Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպի Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց
Թարգմանչաց Տօնը

10727154_549370615206367_739305337_oՇաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ ազգային եւ եկեղեցական Սրբոց Թարգմանչաց տօնը` Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւոր դասուն, Ազգային վարչութեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Ազգային Սահակեան, Զաւարեան, Կիւլպէնկեան եւ Հայկազեան վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմի ներկայութեան: Այս առթիւ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, մասնակցութեամբ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, խմբավարութեամբ` Գէորգ Գատէհճեանի: Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի կողմէ օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդի օգնական` Վահան Ծ. վ. Պէրպէրեան: Պատարագի աւարտին աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

 

Կիպրոս

Կիպրահայոց Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը
Հանրապետութեան Նախագահին

Arch-Nareg-Alyemezian_cyprusՎերջերս, Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալիեմէզեան եւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ` Վարդգէս Մահտէսեան այցելութիւն մը տուին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի:

Վ. Մահտեսեանը ներկայացուցած  առաջնորդ սրբազան հայրը` յայտնելով, թէ ան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական հարուստ փորձառութեամբ եկած է Կիպրոս եւ արդէն իսկ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ միջյարաբերական բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Հանրապետութեան նախագահը իր կարգին ամփոփ կէտերու մէջ պարզեց Կիպրոսի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը եւ մեծ գովեստով խօսեցաւ կիպրահայութեան` երկրի յառաջդիմութեան բերած նպաստին մասին:

Յարութիւն Անմահունիի Պարգեւատրում

barkevadroum_Haroutioun-AnmahouniՎերջերս Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ութուճեան» սրահին մէջ , Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ տրուած համապատասխան հրամանագիրով, «Մարշալ Բաղրամեան» գերատեսչական մետալով  պարգեւատրուեցաւ Կիպրոսի սկաուտական շարժման յայտնի գործիչ, աւագ արիապետ Յարութիւն Անմահունի, առ ի գնահատանք  Հայաստանի զինուած` ուժերուն համար դրսեւորած նախաձեռնութիւններուն:

Անցեալին եւս  Հայաստանի  զինուած ուժերուն տրամադրած մեծ նուիրատուութեան առ ի գնահատանք, ան պարգեւատրուած է «Անդրանիկ Օզանեան» մետալով:

Այս տարի պիտի նշուի բարերարի 80-ամեայ արիական յոբելեանը:

Ելոյթներ ունեցան կարգ մը ներկայացուցիչներ: Ապա շնորհակալական խօսք արտասանեց պարգեւատրեալը, որ հաստատեց, թէ հետագային եւս պիտի շարունակէ իր ազգանուէր նախաձեռնութիւնները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները»

0913_bared13 սեպտեմբերին ազգային բարերար Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեան ամոլի  Նիւ Եորքի բնակարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» ժապաւէնի նախապատրաստական արձանագրութիւնը :

Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած էր հայ կինը իր բոլոր երեսներով` մայրը, գեղջուկը, հայրենասէրը, ֆետային, հասարակական գործիչը, ուսուցիչը, դիւանագէտը, արուեստագիտուհին … եւ վերջապէս գաղթական հայ մայրը` ծոցին սեղմած իր զաւակը, երբեմն առանձինն անապատի աւազին վրայ քալելով մինչեւ Եփրատի ափերը … խօսելով ու երգելով իր զաւկին հայերէն  լեզուով, որպէսզի ան չմոռնայ իր մայրենին:

«1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնն է 1915-ի տառապեալ հայ իգական սեռին, իր բոլոր երեսներով:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց
ՀՅԴ «Զաւարեան» Կոմիտէի
Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը

1009_gomideՄիացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան  9 հոկտեմբերին ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի (Լա Քրեսենթայի շրջան) նորընտիր կազմի ներկայացուցիչներուն` Հրայր Շիրիքեանի, Օննիկ Հայրապետեանի եւ դոկտ. Գարմէն Օհանեանի:

Ներկայացուցիչները առաջնորդ սրբազանին ներկայացուցին կոմիտէի հանրօգուտ ծրագիրները` դաստիարակչական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ: Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Լա Քրեսենթայի հայ համայնքին առնչուող հարցեր եւ անոնց դիմագրաւման մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Առաջնորդը բարձր գնահատեց կոմիտէի գործունէութիւնը, որոնց շարքին` «Զաւարեան ամառնային ճամբարը», դաստիարակչական այլ աշխատանքեր ու պատանեկան ծրագիրներ, յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն եւ վերահաստատեց Ազգային առաջնորդարանին զօրակցութիւնը ժողովրդանուէր գործունէութեան: Ան այս առիթով նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց ներկայացուցիչներուն:

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի
Հայագիտական Հիմնարկի Ղեկավարման Խորհուրդի
Հաստատման Տասնամեակի Տօնակատարութիւն

0928_galaՎերջերս  Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկի Ղեկավարման խորհուրդի հաստատման տասնամեակին նուիրուած  տօնակատարութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին մեծարուեցաւ նոյն համալսարանի կիպրածին տնօրէն Սի. Էլ. Մեքս Նիքիասը, որ ջատագով մըն է Հայագիտական հիմնարկին, անոր հաստատման առաջին օրերէն իսկ:

Հայագիտական հիմնարկի Ղեկավարման խորհուրդի ատենապետ եւ ձեռնարկի հիւրընկալ Չարլի Կալեան դրուատեց Նիքիասի դերակատարութիւնը եւ տարիներու ընթացքին անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց օրուան մեծարեալն ու համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքի պատասխանատուները:

Համալսարանի տնօրէն Նիքիաս ելոյթ ունենալով` մատնանշեց կրթութեան կարեւորութիւնը անհատի մը զարգացման համար, ինչպէս նաեւ Հայագիտական հիմնարկին կարեւորութիւնը` համալսարանին համար:

Հայագիտական հիմնարկը մաս կը կազմէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Տորնսիֆ» բաժանմունքին, որուն վարիչը` Սթիւ Քէյ, լուսարձակի տակ առաւ հիմնարկի առաքելութիւնը նշելով, թէ վերջերս համալսարանի «Թրբանճեան» ժամանակակից հայագիտական ուսմանց ամպիոնի վարիչ նշանակուած է փրոֆ. Ռիչըրտ Անթարամեան, Սալբի Ղազարեան ստանձնած է Հայագիտական հիմնարկի ղեկը, իսկ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի աշխատի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու եւ զանոնք համալսարանի «Շօա» հիմնարկի արխիւին մէկ մասնիկը դարձնելու ծրագիրին վրայ:

Աւարտին, Սալբի Ղազարեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ հիմնարկը լրջութեամբ կը մօտենայ հարցերը կրթական միջոցներով լուծելու գաղափարին, միաժամանակ մատնանշելով հայութեան ու Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լրջութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

Ազգային Մշակութային Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ «Արարատ» հիմնարկութեան, հովանաւորութեամբ` Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, Հոլիվուտի Հայ դատի յանձնախումբի, Թէքէեան մշակութային միութեան, Արշակ Տիգրանեան վարժարանի, Գարեգին Նժդեհ կոմիտէութեան, Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի, ՀԵԴ Հոլիվուտի ուխտի, ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի, ռումանահայոց «Րաֆֆի» հայրենակցական մշակութային միութեան 11 հոկտեմբերին Ս. Կարապետ առաքելական եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` «Մեր հողերը, մեր հողերը» խորագիրով:

Ձեռնարկը բաղկացած էր քանի մը բաժիններէ: Բանախօս Մարտիկ Մատէնճեանը  ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած հայերու մասին պատմութիւններ, որոնք տեղ գտած են իր «Մեր հողերը, մեր հողերը» գիրքին մէջ:

Ձեռնարկի յաջորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «Հայ կինը» եւ Քէյ Մուրատեանի` «Մօրս Ձայնը» փաստավաւերագրական ժապաւէնները` հեղինակներու մեկնաբանութիւններով:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» Պատուոյ Շքանշան`
Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանի

1012_arsen12 հոկտեմբերին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ , որուն ընթացքին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կարդաց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կոնդակը, ըստ որուն, ան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշանով կը պարգեւատրէր հանրածանօթ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը` առ ի գնահատանք  Հայց. եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան թեմին մատուցած իր նուիրեալ ծառայութեան:

Որպէս ցկեանս խնամակալ Արեւմտեան թեմի Խնամակալութեան ծրագիրին` Դանիէլեան իշխանավայել նուիրատուութիւն կատարած է եւ զանազան առիթներով եւս կը մասնակցի նուիրատուութիւններով: Նկատի ունենալով իր պատրաստակամ ծառայասիրութեան ոգին` առաջնորդը զինք նշանակած է իր կողմէ հաստատուած «Հաւատքի դեսպաններ» յանձնախումբի ատենապետ:

Դանիէլեան երկար տարիներէ ի վեր անսակարկ եւ բազմակողմանի ծառայութիւն մատուցած է Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ:

 

Պուլկարիա

Վառնայի Ս. Սարգիս Եկեղեցիին
Հիմնադրութեան 170-Ամեակը

0928_varna28 սեպտեմբերին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին մեծ շուքով նշուեցաւ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ օծման 170-ամեակը:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տօնը եւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի Աստուծոյ կողմէ որպէս քրիստոնեայ ազգ ընտրուած ըլլալու հանգամանքին եւ միշտ Աստուծոյ օգնութիւնը վայելող ազգ ըլլալու մասին խօսեցաւ:

Վառնայի քաղաքապետ Իվան Պորտնիխ իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ հայ համայնքը քաղաքի հասարակութեան անքակտելի մասնիկն է:

Ծխական խորհուրդի անունով Էտմոն Մարտիրոսեան ամփոփ կէտերու մէջ  ներկայացուց 170-ամեայ պատմութիւնը:

 

Վրաստան     

Աշխարհահռչակ Գիտնականներ Օրբելի
Եղբայրներուն Նուիրուած Յուշ-Երեկոն

1004_orbeli4 հոկտեմբերին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ` նուիրուած  Ռուբէն, Լեւոն եւ Յովսեփ Օրբելի եղբայրներուն:

Օրուան բանախօսներն էին Ծաղկաձորի տուն թանգարանի տնօրէն Մարինէ Բունիաթեանի եւ աւագ գիտաշխատող Գերասիմ Մկրտիչեան:

Անոնք ներկայացուցին Օրբելի երեք եղբայրներուն կեանքը եւ ունեցած գործունէութիւնները:

Իրենց գործունեութիւնը նուիրելով գիտնական եղբայրներու հսկայ աշխատանքին` Բունիաթեան-Մկրտիչեան ամոլը 35 տարիներու ընթացքին հաւաքած եւ 300 հազարի հասցուցած է  Օրբելի եղբայրներու անձնական նիւթերը, քայլ առ քայլ ուսումնասիրելով եւ ամրագրելով գիտական աշխատանքներու պատճէնները, նամակները, յուշերը, եւ ներկայիս տուն-թանգարանը դարձուցած է  գիտահետազօտական բաժիններով հաստատութիւն:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան «Օրբելի եղբայրներու թանգարան» եւ  «Օրբելիներու կոդ» ֆիլմերը, ուր ներկայացուած էին Ռուբէն, Լեւոն եւ Յովսեփ Օրբելի եղբայրներու մեծութիւնը եւ անջնջելի դրոշմը համաշխարհային գիտութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )