«Տակաւին Ինքս Եմ Պարտական Հայրենիքիս…» (Հարցազրոյց` Հայրենի Ժողովրդական Երգիչ Մավր Մկրտիչեանին Հետ)

Հարցազրոյցը վարեց եւ խմբագրեց` ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

526e042dc9f9d_mediumԺամանակակից աշխարհի աղմուկին մէջ երբ հայկական ժողովրդական երգը գրեթէ անլսելի դարձած է, իմաստուն ժամանակը կը փորձէ վերականգնել կորսուածը` ծնելով այն տաղանդաւոր անհատը, որ նոր շունչ պիտի հաղորդէ Ներսէս Շնորհալիի, Նաղաշ Յովնաթանի, Կոմիտասի, Եկմալեանի, Սայաթ Նովայի, Ջիւանիի, Հաւասիի եւ այլոց անմահ ստեղծագործութիւններուն: Տաղանդաւոր անհատները հազուագիւտ են, ինչպէս փոքրիկ, շլացուցիչ ադամանդը սեւ հանքի զանգուածին մէջ: 1990-ին Ջաւախքի Մերենիա հայկական գիւղին մէջ ազնիւ ու աւանդապահ Մկրտիչ Մկրտիչեանի չորրորդ մանչին ծննդեան առիթով, համագիւղացիները աչքալուսանքներ կը յղէին երջանիկ ծնողքին:

ՄԱՎՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Մանկութիւնս անցեր է հօրս ձեռնադաշնակի եւ ժողովրդական երգերու հնչիւններու ներքոյ, այս բոլորին հանդիսատեսը բազմանդամ ընտանիքս էր: Հայրս կը համարեմ իմ առաջին ուսուցիչս, որ նկատելով երգելու ունակութիւնս, տասը տարեկանիս բռնեց ձեռքէս եւ «Գիքոր»-ին նման տարաւ քաղաք, սակայն ոչ Թիֆլիս, այլ` Երեւանի Չայքովսկիի անուան երաժշտական թեքումով հանրակրթական դպրոցը: Այդ տարիքիս դժուար էր յարմարիլ երեւանեան կեանքին, յաղթահարել հայրենի գիւղիս եւ ընտանիքիս կարօտը, սակայն` իմ առջեւս ծառացող դժուարութիւնները կեանքի մեծ դպրոց մը եղան…

ՌՈՊԷՐ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Որքանո՞վ կեանքի դպրոցը անհրաժեշտ է երգարուեստին:

Մ.Մ.- Լաւ երգելու համար, վաղ մանկութենէն անհրաժեշտ է հարստացնել հոգիին ներկապնակը. օրինակ` արթննալ աքլորի կանչով, զմայլիլ արծիւի ճախրանքով, ձուկ որսալ, զգալ հողի ու հնձնուած խոտի բոյրը, ականատես ըլլալ պարզ մարդոց զրոյցներուն, ապրիլ անոնց հոգերով եւ ուրախութիւններով…

Ռ.Ա.- Իսկ քաղաքայի՞ն կեանքը…

Մ.Մ.- Քաղաքային կեանքը ընդլայնեց աշխարհահայեացքս, կոփեց ու հնարաւորութիւններ ընձեռեց ի վերուստ տրուած կարողութիւններուս զարգացման ուղի հարթեց դէպի մեծ բեմ:

2003-ին «Արեւային անձրեւ», Երեւանեան մրցոյթ-փառատօնին արժանացայ գլխաւոր մրցանակին: 2008-ին ընդունուեցայ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի խմբավարական եւ քոմփոզիցիայի բաժինները, այժմ ուսումս կը շարունակեմ նոյն հաստատութեան քոմփոզիցիայի մակիսթրատորային մէջ: Պարբերաբար ելոյթներ կ՛ունենամ հեռատեսիլի կայաններէն, համերգներ` Ջաւախքի, Արցախի, Հայաստանի տարբեր շրջաններուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ: Երեւանեան մենահամերգներ, համերգային շրջագայութիւններ դէպի Ռուսիոյ հայաշատ մեծ քաղաքներ, ապա` Վրաստան: Գերմանիա եւ այլուր:

Ռ.Ա.- Ժողովրդական երգին հանդէպ վերաբերմունքի ի՞նչ տարբերութիւններ կան Հայաստանի հանդիսատեսին եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն միջեւ:

Մ.Մ.- Ամէնուրեք նոյն հանդիսատեսն է, նոյն ծափերը, նոյն յարգանքը, նոյն սէրն ու կարօտը ժողովրդական երգին հանդէպ:

Երգը կը միաւորէ բոլորս, իսկ հանդիսատեսին ջերմ ու շռնդալից ծափերը ամէնուրեք, աւելի կը պարտաւորեցնեն զիս:

Ռ. Ա.- Մեծ բեմեր, շռնդալից ծափահարութիւններ, սէր, ճանաչում… այս բոլորը չե՞ն հեռացներ ձեզ հայրենի գիւղէն, ուր նոյնքան հասկցուած ու սիրուած էիք…

Մ.Մ.- Ստեղծագործական գերյոգնած վիճակներուս մէջ, երբ նորոգուելու կարիք կը զգամ, կատարեալ հանգիստս կը գտնեմ միա՛յն հայրենի գիւղիս մէջ, որ մեծ աշխարհի միակ խաղաղ անկիւնն է ինծի համար: Այնտեղ ամէն ինչ կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ է, ուրկէ ամբողջ աշխարհը բարի կ՛երեւի: Այնտեղ մանկութեանս հեքիաթներն են, սիրելի ծնողքիս…

հասկցուած ու սիրուած կարելի է ըլլալ ամէնուր եւ բոլոր կարելի է հասկնալ ու սիրել: Ի՞նչ տարբերութիւն, քաղաքը կ՛ապրիս, թէ գիւղը, շրջագայութիւններու մէ՞ջ ես, թէ՞ հանգիստի: Եթէ ամէնուր կարողանաս պահպանել մարդկային դիմագիծդ` ներկայանալով ազնիւ ու ինքնատիպ աշխատանքով, ապա` բոլոր գոյնի, ազգային ու կրօնական պատկանելիութեան մարդիկ կը հասկնան, կ՛ընդունին ու կը սիրեն քեզ, ինչպէս էր պարագան Կոմիտասին, Թումանեանին, Կարսիա Մարկէսին, Սարոյեանին կամ Ազնաւուրին…

Ռ. Ա.- Այս սկզբունքներով կարելի է նաեւ հաստատուիլ ամէն տեղ…

Մ.Մ.- Մեր հայրենիքէն` Ջաւախքէն, թէեւ այսօր այդ ալ սփիւռք կը համարեն, բայց հոնկէ մինչեւ Հայաստան իմ տարածքս է, իմ տունս:

Թէեւ չեմ բացառեր, այլ տեղ ապրելու կարելիութիւնը, սակայն մարդ միայն իր տան մէջ կրնայ կատարելապէս երջանիկ զգալ:

Ռ. Ա.- Արդեօք մեր ձե՞ռքն է մեր բնակավայրին ընտրութիւնը:

Մ.Մ.- Կան հանգամանքներ, որոնք կը ստիպեն մեզ ենթարկուիլ իրենց: Դէմ ըլլալով պարտադրուած արտագաղթին, որ միշտ մեր ցաւը եղած է, չեմ բացառեր օտարութեան մէջ ապրելու կարելիութիւնը: Եթէ ատիկա հայանպաստ ըլլայ, եթէ այնտեղ զգացուի իմ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ռ. Ա.- Հայը ինչո՞ւ օտարութեան մէջ առաւել դիւրին կը հասնի յաջողութիւններու, քան` սեփական հողին վրայ:

Մ.Մ.- Օտար միջավայրին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրս կը ներկայացնէ մեր ազգը, հետեւաբար ամէն մէկս պատասխանատու ենք մեր իւրաքանչիւր քայլին համար. ուշադիր ենք միջավայրի պահանջներուն, օրինապահ ենք, աշխատասէր, յարգալից…

Մեր երկրին մէջ եւս, պարզ հողագործէն մինչեւ վերին ատեաններ, պէտք է ունենան բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը` արեամբ ձեռք բերուած մեր անկախ պետականութեան նկատմամբ:  Ի վերջոյ, միայն արտաքին վտանգները չեն, որ պէտք է միաւորեն մեզ. ղարաբաղցի, լոռեցի, ջաւախքահայ, սուրիահայ, երեւանցի, պարսկահայ, ապա կուսակցութիւններ, յարանուանութիւններ…:

Ռ. Ա.- Տարիներ առաջ, հայկական «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «ժողովրդական երգիչ» նախագիծը մեծ ճանաչում բերաւ քսանմէկամեայ Մավր Մկրտիչեանին:

Ձեր երկրպագուներու մեծ բանակի կողքին կայի՞ն արդեօք քննադատողներ:

Մ.Մ.- Առանց քննադատութեան չկայ յաջողութիւն: Իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան շուրջ կրնան հակասական կարծիքներ ըլլալ: Առողջ քննադատութիւնը կը ստիպէ շարունակ նորոգուիլ, կատարելագործուիլ ու յառաջդիմել:

Շնորհակալ եմ «Շանթ»-ին` իմ «Աստղային ժամիս» մեկնարկը սահմանելուն համար:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ դեր խաղցաւ ձեր կեանքին մէջ անուանի երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանը, որ «Շանթ»-ի «Ժողովրդական երգիչ» նախագծի դատակազմի անդամ էր:

1473020_573122459423379_1127153485_nՄ.Մ.- Ֆլորա Մարտիրոսեանը ինծի համար ազնուագոյն հայն էր, անկեղծ մարդը, հաւատարիմ ընկերը, անկրկնելի երգչուհին, որուն հետ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով յատուկ ծրագիր մշակած էինք Միացեալ Նահանգներուն մէջ ներկայացնելու համար: Իր վաղաժամ, ողբերգական մահով այդ ծրագիրը մնաց անկատար, սակայն պարտքս է իրագործել ատիկա:

Գտայ եւ շատ արագ կորսնցուցի այդ մեծ անհատականութիւնը, սակայն միշտ ինծի հետ կը մնան անոր անկրկնելի ձայնը, մարդկային ջերմութիւնը, մեծ տաղանդի ու լաւ մարդու ներդաշնակութիւնը, հմայիչ ու գերող ժպիտը:

Ռ. Ա.- Յաջողութեան հասած արուեստագէտը վստա՛հ երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր ուսուցիչները:

Մ.Մ.- Առաջին եւ մնայուն արհեստավարժ ուսուցիչս Երեւանի Ազգային օփերայի մեներգիչ Ռուբէն Սահակեանն է, ապա` հանրայայտ երգիչ Բարսեղ Թումանեանը, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի մանկավարժ-փրոֆեսէօր Ռաֆայէլ Յակոբեանը… երախտապարտ եմ վարպետներու:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք ներկայիս:

Մ.Մ.- Ներկայիս կը պատրաստեմ երկու նոր երգ եւ մէկ տեսահոլովակ, իսկ յառաջիկայ աշնան կը պատրաստուիմ հերթական համերգային շրջագայութիւններով մեկնիլ Ռուսիոյ հայաշատ քաղաքներ:

Ռ. Ա.- Տեսահոլովակները չե՞ն կաղապարեր արդեօք հանդիսատեսին երեւակայութիւնը: Որքանո՞վ անոնք անհրաժեշտ են տաղանդաւոր երգչին:

Մ.Մ.- Տեսահոլովակը քարոզչութեան լաւագոյն միջոցն է: Ամէն օր կարելի չէ համերգներով ներկայանալ հանրութեան, հետեւաբար` արագ մոռցուելու վտանգը կայ: Տեսահոլովակներուն շնորհիւ երգիչը միշտ կը մնայ հանդիսատեսին տեսադաշտին մէջ, սակայն պայման է, որ տեսահոլովակները իրենց գեղարուեստական մակարդակով համարժէք ըլլան երգին:

Ռ. Ա.- Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք երգի այլ տեսակներուն հետ:

Մ.Մ.- Երգի տեսակներուն մէջ խտրականութիւն չեմ դներ: Կարեւորը երգին մաքուր ու ազնիւ ըլլալն է, զերծ` աղաւաղումներէ: Ցարդ ես հանդէս եկած եմ միայն ժողովրդական երգերու կատարումներով, սակայն, կը պատրաստուիմ  յառաջիկային հանրութեան ներկայանալ դասական երգերով:

Ռ. Ա.- Մեր դրացի հանրապետութիւնները առաձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն մեծ ապագայ խոստացող իրենց երիտասարդ արուեստագէտներուն` բարելաւելով անոնց կենցաղը, տրամադրելով ստեղծագործելու բարեկեցիկ պայմաններ…

Մ.Մ.- Բարեկեցիկ պայմաններէն ոչ ոք կը հրաժարի, թէեւ ինքս մերժած եմ վրացական գայթակղիչ առաջարկները: Իմ ուղին այլ է: Տակաւին ինքս պարտական եմ հայրենիքիս: Բարեկեցիկ կեանքը պէտք է վաստկել, կերտել սեփական ձեռքերով: Ի վերջոյ, համեստ պայմաններու մէջ ալ կարելի է մնայուն արժէքներ ստեղծել:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ են ձեր պատկերացումները Լիբանանի մասին:

Մ. Մ.- Միշտ լսած եմ. «ՊԷյրութ` Արեւելքի Փարիզ…»: Գիտեմ, որ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով հայութիւն կայ: Շնորհակալ եմ այդ երկրին, որ լիարժէք հնարաւորութիւն ընձեռած է հայրենակիցներուս` կերտելու իրենց բարեկեցիկ կեանքն ու բարձրարժէք մշակոյթը: Այնչափ հպարտ եմ, որ հայերն այդ երկրի լիիրաւ, օրինակելի եւ յարգուած քաղաքացիներն են:

Երեւան

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )