մատներուն տակ: Ծաւալուն լաւորակ ուռեր կրնան ճնշում բանեցնել խռչափողին եւ ձայնալարերու ջիղերուն վրայ եւ յառաջացնել ձայնի որոշ փոփոխութիւն եւ շնչառական դժուարութիւն: Լաւորակ ուռերու դարմանումը կ՛ըլլայ վիրահատումով:

Թ. Վահանագեղձի վատորակ ուռեր` խլիրդ:

Վահանագեղձի խլիրդի յառաջացման ախտապատճառները ընդհանրապէս անորոշ են, սակայն ան շատ մեծ համեմատութեամբ աւելի կը տեսնուի դարմանական շողագործօն մանիշի գործածութեան վայրերու մէջ, եւ այն վայրերուն մէջ, ուր տեղի կ՛ունենան միջավայրային շողարձակումներ (radiation): Վահանագեղձի խլիրդը շատ դանդաղ կ՛աճի եւ դանդաղ կը զարգանայ: Ընդհանրապէս ան կը յայտնուի միայն  հանգոյցով մը, առանց այլ ախտանշաններու գոյութեան: Յառաջացած խլիրդներու պարագային, աւշագեղձեր կը տեսնուին վիզին երկու կողմերը, թոքերուն մէջ եւ կամ կարգ մը ոսկորներու ծուծին մէջ: Վահանագեղձի խլիրդային ուռերու ախտաճանաչումը կը կատարուի հանգոյցներու ախտաբանական քննութեամբ եւ վահանագեղձի անդրձայնային քննութեամբ, իսկ անոնց դարմանումը կ՛ըլլայ վահանագեղձի ամբողջական եւ կամ մասնակի վիրահատումով, ինչպէս նաեւ` վահանագեղձի ներազդակներու եւ շողագործօն մանիշի գործածութեամբ: Վզին երկու կողմերը աւշագեղձերու գոյութեան պարագային, վահանագեղձի վիրահատումին (thyroidectomy) հետ միատեղ կը կատարուի աւշագեղձերու վիրահատում (lymph node dissection):

Վիրահատումի պարագային կրնայ տեղի ունենալ խռչափողի ձայնալարերու ջիղի մասնակի եւ կամ ամբողջական վնաս-հատում, որուն պատճառով ձայնալարերը կ՛անդամալուծուին (vocal cord paralysis) մասնակիօրէն եւ կամ ամբողջովին, եւ հետեւաբար, հիւանդը կը կորսնցնէ իր ձայնը կամ կ՛ունենայ ձայնի խռպոտութիւն: Մասնակի հատումի պարագային, ջիղը կը վերագտնէ ինքզինք քանի մը ամսուան ընթացքին եւ հիւանդին ձայնի խռպոտութիւնը կ՛անհետանայ: Իսկ ջիղի ամբողջական հատումի պարագային,  հիւանդը կ՛ունենայ ձայնի մնայուն խռպոտութիւն:

Հոս տեղին է մանրամասնօրէն խօսիլ մանիշի մասին:

Մանիշը մեծ դերակատարութիւն ունի մարդու առողջութեան պահպանման գործընթացին մէջ: Ան կը սատարէ մեր ֆիզիքական եւ մտային աշխատանքներու բնական զարգացումին, նիւթափոխանակումի աշխատանքին, ջերմուժի արտադրութեան, նեարդային համակարգի գործունէութեան, մկաններու աշխատանքին եւ աճումին, հիւսկէններու նորոգումին, ինչպէս նաեւ` մորթի, մազի, ակռաներու եւ եղունգներու առողջութեան: Առանց մանիշի, վահանագեղձը կը դադրի T3 եւ T4 ներազդակները արտադրելէ: Յղի կիներ աւելի պէտք ունին մանիշի:

Մանիշը մեր մարմնին պէտք է հայթայթուի ամէնօրեայ դրութեամբ, որովհետեւ անիկա մարմնին կողմէ չ՛արտադրուիր եւ անոր մէջ չի կուտակուիր: Անիկա կը գտնուի շատ մը սննդանիւթերու, դեղերու, կենսանիւթերու եւ ծովային սննդանիւթերու մէջ: Անիկա առաւելաբար կը գտնուի ծնեբեկի (asparagus), կանաչ պղպեղի, հազարի, սունկի, չամիչի, կանկառի, ցորենի, կենդանական միսի եւ կաթնեղէններու մէջ: Մանիշ կը ստանանք նաեւ մանիշով հարուստ սեղանի աղի գործածութեամբ:

Մանիշի նուազ սպառումով կը յառաջանայ ոտքերու պաղութիւն, անքնութիւն, մորթի փոփոխութիւն, եղունգներու եւ մազերու անբնական երեւոյթ, գիրութիւն, վահանագեղձի ծաւալում, եւ մտային տկարութիւն: Մանուկներու մօտ կը յառաջանայ քրեթինիզմ (cretinism) հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի մարմնի աճման եւ մտային զարգացումին կասեցումով, դանդաղ շարժուձեւով ու խօսակցութեամբ, լսողական տկարութեամբ եւ ուշիմութեան վատթարացումով: Յղի կիներու մօտ կը յառաջանայ վիժում եւ աճող սաղմի ուղեղային դանդաղութիւն:

Մանիշի առատ սպառումը կը յառաջացնէ վահանագեղձի արագ աշխատանք, մարմնի նիւթափոխանակումի արագացում, ծանրութեան կորուստ, սրտի արագ զարկ եւ լորձունք, ջղագրգռութիւն, յոգնածութիւն, գլխացաւ եւ մորթի  բշտիկներու յայտնութիւն:

Մանիշը կը գործածուի բժշկութեան մէջ զանազան եղանակներով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`

  1. Վահանագեղձի հիւանդութիւններու մէջ` որպէս դարմանամիջոց:
  2. Որպէս շողագործօն մանիշ` վահանագեղձի որոշ հիւանդութիւններու մէջ:
  3. Որպէս խխահան դեղամիջոց (expectorant):
  4. Որպէս հականեխիչ:
  5. Բժշկական յատուկ քննութիւններ կատարելու համար:
  6. Շողանկարահանում կատարելու համար:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )