Հայ Մտաւորականներու Միջեւ Տարակարծութիւն` Էրտողանին Զօրակցելու Հարցին Շուրջ

rober-yev-markar

Ռոպեր Քոփթաշ                                                Մարգար Եսայեան

Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ երկու հայ յօդուածագիրներու` իշխանամէտ Մարգար Եսայեանի եւ իշխող կուսակցութեան հանդէպ քննադատական կեցուածք ունեցող Ռոպեր Քոփթաշի միջեւ նոր բանավէճը եկած է ընդգծելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հարցով Թուրքիոյ հայ մտաւորականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտումը:

«Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Քոփթաշ գրած է սուր քննադատական յօդուած մը իշխամամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթի յօդուածագիր Եսայեանի դէմ եւ զայն «պնակալեզ» կոչած է: Ան անուղղակի կերպով նշած է, որ Եսայեանի կառավարութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը կը նշանակէ, որ ան «պնակալեզ» մըն է: Այս խիստ յօդուածը պատասխան մըն էր Եսայեանի «Ակօս»-ի ուղղուած լուսանցքային թերթ մը ըլլալէ դադրելու եւ Թուրքիոյ լրատուական նոր համակարգին մաս կազմելու կոչին:

Եսայեան իր յօդուածին մէջ գրած էր, որ «Ակօս»-ը Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ լուսանցքային հատուած մը կը ներկայացնէ եւ նման է ձախակողմեան «Պիւկիւն» օրաթերթին: Ան պնդած էր, որ իր դատողութեամբ, Թուրքիոյ հայերուն 50 առ հարիւրը կը զօրակցի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Եսայեան «Ակօս»-ին կոչ ուղղած էր` հրաժարելու «վիպապաշտ ձախակողմեանականութենէն», նշելով, որ անցեալին ձախակողմեան հայեր դաշնակցած էին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին հետ, որ կազմակերպած է, ինչպէս «Զաման» կը նշէ, «Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բռնագաղթը»:

«Ակօս»-ի անձնակազմին իր լրագրական ասպարէզը հայկական շաբաթաթերթին մէջ սկսած Եսայեանի նկատմամբ տրամադրութիւնները բացայայտելով` Քոփթաշ ըսաւ, որ անոր ամբարտաւանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ «Ակօս»-էն հեռանալը շաբաթաթերթի անձնակազմին ուրախութիւն պատճառէ: Աւելի՛ն. Քոփթաշ յայտնեց, որ Եսայեան մեծ ջանք թափած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան ընտրուելու համար: Ըստ Քոփթաշի, հակառակ Եսայեանի նման իշխանութեանց զօրակցող մեծաթիւ անհատներու գոյութեան` վերջինիս իւրայատկութիւնը այն է, որ հայ է, ուստի կառավարութեան սպասումն է, որ Եսայեան պարբերաբար վիճի «վատ հայերու» հետ:

Օգոստոսին նոյնպիսի բանավէճ մը տեղի ունեցած էր «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Հայկօ Պաղտատի եւ իշխանամէտ «Աքշամ» օրաթերթի յօդուածագիր Էթիէն Մահչուփեանի միջեւ: Օրին Մահչուփեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ հայ մտաւորականներուն մեծամասնութիւնը «հտպիտներ» կոչեց: Հայկօ Պաղտատ իր պատասխան գրութեան մէջ նշեց, որ Մահչուփեան Էրտողանի եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութիւնները արդարացնելով` վերածուած է «արքունիքի ծաղրածուի»: «Առնուազն հտպիտները մանուկները կը խնդացնեն, սակայն արքունիքի ծաղրածուներուն պարտականութիւնը մանուկները սպաննելու հրամանը տուողները զուարճացնելն է», գրեց Պաղտատ` ակնարկելով Էրտողանի այն խօսքին, թէ Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն ընթացքին ինք ոստիկանութեան հրամայած է կրակ բանալ, բան մը, որ շարք մը պատանիներու կեանքը խլած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )