100-Ամեակի Մարմինին Նախաձեռնութեամբ` Տէր Զօրի Ալպոմ-Գրքոյկը Բաժնուեցաւ Բոլոր Դեսպանատուներուն

CCF10152014Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դեսպանատուներուն բաժնեց Տէր Զօրի մասին ֆրանսաբնակ լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի եւ ֆրանսացի լրագրող Քրիսթին Սիմէոնի համահեղինակած փաստավաւերագրական ալպոմ-գրքոյկը: Ֆրանսա հրատարակուած գեղատիպ հատորը վաւերական տեղեկութիւններու հաւաք է Ցեղասպանութեան իրականացման հիմնական վայրին,  շրջանին մէջ վերապրածներէ սերած  ազգաբնակչութեան եւ Ցեղասպանութեան վաւերական հետքերուն:

Ալպոմ-գրքոյկին հետ  բաժնուեցաւ նաեւ 100-ամեակի մարմինին ստորագրութեամբ բացատրական նամակ մը` Տէր Զօրի յուշահամալիրի պայթեցման քաղաքական շարժառիթներուն մասին:

Ստորեւ` անգլերէնով յղուած նամակին բովանդակութիւնը.

Յարգելի՛ տիկին, պարոն,

Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն խօսուն վկայարանը` Տէր Զօրի մատուռն ու թանգարանը պայթեցուեցան Իսլամական պետութեան զինեալներուն կողմէ, 21 սեպտեմբերին: Տէր Զօրի մատուռի պայթեցումը չի տեղադրուիր Միջին Արեւելքի ապաքրիստոնէացման միտող եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական կեդրոններու հրթիռակոծման, ռմբահարման եւ քանդումի շարքին:

Տէր Զօրի հայկական կառոյցները պայթեցնողները քաջ գիտէին, որ տարածքը պարպուած էր քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններէ: Ճիշդ է, որ պայթեցումը կ՛իրականանար Իսլամական պետութեան զինեալներուն կողմէ, այսուհանդերձ պարզ է, որ անոր գոյութիւնը նախ եւ առաջ կ՛անհանգստացնէր Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրող օսմանեան պետութեան այսօրուան ժառանգորդները: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Տէր Զօրի չէզոքացումը կը բխէր նախ եւ առաջ Անգարայի շահերէն:

Համատարած համոզում է ու փաստ, որ իսլամական զինեալները անարգել Սուրիա մուտք կը գործեն Թուրքիայէն, ուր եւ կը զինուին ու կը ֆինանսաւորուին: Ոճրային արարքին պատասխանատուութիւնը կ՛երթայ գլխաւոր պատուիրատուին:

Տէր Զօրի պայթեցումը թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան վերջին դրսեւորումն է: Մշակութային ցեղասպանութեան շարունակութիւնը հանդիսացող այս արարքի միջազգային դատապարտումը աւելի քան անհրաժեշտ հրամայական է` կանխարգիլելու համար նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը:

Պատահածին իրաւաքաղաքական գնահատական տալու հրաւիրուած է միջազգային ընտանիքը:

Արեւմտահայաստանի տարածքին թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ պայթեցուած եկեղեցիներու իրականութիւնը յիշեցնող այս արարքը կը բացայայտէ արարքին ետին կանգնած ուժին դիմագիծը:

Հայութեան պահանջներու իրաւականացման գործընթացի սկիզբին դիմաց մարդկութիւնը ականատես կ՛ըլլայ բարբարոսութեան նորագոյն դրսեւորումներու: Բարբարոսութիւններ, որոնց ոճին ծանօթ է մարդկութիւնը: Բայց որոնց հեղինակները առ այսօր չեն պատժուած եւ չեն հատուցած իրենց արարքներուն համար:

Միջազգային ընտանիքին պարտաւորութիւնն է իրերը կոչել իրենց անուններով եւ իրաւաքաղաքական գնահատական տալ նորագոյն այս բարբարոսութեան:

Կցուած գրքոյկը ընդհանուր գաղափար կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման գլխաւոր միջավայրի պայմաններուն, պատմութեան, Տէր Զօրի կառոյցներուն եւ անոնց ներկայացուցած փաստավաւերագրական արժէքին: Անոնց իրազեկումը բացատրողական է, թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ պայթեցուց Տէր Զօրի հայկական կառոյցները:

Յարգանքներով`

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )